Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Հակապետական Յայտարարութիւններ

Մայիս 23, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պրիւքսելեան հանդիպումներէն բխած Շարլ Միշելի յայտարարութեան հիմնական նորութիւնը` Հայաստան-Ազրպէյճան տարածքային ամբողջականութիւններու փոխճանաչումին առընթեր, թուանշաններով տարածքներու յստակացումն էր:

Փաշինեանի մամլոյ ասուլիսով վերահաստատուեցաւ այդ մէկը, ինչ որ համազօր է Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունելուն: Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հնչած յայտարարութիւնները նոր բաժին եւս աւելցուցին հայկական կողմէն արձանագրուող հիմնական զիջումներուն վրայ: Սահմանազատման եւ սահմանագծման համար նկատի կ՛առնուի 1975-ի քարտէսը, ուր առանց որեւէ իրաւական հիմքի  Ազրպէյճանին բռնակցուած են հայկական ներշրջանները (անքլաւներ): Հիմա ամենայն պարզութեամբ Փաշինեան կը յայտարարէ, որ այդ ներշրջանները եւս պիտի յանձնուին Ազրպէյճանին:

Անհիմն եւ վիճաբանութեան չդիմացող առարկութիւն է այն, որ առաջին անգամը չէ, որ Երեւան պաշտօնապէս կը ճանչնայ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Ոեւէ բարձրաստիճան պաշտօնատար նման թուանշաններով չէ սահմանած Ազրպէյճանի տարածքը: Իսկ թէ՛ ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը, եւ թէ՛ Ալմա Աթայի հռչակագիրը իրաւական ելք բաց կը ձգէին Արցախը Ազրպէյճանի կազմէն դուրս նկատելու եւ այդ ուղղութեամբ աշխատելու: Այլ խօսքով, Երեւանը չէր ընդունած Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ. առաւել եւս, հայկական ներշրջաններու մասին որեւէ զիջումի յայտարարութիւն չէր կատարուած երբեւիցէ:

Անբովանդակ է նաեւ Փաշինեանի  յայտարարութեան կցուած բաղադրիչը` Պաքու-Ստեփանակերտ բանակցութիւններու սկսման եւ միջազգային գործիքակազմով Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխաւորման: Պաքուն բազմիցս պարզ դարձուցած է, որ այդ բանակցութիւններու օրակարգը բացառապէս Ազրպէյճանի «ղարաբաղցի քաղաքացիներ»-ու համարկումին կրնայ վերաբերիլ: Նոյնպէս` աշխարհը ականատես է, որ միջազգային որոշումներն ու օրէնքները ինչպէ՛ս կը յարգուին ռազմական յանցագործութիւններու ստուար թղթածրար կազմած, Արցախը շրջափակած, մարդասիրական աղէտ ստեղծած եւ ցեղային զտման քաղաքականութենէն չհրաժարած Ազրպէյճանին կողմէ:

Արցախի Ազգային ժողովը միաձայնութեամբ մերժեց եւ անընդունելի նկատեց Փաշինեանի յայտարարութիւնները եւ կոչ ուղղեց համայն հայութեան` միաւորուելու եւ Արցախին զօրակցելու, մերժելով Երեւանէն հնչած յանձնուողականութիւնը:

Առաջին անգամը չէ, որ Արցախը նման օրհասական պահու կը միաւորուի եւ հանդէս կու գայ միաձայն դիրքորոշումներով եւ ակնկալութեամբ:

Այս միակամութիւնը դժբախտաբար, ցարդ կը մնայ Արցախի սահմաններուն մէջ: Կարմիր գիծերը հատուած են, եւ Երեւանը կ՛ուղղուի այս ձեւով երկրորդ յանձնուողական պայմանագիրը ստորագրելու: Կան յստակ իրաւական արգելքներ նման քայլի դիմելու: Այս յայտարարութիւնները արդէն իսկ հակապետական կը նկատուին, եթէ նկատի ունենաք թէ՛ Սահմանադրութեան նախաբանը կազմած Անկախութեան հռչակագիրի հիմնադրոյթը, եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի որոշումը:

Վերյիշեցման կարգով. ըստ Անկախութեան հռչակագիրին` «…Կենսագործելով ազգերի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, հիմնուելով 1989 թուականի դեկտեմբերի 1-ի «Հայկական ԽՍՀ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհրդի համատեղ որոշման վրայ…»:

Եւ` 8 յուլիս 1992-ի Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի որոշումի 2-րդ կէտը. «Հայաստանի Հանրապետութեան համար անընդունելի համարել միջազգային կամ ներպետական ցանկացած փաստաթուղթ, որտեղ Լեռնային Ղարաբաղը նշուած կը լինի Ազրպէյճանի կազմում»:

Այս երթի կասեցման գործընթացը սկսաւ Արցախէն: Հիմա կ՛ակնկալուի համայն հայութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի Ազգային ժողովին եւ անոր կատարած յայտարարութեան:

Բոլոր իրաւական դրոյթները կան հակասահմանադրական եւ հակապետական համարելու Արցախը Ազրպէյճանին մաս նկատելու փաշինեանական յայտարարութիւնները: Մինչ այդ անյետաձգելի է համազգային համախմբումը:

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Զօրակցի Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Կեցուածքին՝ Մերժելով Արցախը Ազրպէյճանի Հողային Ամբողջականութեան Մաս Նկատելու Բոլոր Տեսակի Փորձերը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 23 Մայիս 2023)

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?