Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Խորհրդարանի Նիստ Նախագահ Չընտրելու Համար

June 14, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի այսօրուան նիստը կը գումարուի չընտրելու համար հանրապետութեան նախագահ: Քրիստոնեայ քաղաքական դաշտի թէական միաւորման բուն շարժառիթները նախագահի թեկնածուի շուրջ կը շարունակեն կրել որոշ հարցականներ:

Քուէարկութեան համապատկերը սակայն միանշանակ չէ: Թուաբանութիւնը յստակ թիւերու գումարումներ չի պարզեր, այն առումով, որ իւրաքանչիւր դաշտ բացարձակ ամբողջութեամբ չէ դիրքորոշուած: Համայնքային առումով եւ ընդհանուր հաշուով մարոնի-շիի միջհամայնքային մրցում կը նախատեսուի, տիւրզի համայնքի դիրքորոշումով` ի նպաստ առաջինին:

Ընտրական առճակատման նիստ է ուրեմն սպասուածը. հետեւաբար` լուծումի չառաջնորդող: Միտումները կը համոզեն, որ առաջադրուածը ոչ թէ Ազուրի ընտրութիւնն է, այլ` շիի համայնքի առաջադրած թեկնածուի տապալումը: Մրցումին մղիչ գործօնն ու նպատակը ուրեմն, առաւելագոյն քուէ ապահովելն է մրցակիցին վրայ, լաւ գիտակցելով, որ քուէի յաղթանակը ընտրութիւն չէ այս պարագային: Սահմանադրութեան պահանջած անցողիկ շեմը յաղթահարելու օրինաթիւ չի գոյանար ըստ ամենայնի: Երկրորդ փուլի կայացումը խնդրոյ առարկայ է: Ներկայութեան օրինաթիւ չգոյացնելը այս պարագային անպայման չի մեկնաբանուիր նիստ պոյքոթելու կամ նախագահի ընտրութիւն տապալելու առաջադրանքով:

Այստեղ Լիբանան է, եւ քուէի մեծամասնութիւնը հարց չի լուծեր: Այստեղ ամէն ինչ միջհամայնքային համախոհութեան վրայ հիմնուած է, եւ որեւէ համայնքի շրջանցում կ՛անդամալուծէ պետութիւնը, կառավարութիւնը, երկիրը ամբողջ:

Քուէի մրցում կատարողները գիտակից են այս իրականութեան: Աւելիով համոզիչ կը դառնայ այն, որ Ազուրը ոչ թէ նախագահի թեկնածու է, այլ`  թեկնածու չէզոքացնող թեկնածու:

Ներլիբանանեան  իրադարձութիւններուն հետեւողները լաւ գիտեն, որ նման շրջադարձային նշանակութիւն ունեցող որոշումներ կը կարօտին արտաքին համաձայնութիւններու: Առնչուած պետութիւններու ներկայացուցիչները խաղաթուղթերը չեն բացած: Ֆրանսա ստացած է որոշ լիազօրութիւն աշխատանքային այցելութիւններ կատարելու, հանդիպումներ ունենալու եւ ուղերձներ փոխանցելու: Սակայն չյստակացնելու թեկնածուի որեւէ նախընտրութիւն: Ֆրենժիէի նկատմամբ վեթօ չունենալով կամ ըսելով, որ Ֆրենժիէն նախընտրելի է, քան նախագահական թափուր աթոռը, ո՛չ առաջադրել է, ո՛չ ալ մերժել: Պարզապէս ըսել, որ Փարիզը համաձայն է ընդհանուր համախոհութիւն գոյացնող թեկնածուին:

Յառաջիկայ շաբաթ կը սպասուի այցելութիւնը Ֆրանսայի պատուիրակին, որուն հիմնական առաքելութիւնը նախագահական ընտրութեան կը վերաբերի: Լը Տրիանը Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի թղթածրարներուն իրազեկ է եւ ունի փորձառութիւն ներլիբանանեան կողմերուն հետ աշխատելու:

Նախագահական ընտրութեան օրակարգը առաջ քշող Ֆրանսան եւս իրազեկ է, որ այսօրուան նիստը ապարդիւն է. փաստօրէն նիստէն շաբաթ մը ետք տակաւին պիտի ուղարկէ իր պատուիրակը: Եւ նոր պիտի սկսին բանակցութիւնները:

Ֆրանսայով չ՛աւարտիր անշուշտ թեկնածուի ճշդումի աշխատանքը: Թեհրան, Ռիատ, Ուաշինկթըն, նշելու համար կարեւորագոյնները, իրենց ըսելիքը կ՛ունենան անպայման:

Երկու թեկնածուներու չէզոքացման այս արարը կրնայ դուռ բանալ երրորդ թեկնածու ճշդելու գործընթացին` համախոհական թեկնածուի  տարազին տակ:

Քաղաքականօրէն սակայն ոչինչ կը բացառուի: Իրան պաշտօնապէս կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթընի հետ իր բանակցութիւնները կը շարունակուին հիւլէական թղթածրարի հարցով, լրատուութեան դրական շեշտ տալով: Մեծ համաձայնութիւն մը կրնայ կտրուկ փոխել քուէներու թուաբանական պատկերը:

Լիբանանեան կողմերը դատապարտուած են համաձայնելու: Այլընտրանք չկայ եւ որեւէ կողմ չի  կրնար պատասխանատուութիւն ստանձնել ընտրական առճակատումով մեծամասնութիւն պարտադրելով կամ համայնքի կամք շրջանցելով նախագահի ընտրութիւն կատարելու:

Այս իրականութեան շուրջ վստահաբար կայ լիբանանեան փորձառութիւն ամբարած բոլոր կողմերուն գիտակցութիւնը: Հետեւաբար այսօրուան արարը քուէներու որոշակի տարբերութիւն գրանցելով հանդերձ նախապատրաստութիւն է բանակցային նոր փուլի, որ արդիւնաւորուելու համար դատապարտուած է համաձայնութեան յանգելու:

«Ա.»

Նախորդը

Նախագահական Ընտրութեան 12-րդ Նիստը Նախագա՞հ Պիտի Արտադրէ, Թէ՞ Այլ Բեմագրութեամբ Ներկայացում Մը Պիտի Ըլլայ

Յաջորդը

Ալիեւ. «Զանգեզուրի Միջանցքի Բացումը Անխուսափելի Է` Որքան Շուտ, Այնքան Լաւ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.