Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Խաղաթուղթերու Բացայայտման Նախաշեմին

Մայիս 12, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսական մամուլը յատուկ լուսարձակի տակ առած է կառավարութեան ներգրաւումը Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններու թղթածրարին: Ցուցանիշը այդ բոլորին միայն Ֆրանսայի դեսպանին կողմէ կատարուող մագոգային հանդիպումները չեն: Ֆրանսական մամուլը, յղում կատարելով Ֆրանսայի դիւանագիտական աղբիւրներու, կը խօսի ամէնէն շատ հաւանական համախոհութիւն գոյացնելու տուեալներ ունեցող թեկնածուի մասին:

Այստեղ արդէն քննադատական սլաքները կ՛ուղղուին գործող կառավարութեան, որովհետեւ նոյն այդ աղբիւրները կը կեդրոնանան Հըզպալլայի առաջադրած թեկնածու Ֆրենժիէի վրայ:

Պատահական չէ նաեւ այն կանխատեսական վերլուծումը, որ Փարիզ համաձայն ըլլայ Հըզպալլայի առաջադրած թեկնածուին. առնուազն դէմ չըլլայ: Լրատուական աղմուկը, որ բարձրացած է այս առիթով, բնութագրուած է ֆրանսական «Լիպերասիոն»-ի կողմէ իբրեւ «Ֆրանսայի վտանգաւոր խաղը»:

«Վտանգաւորութիւն»-ը քանի մը ուղղութիւն ունի: Նախ այն, որ տուեալ թեկնածուն ոչ միայն ներլիբանանեան համաձայնութիւն չէ ապահոված, այլ նաեւ բեւեռացուցած է ներքրիստոնէական դաշտը: Իսկ Ֆրանսան ընդհանրապէս Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքներուն կողմէ նկատուած է աջակցող պետութիւն կամ քրիստոնեայ համայնքներուն հանդէպ հոգատար քաղաքականութիւն կիրարկող երկիր: Փարիզի մատնանշած թեկնածուն մինչ այժմ մերժուած է քրիստոնէական հիմնական ուժերուն կողմէ:

Երկրորդ ուղղութիւնը աւելի աշխարհաքաղաքական բացատրութիւն ունի: Նախ պէտք է յիշել, որ Փարիզի ներգրաւուածութիւնը միայն նախագահական ընտրութեան չի վերաբերիր: Ֆրանսան իբրեւ գլխաւոր խաղցող միշտ փորձած է իր պատմական կարգավիճակի աւանդութիւնը շարունակել եւ ներդրում բերել հիմնական հանգուցալուծման գործընթացներուն: Լիբանանեան հրապարակին վրայ սակայն Ֆրանսայի նման ներգրաւուած ուժերը բազմաթիւ են: Աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ ընթացող իրադարձութիւններուն նման Լիբանանի մէջ եւս քաղաքական տրամաբանութեան հետեւելով, կը համակարգուին Ուաշինկթընի եւ Փարիզի մօտեցումները: Լիբանանեան դրսեւորումը այդ բոլորին Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն առած քայլերուն միջեւ կը նկատուին քննարկուած օրակարգերու, այցելութեան հասցէներու եւ յայտարարութիւններու համատեղումներ եւ համահնչեղութիւններ:

Ֆրենժիէի անունը լիբանանեան քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներուն մօտ Իրանէն աւելի կապուած է Սուրիոյ: Անմիջապէս նկատենք, որ Ռիատ-Թեհրան յարաբերութիւններու բնականոնացումէն եւ Սուրիոյ Արաբական լիկա վերադարձէն ետք փոխուած է հաւաքական Արեւմուտքի օգտագործած հռետորաբանութիւնը Դամասկոսի նկատմամբ:

Փոփոխութիւնը միայն Սուրիոյ նկատմամբ չէ անշուշտ: Իրանի հանդէպ կատարուող յայտարարութիւնները մեղադրական առումով դարձած են շատ աւելի պարագայական: Միտումները` Իրանի ապամեկուսացման, հետզհետէ զգալի կը դառնան, տեղ-տեղ նաեւ տեսանելի: Եւ տակաւին պարզ չէ կամ միանշանակ` Սէուտական Արաբիա-Իրան յարաբերութիւններու հաստատման համաձայնութեան բուն մղիչ գործօնը: Այլ խօսքով` հակառակ անոր որ մեկնարկը Փեքինի մէջ էր, անպայման պէտք չէ հետեւցնել որ այդ բեկումը ի հեճուկս Միացեալ Նահանգներուն է:

Լիբանանեան լրատուադաշտին մէջ երեւցաւ տեսութիւն, որ ի դէմս քրիստոնէական շրջանակներու բողոքին, Ֆրանսան կրնա՞յ վերանայիլ Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը ընդունելու իր մօտեցումը: Նման հարցադրում մը ինքնին կ՛արժեւորէ լիբանանեան հասարակութիւնը, որ գլխաւոր խաղցողները հաշուի կը նստին ժողովուրդի կամքին հետ եւ ոչ թէ անպայման կը հեռակառավարեն զանոնք: Պէտք է յիշել անպայման այս օրակարգով Իրանի արտաքին գործոց նախարարին պէյրութեան յայտարարութիւնները, որոնք յատկանշուեցան զսպուածութեամբ, թեկնածու չպարտադրելու յայտարարութիւններով  եւ համախոհական թեկնածուի շուրջ կեդրոնանալու կոչերով:

Պարզ է նոյնքան, որ գոյանալիք համաձայնութիւնները միայն նախագահի թեկնածուին շուրջ չեն: Նոյնքան նշանակութիւն ունի վարչապետի պաշտօնը ստանձնողը, կառավարութեան ձեւաչափը, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին մնալը կամ հեռանալը:

Յամենայն դէպս, նախագահի ընտրութեան օրակարգով կը թուի, որ կը գտնուինք խաղաթուղթերու բացայայտման փուլի նախաշեմին:

«Ա.»

Նախորդը

Ազրպէյճանի Զինուժը Հրետանային Եւ Ականանետային Կրակ Բացած Է Սոթքի Հայկական Դիրքերուն Ուղղութեամբ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 12 Մայիս 2023)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?