Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Համայն Հայութեան Իղձեր, Պատմական Արդարութեան Վերականգնում Եւ Ազգերու Ինքնորոշման Կենսագործում

April 21, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցը կ՛ոգեկոչուի ազգային-քաղաքական ծանր պայմաններու մէջ: Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին առընթեր նախապատրաստուող հատուցման իրաւական թղթածրարի կազմութեան աշխատանքները առկախուած են: 100-րդ տարելիցին առիթով ընդունուած Համահայկական հռչակագիրը պետութեան արտաքին-ներքին քաղաքականութեան օրակարգէն դուրս մղուած է: Պաշտօնական Երեւանի բարձրագոյն բեմերէն կը յայտարարուի, որ որեւէ երկրէ տարածքային պահանջ չունինք, աւելցնելով, որ պէտք է ճանչցնել տանք Հայաստանի Հանրապետութեան 29.800 քառ. քմ տարածքը:

Երբ իրերայաջորդ այս յայտարարութիւնները իրար շաղկապուած կը հնչեն Ազգային ժողովէն, այդ կը նկատուի համազօր տարածքային որեւէ պահանջ արծարծելէ հրաժարումի: Առընթեր` խաղաղութեան պայմանագիրի հովանաւոր Անգարան տարբեր առիթներու իր արտաքին գործոց նախարարին ճամբով կը յիշեցնէ, որ սահմանագծում անհրաժեշտ է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն- Թուրքիա յարաբերակցութեամբ:

Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացի սկզբնական իւրաքանչիւր քայլին Երեւանը կը յայտարարէր, որ կողմերը համաձայնած են գործընթացը իրականացնել առանց նախապայմաններու: Հիմա Անգարայէն վերստին սկսած են հնչել հայերու ցեղասպանութեան մասին պնդումներուն մասին յայտարարութիւններ եւ դասական յանկերգի արտասանութիւններ:

29.800-ի եւ տարածքային խնդիր չունենալու բացարձակութիւնները չունին սահմանադրական հիմնաւորում` աւելի՛ն` կ՛ընկալուին իբրեւ հակասահմանադրական: Անկախութեան հռչակագիրը Սահմանադրութեան հիմքն է, եւ այնտեղ կայ շատ կարեւոր երկու ընդգծում, որոնց շրջանցումը պետական բարձրագոյն դիրքերէ անպատասխան հարցականներ կը ստեղծէ:

Այսպէս. Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդը` «…Կենսագործելով ազգերի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, հիմնուելով 1989 թուականի դեկտեմբերի 1-ի «Հայկական ԽՍՀ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհրդի համատեղ որոշման վրայ…»:

Այս հիմնադրոյթը, Սահմանադրութեան հիմքին վրայ կառուցուած, չի համատեղուիր 29.800-ի բացարձակութեան հետ: Միացումէն անկախութեան անցումը ունի իր ռազմավարական բացատրութիւնները. ոչ միայն այն ընկալումով, որ Անկախութեան հռչակագիրի այս կէտը կը խօսի նաեւ ինքնորոշման  իրաւունքը կենսագործելու յանձնառութեան մասին, այլ նաեւ նկատի կ՛ունենայ, որ վերջնանպատակը այդ բոլորին միացումն է Հայաստանի Հանրապետութեան:

Տարբեր բովանդակութիւն ունի «այսօր տարածքային հարցեր չենք արծարծեր» բառակապակցութիւնը` «որեւէ երկրի նկատմամբ տարածքային պահանջ չունինք» բացարձակ յայտարարութենէն:

Պահանջ չունինքը եւս չի տեղաւորուիր Անկախութեան հռչակագիրի հետեւեալ բանաձեւին մէջ. «…Գիտակցելով իր պատասխանատուութիւնը հայ ժողովրդի ճակատագրի առջեւ համայն հայութեան իղձերի իրականացման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման գործում…»:

Անկախութեան հռչակագրի այս դրոյթի համապարփակ բանաձեւումը խմբագրուած էր Համահայկական հռչակագիրին մէջ, որ արդէն շատոնց դուրս եկած է պետական ոչ միայն գործադաշտէն այլ նաեւ տեսադաշտէն:

Հիմա սակայն կայ նորովի ցեղասպանութեան վտանգ. Արցախի նկատմամբ իրականացուող քաղաքականութիւնը` «շրջափակում», «մարդասիրական տագնապ», «ցեղային զտում» եզրաբանութիւններով կը բնորոշուի: Ուրիշ բնորոշում կարելի չէ տալ այդ բոլորի իրականացման համար ի գործ դրուող Պաքուի ռազմաքաղաքականութեան:

«Անջատում յանուն փրկութեան»-ը միջազգային իրաւաչափական դրոյթ է, որ կ՛արծարծուի, կանխարգիլելու համար ցեղասպանութիւնը: Անջատումը սակայն պէտք է յստակացնել, որ Ազրպէյճանէն չէ, որովհետեւ որեւէ ժամանակ Արցախը մաս չէ կազմած Ազրպէյճանին, ո՛չ 1918-ին, ո՛չ ալ 1991-ին: Ճիշդ բանաձեւը ինքնորոշում յանուն փրկութեան է, որ այսօր դարձեալ կը շրջանցուի Երեւանի կողմէ:

Իսկ ինքնորոշման կենսագործումի յանձնառութիւնը սահմանադրական հիմք ունի` ամրագրուած Անկախութեան հռչակագիրով` «Կենսագործելով ազգերի ինքնորոշման իրաւունքը»…:

Հայոց պետութիւնը ներկայացնող որեւէ իշխանութիւն պարտի հաշուի նստիլ Սահմանադրութեան հիմքը հանդիսացող Անկախութեան հռչակագիրի ամրագրած հիմնադրոյթներուն հետ այս պարագային` համայն հայութեան իղձերուն, պատմական արդարութեան վերականգնումի առաջադրանքին, Արցախի միացումի վերջնանպատակին եւ  այդ ճանապարհին` ազգերու ինքնորոշման միջազգային սկզբունքին հետ:

Նախորդը

Հայաստան Խարիսխ` Հայ Դատի Պահանջատիրութեան

Յաջորդը

ՀՅ Դաշնակցութիւնն Ու Բերիոյ Հայոց Թեմը Նեցուկ Կը Կանգնին Հալէպի Բոլոր Հայ Համալսարանականներուն

RelatedPosts

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական  Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ

October 1, 2026
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք  Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական  Գործողութիւնները Վերականգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական Գործողութիւնները Վերականգնել

October 1, 2026
Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ  Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով  Ահաբեկչական Արարք»
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով Ահաբեկչական Արարք»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.