Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Ամերիկեան Խաղաթուղթերը Եւ Թուրքիան (Էրտողանի Վերընտրութենէն Ետք)

Մայիս 31, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւնները երկու փուլով կայացնելը գործող նախագահին կողմէ վերահսկուած գործընթացի համոզումը կը փոխանցէ: Թուրքիան ժողովրդավարութենէ հեռու է տակաւին. գործող կառավարութիւնը զանազան վարչական լծակներ ունի իր տրամադրութեան տակ` ընտրակեղծիքներով կանխորոշուած արդիւնքներ ձեռք ձգելու:

Այս պարագային առաջին փուլին, ընտրարշաւի ընթացքին արդէն սկսած էին շրջանառուիլ արդիւնքներու անկանխատեսելիութեան մասին տեսակէտներ: Առաջին փուլի համապետական ընտրութիւնները ներառած էին նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Այնտեղ այս սուր երկուութիւնը չզգացուեցաւ: Խորհրդարանի համապատկերը յստակ է. համաձայնութեամբ, շատ պարզ է, որ Էրտողանը ունի կայուն մեծամասնութիւն, եւ դիւրութեամբ իր կառավարութիւնը կը ստանայ վստահութեան քուէ:

Այստեղ պարզ էր, որ բացառուած էր ընդդիմութեան յաղթանակը: Ընդդիմութեան թէական յաղթանակը խորհրդարանին մէջ ներպետական ճգնաժամ կրնար ստեղծել Թուրքիոյ մէջ, եթէ նախագահական ընտրութիւնները այս արդիւնքներուն յանգէին: Կը յառաջանար  նախագահ-խորհրդարան փոխհակակշռումի համակարգ` թէկուզ նախագահական սահմանադրութեամբ: Նման իրավիճակներ յաճախ կը գոյանան ժողովրդավար երկիրներու մէջ: Թուրքիան հեռու է այդ փոխհակակշռումի յարաբերակցութիւն գրանցելու իրականութենէն:

Կարելի է արձանագրել սակայն, որ բազմակարծութիւն չհանդուրժող, հանրային եւ մամուլի գործիչներ կալանաւորող, քաղաքական հայեացքներու համար հասարակական գործիչներ բանտարկող Էրտողանի կառավարութիւնը յաջողեցաւ ընտրարշաւի եւ քուէարկութեան թատրոն բեմադրել: Միջադէպերը լուսարձակներ չկեդրոնացուցին, իսկ վարչական լծակներու օգտագործման դէմ նկատելի բողոքարկումներ չեղան: Ընտրութիւններու արդիւնքները չընդունելու ցոյցերը եւս աննշան էին:

Այս բոլորը չեն նշանակեր անշուշտ, որ հետագայ ցնցումները կը բացառուին: Հասարակութեան մէջ կայ երկփեղկուածութիւն: Թեկնածուներու ընտրարշաւի թեմաները  մեծ հաշուով երկու ուղղութիւն ունէին: Առաջինը` ազգայնակրօնական, իսկ երկրորդը` ընկերատնտեսական, գումարած` դէպի Արեւմուտք յարաբերութիւններու բարելաւումը:

Մոսկուան եւ Պաքուն չթաքցուցին իրենց նախընտրութիւնն ու զօրակցութիւնը: Ընդդիմադիր թեկնածուն արտաքին քաղաքականութեան վերանայման անհրաժեշտութեան մասին կը խօսէր եւ ատոր առանցքը հիմնականին մէջ Ուաշինկթընի, նաեւ` Պրիւքսելի հետ յարաբերութիւններուն կը վերաբերէր: Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացի վերագործարկումը առաջադրանք էր Քըլըչտարօղլուին համար:

Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի պաշտօնական շնորհաւորագիրներուն մէջ կայ յստակ քաղաքական ուղերձ: Ուաշինկթընը կը շեշտէ ՕԹԱՆ-ի շրջանակներուն մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը եւ այդ շրջանակներուն մէջ համագործակցութեան շարունակութեան անհրաժեշտութիւնը, մինչ Փութին կ՛արժեւորէ Էրտողանի ներդրումը ռուս-թրքական համագործակցութեան խորացման մէջ:

Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ Մոսկուան եւ Անգարան հեզասահ պիտի շարունակեն սկսուած գործը: Ի վերջոյ Ուաշինկթընը Թուրքիան կ՛ընկալէ իբրեւ ՕԹԱՆ-ի այն անդամը, որմէ այսօր բաւական կախեալ է Ռուսիան:

Խնդիրը ուրեմն Թուրքիան կախեալ դարձնելով Ռուսիոյ վրայ ազդեցութիւն ունենալու մօտեցումն է:

Քրտական գործօնին նկատմամբ կար պառակտուածութեան պատկեր: Էրտողանը յաջողած էր յառաջացնել քրտական կուսակցութիւն, որ կ՛առաջադրէր իր թեկնածութիւնը: Էրտողանական քրտական կուսակցութիւնը փոքրամասնութիւն կազմելով հանդերձ այս հարցին մէջ ներքրտական հակասութիւնները մանրադիտակի տակ առնուեցան: Քրտական գործօնը կը շարունակէ մնալ առաջնային սպառնալիքներէն մէկը Անգարայի համար:

Քրտական խաղաթուղթը մեծ մասամբ Միացեալ Նահանգներուն մօտ է: Երկփեղկուած հասարակութիւնը կրնայ առաջին խաղաթուղթին վրայ աւելնալ: Իսկ Թուրքիոյ տնտեսական ճգնաժամը կը համալրէ առաջին երկու խաղաթուղթերը:

Նախորդը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Նախագահի 28 Մայիսի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Հ.Յ.Դ. Բ.-ի Երիտասարդական Գրասենեակի «Պատանի Ախոյեանը» Մարդուժի Պատրաստութեան Ծրագիր

RelatedPosts

Արցախի Եւ Հայաստանի Շարք Մը Քաղաքական  Ուժերու Յայտարարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Համար

Մայիս 9, 2025
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ  Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ

Մայիս 9, 2025
Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?