Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Չէ Հասած Լիբանանեան Թղթածրարին Հերթը

Մայիս 3, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարարին Պէյրութ այցելութիւնը որեւէ բեկումնային կամ շրջադարձային նշանակութիւն չունեցաւ: Կար որոշ նախատեսութիւն, որ այցելութիւնը կը կապուէր նախագահական ընտրութեան հանգոյցին հետ, եւ թէ համաձայնութեան ուղղութեամբ թելադրանքներ պիտի հնչէին Թեհրանի ներկայացուցիչէն` արագացնելու համար հանգուցալուծումը:

Այս ենթադրութիւնը կամ նախատեսութիւնը բնականաբար ուղղակիօրէն կը բխէր Սէուտական Արաբիա-Իրան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի մեկնարկէն: Համակողմանի համոզում կայ, որ տարածաշրջանի գլխաւոր խաղցողներուն միջեւ է, որ պէտք  է գոյանան լիբանանեան համաձայնութիւնները: Այս հետեւողութեամբ ալ երկու հակադրուած գլխաւոր պետութիւններու միջեւ կայացած համաձայնութիւնները կրնան արագացնել լիբանանեան թնճուկներու լուծման գործընթացը:

Քաղաքական գործընթացներու կամ աշխատանքային ժամանակացոյցներու ուղղութեամբ կայ իրերյաջորդականութեան տրամաբանութիւն եւ օրակարգերու առաջնահերթութիւն. եւ կը թուի, որ լիբանանեան թղթածրարը չի գրաւեր այդ ցուցակին առաջին հորիզոնականները:

Ասով հանդերձ, հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած սահմանափակ միջադէպերը որոշ իմաստով լոյս սփռեցին կայացած ընդհանուր համաձայնութեան վրայ: Պաղեստինեան-իսրայէլեան բախումներուն իբրեւ պատասխան հարաւային Լիբանանէն արձակուած հրթիռները պահ մը պատերազմի վերաբռնկման տպաւորութիւն ձգեցին: Շատ արագ պարզ դարձաւ, որ երկկողմանիօրէն կայ չյայտարարուած համաձայնութիւն` պատերազմական լայնածաւալ գործողութիւններու չձեռնարկելու: Շուտով յայտարարուեցաւ, որ արձակուած հրթիռներու ռազմայենակէտերը պաղեստինեան են, եւ իրանամէտ Հըզպալլան որեւէ առնչութիւն չունի կատարուածին հետ:

Իսրայէլեան պատասխանը չուշացաւ: Անվտանգութեան խորհուրդը արտակարգ նիստ գումարեց եւ որոշեց պատասխանել: Պատասխանը համաչափ էր եւ այդ իմաստով ալ սահմանափակ: Երկուստեք պարզ դարձաւ, որ դէպքերը կը մնան հարուած-պատասխան շրջագիծի սահմաններուն մէջ եւ չեն վերածուիր պատերազմի:

Կառավարելի քաոսի կանոնները կը շարունակեն գործել: Ռազմական միջադէպեր կրնան արձանագրուիլ, սակայն այս պահու դրութեամբ չեն վերածուիր պատերազմի: Տնտեսական պաշարումը կը շարունակուի, սակայն պատժամիջոցային ընդհանուր քաղաքականութիւն չ՛որոշուիր եւ չի պարտադրուիր: Դրամատնային համակարգը կ՛անդամալուծուի, սակայն թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին մակարդակներով, յատկապէս գումարային փոխանցումներու դրամական շրջանառութիւնները կը շարունակուին: Նախագահի ընտրութեան շուրջ չի գոյանար համալիբանանեան համաձայնութիւն, հրաժարեալ կառավարութիւնը սակայն կը շարունակէ վարել ընթացիկ աշխատանքներ: Սնանկացած պետական պիւտճէ, սակայն պետական  ծառայութիններու իրականացման համար որոշ արտաքին յատկացումներ` թէկուզ պետութեան շրջանցումով: Շարքը կարելի է երկարել: Բանաձեւը այս բոլորին` անդամալուծուած պետութիւն, ընթացիկ կառավարական աշխատանքներով:

Երբ հասնի լիբանանեան օրակարգին հերթը եւ եթէ գոյանայ տարածաշրջանային-միջազգային համաձայնութիւն, կայծակնային արագութեամբ կ՛ընտրուի նախագահ, կը նշանակուի վարչապետ, կը յստականայ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի ճակատագիրը, կը կազմուի կառավարութիւն, կը վերագործարկուի դրամատնային համակարգը:

Այս հանգամանքները պէտք է նկատի ունենալ ընկալելու համար Իրանի արտաքին գործոց նախարարին այցելութեան ոչ շրջադարձային հետեւանքը: Գուցէ բեկումնային պահու ստեղծման ենթահողի պատրաստութիւն` համաձայնական կոչեր ընելու, համախոհական թեկնածուի շուրջ համախմբուելու եւ երկխօսութեամբ հարցերը լուծելու մասին պաշտօնական յայտարարութիւններ կատարելու տեսքով: Փաստօրէն տուեալ թեկնածուի կառչածութիւնը չէ, որ կը գերիշխէ հիմա, կամ անպայման վեթոներու տարափով գործընթաց արգելակելու դիրքորոշումները չեն, որ կը յատկանշեն առնչուած  կողմերու յայտարարութիւնները:

Երկու հիմնական  իրողութիւն կը մնայ փաստ.

Ա. Լիբանանեան թղթածրարին օրակարգը տակաւին կը սպասէ իր հերթին:

Բ.  Գոյանալիք համաձայնութիւնը համապարփակային է: Չի սահմանուիր միայն նախագահի ընտրութեամբ. նոյնքան կարեւոր է վարչապետի շուրջ համաձայնութիւնը կամ ֆինանսական համակարգի ղեկավարը պահելու կամ հեռացնելու խնդիրը եւ այս հանգոյցներէն բխած բոլոր ածանցեալ առկախուած թղթածրարներուն ընթացք տալը:

Մինչ այդ, կը շարունակուի կառավարելի քաոսի վարքագիծը:

«Ա.»

Նախորդը

Պաքուն Կը Պնդէ, Թէ «Հայ Հոգեւորականները Պէտք Է Հեռանան Դադիվանքէն»

Յաջորդը

Պէտք Է Երգել Լացող Երեխային Համար

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?