Խմբագրական. Լիզպոնն Ու Արցախը Անպայման Կը Կասեցնեն Արժէքափոխութեան Արշաւը
Լիզպոնի հերոսական արարքին մէջ ամփոփուած գերագոյն զոհաբերութեան խորհուրդը հետագային եւս առարկայացումներ արձանագրեց Արցախի պատերազմին ընթացքին, երբ դիրքեր չլքելու կամ հայրենական տարածքներ չյանձնելու համար երիտասարդ անձնազոհներ իրենց կեանքին վերջ տուին, իրենք զիրենք պայթեցուցին` չէզոքացնելու համար հայկական դիրքերուն մօտեցած թշնամիին ծրագիրը: Այս խորհուրդը, ամէնէն թանկը` կեանքը չխնայելու, Փորթուգալի մայրաքաղաքէն մինչեւ արցախեան դիրքեր, բոլորին մօտ կ՛ամրացնէր այն համոզումը, որ կա՛ն, գոյութիւն ունի՛ն այնպիսի...




















