Խմբագրական

Editorial

Ակնարկ.  «Յաւելեալ Համարձակութիւն»

Ակնարկ. «Յաւելեալ Համարձակութիւն»

Պաքուն նոր նախապայման դրած է Երեւանի առջեւ. ճանչնալ Խոջալուի «ցեղասպանութիւնը»: Գրաւելէ ետք հայկական Արցախը, ներխուժելէ ետք հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներ,  Պաքուն անջատած է սահմանազատման օրակարգը խաղաղութեան պայմանագիրէն, իր կանոններով սկսելով հատուածական սահմանազատում, հիմա կը համալրէ իր նախապայմանները: Սումկայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի, Մարաղայի մէջ ցեղասպանական արարքներ գործադրած, ցեղային զտման ամբողջ քաղաքականութիւն մը հերթական արարներով իրականացուցած եւ Արցախի մէջ ուղղակի Ցեղասպանութիւն կիրարկած Պաքուն այժմ...

Խմբագրական.  Զարգացնելու Համար Մայիս 28-ի Ժողովրդավարական Աւանդութիւնները  (Հայաստանի Հանրապետութեան 106-Ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Զարգացնելու Համար Մայիս 28-ի Ժողովրդավարական Աւանդութիւնները (Հայաստանի Հանրապետութեան 106-Ամեակին Առիթով)

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագիրին բանաձեւած առաջադրանքներուն շարքին  նշուած է`  «Զարգացնել 1918 թուականի մայիսի 28-ին ստեղծուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները»: Այս պարզ ու ամփոփ բանաձեւը գաղափարաքաղաքական ընկալումով խորիմաստ նշանակութիւն ունի: Վերանկախացող Հայաստանը այս առաջադրանքով կ՛ընդունի մայիս 28-ով ստեղծուած Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական էութիւնն ու դիմագիծը եւ կ՛առաջադրէ զարգացնել անոր հիմնած ու կիրարկած ժողովրդավարական կարգերն ու ժողովրդավարական մշակոյթը: Առաջին մտածումը` պատմական  այս...

Ակնարկ.  Միջազգային Քրէական Դատարանը Եւ Երկու Պետութիւն Բանաձեւը

Ակնարկ. Միջազգային Քրէական Դատարանը Եւ Երկու Պետութիւն Բանաձեւը

Իրերայաջորդ յայտարարութիւններով Սպանիան, Իրլանտան եւ Նորվեկիան ճանչցան Պաղեստինի պետութիւնը, մինչ Մալթան պարզ դարձուց, որ կը պատրաստուի հետեւիլ այդ երկիրներու օրինակին: Ֆրանսան սկզբունքով դէմ չէ ճանաչումին, բայց պահը յարմար չի նկատեր, յայտնապէս զինադուլի համաձայնական ճիգերը արգելակած չըլլալու համար: Այս փաստը կ՛նթադրէ, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին որդեգրած երկու պետութիւն բանաձեւը կը թեւակոխէ իրաւական ընթացակարգի առաջին փուլը: Քաղաքական տրամաբանութեամբ այս ընթացակարգին հետ կը...

Ակնարկ.  Ազրպէյճանէն Թաւրիզ Եւ Մինչեւ Լա Հէյ

Ակնարկ. Ազրպէյճանէն Թաւրիզ Եւ Մինչեւ Լա Հէյ

Իրանի նախագահը Ազրպէյճանէն Թաւրիզ փոխադրող ուղղաթիռին խորտակումը առիթ կու տայ տարբեր ուղղութիւններով վերլուծումներ կատարելու: Պատահարը մինչ այժմ կը վերագրուի եղանակային վատ պայմաններու, մշուշի պատճառով տեսանելիութեան խնդիրներու եւ շարժակի խանգարումի: Այդուհանդերձ չեն բացառուիր խափանարարութեան հետ կապուած տեսակէտները: Առաջին ակնարկով նկատուեցան իրանեան ոչ պաշտօնական աղբիւրներու շրջանառութեան մէջ դրած նիւթերը, որոնց համաձայն, պատահարին ետին կանգնած են իսրայէլեան իշխանութիւններ: Թել Աւիւէն հնչեցին յայտարարութիւններ, որ...

Ակնարկ.  Զուգակցել Վերադարձի Եւ Ինքնորոշման Իրաւունքները

Ակնարկ. Մինսքի Խմբակն Ու Անոր Բոլոր Հիմնարկները

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին Երեւան եւ Պաքու այցելութիւններուն ընթացքին կատարած յայտարարութիւններէն որոշ հատուածներ պէտք է լուսարձակի տակ  առնել եւ փորձել որոշ հետեւութիւններ արձանագրել հետագայ գործընթացներուն համար: ԵԱՀԿ-ի դիրքորոշումը համահունչ է միջազգային ընտանիքին, այս պարագային` հաւաքական Արեւմուտքին մօտեցումներուն, այն առումով, որ սահմանազատման հարցին մէջ կ՛ողջունէ երկկողմ ձեւաչափը: Երկկողմը կ՛ենթադրէ, ուղղակի, առանց միջնորդի: Երբ միջնորդի մասին կը խօսինք, ապա անմիջապէս կը մտաբերենք երկար...

Խմբագրական.  Սահմանազատման Գործընթացի Այլընտրանքը Եւ 94-ի Հրադադարը

Խմբագրական. Սահմանազատման Գործընթացի Այլընտրանքը Եւ 94-ի Հրադադարը

Սահմանազատման գործընթացի կասեցման պահանջին անպայման պէտք է զուգակցել այլընտրանքային առաջարկ ծրագիր, որպէսզի իշխանութիւններու առաջ մղած այն վարկածը, որ սահմանազատման կասեցումը համազօր է պատերազմի յայտարարութեան, չէզոքացուի: Պէտք է առաջին հերթին արձանագրել` Սահմանազատումը կ՛ընթանայ միակողմանի զիջումներով: Փոխանակումը այստեղ գետնի վրայ ենթահող չունեցող տեսութիւն է: Հայկական կողմը կը յանձնէ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներ, դիմացը ոչինչ ստանալով: Սահմանազատումը կը պարտադրուի հայկական կողմին: Ազրպէյճան...

Խմբագրական.  Պահպանելու Համար Մնացածը Եւ Վերակերտելու Կորուստը

Խմբագրական. Պահպանելու Համար Մնացածը Եւ Վերակերտելու Կորուստը

Մայիս ամիսը հայ ժամանակակից պատմութեան մէջ յաղթանակներ խորհրդանշող ամիս է: Շուշիի ազատագրում, հայրենական պատերազմ, պաշտպանութեան բանակի հիմնադրութիւն, մայիսեան հերոսամարտեր: Ճիշդ է, որ յատկապէս Շուշիի անկումէն ետք մթագնեցաւ եռատօնը, այդուհանդերձ պատմական փաստերը կը շարունակեն ուղենշել մեր համազգային երթը: Շուշիի թէ՛ ռազմավարական, թէ՛ մշակութային եւ թէ՛ խորհրդանշական կարեւորութեան կը գիտակցի նաեւ Ազրպէյճանը, որ փաստօրէն չհամաձայնեցաւ հրադադարին, մինչեւ Շուշիի գրաւումը: Պատահական չէ, որ...

Խմբագրական.  Մայիս 6-ը Եւ Ինքնաճանաչումի Խնդիրը

Խմբագրական. Մայիս 6-ը Եւ Ինքնաճանաչումի Խնդիրը

Կանխամտածուած եւ ծրագրուած սովամահութիւնը, շրջափակումը, ցեղասպանական արարքներ են, ցեղասպանութեան  իրաւական սահմանումին մէջ ներառուած: Այն, ինչ որ Օսմանեան կայսրութիւնը իրականացուց Լեռնալիբանանի ժողովուրդին նկատմամբ, Ա. Աշխարհամարտի օրերուն ցեղասպանութիւն էր: Մայիս 6-ը օսմանեան կայսրութեան ցեղասպանական քաղաքական վարքագիծին համապատասխան գործողութիւն է: Մայիս 6-ին կախաղան բարձրացողները  լիբանանցի մտաւորականութեան վառ դէմքեր էին, ազատատենչ գաղափարի պայքարողներ, որոնք կը մերժէին կրել օսմանեան լուծը: Մայիս 6-ի զոհերը տարբեր համայնքներու եւ դաւանանքներու պատկանող...

Խմբագրական.  Հայեր Բոլոր Երկիրներու, Միացէ՛ք (Ազգային Մայիս 1-ի Առիթով)

Խմբագրական. Հայեր Բոլոր Երկիրներու, Միացէ՛ք (Ազգային Մայիս 1-ի Առիթով)

Հայրենիքին դիմագրաւած գոյութենական սպառնալիքի ներկայ օրերուն, արուեստական կրնայ հնչել մայիսմէկեան խորհուրդին աւանդական հասկացողութեամբ անդրադառնալը: Դասակարգային պայքարներուն, աշխատաւորներու իրաւազրկումներուն, դրամատիրութեան յաղթարշաւին եւ ընդհանրապէս սենտիքայական շարժումներու տեղատուութիւններուն մասին գրելը կրնայ նոյնիսկ կեղծ օրակարգի տպաւորութիւն ձգել: Այլ խօսքով, պարզապէս մայիս 1-ը նշած ըլլալու եւ մամլոյ անդրադարձ կատարելու պարտականութիւն կրնայ ընկալուիլ: Հայկական մայիս 1-ը ոչ միայն աշխատաւորներու իրաւունքներու, աշխատանքի ժամերը յարգելու, զանոնք չշահագործելու, արդար...

Ակնարկ. Հայելային Վերահսկողութիւններու Առաջարկներ

Ակնարկ. Հայելային Վերահսկողութիւններու Առաջարկներ

ՔՈՓ29 եւ կանաչ տեսլականը միջազգային ֆորումի ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահին կատարած յայտարարութիւնները քանի մը ուշագրաւ առանցքներ ներառած էին: Հայկական կողմը խաչմերուկի իր առաջադրանքը կ՛ուզէ իրականացնել տարածաշրջանէն շատ հեռու գտնուող երկիրներու հետ: Առանց Ազրպէյճանի հետ այս նախագիծերը համաձայնեցնելու, անկարելի է խաչմերուկի առարկայացումը: Այստեղ կը թուի, որ ուղերձը այն է, որ Երեւանը պէտք է Պաքուի կողմէ ճշդուած կանոններու հիման վրայ յանգի խաղաղութեան համաձայնագիրին:  Հանգոյցը...

Ակնարկ.   Անգարայի Ուղերձները Պատուհանի Եւ Խաւարի Մասին

Ակնարկ. Անգարայի Ուղերձները Պատուհանի Եւ Խաւարի Մասին

Ապրիլ 24-ի հերթական նշումի օրերուն Անգարայի պաշտօնական յայտարարութիւնները երեք բաժին ունին: Թուրքիոյ նախագահին ուղերձը պաշտօնապէս ուղղուած Երեւանին, ցաւակցութիւնը` Պոլսոյ պատրիարքին եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակումը` միջազգային ընտանիքին եւ հանրային կարծիքին: Ուղերձները պաշտօնական հասցէներ ունին, այդուհանդերձ հրապարակային ըլլալով բազմաթիրախային են: Թուրքիոյ նախագահին ուղերձին մէջ առանցքը դասական մարտավարութիւնն է: Սփիւռքը հակադրել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ պատգամել, որ Երեւանի իշխանութիւնները պէտք է ձերբազատին այդ...

Խմբագրական.  Ցեղասպանութիւններ Եւ Հատուցման Նորացուող Թղթածրարներ

Խմբագրական. Ցեղասպանութիւններ Եւ Հատուցման Նորացուող Թղթածրարներ

Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակը ծանրագոյն պայմաններուն մէջ կը նշուի: Մեր ժողովուրդի արցախեան հատուածը եւս ենթարկուած է ցեղասպանութեան` շրջափակումի, առեւանգումներու, բռնի տեղահանման եւ  ամբողջական հայրենազրկումի: Ազրպէյճանի ահաբեկչական պետութիւնը պարզապէս կը շարունակէ ցեղասպանական գործողութիւններու շարքը` Սումկայիթէն, Կիրովապատէն, Մաղարայէն, Թալիշէն մինչեւ քառօրեայ ու քառասունչորսօրեայ, մինչեւ սեպտեմբերեան վերջին պատերազմ: Այս բոլորը անցան նաեւ Պուտափեշտի կացինէն, Թալիշի անզէն բնակչութեան անդամահատումներէն եւ պատերազմի ընթացքին ինկած նահատակներու դիակներու...

Անթիլիասի Մէջ Պիտի Քննարկուին  Ազրպէյճանի Գործադրած Ցեղասպանական Արարքները Եւ Արցախի Ժողովուրդի Իրաւունքներու Վերականգման Խնդիրները

Խմբագրական. Արձանագրե՛լ Ցեղասպանական Քաղաքականութեան Փաստերը Եւ Վերականգնե՛լ Արցախի Ժողովուրդի Իրաւունքները

Այսօր, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ կը մեկնարկէ «Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը` ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» խորագիրը կրող համագումարը: Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ սփիւռքեան տարբեր շրջաններէն 30 պատմագէտներ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ քաղաքագէտներ երեք օրերու վրայ կը քննարկեն շատ հրատապ խնդիրներ` մեր հայրենիքի գոյաբանական սպառնալիքներուն, մեր ժողովուրդի ապրած նորագոյն ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներու վերացման հետ կապուած ուղիներուն վերաբերող: Պատահական...

Ակնարկ.  Շրջանային Վերահսկելի Բախումներ Եւ Հաւանական Միջնորդներ

Ակնարկ. Շրջանային Վերահսկելի Բախումներ Եւ Հաւանական Միջնորդներ

Սուրիոյ մէջ իրանեան հիւպատոսութեան հարուածման դիմաց Իրանի կողմէ արձանագրուած պատասխան հարուածները շրջանային պատերազմի մեկնարկը ահազանգեցին: Բազմաթիւ էին այն մեկնաբանութիւնները, որոնց համաձայն` տարածաշրջանին մէջ կը գրանցուէին աննախադէպ քայլեր, որոնք պատերազմական կէտերու երեւոյթը պիտի վերածէին տարածաշրջանային պատերազմի: Իրանը նախադէպ ստեղծեց թիրախաւորելով  ուղղակի իսրայէլեան տարածքներու վրայ գտնուող յենակէտեր: Պարզ է, որ ռազմագիտական առումով նախապէս պատերազմի մասին յայտարարելը կանխազգուշացնելու իմաստ կ՛ունենայ եւ կը շրջանցէ...

Ակնարկ.  Ապագայ Լրագրողներէն Ներկայ  Աշխատակիցներ

Ակնարկ. Ապագայ Լրագրողներէն Ներկայ Աշխատակիցներ

Երէկ, «Ազդակ» իր ընթերցողներուն ներկայացաւ իւրայատուկ յաւելուածով մը: Իւրայատկութիւնը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, որ յաւելուածի բովանդակութիւնը ամբողջովին կազմուած է 18-20 տարեկան աշխատակիցներէ: Խօսքը անշուշտ «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցներուն մասին է, որոնք հետեւողականօրէն իւրաքանչիւր փուլին, 9 ամսուան վրայ երկարող տեսական-գործնական վարժողականութենէ ետք լոյսին բերին իրենց երեխայրիքը: 32 էջնոց յաւելուածին մէջ ներառուած են յօդուածներ, հարցազրոյցներ, տեղեկագրութիւններ, որոնք անցան լեզուական, լրագրական, խմբագրական...

Ակնարկ.  Էական Աջակցութիւն Եւ Անվտանգային Պատասխանատուութիւն` Պրիւքսելեան Եռակողմի Նախօրէին

Ակնարկ. Էական Աջակցութիւն Եւ Անվտանգային Պատասխանատուութիւն` Պրիւքսելեան Եռակողմի Նախօրէին

Պրիւքսելեան եռակողմ հանդիպումի նախօրեակին քանի մը կարեւոր հրապարակում պէտք է նկատի ունենալ` նախանշելու համար կարեւոր հանդիպումին հետ կապուած գործընթացները: Նախ պարզ է, որ հաւաքական Արեւմուտքի առաջադրանքը` ռուսական գործօնի տարածաշրջանին մէջ չէզոքացման առումով, կը հեռակառավարուի Ուաշինկթընէն, եւ աւելի  անմիջականութեամբ Փարիզէն, ի հարկէ դերերու համակարգումով: Եռակողմի ձեւաչափը ինքնին Պրիւքսել, Ուաշինկթըն եւ Երեւան դերերու բաշխումի եւ հաւաքական Արեւմուտքի համակարգումին մասին կը խօսի: Այս...

Ակնարկ.  Հայաստանի Գերիշխանութեան Եւ Անկախութեան Միջազգային Ընկալումը

Ակնարկ. Հայաստանի Գերիշխանութեան Եւ Անկախութեան Միջազգային Ընկալումը

Ֆրանսայի վարչապետին կատարած յայտարարութիւնները բնականաբար կ՛արտացոլացնեն իր երկրի արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւնները: Հայկական գործօնին նկատմամբ Փարիզի դիրքորոշումները քաղաքական տրամաբանութեամբ կ՛ընկալուին այդ պարունակին մէջ: Ակնկալելի էր, որ վարչապետը խօսի Հայաստանի անկախութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու հրամայականի մասին: Առաջադրանքի այս բաղադրիչները ընդհանուր ընկալումով Ազրպէյճանի վտանգին ուղղուած ըլլալով, այս պարագային նոյնքան ուղղուած են Ռուսիոյ: Ֆրանսական կամ ընդհանրապէս եւրոպական ու արեւմտեան ընկալումով Հայաստանի...

Ակնարկ.  Հնգեակի Փոխանցած Շեշտադրումները

Ակնարկ. Հնգեակի Փոխանցած Շեշտադրումները

Լիբանանի քաղաքական հրապարակին վրայ ուշագրաւ շարժումներ կ՛երեւին: Հիմնականին մէջ խօսքը Լիբանանի թղթածրարով զբաղելու լիազօրութիւն ստացած միջազգային հնգեակի մասին է, որ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու ձեւաչափով հանդիպումներ կ՛ունենայ ազդեցիկ կեդրոններու հետ եւ յայտարարութիւններ կը կատարէ: Այդ յայտարարութիւնները ներառած են երկու առանցք եւ կը նախանշեն դէպի նախագահի ընտրութիւն առաջնորդող ճանապարհային քարտէսի ընդհանուր ուղղութիւնները: Առանձնացնենք այդ երկու կէտերը: Հնգեակի առաքելութեան  կողմէ Եգիպտոսի դեսպանը կը յայտարարէր,...

Ակնարկ.  Պրիւքսելի Դիմումը Երեւանին Կամ Քայլի Ակնկալութիւն Յայտարարութեան Դիմաց

Ակնարկ. Պրիւքսելի Դիմումը Երեւանին Կամ Քայլի Ակնկալութիւն Յայտարարութեան Դիմաց

Երեւան-Մոսկուա եւ Երեւան-Պրիւքսել ուղղութիւններով խաղաթուղթերը մէկ առ մէկ բանալու ընթացքը արագ է: Այդ չի նշանակեր սակայն, որ խաղաթուղթերու բացման արագութեամբ գործընթացներն ալ կ՛իրականանան: Մեծ պատկերը պէտք է կարենալ տեսնել` հասկնալու համար, որ օրակարգը ոչ թէ Հայաստանը Եւրոպական Միութեան անդամ դարձնելուն կը վերաբերի այս փուլին, այլ փուլ առ փուլ ռուսական տիրոյթ թափանցելու եւ ռուսական ազդեցութեան գօտիներու աշխարհագրութիւնը փոխելու: Կարելի է արձանագրել,...

Ակնարկ.  Հայաստանի Գերիշխանութեան Բրիտանական Ընկալումը

Ակնարկ. Հայաստանի Գերիշխանութեան Բրիտանական Ընկալումը

Բրիտանիոյ պաշտպանութեան փոխնախարարին յայտարարութիւնը Պրիւքսելէն, Գերմանիայէն եւ Ֆրանսայէն հնչած յայտարարութիւններու շարքին մէջ է՛ եւ չէ՛: Շարքին մէջ է այն առումով, որ Միացեալ Նահանգներու մղումով հաւաքական Արեւմուտքի մաս իբրեւ երկիր համազօրակցութեան երեւոյթի շարժիչ գործօնը հակառուսականութիւնը կը դաւանի: Այլ խօսքով, Հարաւային Կովկասէն ռուսական գործօնի դուրս մղումը հաւաքական առաջադրանք է Ուաշինկթընի, Պրիւքսելի եւ հաւաքական Արեւմուտքի մաս երկիրներուն համար: Փորձենք տարբաղադրել յայտարարութիւնը եւ տեսնել,...

Page 17 of 62 1 16 17 18 62

Արխիւներ