Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ընդգծուող Ողջոյններ Եւ Քաղաքական Ուղերձներ

Յունիս 27, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւանի կողմէ պաղեստինեան պետութեան ճանաչումը շտապած էր ողջունել Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած ողջունագիրը քանի մը բաղադրիչ ունէր:

Նախ, ողջունել Երեւանի որոշումը եւ աւելցնել, որ Հայաստանը կը հետեւի Սպանիոյ, Իրլանտայի, Նորվեկիոյ եւ Սլովենիոյ օրինակներուն, որոնք յաջորդաբար  վերջերս ճանչցան Պաղեստինի պետութիւնը:

Կը շեշտէ, որ Անգարան միշտ հետամուտ եղած է, որ պաղեստինեան պետութիւնը ճանչցուի, ինչ որ միջազգային օրէնքին եւ արդարութեան սկզբունքներուն հետ առնչուած է:

Ըստ այդ հաղորդագրութեան, Թուրքիա պիտի շարունակէ ճիգ թափել, որպէսզի յաւելեալ երկիրներ ճանչնան Պաղեստինը:

Երկրորդ կէտը` միջազգային օրէնքի եւ արդարութեան մասին անհեթեթ է, նկատի ունենալով զանոնք առաջադրող կողմի քաղաքական բնութագիրը եւ կիրարկող քաղաքականութիւնը:

Առաջին եւ երրորդ բաժինները կապ ունին իրարու հետ: Երբ Հայաստանի ճանաչումին առիթով կը յիշուին այլ երկիրներ, եւ կը հաստատուի, որ Անգարան պիտի շարունակէ աշխատիլ, որ այլ երկիրներ եւս ճանչնան, ըսել կ՛ուզուի, որ մինչ այժմ կատարուած ճանաչումներուն մէջ Թուրքիան դեր ունի:

Չի բացառուիր ուրեմն, որ Թուրքիոյ նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին միջեւ շաբաթ մը առաջ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան այս առաջադրանքը արծարծուած է:

Անգարայի ողջոյնի այս երթը շարունակուած է Թուրքիոյ նախագահի մակարդակով: Թուրքիոյ նախագահը յայտարարեց, որ իր երկիրը կը ցանկայ, որ Նորվեկիոյ, Իրլանտայի եւ Սլովենիոյ ցուցաբերած խղճով դիրքորոշումը օրինակ ծառայէ ամբողջ Եւրոպայի համար: «Մենք գոհ ենք յարգարժան վարչապետ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ Հայաստանի` Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալու որոշման կապակցութեամբ»:

Հետաքրքրական է, որ թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» բանաձեւը այստեղ խնամքով անուշադրութեան մատնուած է: Անգարան ամէն առիթի կը զօրակցի պաղեստինեան պետութեան կայացման գործընթացին, ամէնէն ծանր մեղադրանքներով կ՛ամբաստանէ Իսրայէլը, մինչ իր ազգակիցը հազիւ Իսրայէլ-Պաղեստին «երկու պետութիւն» տարազը ընդունելու մասին կը խօսի:

Անգարան ցեղասպանութիւն գործած ըլլալու յանցանքով կ՛ամբաստանէ Իսրայէլը, մինչ Ազրպէյճանը կը շարունակէ խորացնել իր գործակցութիւնը Իսրայէլի հետ:

Դժուար կ՛ըլլայ ներքին սուր հակասութիւններով բացատրել այս իրավիճակը: Նոյնքան դժուար է համոզուիլը, որ անկախ Անգարայէն, Պաքուն ինքնուրոյն կը գործակցի Իսրայէլին հետ: Երբ Թուրքիոյ թէ՛ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ թէ՛ նախագահը երկիրներու անուններ կը շարեն եւ ապա կ՛ընդգծեն, որ  իրենք ճիգ պիտի չխնայեն, որպէսզի այդ երկիրներու ցուցակը համալրուի, ինչպէ՞ս կը բացատրուի այդ երկիրներու շարքին Ազրպէյճանի բացակայութիւնը:

«Երկու պետութիւն»-ը միջազգային օրակարգի կը վերածուի: Ճնշամիջոց է, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛օգտագործեն Իսրայէլի դէմ` միաժամանակ վերանայելով անոր դերը տարածաշրջանին մէջ: Այդ օրակարգի ձեւաւորման համար անհրաժեշտ են ճանաչումներ: Այդ ճանաչումներու կամ միջազգային օրակարգի վերածման համար Թուրքիան ինքնաառաջադրուած է իբրեւ գործընթացը առաջ տանող երկիր: Այս ինքնաառաջադրումը կը ծառայէ Անգարայի ազդեցութեան գօտիի ընդլայնման արաբական աշխարհին մէջ:

Ահա այստեղ է, որ դերերու բաշխում կատարուած է Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ: Ի վերջոյ Անգարա-Թել Աւիւ յարաբերութիւնները չեն խզուած: Չեղեալ չէ յայտարարուած նաեւ երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան դաշինքը:

Ողջոյններու այս զեղումին մէջ, Թուրքիան կը փորձէ ձգել այն տպաւորութիւնը, որ Երեւանը լսած է իր յորդորը եւ ըստ այնմ ճանչցած Պաղեստինը: Աւելի հեռու երթալով` այն տպաւորութիւնը, որ Անգարան սկսած է ազդել Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան վրայ: Այս երկրորդ ուղերձը բացի Պաղեստինէն եւ արաբական աշխարհէն ուղղուած է նաեւ միջազգային ընտանիքին եւ յատկապէս տարածաշրջանի գլխաւոր խաղցողներուն:

«Ա.»

Նախորդը

Գրիգորեան. «Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղը Յանձնած Է Ազրպէյճանին»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (27 Յունիս 2024)

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?