Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Խաղաղութեան Ծրագիր Եւ Ուժանիւթային Միջանցք

Յունիս 5, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարին մասին որոշ անյստակ բաժին ունի: Նախագահը կ՛արձանագրէ, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը կը վերափոխէ Հարաւային Կովկասը եւ արմատապէս կը փոխէ  Ազրպէյճանի դերը տարածաշրջանին մէջ:

Պարզ է, որ Ազրպէյճանի հիմնական դերը տարածաշրջանին մէջ իբրեւ ուժանիւթակիր երկիր ուժանիւթի հայթայթումն է: Հիմա սակայն, իբրեւ հիմնական տարանցիկ երկիր միջնորդ արտահանողն է ռուսական ուժանիւթին: Առանց ուժանիւթի եւ մանաւանդ առանց Ռուսիոյ մասին խօսելու ըստ էութեան Միացեալ Նահանգներու նախագահը այս ուղերձը կը յղէ:

Խնդիրը սակայն ինչպէ՞ս կը կապուի հայ- ազրպէյճանական հակամարտութեան հանգուցալուծման հետ: Միացեալ Նահանգներու ամբողջ ճիգը այս պարագային տնտեսական մեկուսացման առաջնորդելն է Ռուսիոյ դաշնութիւնը: Ազրպէյճանը կարեւորագոյն գործընկեր է այս առումով: Ազրպէյճանի տարանջատումը Ռուսիայէն յայտնապէս առաջադրանք է:

Միացեալ Նահանգներու նախագահին ուղերձը աւելի ճիշդ ընկալելու համար օժանդակի դեր կը կատարէ Թուրքիոյ նախագահը, երբ գրեթէ միաժամանակ կը յայտարարէ, որ իրենք կ՛աշխատին Ազրպէյճանի հետ ուժանիւթի աղբիւրներու  բազմազանացման  ուղղութեամբ եւ մօտ ժամանակներուն կ՛աւարտեն դէպի Նախիջեւան կազատարի շինարարութիւնը: Այս առումով կ՛ողջունեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած քայլերը եւ խաղաղութեան համաձայնագիրը, որ, ըստ Թուրքիոյ նախագահին, կը ստորագրուի անպայման: Թուրքիոյ նախագահը հերթական անգամ այդ համաձայնագիրի ստորագրութիւնը նկատած է պատմական կարելիութիւն:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի յայտարարութեան մէջ ուժանիւթի մասին խօսք չկայ: Այդ փակագիծը Թուրքիոյ նախագահն է, որ կը բանայ եւ պարզ կը դարձնէ, թէ ինչի՛ մասին է խօսքը:

Ազրպէյճանը ուժանիւթի հայթայթման բազմազանացման խնդիր չի դիմագրաւեր: Իր ուժանիւթը անխոչընդոտ կը հասնի Եւրոպա. հիմա ալ իր ճամբով` նաեւ ռուսականը: Թուրքիոյ հետ ուժանիւթային յարաբերութիւններու խնդիր չունի արդէն: Այլ խօսքով, դէպի Ռուսիա, Եւրոպա կամ այլ երկիրներ Ազրպէյճանը իր ուժանիւթի տարբեր տեսակները հասցնելու խնդիրներ չի դիմագրաւեր:

Այս հանգամանքները նկատի ունենալով առկայ է այլ հարց ուրեմն: Թուրքիոյ նախագահին «լաւատեսական» ձեւակերպումներուն մէջ կը նշուի դէպի Նախիջեւան կազատարի շինարարութիւնը: Ազրպէյճան-Նախիջեւան ուժանիւթային կապի մասին է խօսքը այստեղ: Հանգոյցը ուրեմն դարձեալ նոյն առաջադրուած ճանապարհին կը վերաբերի: Այս անգամ ուժանիւթային տեսքով շղարշուած: Այսպիսով ալ Ազրպէյճանի տարածաշրջանային նոր դերը, որուն կ՛ակնարկեն թէ՛ Ուաշինկթընը եւ թէ՛ Անգարան, կը յստականայ:

Հետեւելով այս տրամաբանութեան` խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի բանայ նաեւ Սիւնիքի ճանապարհը, որ այս յայտարարութիւններով սկսելու համար ուժանիւթային առումով պիտի կապէ Ազրպէյճանն ու Նախիջեւանը եւ այդ ճամբով Թուրքիան: Թուրքիան այս ուժանիւթային կամուրջով կը դառնայ ազրպէյճանական ուժանիւթի արտահանման հանգուցակէտ:

Ուաշինկթընէն եւ Անգարայէն հնչած յայտարարութիւնները ուրեմն փոխլրացուցիչ են: Կ՛ուղենշեն տարածաշրջանային ծրագիր մը, ուր Սիւնիքը ռազմավարական նշանակութեամբ կարեւորագոյն դիրք կը զբաղեցնէ:

Աւելի հեռուներէն կատարուող դիտարկումի փորձ մը պիտի նկատէ անպայման, որ այս բոլորին մէջ ռուսական ուժանիւթային շուկային այլընտրանքներ հրամցնելու միտուած են ուժանիւթային կամրջումներու այս նախագիծերը: Ուր յամենայն դէպս կը համընկնին Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ շահերը:

Խաղաղութեան խաչմերուկի կամ խաղաղութեան օրակարգի կարգախօսերը արտաբերելէ առաջ հայկական կողմը ա՛յս հաշուարկները կատարելու հարկադրանքին առջեւ է: Ազրպէյճանի տարածաշրջանային դերի վերանայման առաջադրանք կայ: Իսկ այստեղ Սիւնիքը երկաթուղիներով, կազատարերով թէ ընդհանրապէս հաղորդուղիներով հանգուցակէտ պիտի ծառայեցուի հետզհետէ բացայայտուող նախագիծերու առարկայացման համար:

«Ա.»

 

Նախորդը

«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումը Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանէն Պատասխաններ Կը Պահանջէ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (5 Յունիս 2024)

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?