Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Խրամատը Չլքող Եւ Առաջնագիծը Չզիջող Կազմակերպութիւնը (ԼԵՄ-ի 50-Ամեակի Առիթով)

Յուլիս 5, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը բոլոր ուղղութիւններով ահաւասիկ 50 տարիէ ի վեր չէ լքած առաջնագիծը: Առաջնագիծը միայն պատերազմի եւ զինուորական ընդհարումներու կամ ինքնապաշտպանութեան առումներով պէտք չէ ընկալել: Անիկա կազմակերպուածութեան կը վերաբերի նաեւ, կարգապահութեան ինչու չէ, գաղափարականութեան եւ նուիրուածութեան, կոչումի եւ զոհաբերութեան, քննարկումի, գիտութեան, զարգացումի, եւ մանաւանդ` ծառայութեան:

Ինչո՛ւ պէտք է շեշտել այս ամբողջականութիւնը եւ տեսնել հաւասարակշռութեան բանաձեւը: Որովհետեւ ԼԵՄ-ի ծնունդը համընկնեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումին: Դաստիարակչական միաւորներու համակուսակցական ցանցին իբրեւ մէկ մասնիկը, ԼԵՄ-ը այլ երկիրներու մէջ ծնունդ առնող երիտասարդական միաւորներուն նման, կոչուած էր դառնալու կուսակցական մարդուժի պատրաստութեան հնոց մը: Հնոցներէն մէկը:

ԼԵՄ-ը սակայն առանձնացաւ իր առաքելութեան մէջ, որովհետեւ հազիւ ծնած, գաղափարական դաստիարակութեան առընթեր նետուեցաւ գործադաշտ: Գործո՛վ, անձնական նուիրաբերումի ամէնէն ազնիւ օրինակներով առարկայացուց դասախօսութիւններու ճամբով իրեն փոխանցուածը:

Շատ նուրբ, զգայուն ու վտանգաւոր պահ էր այս մեկնարկը: Գաղափարական ենթահողը աւելի քան անհրաժեշտ էր չներգրաւուելու համար փորձութեան դաշտ: Զինեալ երեւոյթը համատարած էր, եւ լիբանանեան հասարակութեան տարբեր խաւերը զէնքով կը լուծէին իրենց անձնական, նիւթական կամ խմբակային շահերը: Զէնքը միջոց էր հարստահարման, վրէժխնդրութեան, շահակցական յարաբերութիւններու վրայ հաշուեյարդարի, տիրոյթներ ձեւաւորելու եւ այդ տիրոյթներու վրայ հասարակութեան բռնանալու, այլ խօսքով` զէնքով հարցեր լուծելու:

Գաղափարական պատրաստութեան տէր ԼԵՄ-ականն էր, որ զէնքին տիրելով այդ միջոցը օգտագործեց միայն ինքնապաշտպանութեան համար: ԼԵՄ-ականը  սորվեցաւ Դաշնակցութենէն, որ զէնքը միայն պիտի ուղղել թշնամիին դէմ. անոր, որ կը սպառնար իր ժողովուրդի անվտանգութեան, որ ոտնձգութիւն կը կազմակերպէր լիբանանահայութեան դէմ եւ կը սպառնար թափանցել հայկական թաղամաս` խանգարելու համար անդորրը եւ կը բռնանար ժողովուրդին:

Գրեթէ նոյն տարիներուն Դաշնակցութիւնը կը հնչեցնէր յեղափոխական աւանդներու վերադարձի կոչը: Միջազգային ընտանիքին կողմէ հայոց պատմական իրաւունքներու դէմ հիւսուած լռութեան պատը  քանդելու առաջադրանք կար: Այդ առաջադրանքի իրականացման ճանապարհին բազմաթիւ երիտասարդներ իրենց լաւագոյն տարիները անցուցին բանտային խուցերու եւ մեկուսարաններու մէջ: Ուրիշներու արիւնը հոսեցաւ տարբեր երկիրներու պողոտաներուն վրայ: Այլ հերոսներ անձնասպանական գործողութեամբ քանդեցին լռութեան պատին ամէնէն հաստ աղիւսները:

Գաղտնիք չեն` տարիներով արգելափակուածներու, նահատակուածներու ու անձնասպանական արարքներով ինքնամոխրացումով յաւերժացածներու ազգային-միութենական կազմաւորման միջավայրերը: Անոնք բոլո՛րը դաստիարակութիւն ստացած էին ԼԵՄ-ի շարքերուն մէջ: Եւ պատահական չէ, որ ի տարբերութիւն այլոց, անոնց հարուածները դիպուկ ու թիրախային էին  եւ ուղղուած բացառապէս թրքական պետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն: Մինչ ուրիշներ, որոնք չունէին գաղափարական դաստիարակութիւն, կը խլէին անմեղ զոհեր, կը հարուածէին ոչ թուրք թիրախներ:

Գաղափարական ա՛յդ դաստիարակութիւնն էր, որ քաղաքական դատավարութիւնները կը վերածէր Հայ դատի քարոզչաբեմի, կը հիմնաւորէր պայքարին արդարացիութիւնը, ճանչնալ կու տար Ցեղասպանութիւնը եւ կը բարձրաձայնէր հայոց պատմական իրաւունքներուն մասին:

Նոյն դաստիարակութիւնն էր, որ միացեալ Հայաստանի կերտման առաջին փուլին` Արցախի ազատամարտի սկզբնաւորութեան առաջնագիծ նետեց ԼԵՄ-ականներ, որոնք մասնակցութիւն բերին ազատագրումին: Որոնք չկրակեցին անզէն բնակչութեան վրայ, չթալանեցին, չքանդեցին: Այդ դաստիարակութիւնն էր, որ անոնց զէնքը ձիգ պահեց բացառապէս դէպի թշնամին, դէպի բռնագրաւողը:

Նոյն դաստիարակութիւնն էր, որ պայքարի նպատակ դարձուց թէ՛ պահել Արագածը եւ թէ՛ ազատագրել Արարատը: Որ գուրգուրաց հանրապետութեան զինանշանին վրայ պատկերուած ամէն մէկ պատկերին վրայ, հայոց պատմական իւրաքանչիւր թագաւորութենէն մինչեւ մեր պահանջատիրութեան արարատեան խորհրդանիշը` միացեալ ու ամբողջական Հայաստանի վէմը: Որ ներկայ Հայաստանը միացեալ Հայաստանի կռուանը նկատելով առաջադրեց ամբողջական Հայաստանի կերտումը:

Ազրպէյճանն ու Թուրքիան մնայուն կը խօսին ծայրայեղ սփիւռքի մասին, որ կը խանգարէ իրենց ծրագիրները: Անոնց լրատուամիջոցները առիթ չեն փախցներ ցուցադրելու ԼԵՄ-ի կազմակերպած բողոքի գործողութիւնները թրքական  թէ ազրպէյճանական դեսպանատուներուն առջեւ: Թշնամիին մամուլը զանազան առիթներով կը հրապարակէ Թուրքիոյ ցեղասպանական դիմագիծը բացայայտող  ԼԵՄ-ի ցուցական արարքներուն մասին անհիմն մեղադրանքներ: Թուրքիոյ լրատուական օրինակներուն կը հետեւի ազրպէյճանական լրատուադաշտը: Անոնք բոլորը կը թիրախաւորեն «խաղաղութեան ծրագիրի խանգարիչներ»-ը:

Սփիւռքի կեդրոնական գաղութի ֆիզիքական պաշտպանութեան իրականացումով համասփիւռքեան դերակատարութեան շարունակութեան նպաստած, յեղափոխական աւանդներու վերադարձի որոշումին ընդառաջումով միջազգային ընտանիքի լռութեան պատի քանդումին մասնակցութիւն բերած, Խորհրդային Միութենէն Արցախի անջատման քաղաքական առաջադրանքի ազատագրման գործողութիւններուն համար  ռազմաճակատ փութացած եւ Անգարայի ու Պաքուի ճշդած խաղաղութեան ծրագիրները «խանգարող» ԼԵՄ-ը ահաւասիկ 50-ամեակէ մը  ի վեր դերակատար է համայնքային, համասփիւռքեան, ինչու չէ նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային մակարդակներու վրայ արձանագրուող իրադարձութիւններուն մէջ:

Դերակատարութեան այս շղթան պիտի շարունակուի անպայմա՛ն: Դաշնակցութեան երիտասարդական եզակի այս միաւորը գաղափարական լիցք վաստակած է ոչ միայն խրամատը չլքելու, այլ նաեւ առաջնագիծը չզիջելու ոչ ոքի:

Եւ եթէ ամբողջ 50-ամեակ մը ա՛յս եղաւ ԼԵՄ-ի ուղեգիծն ու գործունէութեան հետագիծը, ապա պատճառ չկայ չմտածելու, որ նոյն սկզբունքայնութիւնն ու գաղափարականութիւնը պիտի շարունակեն անսասան պահել հերոսածին այս կազմակերպութեան տաճարի սիւները:

Ուրեմն` այո՛, հաստատ քայլերով դէպի երկրորդ 50-ամեակ:

Նախորդը

Ազգային Ժողովի Ընդդիմադիր Պատգամաւորները Հանդիպած Են Ամերիկացի Ծերակուտական Ռոճըր Ուիքըրի Գլխաւորած Պատուիրակութեան Հետ

Յաջորդը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?