Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Սահմանադրութիւն, Միջանցք Եւ Միջնորդութիւններ

Յուլիս 10, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը անդրադարձած է  հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն եւ վերստին յանկերգած է նոյն պահանջը: Եկած է  ժամանակը, որ հայկական կողմը տարածքային պահանջներու փոխարէն ընտրէ տարածաշրջանային համագործակցութիւնը», յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը:

Այս յայտարարութեամբ Պաքուի ներկայացուցիչը ըսել կ՛ուզէ, որ խաղաղութեան պայմանագիրը պատրաստ է. կը մնայ, որ Երեւանը ձեռնարկէ սահմանադրական փոփոխութեան եւ Անկախութեան հռչակագիր-Սահմանադրութիւն կապը վերացնէ:

Այս պահանջին առընթեր Հայաստանի իշխանութիւնները կը շեշտեն Սահմանադրութեան փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը` ուղղակի այդ առումով որոշումի մասին բարձրաձայնելով: Անշուշտ խնամքով անուշադրութեան կը մատնեն այդ իրաւական յղումի վերացումը եւ ամբողջ շեշտադրումը կը դնեն ժողովուրդին կողմէ իրողապէս ընդունուած սահմանադրութիւն ունենալու հրամայականին վրայ: Այստեղ եւս նախկին-ներկայ խաղը կը շարունակուի. ըսել կ՛ուզուի, որ նախապէս կեղծուած քուէարկութեամբ որդեգրուած է Սահմանադրութիւնը եւ այժմ պէտք է, որ ժողովուրդի կամարտայայտութիւնը արձանագրուի:

Սահմանադրական փոփոխութեան հանրաքուէի անհրաժեշտութեան մասին հանրային կարծիք ստեղծելու զուգահեռ իշխանամէտ այլ կուսակցութիւններ, քառեակի տարազին տակ կ՛առաջադրէին հանրաքուէ կազմակերպել Եւրոպական Միութեան համարկումի առաջադրանքով: Այլ խօսքով` ձեռք բերել ժողովուրդի համաձայնութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դիմումի պահանջի ձեւակերպումով:

Այս խայտաբղէտ կացութեան մէջ Երեւան-Ուաշինկթըն համատեղ զօրավարժութիւն կայացնելու որոշումը կը հրապարակուէր, իրադարձութիւններուն կշռոյթի արագացում գրանցելով:

Ուաշինկթընի մէջ կը նախատեսուի ՕԹԱՆ-ի համաժողով, որուն մասնակցութեան հրաւէր ունի նաեւ Երեւանը: Չի բացառուիր, որ այնտեղ գտնուող Անգարայի, Պաքուի եւ Երեւանի ներկայացուցիչներուն միջեւ կայանան հանդիպումներ:

Դերերու բաշխում կայ յայտնապէս Ազրպէյճանի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին միջեւ: Ռուսիոյ նախագահին հետ տեսակցութենէն բխած յայտարարութիւններուն մէջ Ազրպէյճանի ղեկավարը չի խօսիր Հայաստանի օրէնսդրութեան մասին: Օրակարգը ենթակառուցուածքներն են, Հիւսիս-հարաւ մայրուղիները եւ ռուս-ազրպէյճանական գործընկերութեան խորացումը:

Սահմանադրական փոփոխութեան նիւթը բացակայած է նաեւ Ուաշինկթընի ուղղուած  Ազրպէյճանի նախագահի նամակին մէջ: Ընդգծուած է Ուաշինկթընի բարենպաստ դերը հայ -ազրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման մէջ, եւ շեշտուած` Պաքուի  գնահատանքը Միացեալ Նահանգներու հզօր աջակցութեան Ազրպէյճանի ուժանիւթային ռազմավարութեան եւ Հարաւային կազային միջանցքի իրականացման նկատմամբ, որ կարեւոր դեր կը խաղայ Եւրոպայի ուժանիւթային անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ:

Եթէ համադրուին Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն ուղղուած Պաքուի ներկայացուցիչին ուղերձները, ապա յստակ կը դառնայ, որ խօսքը առաջադրուած միջանցքի մասին է:

Ենթակառուցուածքներ, մայրուղիներ, թէկուզ կազային ձեւակերպումով միջանցքներ եւ այսպէս շարունակ:

Պաքուն իր ներկայացուցիչներուն ճամբով կը խաղայ պայմաններու եւ ճնշամիջոցներու հետ: Կը փորձէ խաղալ նաեւ միջնորդութեան յաւակնորդներուն հետ:

Էական իրադրութիւն մը սակայն խաղաթուղթերը կը խառնէ: Մոսկուան յայտարարեց, որ Թուրքիան չի կրնար միջնորդի դեր վերցնել ռուս-ուքրանական պատերազմի դադրեցման մէջ: Բոլոր արձագանգները այնպէս էին, որ ռուս-թուրք յարաբերութիւնները ոչ բարենպաստ փուլ կը թեւակոխեն: Մոսկուան փորձեց մեղմացնել կացութիւնը յայտարարելով, որ որեւէ միջնորդ չի կրնար արդիւնաւէտ աշխատիլ, որովհետեւ Ուքրանիան պատրաստ չէ խաղաղութեան: Այս յայտարարութիւնը անշուշտ կապ չունէր Անգարայի միջնորդութեան մերժումին հետ:

Մոսկուան այս կերպ կը հակազդէր Անգարային, որ անհրաժեշտ աջակցութիւնը չի ցուցաբերեր, որպէսզի Մոսկուան միջնորդէ հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան եւ ի վերջոյ վերահսկէ Նախիջեւան-Ազրպէյճան ցամաքային կապը:

Այլ ուղղութեամբ սակայն կը թուի, որ ռուսական միջնորդութեամբ Անգարա-Դամասկոս յարաբերութիւնները կրնան վերահաստատուիլ: Թուրքիոյ համար այստեղ ամէնէն առաջնային թիրախը հիւսիսային Սուրիան է, կամ` քրտական վերահսկողութեան տակ եղող տարածքները:

Նոյն նժարի վրայ չեն սակայն թրքական եւ ռուսական միջնորդութիւնները: Սուրիոյ պարագային ռուսական միջնորդութիւնը կրնայ աշխատիլ եւ անկարելի չի թուիր Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներուն հանդիպումը: Ուքրանիոյ պարագային թրքականը տակաւին ոչ: Գէթ ներկայ պայմաններու դրութեամբ:

«Ա.»

Նախորդը

Պայրամով. «Հայաստանը Պէտք Է Ընտրէ Համագործակցութեան, Այլ Ոչ Թէ Տարածքային Պահանջներու Ճամբան»

Յաջորդը

Բարեկազմ Երեխաները` Աւելի՞ Խելացի…

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?