Իրանեան իրադարձութիւնները զարգացման միտումներ կը շարունակեն դրսեւորել: Այս բոլորին ելքը տակաւին յստակ չէ, եւ այդ անորոշութիւնը բազմաթիւ մեկնաբանութիւններու դուռ կը բանայ` հարցականի տակ առնելով գործող համակարգի ճակատագիրը: Անշուշտ վերլուծական հրապարակումները խիստ քաղաքականացուած են: Կը խօսուի ներիրանեան պետական համակարգի երկփեղկուածութեան մասին. որոշ վերլուծաբաններ չեն բացառեր նոյնիսկ վարչակարգի փոփոխութեան շղթայական գործողութիւններու ամէնէն ցնցիչ արարներու հաւանականութիւնը:
Տեղեկատուութիւնը լիարժէք չ՛աշխատիր, մինչ Միացեալ Նահանգներ կ՛ազդարարեն յատուկ արբանեակային միջոցներով լուսաբանել գետնի վրայ արձանագրուող իրադարձութիւնները: Միացեալ Նահանգներու նախագահը վերստին կ՛արծարծէ Իրանը հարուածելու կարելիութիւնը. այդ մասին որոշում կը սպասուի:
Իրանը թէ՛ միջինարեւելեան եւ թէ՛ հարաւկովկասեան տարածաշրջաններուն մէջ կը նկատուի գլխաւոր ուժ: Այս կարգավիճակը ունի նաեւ Թուրքիան, որ իր ազդեցութեան գօտիները ունի երկու տարածաշրջաններուն մէջ: Պարզ տեսութիւն է, որ գործակցելով հանդերձ, այս պետութիւնները կը նկատուին մրցակից` իբրեւ երկու տարածաշրջաններուն մէջ գործող գլխաւոր ուժեր: Նախապէս կար նաեւ երրորդ ուժը, որ երկու տարածաշրջաններուն մէջ կորսնցուցած է իր նախկին ազդեցութիւնը: Սուրիոյ վարչակարգին տապալումով փոխուած է Ռուսիոյ դերը տարածաշրջանին մէջ: Արցախի պատերազմի ընթացքը եւ անկէ ետք, յատկապէս Արցախէն ռուսական ուժերու հեռացումով, փոխուած է նաեւ այս պետութեան դերը Հարաւային Կովկասի մէջ:
Երկու տարածաշրջաններուն մէջ ալ Ռուսիոյ դերակատարութեան թողած բացը քաղաքական ընկալումով կը փորձէ զբաղեցնել Անգարան: Անգարան գործակցելով կը մրցի Ռուսիոյ հետ եւ կ՛աշխատի գրաւել այն տիրոյթները, որոնք նախապէս Ռուսիոյ կը պատկանէին: Իրանի պարագային քաոսացումը մտահոգիչ կրնայ ըլլալ Թուրքիոյ համար` Իրանի քիւրտերու աշխուժացման հաւանականութեան հեռանկարը նկատի ունենալով: Առաջադրանքը` արտաքին առումով նախկին դիրքերը չպահող, բայց ներքին կայունութիւնը պահպանող Իրան մը ներկայ պահու դրութեամբ անհրաժեշտ է Թուրքիոյ համար: Քրտական նոր յենակէտերու յայտնուիլը բացարձակօրէն չի բխիր Անգարայի շահերէն:
Սուրիոյ պարագային եւս ռուսական յենակէտերու վերափոխումին դիմաց զգալի էր եւ կը շարունակէ զգալի դառնալ թրքական գործօնի տարածումը: Այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ այսօր Հալէպի մէջ, փաստօրէն թրքական առկայութեան յաւելեալ հաստատումին կը նպաստէ, քրտական երեւոյթներու այդ շրջաններու մէջ չէզոքացման առընթեր:
Այլ հանգամանքներ կը պարզուին Իրանի դրացի Ազրպէյճանի համար: Իրանի մէջ ազերիական ծագում ունեցողներու «զարթօնք»-ի հեռանկարը, «Հարաւային Ազրպէյճան»-ի վարկածները մինչեւ երկրի մասնատում` Պաքուի գերատեսչութիւններու քննարկման սեղաններուն վրայ են: Մինչեւ իրենց առաջադրած միջանցքի կարգավիճակին դէմ եղող Իրանի տկարացումէն օգտուելու առիթ: Յստակ է Պաքուի ծայրայեղ զգուշաւորութիւնը դիրքորոշուելու եւ քայլ առնելու առումով, հակառակ Իսրայէլի հետ իր խորացուցած համագործակցութեան:
Հայկական կողմը այս հանգամանքները անպայման պիտի նկատէ` արձանագրելով, որ երկու տարածաշրջաններուն մէջ ալ Իրանի նահանջը նախ եւ առաջ Թուրքիոյ առաւելներ ապահովելու ենթահող կրնայ ստեղծել: Դիտարժան էր Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարին գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը Երեւան, ապաշրջափակման օրակարգով: Իրանի համար այս թէժ օրերուն: Ցնցումնային այս փուլէն ետք, անպայման վերստին բանակցութիւններու զանգը պիտի հնչէ: Իրանի ապաշրջափակման համար Հայաստանը անշրջանցելի կենսաճանապարհ է: Իսկ Հայաստանի համար Իրանը էր եւ տակաւին կը շարունակէ մնալ հիմնական շնչուղի:
«Ա.»


