Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Շրջանցումներ Եւ Հիմնական Օրախնդիրներ

January 30, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի օրը անշուշտ առիթ է մեր զինեալ ուժերէն սահմանները պահպանող միաւորին դերակատարութիւնը արժանապէս գնահատելու  եւ անոր անփոխարինելի ու հայրենիքի գոյութեան շարունակականութիւնը ապահովող գործառոյթի նշանակութիւնը հերթական անգամ լոյսին բերելու:

Բանակի օրուան առիթով վարչապետին հրապարակած ուղերձի հետեւեալ բաժինը լուսարձակի տակ պէտք է բերել եւ հետագայ իրադարձութիւններուն ուղղութեամբ կարգ մը խորհրդածութիւններ կատարել:

Եւ այսպէս.
«Բանակի զարգացումը շարունակաբար ընթանալու է, որովհետեւ բանակը պետութեան կարեւորագոյն հաստատութիւններից է, եւ չափազանց կարեւոր է ունենալ ուժեղ, պաշտպանունակ բանակ` ապագայի պայմանական սպառնալիքները դիմակայելու համար, այն դէպքերում, երբ դիւանագիտութիւնը ի վիճակի չի լինի դա անել»:

Այսօրուան իրականութեան պայմանները եթէ նկատի չունենանք, ապա այս հաստատումը իբրեւ օրինաչափ տեսութիւն կարելի էր տրամաբանականօրէն ընկալել: Սակայն կայ իրականութիւն` ներխուժուած տարածք Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն  մէջ: Կայ գրաւեալ տարածք Ազրպէյճանի կողմէ:

Այս իրականութեան մասին ուղերձին մէջ կայ ակնարկ:
«Ինչ վերաբերում է ՀՀ գրաւուած տարածքներին, այդ հարցի լուծման բանաձեւը, որն արձանագրուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովների համատեղ գործունէութեան կանոնակարգին մէջ, արդէն իրաւական բարձրագոյն ուժ ունի երկու երկրներում եւ խնդիրը կը լուծուի սահմանազատման գործընթացում»:

Նախ, խնդրի լուծման մասին այսպիսի հաստատում կատարելը  հեռու է համոզիչ ըլլալէ, մանաւանդ որ գործ ունինք ներխուժուած տարածքներէն բացի, այլ հայաստանապատկան տարածքներու նկատմամբ նկրտումներ ունեցող պետութեան հետ:

Երկրորդ, օրուան պայմաններուն մէջ առիթաւորուելու եւ  ռազմագիտական առումով յատուկ նշանակութիւն ունեցող նոր դիրքեր գրաւելու  նպատակը սահմանազատման գործընթացին ենթադրեալ զիջումներ տրամադրելու դիմաց այլ տարածքներ պահանջելն է:

Եւ երբ այս բոլորը տակաւին չեն վճռուած, անվերջ յղում ընելը Ալմա Աթայի հռչակագիրին եւ ատով իսկ տարածքային ամբողջականութեան թուանշաններ ճշդելը խիստ տարակուսելի կը դարձնէ ամբողջականութեան հասկացողութիւնը:

Աւելի սուր խնդիրը սակայն այն է, որ խաղաղութեան պայմանագիրի փաստաթուղթը նախաստորագրուած է: Այնտեղ արձանագրուած է` Յօդուած Ա.
«Հաստատելով, որ նախկին ԽՍՀՄ Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնների միջեւ սահմանները դարձել են համապատասխան անկախ պետութիւնների միջազգային սահմանները եւ որպէս այդպիսին ճանաչուել են միջազգային հանրութեան կողմից` կողմերը ճանաչում են եւ կը յարգեն  միմեանց ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, միջազգային սահմանների անձեռնմխելիութիւնը եւ քաղաքական անկախութիւնը»:

Արձանագրութիւնն ու իրականութիւնը հակասական են: Ազրպէյճան կը յարգէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը` խախտելով զայն կամ ներխուժելով ինքնիշխան տարածքներ:

Այս փաստն է, որ վարչապետը պիտի մղէր խօսիլ բանակի ոչ թէ ապագայի տեսական գործառոյթին, այլ  այս առիթով տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու առաջնային խնդիրին մասին: Ընդգծելու, որ խաղաղութեան պայմանագիր կարելի չէ ստորագրել առանց ինքնիշխան տարածքներու վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու: Այլապէս ոչինչ կը խանգարէ, որ նախաստորագրուած տարբերակին նման ստորագրուի պայմանագիրը, ներխուժուած տարածքներով` յուսալով, որ սահմանազատման անժամկէտ գործընթացը օրին մէկը հեռացնէ ազրպէյճանական ուժերը  հայաստանապատկան տարածքներէ:

Ո՛չ ուղերձներու մէջ` այս հիմնական խնդիրի շրջանցումով, ո՛չ ալ ամէն առիթի Ալմա Աթան վկայակոչելով այս հիմնահարցին լուծում կարելի է բերել: Չեն կրնար նաեւ բերել իրողական խաղաղութիւն, որուն գլխաւոր երաշխաւորը կը շարունակէ մնալ հայոց բանակը:

 

Նախորդը

Քալիպաֆ. «Պատրաստ Ենք Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցելու, Եթէ Բանակցութիւնները Անկեղծ Ու Իսկական Ըլլան»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (30 Յունուար 2026)

RelatedPosts

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Գաղութային

Ոչ Եւս Է Հայ Մամուլի Նուիրեալ Սարգիս Մահսէրէճեան

February 10, 2026
Ակնարկ.  Հիւլէական Ուժանիւթի Բազմազանացումը` Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Շրջածիրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիւլէական Ուժանիւթի Բազմազանացումը` Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Շրջածիրին Մէջ

February 10, 2026
Վարդանանց Մի՛շտ Այժմէական Խորհուրդը
Գաղութային

Կոչ Զօրակցութեան

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.