Վենեզուելայի նախագահին առեւանգումը Միացեալ Նահանգներու ուժերուն կողմէ, ռազմարշաւի նոր ոճի գործադրութեան մեկնարկին մասին կը յուշէ: Ամերիկեան ընկալումով վիրահատական գործողութիւն, սպառնալիք երկիր մը վնասազերծելու համար այն բոլոր հետեւանքներէն, որոնք պիտի կրեն Միացեալ Նահանգները:
Դարձեալ շրջանառութեան մէջ դրուած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, թմրամիջոցներու արտահանումը կասեցնելու, փտած համակարգը վերացնելու կամ բռնատիրութեան վերջ տալու գեղեցիկ կարգախօսները:
Բնականաբար այդ բոլոր երեւոյթները գոյութիւն ունին թիրախ ընտրուած երկրին մէջ: Կար անշուշտ ներքին ընդվզում ապօրինութիւններու, կամայական արդարադատութեան, աւազակութեան համատարած գոյութեան ընկերային անարդարութեան առումներով:
Քաղաքականօրէն սակայն շատ պարզամիտ մօտեցում պիտի ըլլար այս բոլոր նշուած եւ անոնց ածանցեալ իրողութիւնները արմատախիլ ընելու պատրուակին իւրացումը եւ ըստ այնմ օրինաւորումը կամ արդարացումը վիրահատական նման գործողութեան:
Եւ ինչպէս նմանատիպ այլ գործողութիւններու անոնց ընկալումը, դատապարտումը կամ արդարացումը եւս կը շարունակուի արձանագրուիլ քաղաքականացուած մօտեցումներով: Դիրքորոշում յայտնող տուեալ պետութիւնը իր կեցուածքը կը հիմնէ Ուաշինկթընի հետ իր ունեցած յարաբերութիւններէն մեկնած եւ ըստ այնմ կ՛արդարացնէ կամ կը մեղադրէ:
Այստեղ իրաւականութիւնը խօսք չունի: Պարզ է, որ անկախ նշուող պատճառներուն իրաւացիութենէն, զինուորական միջամտութեամբ երկրի մը ղեկավարի նման կերպ առեւանգումը կը հակասէ միջազգային բոլոր օրէնքներուն եւ իրաւաչափութիւններուն, ՄԱԿ-ի համապատասխան յայտարարութիւնները այդ փաստը կ՛ընդգծեն: Սակայն նոյնքան պարզամտութիւն է ակնկալելը, որ ՄԱԿ-ը որեւէ ազդեցութիւն կրնար կամ կրնայ ունենալ դէպքերու ընթացքին վրայ:
Երեւելի է դաւադրապաշտ մեկնաբանութիւնը, որ նաեւ թափանցած է հայաստանեան լրատուադաշտ, այս բոլորին մէջ Մոսկուայի դերակատարութիւնը տեսնելու: Այնտեղ կը նկատուի Թրամփ – Փութին երկխօսութեան կապը, Վենեզուելայի մէջ ռուսական ներկայութիւնը, Վենեզուելա – Ռուսիոյ Դաշնութիւն համագործակցութեան յենակէտերու օգտագործումը, կամ Մոսկուայի թաքուն մասնակցութիւնը այս գործողութեան: Այս բոլորը եւս գերքաղաքականացուած, ոչ առարկայական մեկնաբանութիւններ են, ոչ միայն հակառուս հանրային կարծիքի ձեւաւորման, այլ նաեւ ներամերիկեան հասարակութեան մօտ հակաթրամփ տրամադրութիւններու ծաւալման առումներով:
Քանի որ կը խօսինք հայկական լրատուադաշտին մասին, աւելորդ չէր ըլլար, որ պաշտօնական Երեւանը Մատուրոյի վարչակարգը քննադատելով հանդերձ դատապարտէր առեւանգումներու պետական այս ոճը, զուգահեռ գծելով Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան առեւանգումին հետ: Մանաւանդ որ ՄԱԿ-ը այս ոճը նկատած էր հակաօրինական:
Վերադառնանք գործողութեան շարժառիթներուն: Այս գործողութենէն անմիջապէս ետք նախագահ Թրամփ յայտարարեց, որ ոեւէ այլ ղեկավարի կրնայ պատահիլ նման արարք աւելի ետք` ըսելով, որ հերթը Քոլոմպիային է:
Աշխարհագրական այս միջավայրը, անկախ թմրավաճառքի, անօրինական ներգաղթի, փտածութեան եւ ահաբեկչութեան սատարելու երեւոյթներէն, կը յուշէ այլ հանգամանքներ:
Խօսքը Միացեալ Նահանգներ – Չինաստան տնտեսական պատերազմի մասին է: Չինաստանի ներդրումները այս տարածաշրջանին մէջ:
Արհեստագիտութենէն մինչեւ ենթակառոյցներ, հիմնականին մէջ անցնելով ուժանիւթի ոլորտէն, Չինաստանը ոչ միայն տնտեսական մրցակից է Միացեալ Նահանգներուն, այլ նաեւ կարեւորագոյն ոլորտներու մէջ անդրանցած է Ուաշինկթընը:
Տնտեսական խոր վերլուծումներու կարիքը չկայ այստեղ: Միայն այն երեւոյթը, որ Վենեզուելան չինական դրամանիշով փոխարինած է իր քարիւղի արտադրութիւնը, կը խօսի Միացեալ Նահանգներուն հասցուած տնտեսական հզօր հարուածին մասին: Եւ եթէ հերթը Քոլոմպիային է կը յայտարարուի, ապա այնտեղ եւս կը նկատուի նմանատիպ ոլորտներու մէջ Չինաստանի տիրական ներկայութիւնը: Այլապէս, յայտարարուած պատճառները տասնամեակներու վրայ կ՛երկարին, եւ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէին իրենց համագործակցութիւնը ինչպէս Վենեզուելայի, այնպէս նաեւ Քոլոմպիոյ հետ: Այս տրամաբանութեամբ ալ Մոսկուայի հետ երկխօսութեան ուղին բաց պահելը կ՛ենթադրէ արգելակում Չինաստանի հետ առանցք կազմելու հաւանականութիւններուն: Երկխօսիլ, միաժամանակ Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը չփակելու երեւոյթը կ՛արժէ դիտարկել Չինաստանի յարաբերակցութեամբ:
Այս տուեալները մտածել կու տան, որ Վենեզուելայի օրինակը ազդարարութիւն է բոլոր այն երկիրներուն, որոնք կ՛ուզեն խորացնել իրենց համագործակցութիւնը Չինաստանի հետ եւ փորձ կը կատարեն դուրս գալու տոլարի գօտիէն:
Միաժամանակ այս երեւոյթները կը յուշեն, որ Չինաստանը առկայ է այլեւս այն գօտիներուն մէջ, որոնք նախապէս ենթակայ էին ամերիկեան տնտեսական մենատիրութեան: Իսկ նման ոճի դիմելը կ՛ենթադրէ ստացած հարուածներու պատասխան:
«Ա.»


