Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ-Իրան լարուածութեան համապատկերին վրայ փոխսպառնալիքներն ու հռետորաբանութիւնը կը խօսին պատերազմի նախաշեմին գտնուելու մասին: Ամերիկեան ռազմանաւեր կը մօտենային Իրանի մերձակայ ջուրեր, մինչ Թեհրանի ներկայացուցիչները կը խոստանային ամբողջ տարածաշրջանը բռնկեցնել, եթէ Ուաշինկթըն սկսէր հարուածել Իրանը:

Յայտարարողական մակարդակի այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ սակայն, մերթ ընդ մերթ բանակցութիւններու վերսկսման ակնարկներ կ՛ըլլային երկու կողմէն: Իրանի պարագային կար երկու ուղղութիւն: Հանրապետութեան նախագահին անձամբ եւ անոր շրջանակին կը պատկանէր համեմատաբար մեղմ յայտարարութիւններ կատարելն ու բանակցութիւններու վերագործարկման ակնարկներ ընելը, մինչ հոգեւոր պետին շրջանակի խօսոյթը աւելի սպառնական էր:

Կար անշուշտ քաղաքագիտական տեսութիւնը, որ բանակցութիւններու նախօրեակին կողմերը կը բարձրացնեն սպառնալիքներու առաստաղը` ամուր դիրքերէ ներկայանալու համար բանակցութիւններուն:

Միացեալ նահանգներու նախագահը քանի մը առիթով կը խօսէր Թեհրանի ներկայացուցիչներու կողմէ իրենց յղուած դիմումներուն մասին` բանակցելու առաջարկով: Սպառնալիքները կը շարունակուէին սակայն: Շարունակական բնոյթ ունէին նաեւ գետնի վրայ պատերազմի նախապատրաստութիւն յիշեցնող քայլեր եւ անոնց մասին լրատուութիւններ: Ուաշինկթըն  տարածաշրջան կ՛ուղարկէր «Ապրահամ Լինքըն» օդանաւակիր ռազմանաւը, իսկ Իրանը կը սկսէր ռազմածովային ռազմափորձեր Հորմուզի նեղուցին մէջ: Նեղուցի ամէնէն նեղ հատուածին մէջ (Իրանի եւ Օմանի միջեւ) լայնութիւնը կը կազմէ մօտ 33 քմ: Այդ հատուածով կ՛անցնի աշխարհի քարիւղի  առեւտուրին մօտաւորապէս  մէկ հինգերորդը: Ռազմափորձին ուղերձը նեղուցի փակումին սպառնալիքը ներառած էր:

Իրանեան լրատու գործակալութիւններ հաղորդեցին, որ  Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահը հրամայած է սկսիլ հիւլէական թղթածրարին շուրջ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւներու: Պարզ էր, որ այս որոշումը ոչ թէ համաձայնեցուած էր հոգեւոր իշխանութեան հետ, այլ անոր մղումով էր, որ կը յայտարարուէր:

Յատկանշական է, որ իրանեան աղբիւրները յայտնած էին, որ բանակցութիւնները բացառապէս պիտի վերաբերէին  հիւլէական խնդիրին:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը բանակցութիւններու վերսկսումին նախօրեակին կը յայտարարէր, որ խորհրդակցութիւններ կ՛ունենայ Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ  եւ Եգիպտոսի հետ:  Այս երեքէն պէտք է առանձնացնել Թուրքիան երկու հանգամանք նկատի ունենալով: Նախ այն, որ Իրանի կառավարական աղբիւրներ հրապարակած էին, որ բանակցութիւնները շուտով կը սկսին, եւ նշած էին վայրը` Թուրքիա:

Երկրորդ. անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնելէ ետք իր պատրաստակամութիւնը միջնորդելու Միացեալ Նահանգներ-Իրան հարցի լուծման համար, ներկայացուցած էր առաջարկ բանակցային գործընթացը փուլային ձեւաչափի սկզբունքով գործարկելու: Մանրամասնելով, որ այս փուլին կեդրոնանան միայն հիւլէական թղթածրարին վրայ. լուծել զայն եւ ապա անցնիլ յաջորդ փուլին եւ օրակարգին:

Եթէ այս հանգամանքները նկատի ունենանք, կարելի է արձանագրել, որ բանակցութիւնները պիտի վերագործարկուին Անգարայի միջնորդութեամբ: Կանխահաս է եզրակացնելը անոնց արդիւնաւորման մասին: Կը թուի սակայն, որ նոր շրջափուլ կը թեւակոխեն Միացեալ Նահանգներ-Իրան յարաբերութիւնները: Իսկ շրջափուլը կը ներառէ նաեւ տարածաշրջանը մինչեւ Սուրիա, Կազա եւ Լիբանան, որոնց ուղղութեամբ յայտնապէս յաւակնոտ ծրագիրներ ունի միջնորդ պետութիւնը:

«Ա.»

Նախորդը

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (3 Փետրուար 2026)

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ,  Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ, Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»

October 16, 2026
Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները  Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.