Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Դէպի Երկրորդ Փուլ. Առկախումներ, Ուղերձներ

January 15, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի վարչապետարանին մէջ կայացած Հնգեակի (Սէուտական Արաբիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Քաթարի եւ Եգիպտոսի) դեսպաններու հանդիպումէն ետք կատարուած յայտարարութիւններէն կարելի է որոշ կէտեր արձանագրել:

Քննարկուած են եւ արձանագրուած`

Ա.- Կառավարութեան որդեգրած տնտեսական բարեկարգումները եւ կառավարութեան կողմէ խորհրդարանին ներկայացուած ելեւմտական բացի հաւասարակշռման ծրագիրը:

Բ.- Լիթանի գետէն հարաւ զէնքի մենաշնորհման ծրագիրի առաջին փուլի աւարտի հարցը եւ կառավարութեան անոր երկրորդ փուլը սկսելու մտադրութիւնը: Յառաջիկայ ամսուան սկիզբը կը սպասուի երկրորդ փուլի գործնական ներկայացումը:

Գ.- Զէնքի մենաշնորհման առումով   պետութիւնն ու բանակը ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանան:

Դ.- Երեսփոխանական ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելու սկզբունքի յարգումը:

Այս կէտերը ոլորապտոյտ յայտարարութիւններու մէջ ամփոփուած առաջադրանքներն են Հնգեակին: Պարզօրէն տեսանելի է, որ աջակցութիւններու կաթիլային կշռոյթէն ծաւալայինի անցումը պայմանաւորուած է զէնքի մենաշնորհի կայացումով: Այլ խօսքով` կառավարութեան որդեգրած ընթացքը կ՛ողջունուի, կը քաջալերուի, ակնկալիք կ՛արձանագրուի երկրորդ փուլի գործնականացումին: Այդ կը նշանակէ, որ առաջին փուլը կայացած է, որուն համար գոհունակութիւն կը յայտնեն հնգեակի դիւանագիտական ներկայացուցիչները:

Լիբանանի կառավարական հրապարակին վրայ  արձանագրուած այս կէտերը երկու ուղղութեան մասին մտածել կու տան: Եթէ ընթացքը դրական կը գնահատուի, ակնկալութիւնները կը վերաշեշտուին եւ երկրորդ փուլի գործնական անցումի մասին ակնարկներ կը կատարուին, ապա ինչո՞ւ Իսրայէլ կը շարունակէ սպառնալ եւ նախապատրաստուիլ յարձակման գործողութիւններու:

Կարեւոր է արձանագրելը նաեւ այն, որ Հնգեակը քննադատական կամ դատապարտումի խօսք չ՛ուղղեր իսրայէլեան կողմին, որ հակառակ այս բոլորին չի հրաժարիր իր ռազմաքաղաքական վարքագիծէն  եւ կը շարունակէ թիրախաւորել լիբանանեան տարածքներու վրայ իր կողմէ սպառնալիք նկատուած յենակէտեր, անձնաւորութիւններ, կառոյցներ: Իսկ այս վարքագիծը կը վայելէ ամերիկեան հովանաւորչութիւնը: Աւելի՛ն. Միացեալ Նահանգներ կանաչ լոյս կը վառեն Իսրայէլի առջեւ` շարունակելու կամ վերաձեռնարկելու աւելի լայնածաւալ գործողութիւններու:

Իրան կը դիմագրաւէ ներքին սուր խնդիրներ: Այդ խնդիրները, ըստ պաշտօնական Թեհրանի որոշ ներկայացուցիչներու, կը հրահրուին արտաքին կողմերէ: Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու յայտարարութիւնները կամ ցուցարարներ պաշտպանելու առաջադրանքով Իրանը հարուածելու յայտարարութիւնները կը նկատուին միջամտութիւն ներքին գործերու կամ լրջագոյն սպառնալիք` Իրանի գերիշխանութեան:

Միւս կողմէ, ներիրանեան հարթութեան վրայ, ամէնէն թէժ պայմաններուն մէջ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւնները շարունակելու իր երկրի պատրաստակամութիւնը կը յայտնէր: Ուղերձ կար այս յայտարարութեան մէջ` չմիջամտելու, չհրահրելու, այլ բանակցութիւնները շարունակելու: Անկախ հռետորաբանական այլ սուր շեշտադրումներէն, դիւանագիտական ուղերձը յստակ էր:

Հիմա դառնանք լիբանանեան կողմը եւ նկատենք, որ զէնքի մենաշնորհման գործընթացը չարգելակելը եւս իր մէջ կը պարունակէ ուղերձ: Դիւանագիտական ուղերձ գործընթացի ամբողջական պայմանաւորուածութիւնները յարգելու, Իսրայէլին ստիպելու` դադրեցնելու իր գործողութիւնները:

Կը թուի, որ լիբանանեան տարածքներու վրայ յայտարարուած իսրայէլեան յարձակումները յետաձգուած են: Այդ յետաձգումը կապ ունի Իրանի իրադարձութիւններուն հետ: Անոնց ընթացքը, աւելի ճիշդ` աւարտը, հիմնական ազդեցութիւն կ՛ունենայ այստեղ կատարուելիքներուն վրայ:

«Ա.»

 

Նախորդը

Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան Եւ Վերադարձան Հայաստան

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (15 Յունուար 2026)

RelatedPosts

Վարդանանց Մի՛շտ Այժմէական Խորհուրդը
Գաղութային

Կոչ Զօրակցութեան

February 9, 2026
Այցելելով Հարաւային Լիբանան.  Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Հարաւային Լիբանան. Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»

February 9, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Շատ Լաւ Բանակցութիւններ Ունեցանք, Եւ Յառաջիկայ Շաբաթ Դարձեալ Ժողով Պիտի Գումարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Շատ Լաւ Բանակցութիւններ Ունեցանք, Եւ Յառաջիկայ Շաբաթ Դարձեալ Ժողով Պիտի Գումարենք»

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.