Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Սպառնալ Եւ Բանակցիլ

January 29, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան նաւատորմերու տարածաշրջան ժամանումը առաջին հայեացքով պատերազմի նախաշեմին մասին կը խօսի: Յայտարարութիւններու յաջորդականութիւնը սակայն դիւանագիտական լուծումներու ճամբան բաց կը պահէ: Միացեալ Նահանգներու նախագահը խօսեցաւ Թեհրանի կողմէ Ուաշինկթընին փոխանցուած բազմաթիւ ուղերձներու մասին` ընդգծելով, որ Իրան կ՛առաջարկէ  համաձայնիլ Ուաշինկթընի հետ: Ապա նոյն առաջարկը ինք կատարեց` թելադրելով Իրանին երթալ գործարքի: Գործարքի փակագիծերը չեն բացուած տակաւին, սակայն պարզ է, որ խօսքը առկախուած բանակցութիւններու վերսկսման մասին է: Հիմնական օրակարգը` հիւլէական թղթածրարը:

Կը թուի սակայն, որ հիւլէական թղթածրարին ներառուած են այլ ռազմավարական հանգամանքներ, որոնք Իրանի դերը պիտի վերասահմանեն տարածաշրջանին մէջ: Սպառնալիքներու ընդհանուր համապատկերին մէջ, պահ մը երեւցաւ չհերքուած լրատուութիւն այն մասին, որ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ կայացած է համաձայնութիւն Թել Աւիւ-Թեհրան գիծին վրայ իրար չհարուածելու:

Այս բոլորով հանդերձ փոխսպառնալիքները շարունակուեցան: Հռետորաբանութիւնը հասաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին ֆիզիքական չէզոքութեան, որուն դիմաց Իրանը աշխարհի քարտէսէն ջնջելու սպառնալիքին:

Աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ հակամարտութիւններու այս աստիճան մագլցողականութեան եւ սպառնալիքներու նման «վերելք» գրանցելու շղթային յաջորդող օղակները անպայման կը վերաբերին բանակցութիւններու: Մինչ այդ, սակայն, կը սաստկանան հարուածները, կը թէժանայ հռետորաբանութիւնը, սպառնալիքները կը գլեն կ՛անցնին բոլոր օրինաչափութիւնները եւ ապա կը սկսին կամ կը վերսկսին բանակցութիւնները:

Կան որոշ տուեալներ մտածելու, որ նոյն բեմագրութիւնն է, որ կը կրկնուի: Այս բեմագրութեան հատուածներէն կարելի է նկատել նախ Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգին եւ Իրանի նախագահին միջեւ կայացած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը: Թագաժառանգը ընդգծած է, որ իր երկիրը անընդունելի կը նկատէ Իրանի դէմ որեւէ ոտնձգութիւն, սպառնալիք կամ լարուածութիւնը սրելու փորձ: Յայտնած է նաեւ Ռիատի պատրաստակամութիւնը` համագործակցելու Իրանի եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներուն հետ` երկարատեւ խաղաղութիւն եւ կայուն անվտանգութիւն հաստատելու համար:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնած էր, որ տարածաշրջանային երկիրները լաւ կը գիտակցին, որ որեւէ անկայունացում ուղղուած չէ միայն Իրանին. անկայունութիւնը վարակիչ է: Ան կոչ ուղղած է դրացի երկիրներուն յստակ դիրքորոշում որդեգրելու արտաքին սպառնալիքներու դէմ:

Անգարայի դիրքորոշումը կարելի է արձագանգ նկատել այս կոչին: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ուղղակի սխալ նկատած է Իրանի վրայ յարձակումը եւ աւելցուցած, որ Թեհրանը պատրաստ է վերստին բանակցելու: Ուշագրաւ է այս առիթով անոր հրապարակած խորհուրդը Ուաշինկթընին ուղղուած: Թեհրանի հետ աշխատիլ փուլային եղանակով: Նախ փակել հիւլէական խնդիրը, ապա կէտ առ կէտ անցնիլ յաջորդներուն:

Այս յայտարարութենէն կը հետեւցուի, որ Անգարան կը միջնորդէ հարցի հանգուցալուծման համար: Փաստօրէն հաստատելու համար, որ Թեհրանը պատրաստ է բանակցութիւններուն, պէտք է համապատասխան երաշխիքը ստացած ըլլայ Թեհրանէն: Աւելի՛ն. կ՛առաջարկէ բանակցային ձեւաչափ` փուլային: Այս եւս կը նշանակէ, որ առաջարկուող ձեւաչափը համաձայնեցուած է Թեհրանի հետ, կամ ալ Թեհրանի առաջարկն է, որ կը յղէ Ուաշինկթընին:

Հիմա կը ստանանք այն, որ Մոսկուան միջնորդած է Իսրայէլ-Թեհրան գիծին վրայ, մինչ Անգարան կ՛աշխատի Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցութիւններու վերագործարկումին համար:

Այս հանգամանքները անպայման պէտք է նկատի ունենալ նաւատորմերու ժամանումին, սպառնալիքի աստիճանաչափի բարձրացման եւ գործարքային մթնոլորտի ձեւաւորման իրականութիւնները փորձել գնահատելու համար:

«Ա.»

Նախորդը

Թրամփ. «Յաջորդ Յարձակումը Շատ Աւելի Վատ Պիտի Ըլլայ. Կը Յուսանք, Որ Իրան Բանակցութեան Սեղան Կը Նստի»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (29 Յունուար 2026)

RelatedPosts

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Գաղութային

Ոչ Եւս Է Հայ Մամուլին Նուիրեալ Սարգիս Մահսէրէճեան

February 10, 2026
Ակնարկ.  Հիւլէական Ուժանիւթի Բազմազանացումը` Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Շրջածիրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիւլէական Ուժանիւթի Բազմազանացումը` Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Շրջածիրին Մէջ

February 10, 2026
Վարդանանց Մի՛շտ Այժմէական Խորհուրդը
Գաղութային

Կոչ Զօրակցութեան

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.