Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Մինչեւ Յունիս 7-ը

February 16, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կը թուի, որ իշխանութիւն-եկեղեցի հակամարտութիւնը նոր փուլ կը թեւակոխէ, յատկապէս Ամենայն հայոց կաթողիկոսի դէմ մեղադրանքի ձեւակերպումով եւ Հայաստանի Հանրապետութենէն ելքի արգելքի որոշումով:

Առանց մտնելու իրաւական քաշքշուքներու մէջ, պարզ է, որ իրաւապահ մարմիններ քաղաքական որոշումներ կը կայացնեն եւ կը հետեւին իշխանութիւններու տուած ցուցմունքներուն: Ի վերջոյ թեմի մը առաջնորդի լիազօրութիւնները դադրեցնելու վարչական որոշումը եկեղեցւոյ կը պատկանի: Այնքան ատեն, որ եկեղեցական ներկայ կանոնադրութիւնը կը գործէ եւ այնքան ատեն, որ Սահմանադրութեան համապատասխան յօդուածներ կը շեշտեն եկեղեցւոյ պետութենէն անկախ ըլլալու իրողութիւնը, նման որոշում ամբողջովին կը պատկանի եկեղեցական համապատասխան իշխանութիւններուն:

Իրադրութիւններուն հետեւելով նոյնքան պարզ կը դառնայ, որ իշխանութիւնները որոշած են խափանել եպիսկոպոսաց ժողովը: Էջմիածնի մէջ գումարելու պարագային յայտնապէս պիտի արգիլուէր որոշ եպիսկոպոսներու մուտքը Հայաստանի Հանրապետութիւն. հիմա կ՛արգիլուի անոնցմէ ոմանց, ընդ որում` կաթողիկոսին, ելքը երկրէն:

Յիշենք գործող Սահմանադրութեան եկեղեցւոյ վերաբերող յօդուածները:

Յօդուած 17. Պետութիւնը եւ կրօնական կազմակերպութիւնները

1.- Հայաստանի Հանրապետութիւնում երաշխաւորւում է կրօնական կազմակերպութիւնների գործունէութեան ազատութիւնը:

2.- Կրօնական կազմակերպութիւններն անջատ են պետութիւնից:

Յօդուած 18. Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին

1.- Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանաչում է Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցու` որպէս ազգային եկեղեցու բացառիկ առաքելութիւնը հայ ժողովրդի հոգեւոր կեանքում, նրա ազգային մշակոյթի զարգացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործում:

2.- Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցու յարաբերութիւնները կարող են կարգաւորուել օրէնքով:

Համաձայն 17-րդ յօդուածի երկրորդ կէտին, իշխանութեան եւ իրաւապահ մարմիններու կայացուցած որոշումները հակոտնեայ են Սահմանադրութեան: Այս կէտին կը հակադրուի, օրինակ` վարչապետին նախաձեռնութեամբ եկեղեցւոյ բարենորոգման շարժում սկսիլը: Կարելի չէ այս պարագային «հիմնաւորել», որ շարժումի նախաձեռնողը ոչ թէ վարչապետն է, այլ հայ առաքելական եկեղեցւոյ անդամ մը: «Բարենորոգման» հանդիպումները կը կայանան վարչապետարանին մէջ եւ եպիսկոպոսները կը հրաւիրուին կառավարութեան կեդրոնատեղին, ուր ժողովներն ու յայտարարութիւնները կը գլխաւորէ վարչապետը:

Կայացուած որոշումները հակասական են Սահմանադրութեան  18-րդ յօդուածի երկրորդ կէտին: Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Հայ առաքելական եկեղեցին իրենց յարաբերութիւնները կարգաւորող օրէնսդրութեան մէջ չունին յօդուած իշխանութիւններուն նման միջամտութիւնները արտօնող:

Գործող Սահմանադրութիւնը համաձայնեցուած էր կէտ առ կէտ Վենետիկի յանձնաժողովին հետ, որ համաեւրոպական կառոյցներու սահմանադրագէտներու եւ դէպի Եւրոպա համարկուող պետութիւններու Սահմանադրութիւններու մշակման մէջ հիմնական դերակատար է` իւրաքանչիւր յօդուած համապատասխանեցնելով Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու սահմանադրութիւններուն եւ ճշդուած իրաւաչափութիւններուն:

Լուռ են Եւրոպայի համապատասխան կառոյցները եւ չեն առարկեր, որ հիմնովին հակասահմանադրական քայլեր են իշխանութիւններուն առածները եկեղեցւոյ նկատմամբ: Յայտնապէս խնդիրը կը դիտարկուի աշխարհաքաղաքական պարունակի մէջ: Քրիստոնեայ արժէքներու կառչած եւ ամէն առիթի այդ արժէքները բարձրաձայնող Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը, ընդգծելով հանդերձ հայ ազգի քրիստոնէական քաղաքակրթութեան առաջին կրողներէն ըլլալը, խնամքով շրջանցեց Էջմիածին այցելութիւնը:

Իշխանութիւններու հակասահմանադրական քայլերուն եւ Եւրոպայի լռութեան կամ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական հիւրերու Էջմիածին չայցելելու երեւոյթներուն միջեւ կը նկատուին համատեղ շարժառիթներ: Եւ այս պարագային արտաքին ազդակներու երեւութական կրաւորականութիւնը, ըստ էութեան մղիչ հանգամանք կրնայ ունենալ:

Իրավիճակը կրնայ փոխուիլ յունիս 7-ին: Եթէ անշուշտ մինչ այդ փոխուի միեւնոյն կրաւորականութիւնը դրսեւորող եւ առ այժմ անտարբեր դիրքերէ իրադարձութիւններուն հետեւող որոշ զանգուածին տրամադրութիւնը:

«Ա.»

Նախորդը

Բագրատունի. «Ռաֆիք Հարիրին Սիրով Կը Յիշենք»

Յաջորդը

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Վահագն Խաչատուրեանի Այցելութիւնը Աթէնք Եւ Պետական Պարտաւորութիւնը Արցախի Հիմնահարցով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թրքական Եւ Ազրպէյճանական  Առաւելապաշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւելապաշտութիւնը

November 11, 2026
Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու  Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.