Արցախի պատերազմի 4 ռազմագերիներու վերադարձը քաղաքական որոշ դիտարկումներու կ՛առաջնորդէ: Կանխատեսումները շատ էին, որ փուլային ձեւով Ազրպէյճան ազատ պիտի արձակէ իր մօտ գտնուող ռազմագերիները: Խաղաղութեան պայմանագիրի նախաստորագրուած տարբերակը իր բովանդակութեան մէջ նման կէտ չէր պարփակած, այդուհանդերձ առանց ժամկէտներու ճշդումի, անոնց ազատ արձակումը կը կապուէր նախաստորագրութենէ դէպի ստորագրութիւն ենթադրաբար գացող ժամանակահատուածին կայանալիք փուլային ազատ արձակման արարներու:
Այս փուլին ներառուած էր նաեւ լիբանանահայ ռազմագերին: Անմիջապէս յիշենք, որ նախավերջին խումբին մէջ ներառուած էր անոր անունը. ցանկը պաշտօնապէս հրապարակուած էր Ազրպէյճանի համապատասխան գերատեսչութեան կողմէ, սակայն մետասաներորդ պահուն ան փոխարինուած էր այլ ռազմագերիով:
Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէր, որ փոխանակման տեսութեամբ կը մօտենար Պաքուն այս հարցին: Հայաստան պահուող սուրիացի վարձկան ահաբեկիչներու ազատ արձակման գինն էր Իւլճեքեանը: Իսկ այստեղ Պաքուն կը փորձէր ինքնամաքրուիլ արցախեան պատերազմին վարձկան ահաբեկիչներ հաւաքագրած եւ այդ ճամբով ահաբեկչութիւն քաջալերած եւ իր արարքներով ահաբեկչական պետութիւն հանդիսացած ըլլալու առումով:
Պաքուի մարտավարական խաղը այս բոլորին մէջ այնքան յստակ է, որ պարզապէս պաշտօնական յայտարարութիւններու ընթերցումով կը քողազերծուի ամէն ինչ: Այս փոխանակումը ծխածածկուած է երեք այլ ռազմագերիներու ազատ արձակումով: Պաքուի մօտեցումով «ահաբեկիչ-ահաբեկիչ»-ի դիմաց խաղաթուղթի շահարկումն է, որ օգտագործուած է, մեղադրանքի դիմաց մեղադրանք ձեւակերպելու ուղղութեամբ: Հայելային այս խաղին մասնակից պէտք է եղած ըլլայ Թուրքիան, թէ՛ ահաբեկիչներու տրամադրման եւ թէ՛ հիմա այս փոխանակման խաղի ղեկավարման առումով:
Այս մարտավարութիւնը աւելի կը բացայայտուի, երբ միաժամանակ Պաքուն կը յայտարարէ, որ ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը ազատ արձակման որոշումներուն պիտի չներառուի, որովհետեւ հսկայական վնաս հասցուցած է ազրպէյճանցի ժողովուրդին: Հիմա խնամքով անուշադրութեան կը մատնուին կամ չեն օգտագործուիր այն մեղադրանքները, որոնք Պաքուն ձեւակերպած էր Արցախի ղեկավարութեան նկատմամբ. բազմաթիւ մեղադրական յօդուածներու կողքին «ահաբեկչութիւն» կատարած ըլլալու յանցանքը արձանագրելով եւ անոր հիման վրայ զանոնք դատելով:
Այստեղ մարդասիրական բաժինը ճիշդ չէ քննարկելը, երկրորդական նկատելը. ուղղակի սխալ է մանաւանդ այս բոլոր հանգամանքները շրջանցելով քարոզչական առաւելներ շահելու մղումներով իշխանութեան ներկայացուցիչներու կողմէ տեսախցիկներու առջեւ բեմավարութիւն կատարելը:
Տեղին էին կուսակցական գրառումները առ այն, որ նման դէպքերուն նախապատրաստական աշխատանքները կ՛ըլլան տեղեկատուական աղմուկէն հեռու: Աւելորդ չ՛ըլլար յիշելը, որ իրերայաջորդ արտաքին գործոց նախարարներու հետ կայացած հանդիպումներուն ընթացքին Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի թէ երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչները արծարծած են բացառապէս այս հարցը` գերեվարուած, այս պարագային, Լիբանանի քաղաքացիին արտայանձնումը Լիբանան իրականացնելու կարելիութիւնը` զինք ազատելու համար ահաբեկչական պետութեան բանտերէն: Օրին այս մասին հրապարակուած են կշռադատուած, քաղաքական նրբութիւնները յարգող, կուռ եւ զուսպ լրատուութիւններ:
Քարոզչական առաւելներու տենչէն եւ թատերական ներկայացումներէն առաջ եւ ետք, յատկապէս նման երեւոյթներու ատեն, անհրաժեշտ է մտածել քաղաքական հանգամանքներուն, Ազրպէյճանի խաղցած մարտավարութեան, հետապնդած նպատակներուն մասին եւ այո՛ քուլիսներու ետին, լուռ աշխատիլ, նկատի ունենալով ենթակային լիբանանեան քաղաքացիութիւնը: Տակաւի՛ն. նկատի ունենալ պաշտօնական Պէյրութի դիրքորոշումները Ազրպէյճանի նկատմամբ, որոնք դարձեալ որոշ աշխատանքի արդիւնքով ամրագրուած են իբրեւ վերապահ, ձեռնպահ յաճախ կամ հայկական գործօնին հաշիւը ընող, անտեսելով Պաքուի դիմումները:
Այս հարցերը կապ ունին մարդոց ճակատագիրին հետ. կապ ունին նաեւ ցեղասպանական եւ ահաբեկչական պետութեան մարտավարական խաղերը ճիշդ ընկալելու եւ զանոնք բացայայտելու առաջադրանքին հետ: Հայաստանի այսօրուան իշխանաւորները պէտք է իմանան, որ նման աշխատանքներ պէտք է տարուին լուսարձակներէ հեռու, առանց ցուցադրականութեան, զսպելով քարոզչական առաւելներ արձանագրելու մարմաջը:
«Ա.»


