Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Նոր Արտաշատի Եւ Նոր Նուարսակի Համար (Վարդանանց Տօնին Առիթով)

February 12, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարդանանց խորհուրդի որոշ ծալքերը թափանցելու փորձը մտաբերել կու տայ գիտակցական ընտրութեան աստիճանաչափ մը, որ անպայման ազգային արժանապատուութեան եւ ինքնութեան պարտադրուած փոփոխութիւնը մերժելու սկզբունքային դիրքորոշումին հետ կ՛աղերսուի: Այդ խորհուրդը կը խօսի անհպելի արժէքներու մասին, որ օրուան եկեղեցական-ռազմական ղեկավարութիւնը որոշեց պաշտպանել ամէն գնով:  Անարդարութեան մերժում, ճշմարտութեան բարձրաձայնում եւ այդ կեցուածքներու հիման վրայ կայացած գաղափարի յաղթանակ:

Ազատ ապրելու, պարտադրուած կրօնափոխութիւնը մերժելու, քրիստոնէական արժէքներուն, եկեղեցւոյ եւ հաւատքին կառչած մնալը կապ չունէր պատերազմի արդիւնքին հետ: Ճակատամարտը կորսուած էր, գաղափարը` յաղթած: Որովհետեւ կրօնափոխութիւն պարտադրողը չէր յաջողած  կատարել իր առաջադրանքը:

Պարզ էր, որ կրօնը միաձուլուած էր ինքնութեան հետ եւ ինքնութենէն հրաժարումի պարտադրանքը նահատակութեամբ մերժուեցաւ: Վարդանանց նախերգանքը Ատոմեանք էին, որոնք Տիզպոնի քաղաքականութեան ծալքերուն իրազեկ որոշեցին չմեկնիլ Տիզպոն եւ հրաւէրին չընդառաջելուն համար տուին հազարաւոր նահատակներ:

Ատոմեանք արդէն կը նախանշէին, որ Վարդանանք եւս ինքնութեան պահպանման համար նոյն ճակատագիրին պիտի արժանանային:

Խորհուրդը այժմէականացման կարգով կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը: Ղեւոնդեանք եւ Վարդանանք աշխարհիկ եւ եկեղեցական ղեկավարութեան անքակտելի միաւորումի փաստն էին, մանաւանդ ճգնաժամային պայմաններուն: Աւարայրի ռազմական պարտութիւնը պատճառ չեղաւ, որ խախտի այդ միասնականութիւնը: Այդ խորհուրդը առարկայացած էր Արտաշատի ժողովով, երբ բարձրաստիճան հոգեւորականութիւնն ու սպայակոյտը գաղափարական նոյն խրամատին մէջ որոշեցին չստորագրել խաղաղութեան անարժանապատիւ պայմանագիրը:

Արտաշատի խորհուրդին անհաղորդ մնաց մեր այսօրուան իշխանութիւնը, որ ներքին առումով արցախեան Աւարայրի օրերուն եւ անկէ ետք թէ՛ հարուածեց սպայակոյտի հեղինակութեան եւ թէ՛ թիրախ դարձուց բարձրաստիճան հոգեւորականութիւնը:

Աւարայրով օրուան թշնամիին պահանջներուն մերժումը, կրօնափոխութեան պահանջի տապալումը նախ եւ առաջ շնորհիւ ներքին միասնականութեան էր եւ օրուան ղեկավարութեան մէկութեան: Աւարայրի գաղափարական յաղթանակը, հակառակ ռազմական պարտութեան, կրնար կիրարկելի օրինակ դառնալ մեր օրերուն, եթէ…

Եթէ իշխանութիւնները ունենային գիտակցութիւնը եկեղեցի-պետութիւն-բանակ եռամիասնութիւնը պահպանելու: Հակառակ ռազմական պարտութեան շարունակէին չենթարկուիլ Պաքուի պահանջներուն` Ազրպէյճանի գործադրած ռազմական յանցագործութիւններու մեղադրանքներով հարուստ միջազգային դատական հայցերը չեղեալ նկատելու, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը լուծարելու, Սահմանադրութեան փոփոխութեան ձեռնարկելու, ռազմագերիներու հարցը չարծարծելու, Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքը չառաջադրելու, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան դէմ մղուող բնաջնջման քաղաքականութեան դէմ չբողոքելու:

Վարդանանց սկզբունքայնութիւնը, հակառակ պատերազմական պարտութեան, ապահովեց գաղափարի յաղթանակը եւ բռնատիրական կարգերուն պարտաւորեցուց կնքել Նուարսակի դաշնագիրը` արժանապատիւ խաղաղութեան: Հայ ժողովուրդը Աւարայրէն ետք կը  պահպանէր ոչ միայն իր կրօնական ազատութիւնը, այլ նաեւ ինքնավար ապրելու իրաւունքները:

Պատերազմներու արդիւնքները չեն, որ կը ճշդեն ժողովուրդներու ճակատագիրը: Դաւանած արժէքներու անտեղիտալիութիւնն է, որ ռազմական պարտութիւն կրած ժողովուրդը կը մղէ փոխելու ռազմի կանոնները եւ պարտադրելու արժանապատիւ խաղաղութեան պայմանագիրը: Ատոմեանք-Վարդանանք-Վահանեանք օրինակով: Նուարսակի եզրայանգումով:

Նոր Նուարսակէն առաջ սակայն հրամայական է նոր Արտաշատի ժողով մը: Եւ այդ բոլորին համար ազգային պետութեան վերակերտումը:

 

Նախորդը

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Կնքել, Պայմանով Որ Լաւ Ըլլայ Եւ Անոր Հիւլէական Զէնքեր Ու Հրթիռներ Ունենալու Արգելք Պարունակէ»

Յաջորդը

Հրակ Պագարեան Կը Նուիրաբերէ Ուսանողական Կրթաթոշակի Ծրագիրին

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.