ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
«Ոսկէ ծիրան» փառատօնին վերաբերող անցեալ երեք տարիներու ակնարկներուն վերնագիրներն էին` «Փոքր ածուի ծիրանը» (2014), «Փոքրացող ածուի ծիրանը» (2015), եւ «Փոքրիկ ածուի
ծիրանը» (2016) (1): Այս տարի պատկերը աւելի գորշ է: Բացման հանդիսութիւնը չյաջողեցաւ գրաւել անգամ Աբովեան փողոցի անցորդներուն ուշադրութիւնը: Փակման հանդիսութենէն կը բացակայէին աստղեր, կը բացակայէին նոյնիսկ «Ոսկէ ծիրան»-ի մրցանակակիրները: Սրահին մէջ կային մեծ թիւով դատարկ աթոռներ:
Պետութիւնը 50 տոկոսով զեղչած է իր արդէն իսկ համեստ մասնակցութիւնը: Մինչդեռ կազմակերպիչները կը յայտնեն, որ անցեալ տարուան բաղդատած` ժապաւէններուն եւ հիւրերուն պատուոյ գիները աւելցած են շուրջ 30 տոկոսով: Պիւտճէի կրճատման պատճառով զեղչուած էր կարճամեթրաժ ժապաւէններու մրցոյթը: Ասիկա լուրջ հարուած է, որովհետեւ սկսնակ բեմադրիչներ հազիւ թէ կարենան կարճ ժապաւէն նկարելու բաւարար գումար ապահովել: Աւելի՛ն. մշակոյթի ժպտերես նախարար Արմէն Ամիրեան ո՛չ միայն սեփականաշնորհած է վաստակաշատ «Հայֆիլմ»-ի ընդարձակ սթիւտիօները, այլեւ լուծարքի ենթարկած է պետական «Հայաստանի ազգային կինոկենտրոն»-ը: Հարկային գրասենեակը նոյն օրէնքի հիման վրայ կը սահմանէ շարժապատկերի եւ երշիկի արտադրութեան տուրքերը… Երիտասարդ աշխատողներու «Հայֆիլմի վերածնունդ» շարժումը կը փորձէ արգելակել այս կործանարար գործընթացը: Երիտասարդ բեմադրիչներու միակ յոյսը օտար, յատկապէս եւրոպական հաստատութիւններու յատկացուցած նիւթական նպաստներն են: Ցաւօք, նման ծրագիրներ, ինչպէս «Հայ-թուրք շարժապատկերի հարթակ»-ը, սերտօրէն առնչուած են օտար պետութիւններու քաղաքական ծրագիրներուն (2):
Մրցանակներ.- Գրեթէ բոլոր ժապաւէնները արդէն իսկ մասնակցած էին հայկական կամ օտար փառատօներու: Դատական կազմերու որոշումները լրատուական միջոցներով յայտնուած են: Չեմ ուզեր այստեղ կրկնել: Կարելի է դիտել տալ, սակայն, որ մրցանակակիր ժապաւէններու հերոսները մեծ մասամբ ճնշուած եւ անտեսուած մարդիկ են: Այս հաւանաբար կազմակերպիչներուն պատասխանն էր փառատօնը առաւել եւս նսեմացնող գայթակղութեան: Մետասաներորդ ժամուն փառատօնէն դուրս բերուեցաւ «Հայեացք ներսից եւ դրսից» ծրագիրը, որ ի միջի այլոց կը պարունակէր սեռային փոքրամասնութիւններու հանդէպ հանդուրժողականութիւն առաջարկող երկու ժապաւէններ` «Լսի՛ր ինձ» եւ «Ծիրանի այգիներ»: Նման քայլեր աննպաստ տպաւորութիւն կը թողուն արեւմուտքի մէջ (3): Ի զուր չէ, որ օտար հիւրերէն երկուքը փակման հանդիսութեան բեմահարթակի վրայ կանգնած` բացայայտօրէն դատապարտեցին գրաքննութիւնը:
Ժապաւէնները համացանցի վրայ դիտել տակաւին կարելի չէ: Այստեղ պիտի անդրադառնամ միայն երեքին:
Խասփուշ.- 1927, 72 վ: Յիշենք, որ Համօ Բեկնազարեանի «Զարէ»-ն ցուցադրուած էր նախորդ «Ոսկէ ծիրան»-ի բացման ընթացքին: Հասանելի է համացանցի վրայ (youtube v=8gEijfXRxo4): Ժապաւէնը հիմնուած է Րաֆֆիի 1870-ական թուականներուն գրուած պատմուածքներուն («Գեղեցիկ Վարդիկը», «Սովը», «Մի օրավար հող», եւն) ինչպէս եւ յատկապէս 1886 թուականին գրուած «Խասփուշ»-ի վրայ (4): Ներշնչուած է նաեւ Վրթանէս Փափազեանի 1890-ին լոյս տեսած «Խաթ-Սաբա» (Հայ բոշաներու կեանքից) երկէն: Որմազդի հեծանուորդը կ’ըսէ. «Կը շտապեմ տեսնել «Խազ փուշ»-ը: Գլխաւոր հերոս (տակաւին երիտասարդ) Հրաչեայ Ներսիսեանը (Ռզա) չէ յիշուած:
Րաֆֆիի քաղաքական դիրքորոշումը հայ ընթերցողին ծանօթացնելու կարիք չկայ: Կարելի է դիտել տալ, որ պատմուածքին մէջ տեղ գտած վաշխառուն հայ մըն է` «Բոշա Կարապետ»: «Խասփուշ»-ները Թեհրանի յատակի մարդիկն էին` կործանած գիւղացիներ, անգործ սովահար մարդիկ: Անոնք մարտական տրամադրուած էին, որովհետեւ կորսնցնելու ոչինչ ունէին: Հակամէտ էին բռնարարքներու: Չունէին քաղաքական տեսլական:
Թիւրքմենչայի դաշնագրով (1828) ցարական Ռուսիա պայմաններ պարտադրած էր պարսկական պետութեան: Ղաճար շահ Նասրէտտին կ’որոշէ տնտեսական մեծ կարեւորութիւն ունեցող ծխախոտ մենաշնորհել այդ շրջանի գերպետութեան` Բրիտանիոյ: Ծխախոտի ցանքով ապրող շուրջ 200 հազար գիւղացի կը հասնի ամբողջական կործանումի եզրին: Իրադարձութենէ դժգոհ ցարական իշխանութիւնը կը կասեցնէ ցորենի արտածումը դէպի Իրան: Ցորենի գիները կը սլանան վեր: Կը սկսի սով: Ի հարկէ դժգոհ է նաեւ ծխախոտի վաճառքի եկամուտէն զրկուած Պազարը: Պազարը միշտ ալ սերտ կապեր ունեցած է իսլամ կղերի հետ (5): 1891 թուականին այաթոլլա Միրզա Հասան Շիրազի «ֆեթվա» մը կը հրատարակէ` արգիլելով ծխելը: Իմամներ եւ ուլեմաներ կ’առաջնորդեն ապստամբութիւնը, որուն կը մասնակցէին զանազան դասակարգերու պատկանող մարդիկ: Խասփուշներ կը յարձակին ցորենի եւ ալիւրի շտեմարաններու վրայ: Իմամներ կը բանակցին Շահ Նասրէտտինի հետ: Ծխախոտի մենաշնորհը կը վերցուի: Կողքի նկարին մէջ կը տեսնենք, որ դէպի շահի պալատ քալող ցոյցին յառաջամասը բաղկացած է իմամներէ:
Այս իրադարձութիւնը կը քաջալերէ ե՛ւ ժողովուրդը, ե՛ւ իսլամ կղերը: Կարճ ժամանակ ետք տեղի կ’ունենայ սահմանադրական յեղափոխութիւն (1905-1911), որու, գործօն դերակատարներէն մէկն էր նաեւ Եփրեմ Խան (1868-1912): Իմամներու առաջնորդած բազմատարր շարժումը ի վերջոյ իշխանութեան հասաւ 1979-ին:
Ռզա ծխախոտի կործանած գիւղացի մըն է, որ ֆարաշներու դէմ կռուելէ ետք կը վերածուի անգործ փախստականի: Կողքի նկարին մէջ կը ծանօթանայ Խասփուշ ղեկավարին, որ Ռզային կու տայ իր հացի պատառը: Սովահար ամբոխը խռնուած է փուռի մը առջեւ:
Գեղարուեստական.- Ինչպէս որմազդը ցոյց կու տայ, ժապաւէնը կը կրէ քսանական թուականներու գերման արտայայտչապաշտ դպրոցին ազդեցութիւնը: Ի հարկէ տուրք տուած է նաեւ օրուան իշխանութեան: Ժապաւէնը յստակօրէն հակակայսերապաշտական է: Իմա` հակաբրիտանական: Իմամը կը պատկերուի որպէս խարդախ եւ կնամոլ անձ: Կը բռնաբարէ Ռզայի գեղեցիկ կինը, որ իր հոգատարութեան յանձնուած էր Ռզայի փախուստէն ետք: Անզէն ժողովուրդը կը մղէ դէպի ֆարաշներու հրացաններն ու սուրերը, ապա կը ծախէ շարժումը եւ կ’ամրապնդէ իր հեղինակութիւնը: Ի դէպ, ֆարաշներու խժդուժութիւնները անմիջապէս յիշել կու տան Րաֆֆիի վէպերը: Աւերակներու մէջ խմբուած ապստամբներու տեսարանը նոյնպէս յիշել կու տայ Րաֆֆիի «Կայծեր»-ը:
Խասփուշ առաջին յեղափոխական ժապաւէնն էր, որ ցոյց կու տար զանգուածային տեսարաններ եւ տարերային զայրոյթ: Քամերան կը նկարէ բարձր անկիւնէ: Քամերան կը նկարէ նաեւ անսովոր անկիւններէ` ստեղծելու համար պատկերի համադրումներ (քոմփոզիշըն): Լոյսի եւ մութի խաղերը կը կրեն արտայայտչապաշտ կնիք:
Տպաւորիչ խորհրդանշական պատկերներէն մէկուն մէջ բանտարկեալ խասփուշեր կը սպաննեն սեւ ու խոշոր կարիճ մը: Խորհրդանշական է նաեւ Ռզային սպանութիւնը: Ռզա կ’իյնայ ոչ թէ ֆարաշի փամփուշտով, այլ` դաւադրաբար: Այս տեսարանը նաեւ մարգարէական էր: Իրանեան յեղափոխութեան յաղթանակէն ետք «Մուճահիտին խալք» եւ այլ ժողովրդական շարժումներ դաժանօրէն մաքրագործուեցան: Նման ցաւոտ իրադարձութիւններ պատահեցան նաեւ այստեղ …
Ժապաւէնի ընտրութեան քաղաքական մեկնաբանութիւնը կը ձգեմ ընթերցողին:
Տէրտօ մայրիկը եւ ընկուզենին.- 68 վ. Բեմադրիչ` Սերտար Էօնալ: Ֆինանսաւորուած է «Հայ-թուրք շարժապատկերի հարթակ»-ին կողմէ: Արժանացած է վաւերագրական ժապաւէններու «Արծաթ ծիրան»-ին: Անցեալ ապրիլ ամսուն ստացած է Պոլսոյ 36-րդ փառատօնի վաւերագրական բաժնի առաջին մրցանակը: Թրէյլըրը հասանելի է համացանցի վրայ (www.dailymotion.com/video/x5fhl7m):
Տէրտօ մայրիկին ընտանիքը Պիթլիսի մէջ մեղուապահ եղած է: 1975-ին հայ ամուսինը կը սպաննեն, որպէսզի գրաւեն հողը: Ոճրագործները տակաւին «բացայայտուած չեն»: Ամէն ինչ կորսնցուցած Տէրտօ իր ինն զաւակներով կ’ապաստանի Պոլիս: Անոր կինը, որ, ի դէպ, թրքերէն չէր գիտեր, կը բախի բազմաթիւ դժուարութիւններու: Տէրտօ Պիթլիսի մէջ ունի ընկուզենի մը: Ամէն ամառ Պիթլիս կ’երթայ քաղելու համար մենաւոր ընկուզենիին բերքը:
Ինչպէս ընթերցողը կռահեց, այդ ծառը ունի խորհրդանշական իմաստ: Գիւղացիք կը հաւատան, որ ընկուզենին կ’ընդօրինակէ, իմա` կը ներառէ իր շրջապատի կեանքի ձեւերը: Դարաւոր ընկուզենին ուրեմն իր մէջ կը պարունակէ շրջանի դարաւոր պատմութիւնը: Պտուղները կը ներկայացնեն նոր սերունդները: Տէրտօ մայրիկ կ’ըսէ, թէ կան մարդիկ, որոնք կ’ուզեն հատել ծառը, ոչ որպէսզի տիրանան անոր փայտին, այլ այն հողին, որուն վրայ կանգնած է ծառը: Կ’ըսէ, որ Պիթլիսի հողէն տակաւին հայերէն ձայներ կը բարձրանան:
Բեմադրիչը ուսուցիչ մըն է, որ Շիշլիի վարժարաններէն մէկուն մէջ պաշտօնակից եղած է Տէրտօ մայրիկի թոռան: Կ’ըսէ, որ մեծապէս տպաւորուած է տառապահար Տէրտօ մայրիկի կենսունակութեամբ եւ պայքարի ոգիով:
«Հայ-թուրք հարթակ»-ի ֆինանսաւորած ժապաւէնը ի հարկէ ունի ենթագիր: Տէրտօ մայրիկ կը դիմէ արդարութեան: Թրքական դատարանը հողերը կը խլէ թուրքերէն եւ կը վերադարձնէ Տէրտոյին: Տէրտոյին դրացիները զայն կը բարեւեն հայերէն, կը յարգեն անոր հայկական սովորոյթները, նոյնիսկ կը մասնակցին անոնց: Այսուհանդերձ, Տէրտոյին զաւակները չեն փափաքիր վերադառնալ Պիթլիս: Այո՛, կան անծանօթ անհատ ոճրագործներ: Բայց գերիշխող մեծամասնութիւնը բարեացակամ եւ յարգալից է: Թրքական պետութիւնը կը պաշտպանէ հայուն հողը: Աւելի ի՞նչ կարելի է ակնկալել: Ինչո՞վ են մեղաւոր բնակչութիւնն ու պետութիւնը, եթէ հայեր չեն փափաքիր վերադառնալ իրենց լքած տուները: Մի՞թէ Տէրտօ մայրիկի ասքը ներկայացուցչական է…
«Բնաջնջման մտադրութիւն».- Փառատօնի եզրափակիչ` «Վարպետ» մրցանակը ոչ նուազ քան Յ. Խաչատրեանի կողմէ յանձնուեցաւ Ճօ Պերլինկերի: Ապա ցուցադրուեցաւ անոր «Բնաջնջման մտադրութիւն» վաւերագրական ժապաւէնը (Intent to Destroy, 115 վ):
Խորագիրը կ’ակնարկէ 1948-ին որդեգրուած ցեղասպանութիւնը սահմանող միջազգային օրէնքի յօդուածին, որ տառացի թարգմանութեամբ կ’ըսէ (6).
Բ.1.- Մտային տարր, այսինքն «մտադրութիւն, կործանելու, ամբողջութեամբ կամ մասամբ, որոշ ազգային, էթնիք, ցեղային եւ կամ կրօնական խումբ մը»:
Այս խորագիրով 2003-ին Քոլին Թաց հեղինակած է հիմնադրական մենագրութիւն մը` «Կործանելու մտադրութեամբ. մտորումներ ցեղասպանութեան շուրջ» (Colin Martin Tatz, With Intent to Destroy: Reflections on Genocide, 2003):
Ճօ Պերլինըկեր (1961) ամերիկաբնակ հրեայ մըն է, որ այս գաղափարը յղացած է իմանալէ ետք, որ Քրքորեան 100 միլիոն տոլար յատկացուցած է «Խոստում»-ի արտադրութեան: Հրեայ մը ներշնչուած է 100 միլիոն տոլարով, ո՜վ զարմանք:
Ինչպէս որմազդը ցոյց կու տայ, ժապաւէնը բաղկացած է երեք մասերէ` «Մահ, ուրացում եւ պատկերում» (Death, Denial & Depiction): Վերջին մասը կ’ակնարկէ «Խոստում»-ի պատրաստութեան եւ նկարահանման: Թատերական եզրով` «քուլիսի ետին» մը: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ Պերլինկերը (շրջանակի մէջ), որ կը նկարէ «Խոստումի»-ի թատրը:
Առաջին երկու մասերը կը պարունակեն արխիւային նիւթեր եւ ոչ նուազ քան` քառասուն տեսակցութիւններ, որոնք կ’ընդգրկեն զկենդանիս եւ զմեռեալս: Այդտեղ ներկայ են` Թաներ Աքչամը (7), Փիթըր Պալաքեանը (8), Էրիք Պօղոսեանը (9), Հրանդ Տինքը, Աթոմ Էկոյեանը, Թերրի Ճորճը (10), Ֆաթմա Միւկէ Կէօճեքը (11), Աւրորա Մարտիկանեանը, տխրահռչակ Ճասթին Մաքարթին, Անժելա Սարաֆեանը (12), Սերժ Թանքեանը (13), Արմին Թ. Վակները (14), եւ կրկնակի տխրահռչակ փրոֆ. Մ. Հաքան Եաւուզը, որ ղեկավարն է ամերիկեան Եութա համալսարանի բազմամիլիոն պիւտճէ վայելող թրքագիտութեան բաժինին, եւ որ կը փորձէ ուրացումի իրաւունքը վաւերացնող օրէնսդրութիւն յառաջացնել (15):
«Խոստում»-ին անձնակազմը մեծ գովեստով արտայայտուած է Պերլինկերի ժապաւէնին մասին:
Պերլինկեր ինքզինք կը համարէ քաղաքական գործիչ (activist): Կ’ըսէ, թէ ընդգրկած է Ցեղասպանութիւնը ուրացող ելոյթներ, որովհետեւ (իր բառերով) հարկ է այդպիսի մարդոց հանդէպ հասկացողութիւն եւ մարդկային վերաբերմունք ցուցաբերել, եւ թէ` անոնց ասքը ժապաւէնին յուզականութիւն կը բերէ:
Պերլինկեր նաեւ (տառացի թարգմանութեամբ) կ’ըսէ. «Ի տես ներկայ ուռճացող ազգայնականութեան միջազգային համայնապատկերին եւ դրացի երկիրներու հանդէպ աճող վախին, կը թուի, թէ անհրաժեշտ է հասկացողութեան համատեղ եզրեր գտնել, որպէսզի հաշտութիւն (reconciliation) յառաջանայ հակադիր կողմերու միջեւ: Կը յուսամ, որ ժապաւէնս փոքր դեր մը ունենայ կամրջելու համար գաղափարական վիհը (divide) (16):
Բեմադրիչի դրոյթները կը յանձնեմ ընթերցողի դատողութեան: Ընթերցողի դատողութեան կը յանձնեմ նոյնպէս այն հարցումը, թէ ինչո՞ւ ժապաւէնին տրուած էր գերակշռող հանգամանք:
Հուսկ բանք.– Հայրենի շարժապատկերի դրութիւնը անմխիթար է: Շարժապատկերի աշխատողներ, որոնց շարքին` «Ոսկէ ծիրան»-ի կազմակերպիչները, իրենց կարելին կ’ընեն կենդանի պահելու համար մահամերձ արուեստը: Շարժապատկերը ժողովրդական արուեստ է: Իբրեւ այդպիսին` մեծ դեր կը խաղայ ե՛ւ մշակութային, ե՛ւ քարոզչական առումով:
Մեր կարելին պէտք է ընենք քաջալերելու համար յանձնառու արուեստը, քաջալերելու համար որակաւո՛ր յանձնառու արուեստը: Այդ կ’ենթադրէ ինքնաքննադատութիւն: Միայն զօրաւոր մարդիկ կրնան ատիկա ընել:
———————————————————————-
1.- «Ազդակ» www.aztagdaily.com/archives/199905, www.aztagdaily.com/archives/255115, www.aztagdaily.com/archives/255326, www.aztagdaily.com/archives/312558, www.aztagdaily.com/archives/312810
2.- «Ազդակ» 16 եւ 23 հոկտեմբեր 2014, «Հայ-թուրք շարժապատկերի հարթակը», Ա. եւ Բ. www.aztagdaily.com/archives/208637 եւ www.aztagdaily.com/archives/209686
3.- Անձնական կարծիքս այն է, որ լոկ պէտք չէ արտօնել, որ միասեռականներ անչափահաս մանուկներ որդեգրեն: Թող երկինքը դատէ մնացեալը:
4.- Եղիշէ Պետրոսեան «Րաֆֆու պատմուածքները» Հասարակական գիտութիւններ, թիւ 6, 1956:
5.- Այս ճիշդ է նաեւ այլ մուսուլման երկիրներու պարագային, ինչպէս Թուրքիա:
6.- II.1 the mental element, meaning the intent to destroy, in whole or in part, a national, ethnical, racial or religious group, as such
7.- Որուն անկեղծութիւնը գոնէ ինծի համար հարցական է:
8.- Պալաքեանի « Այրուող Տիգրիս»-ը «Խոստում»-ի պատրաստութեան աղբիւրներէն մէկը եղած է:
9.- «Խոստում»-ի 100 միլիոն տոլարը տնօրինող անձը:
10.- «Խոստում»-ի բեմադրիչ:
11.- Ամերիկաբնակ պատմաբան: Հեղինակած է «Denial of Violence – Ottoman Past, Turkish Present, and Collective Violence against the Armenians, 1789-2009, 2014:
12.- «Խոստում»-ի մէջ Միքայէլի հայ կինը:
13.- Որ գրած է ժապաւէնի անորոշ որակի երաժշտութիւնը:
14.- Որ վկայութիւն տուած է Թեհլիրեանի դատավարութեան ընթացքին:
15.- Armenian Weekly, 7 յունիս 2013, The Case Against Legitimizing Genocide Deniers: Scholars Speak Up, http://armenianweekly.com/2013/06/07/the-case-against-legitimizing-genocide-deniers-scholars-speak-up/
16.- https://s3.amazonaws.com/tribeca_cms_production/uploads/document/document/58d6c163c39c133197000008/Intent_to_Destroy_presskit_FINAL_-_TFF_2017.pdf