ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Իշխանափոխութիւն.- «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնը անկիւնադարձային էր: Հիմնադիր վեթերան սպայակազմը փոխարինուած է շատ երիտասարդ տարրերով, որոնց ճնշող մեծամասնութիւնը (15/20) իգական սեռին կը պատկանի: Փառատօնի տնօրէն Յասմիկ Յովհաննիսեանը (կանաչ վարսերով) ուսանած է տնտեսագիտութիւն, ապա երկու տարի Շուէտի մէջ հետեւած է շարժապատկերի արտադրութեան դասընթացներու: Սեփականատէրն է «HY pictures» (Հայ շարժապատկեր) կազմակերպութեան: Մասնագիտական զարգացած հարթակի (GAIFF Pro) տնօրէն Սոնա Կարապօղոսեանը 2015-ին աւարտած է Երեւանի համալսարանի թրքագիտութեան բաժինը: Միջազգային բաժնի ղեկավար Վարեա Յովհաննիսեանը կու գայ Eurasia Partnership կազմակերպութենէն, որուն մասին նախապէս բազմիցս ահազանգած եմ: Ծրագիրներու վարիչ Կարէն Աւետիսեանը լրագրող-հաղորդավար մըն է: Սպայակազմի վերին խաւը պորտակապ չունի շարժապատկերի եւ առհասարակ գեղարուեստական աշխարհի հետ:
«Ոսկէ ծիրան»-էն ներս կատարուածը մանրապատկերն է այն գործընթացին, որ կը տեսնենք Հայաստանի ամբողջ տարածքին: Վարչական աթոռները կը յանձնուին կանաչ ցոգոլ տարրերու, որոնց գլխաւոր առաքինութիւնը այն է, որ շուկայամէտ եւ արեւմտամէտ են, մեծաւ մասամբ պատրաստուած` ամերիկեան հաստատութիւններու մէջ: Ի դէպ, այս տարի փառատօնի «Logo»-ն (պատկերանշան) անգլերէն է, հայերէն տարբերակ չունի: «Սերնդափոխութիւնը ձեւական չի,- կը յայտարարէ Կ. Աւետիսեանը,- բովանդակային փոփոխութիւններ են եղել: Մարկետինգային (շուկայադրական) ռազմավարական քայլեր ենք արել» (1):
Ներկայ իշխանութիւնը նոյնիսկ աւելի անտարբեր է մշակոյթի հանդէպ, քան` նախորդը: Մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արայիկ Խզմալեանը յայտնեց, որ նախարարութիւնը «հաղորդակցութեան հարց» ունի փառատօնի կազմակերպիչներուն հետ: Իսկ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը խոստովանեցաւ, որ` «չի հասցրել որեւէ շարժանկար նայել»: Երկու յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ պետութիւնը հետաքրքրուած չէ փառատօնով:
Նախորդ ակնարկներու վերնագիրները ցոյց կու տային, որ վայրէջքը սկսած էր առ նուազն հինգ տարի առաջ (2, 3, 4, 5, 6): Խորքին մէջ այն, ինչ կատարուեցաւ այս տարի, ոչ թէ յեղակարծ անկիւնադարձ էր, այլ` անկիւնադարձի պաշտօնականացում: Կրկնութեան գնով կը յիշեցնեմ, որ անցեալ տարի Ատոմ Էկոյեանը հրաժարած էր «Ոսկէ ծիրան»-ի պատուոյ նախագահի հանգամանքէն: Արսինէ Խանճեանը բացայայտօրէն մտահոգութիւն յայտնած էր փառատօնի «բարոյական ընթացք»-ին մասին: «Ոսկէ ծիրան»-ի հիմնադիր Յարութիւն Խաչատրեանը հրաժարած էր փառատօնի նախագահի պաշտօնէն: Դժուար է հաւատալ, որ Խաչատրեանը յանկարծ կամովին որոշած լքած է ի՛ր ստեղծած փառատօնը, իր հոգեհատորը: Կը թուի, թէ կը գտնուի գերադաս ուժի (force majeure) յանդիման եւ այս կամ այն պատճառով որոշած է հաշտուիլ կացութեան հետ: Իրեն հետ իմ ունեցած հակիրճ նամակագրութիւնը նոյնպէս այդ կը թելադրէ:
Ամէնէն մտահոգիչ հանգամանքը այն էր, որ «Հայկական համայնապատկեր» բաժինը, որ փառատօնի սիրտն էր, դուրս բերուած է ծրագիրէն: Անցեալ, ինչպէս եւ ներկայ տարեշրջանին Հայաստանի մէջ չէ արտադրուած որեւէ երկարամեթրաժ որակաւոր խաղարկային ժապաւէն: Սրտցաւ վեթերան դերասան-բեմադրիչ Աշոտ Ադամեանի բառերով. «Ինչպէս մեր պետութեան բոլոր համակարգերը, այնպէս էլ շարժապատկերը ուժգին հարուած է ստացել եւ այժմ գտնւում է բաւականին խարխլուած վիճակում» (7,8):
Ծրագրային.- Կատարուած են հետեւեալ փոփոխութիւնները.
Ա.է «Հայկական համայնապատկերը փոխարինուած է «տարածաշրջանային համայնապատկեր»-ով: Ի գիտութիւն անգիտաց նշեմ, որ այդ կը ներառէ Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան: Նախապէս նշած եմ, որ օտար ֆոնտերու ծրագիրները այնպէս ձեւաւորուած են, որ մեծապէս կը քաջալերեն «համատեղ» արտադրութիւնները: Նպաստը անհամեմատ կ՛աճի մասնակից երկիրներու թիւին հետ: Նիւթապէս ամենանպաստաւոր գործակցութիւնը ազերի-վրաց- թուրք-հայ խմբաւորումը կրնայ ըլլալ: Պատեհապաշտներ բոլոր երկիրներու, միացէ՛ք:
Բ.- Վերացուած է ժապաւէններու վաւերագրական – խաղարկային դասաւորումը: Ասիկա ունի իր տեսական եւ գործնական երեսները: Կարէն Աւետիսեանը կը լուսաբանէ, որ «ժամանակակից շարժապատկերում վաւերագրականի ու խաղարկային ժանրայինի առանձնայատկութիւնները ջնջուած են»: Ասիկա յետարդիական մօտեցում է: Այդտեղ կը ներկայացուին սուտի ու իրաւի շփոթ խճապատկերներ: Չկայ հաւաստիք, չկան հաւատալիքներ: Նման մօտեցում գլխովին հակադիր է ընկերային կամ ազգային հարցերու յանձնառու շարժապատկերի:
Գործնական գետնի վրայ կազմակերպողները կը պատճառաբանեն, որ իրենց նպատակը եղած է այսպիսով քաջալերել վաւերագրական շարժապատկերը: Պարզ չէ, թէ դատակազմը ի՛նչ չափանիշներով պիտի բաղդատէ վաւերագրական եւ խաղարկային ժապաւէնները: Կը կարծեմ, որ այս խառնաշփոթը մէկ ու միակ միջոցը չէր քաջալերելու համար վաւերագրականը: Ի դէպ, կարճամեթրաժ վաւերագրական ժապաւէնի քաջալերումը նպաստաւոր է այն բազմաթիւ աղջնակներու, որոնք թեթեւ միջոցներով զինուած` կը շրջագային եւ կը նկարեն այն, ինչ որ պատահի:
Գ.- Վերը նշուած պատճառներով շեշտուած է «Մէկ քատր մէկ րոպէ» մրցանքը, ուր կը ներկայանան շատ կարճ սիրողական ժապաւէնները: Ասիկա, անշուշտ, բացառիկ առիթ է նիւթական միջոցներէ զուրկ սկսնակ երիտասարդներու համար: Շա՛տ բարի:
Դ.- Նոյն ուղղութեամբ յաւելուած է փորձառական ժապաւէններու «Ծուռ ծիրան» ծրագիրը: Ազգային Կինօ կեդրոնի օրկան «Կինօ Աշխարհ»-ի վերլուծաբան Նաիրա Փայտեանը կը կարծէ, թէ այդ եւս քայլ մըն է ի նպաստ «համարձակ» աղջնակներու, որոնք ակնբախօրէն «Ոսկէ ծիրան»-ով խանդավառուած երիտասարդներու մեծամասնութիւնը կը կազմեն: Պարզ է, որ անուանումը քաղաքական շահարկում մըն է «Սասնայ ծռերու» աւանդին: Այդ, ցաւօք, չէ՛ր արդարացուած: Այս սեռի ներկայացուած ժապաւէններէն եւ ոչ մէկը կ՛առնչուէր Հայաստանի մէջ կատարուող ճակատագրական իրադարձութիւններուն (9):
Ե.- Փոխուած է տիրող մտայնութիւնը: Ըստ Յասմիկ Յովհաննիսեանի, բոլոր միջոցառումները դարձած են նուազապաշտ (minimalist): Գործածական լեզու դարձած է «Chat»-ի բարբառը (10): Նոր կարգախօսերն են` հանդուրժողականութիւն ազատամտութիւն եւ տարածաշրջանային գործակցութիւն: Հանդուրժողականութիւնը դրսեւորուեցաւ կարճամեթրաժ «Արծաթ ծիրան»-ը յանձնելով վրացական ժապաւէնի մը, որ կը պատմէր որձեւէգի մը տուայտանքները («Հասարակութեան գերին», Ռաթի Ցիթելածէ): Այս համահունչ է «Իսթանպուլեան կոնվենցիայի» (համաձայնագիր) ոգիին: Ի դէպ, ժապաւէնը 2018-ի նոյեմբերին այստեղ ցուցադրուած է NDU համալսարանի կազմակերպած փառատօնի ծրագիրէն ներս: Գործակցութեան ոգին դրսեւորուեցաւ` ցուցադրելով ազրպէյճանական ժապաւէն մը, որ կը պատմէ այդտեղ ապրող ռուսական աղանդի մը մասին («Ղապրիստանի մոլոկանները», Saglara Tyurbeeva): Երկու հարցայարոյց երեւոյթները դիմակալուեցան թոյլ ու սեղմ բողոքներով:
Զ.- Ուռճացուած է «մեծարանք»-ի արտամրցութային հատուածը, ուր լուսարձակը կը կեդրոնանայ վաստակաւոր բեմադրիչի մը վրայ: Այս տարի ընտրուած էր Արթուր Արիստակէսեանը (1961- ), որ թմրամոլ ոգեհարց մըն է (11): Արտադրած է լոկ երկու ժապաւէն` «Ափեր» (1994) եւ «Տեղ երկրի վրայ» (2001): Ընտրութիւնը մեկնաբանելի է:
Մրցանակներուն չեմ ուզեր անդրադառնալ, որովհետեւ պարզապէս թելադրուած են նկատառումներէ, որոնք կը թուին, թէ առնչութիւն չունին գեղարուեստի եւ կամ հայկական բներգներու հետ: Բոլորը արդէն իսկ մրցանակներ ստացած են այլ փառատօներու մէջ: Բացի այդ` արդիւնքները բազմիցս հրապարակուած են:
Թերեւս հետաքրքրական է այն երեւոյթը, որ մաքրաբարոյ յեղափոխական վարչապետի մրցանակը շնորհուեցաւ նորակազմ KINOKET (կինօ գէ՞տ) ընկերութեան միակ արտադրած ժապաւէնին, որ կը կոչուի «Ծուղակ»: Անցեալ մարտին կառավարութիւնը «Հայֆիլմ» սթիւտիոներու տարածքը յանձնեց այս ընկերութեան, որ խոստացած է 2,5 միլիոն եւրօ ներդրում ընել: Պարզ չեն, սակայն, այդ ներդրումի ժամկէտներն ու պայմանները: Պարզ չէ նաեւ, թէ ընկերութեան դրամագլուխի ո՛ր տոկոսն է հայկական եւ որը` օտար: Նոր ահազանգ. Գաֆէսճեանի աղէտալի պատմութիւնը կը կրկնուի: Կը թուի, թէ ժապաւէնի «Ծուղակ» (The Trap, թակարդը) վերնագիրը իմաստալից է…
Ժապաւէններ.- Փառատօնը ստացած է աւելի քան 7 հարիւր հայց: Ցուցադրուած են 120 մեծաւ մասամբ կարճամեթրաժ ժապաւէններ: Ի դէպ, հայ բեմադրիչներուն 70 տոկոսը մանկամարդուհիներ են: Այս նման է անոնց ներկայութեան փառատօնի վարչութեան մէջ: Զուգադիպութի՞ւն: Պիտի անդրադառնամ միայն հայկական, թուրք-ազերիական եւ պարսկական այն ժապաւէններուն, որոնք որոշ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն:
Հայկական.-
Ա.- «Դեկտեմբեր».- Աչքառու ժապաւէն է Արման Յովհաննիսեանի վաւերագրական «Դեկտեմբեր»-ը, (22 վ.), որ ցոյց կու տայ «Իմ քայլը» շարժումի ընտրարշաւը Երեւանէն 47 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Մրգաշատ աւանին մէջ: Յոյժ զարմանալիօրէն այդ միակ ժապաւէնն էր, որ կ՛առնչուէր Հայաստանէն ներս կատարուող ճակատագրական իրադարձութիւններուն: Ժապաւէնը դիտած եմ բեմադրիչին թոյլտուութեամբ:
Բացման «բանալի» տեսարանին մէջ գիւղի գլխաւոր, բայց ցեխոտ ճամբու վրայ թափառող անատամ բիձա մը մեծ ոգեւորութեամբ կը կրկնէ, թէ աշխարհ եկած են լոկ երկու իսկական յեղափոխականներ. առաջինը Լենին պապիկն էր, որ այժմ չկայ, իսկ երկրորդը` Փաշինեանը: Անկախ Լինինի հանդէպ իր քաղաքական դիրքորոշումէն` հանդիսատեսը կը հասկնայ, որ այդ սեւ հումոր է: Պատմութիւնը, այո՛, ինքզինք կը կրկնէ … բայց` որպէս զաւեշտ: Ժապաւէնը ցոյց կու տայ «յեղափոխութեան» ներշնչած բարերկրութիւնը (euphoria) սկզբնական օրերուն:
Անմիջապէս ետք (ուղղակի մոնթաժ) կը տեսնենք գորշ երկնքի տակ լքուած դաշտեր եւ անտէր ոչխարներու հօտ մը: Կը լսենք հողմի ոռնոց-ողբը, ինքնաշարժի աղմուկ, ապա` անհասկնալի խօսակցութիւն: Ի դէպ, ձայնը կարեւոր դեր կը խաղայ Արման Յարութիւնեանի ժապաւէնին մէջ:
Ընտրարշաւի քարոզչախումբը կը մտնէ գիւղի ցեխոտ ու ամայի գլխաւոր ճամբան: «Իմ քայլ»-ի դրօշը ուսին` կը քալեն ջարդուած ինքնաշարժներու կողքէն: Գորշ պատի ետին հազիւ կը տեսնենք համեստ մատուռի մը խաչը: Երկինքը դուրս մնացած է անցուդարձէն: Թեկնածու Թագուհի Ղազարեանը, բարձրախօսը ձեռքին, անդուլ կը կրկնէ «Իմ քայլ»-ի լոզունգները եւ կը յորդորէ … ամայութիւնը, որպէսզի քուէարկէ յօգուտ «յեղափոխութեան»: Կը տեսնենք արշաւախումբի այլ անդամ մը, որ նոյնպէս բարձրախօսով կը յորդորէ … ամայութիւնը: Գորշ տուներէն դուրս կու գայ շուն մը եւ կը հեռանայ հակառակ ուղղութեամբ: Գիւղի մը մէջ, ուր մանկապարտէզը երեսուն տարի փակ մնացած է, կը տեսնենք մանուկ մը, որուն սորվեցուցած են «դուխ»-ական գովերգ: Կամակոր ինքնագլուխ պատանի մը, սակայն, կը մերժէ երգել…
Անտէր ոչխարներու շարան մը կը քալէ ճամբու եզրին: Անմիջապէս ետք (կրկին ուղղակի մոնթաժ) կը տեսնենք անդէմ-անգլուխ սեւազգեստ տղամարդոց խումբ մը, որ կը դիտէ մսագործ մը, որ կը յօշէ անասուն մը: Սեղանի մը շուրջ նոյնպէս անգլուխ մարդիկ կը թերթատեն «Իմ քայլ»-ի ընտրական պրոշիւրները: Բեմադրիչը դիմած է պարզ խորհրդանիշներու, որովհետեւ իր ասքը կ՛ուղղէ շարքային հանդիսատեսին, այլ ոչ` քմահաճ «կինոֆիլ»-ներու: Ժապաւէնը գեղարուեստական խռովարարութիւն մըն է:
Գիւղական «քէֆ» մը կը վերածուի նիկոլական քարոզարշաւի: Կը լսենք քաղաքական տհաս բաժակաճառեր` համեմուած ցեղամոլութեամբ, որ այժմ, ցաւօք, համատարած ախտի վերածուած է Հայաստանի մէջ: Ծերունի մը իր շան հետ գլխահակ ու կաղալով կը հեռանայ, մինչ (անտեսանելի) հրաւիրեալները կը գոչեն` «Դուխո՛վ, դուխո՛վ»:
Աւարտական տեսարանը հեռատեսիլի լուրերն են: Կը ծրագրուի աղբը շահարկել (խորհրդանշական): Վերջին պատկերին մէջ կը տեսնենք տիկնիկներ: Արտապատկերային (diagetic) ձայնը կ՛ըսէ` «Անոնք կը հաւատան հեքիաթներու»: Կրկին սեւաթոյր հումոր:
Ժապաւէնը սեւ ու սպիտակ է, ինչ որ կը շեշտէ գորշ մթնոլորտը: Բեմադրիչը նաեւ լուսանկարիչ մըն է: Այս ակնյայտ է քատրերու գեղեցիկ կազմութեան ընդմէջէն: Գործը որոշ նմանութիւն ունի հունգար բեմադրիչ Պելա Թարի (1955 -) «Սատանայի թանկոն» (Sátántangó , 1994) խաղարկային ժապաւէնին, որ կը խօսի յետխորհրդային տարիներու թշուառութեան եւ քաղաքական սադրանքներուն մասին: Ցաւօք բեմադրիչը Թարր-է առած է նաեւ անոր նիհիլիզմը (ոչնչապաշտութիւնը), ան չի հաւատար որեւէ յեղափոխութեան: Տեսակցութեան մը ընթացքին կ՛ըսէ, որ յեղափոխութիւնը պարզապէս հին չինովնիկները կը փոխարինէ նորերով: Շարժապատկերի աշխատողներու միութիւնը իր` «Լաւագոյն առաջնեկ (debut) ժապաւէն»-ի մրցանակը յանձնեց Արման Յարութիւնեանին:
Բ.- «Նառառա եւ Կիկօ» (2018, 43 վ) բեմ.` Յասմիկ Գասպարեան.- Շատ գեղեցիկ ժապաւէն մը, որ կը ներկայացնէ Նաիրա (Նառառա) Մուրադեանի աշխարհը: Ժապաւէնը դիտած եմ բեմադրիչին թոյլատուութեամբ: Նառառա կը պատրաստէ գծանկարային ժապաւէն մը, որ ներշնչուած է Զահրատի «Համառօտ կենսագրութիւն Կիկոյի» համեմատաբար երկար բանաստեղծութենէն (10): Կիկօ Զահրատի «փոքր» մարդն է, որ կ՛ապրի հսկայ քաղաքին մէջ: Նկարչուհին Պոլիսը երբեք չէ տեսած, զայն կ՛երեւակայէ ըստ Արա Կիւլերի լուսանկարներուն: Բանաստեղծութեան «դիպաշարը» չէ պահպանուած:
Կիկօ մարդոց կը նայի «կամուրջի վրայէն», այսինքն` բարձր դիտանկիւնէ: Պոլսոյ մէջ ապրող հայը պարտաւոր է «վերանալ», այլապէս կեանքը պիտի թունաւորուի ատելութեամբ: «Կրնա՞ս թռչիլ, Կիկօ՛» կը հարցնէ Արա Կիւլեր: (Կողքի պատկերին մէջ ձախին կանգնած ոսպնեակ դէմքով մարդը): Կիկօ կը թռչի քաղաքի վրայ: Վերէն դիտուած բոլոր տուները իրարու նման են:
Բոլոր տուները իրարու կը նմանին
Բոլոր տնեցիները` իրարու
Բացման տեսարանին մէջ կը տեսնենք Զահրատի վերէն դիտուած «իրարու նման» տուները: Բացի այդ`
Կիկօ աչքերուն ակնոց է առեր,
Ուր որ կը նայի, կապոյտ կը տեսնէ
Ժապաւէնին մէջ կը տեսնենք Կիկոյի նախագիծէն կարճ հատուածներ միայն, հետեւաբար, պարզապէս ժապաւէնէն դատած, կարելի չէ վերծանել կարգ մը այլաբանական պատկերներ, ինչպէս` գլորող կանաչ կաղամբներ: Ի դէպ, արուեստագիտուհին փոխած է նաեւ ակնոցին գոյնը: Կիկոյի ամբողջական ժապաւէնը դիտելու հաճոյքը ունեցած եմ: (Տես https://www.youtube.com/watch?v=6-fSdKpG5mg)
Գասպարեանի ժապաւէնը ցոյց կու տայ նաեւ Նառառայի անձնական կեանքը: Կը տեսնենք անոր 90-ամեայ հայրը, որ գրեթէ խուլ է, բայց կենսունակ կ՛ապրի բնութեան մէջ եւ կը շարունակէ իւղանկարել … կիսամերկ, ինչպէս` Փիքասօ … Պատուհանէն դուրս (Ձորաղբիւրի) բնութիւնը կը դիտէ նոյնիսկ գաճէ կիսանդրին: Կան լուռ եւ անշարժ պահեր, որոնք հանդիսատեսը կը մղեն խորհրդածութեան: Նաիրա կարճ կը խօսի իր երեք զաւակներուն մասին: Պատին վրայ թանկարժէք, բայց հնամաշ փոքր հայելի մը կը թելադրէ, որ Նաիրա ե՛ւ կին է, ե՛ւ տղամարդ: Մենք չենք տեսներ անոր ամուսինը: Բացման տեսարանին մէջ կը տեսնենք տան զառամած գամփռը` «Կոտօ»-ն (այո՛, Godot): Փակման տեսարանին մէջ Նառառա կը կերակրէ նորահաս շնիկ մը: Ի հարկէ` խորհրդանշական պատկերներ:
Գ.- «Անպէտութեան դիւանագէտը» (2018, 79 վ. Մ. Նահանգներ) Բեմադրիչներ` Միմի Մալայեան եւ Արթուր Մուրադեան: Ժապաւէնը դիտած եմ Մալայեանին թոյլատուութեամբ: Վաւերագրութիւնը կը ներկայացնէ Նոր Ջուղայէն Ճափոն գաղթած վաճառականի մը կանուխ այրիացած կնոջ` Տիանա Աբգարի (1859-1937) ճիգերուն մասին` օգնելու համար հայ տարագիրներուն: Մալայեան Աբգարի ծոռն է: Աբգար իր նամակներով, յօդուածներով եւ գրականութեամբ փորձած է օտար պետութիւններու ուշադրութիւնը գրաւել: Այս աշխատանքին մէջ ներգրաւուած է Ատանայի ջարդէն ետք (1909): Աբգարի հիմնական աշխատանքը եղած էր շուրջ վեց հարիւր գաղթականներ փոխադրել դէպի Միացեալ Նահանգներ: Անոնք դանդաղօրէն Սիպերիոյ ծայրամաս Վլատիվոսթոքի մէջ գտնուող ամերիկեան Կարմիր խաչի կեդրոնը կը հասնէին նախքան խորհրդային կարգերու հաստատումը: 22 յուլիս 1920-ին Համօ Օհանջանեան Աբգարին կը շնորհէ պատուաւոր հիւպատոսի տիտղոս: Այդ թերեւս առնչուած էր այն հանգամանքին, որ Աբգար խանդավառուած էր Ուիլսընի ծրագրով: Ուիլսըն կ՛առաջարկէր ամերիկեան խնամատարութիւն հիմնել ծովէ ծով Հայաստանի մը մէջ: Աբգար կը ջատագովէր գաղթականներու բնակեցումը ուիլսընեան Հայաստանի մէջ: Բայց նոյնինքն ամերիկեան ծերակոյտը մերժեց Ուիլսընի ծրագիրը: Երբ Հայաստան դարձաւ խորհրդային, Աբգար ամէն ինչ կորած սեպեց եւ գաղթականները ուղղեց դէպի Միացեալ Նահանգներ:
Ժապաւէնը կազմուած է վաւերագրական լուսանկարներէ եւ տեսերիզներէ, որոնք ագուցուած են գծագրային շարժապատկերներով եւ պատումով: Պատրաստուած է գլխաւորաբար ամերիկացի հանդիսատեսին համար: Իր պարզամիտ մօտեցումով, թէեւ` ոչ նկարչական ոճով, կը յիշեցնէ «Յօշոտուած Հայաստան» ժապաւէնին յաւելուած պատկերազարդ գրքոյկը: Հարցը կը ներկայացուի կրօնական տեսանկիւնէ: Ատանայի ջարդը կը վերագրուի մոլեռանդ իսլամներու: Համիտեան ջարդերը անտեսուած են:
Նկարիչները, հետեւաբար եւ նկարչական ոճը օտար են: Եկեղեցիներն ու հոգեւոր մարդիկ անզանազանելի են ամերիկեանէն, թէեւ արտապատկերային ձեւով կը լսենք կարգ մը առաքելական շարականներ:
«Անպէտութիւն» բառը երկիմաստ կը հնչէ: Թերեւս աւելի ճիշդ կ՛ըլլար «The Stateless Diplomat» վերնագիրը թարգմանել «Դիւանագէտ` առանց պետութեան»: Ժապաւէնը ունի Արթուր Մուրադեանի բեմադրութեամբ տարբերակ մը, որ կը կոչուի «The Lost Diplomat» (Կորուսեալ դիւանագէտը):
Դ.- «Ասք ցաւագար պարտիզպանի մասին» (Tale of the Anguished Gardener, 2019 16վ.).- Բեմադրիչ Ովսաննա Գէորգեան նոյնպէս ամերիկահայ է: Անցեալին ընտրուած է «Հայաստան-Թուրքիա շարժապատկերի հարթակ»-ին կողմէ: Հեղինակած եւ բեմադրած է 7 կարճ ժապաւէններ: Բներգը ներշնչուած է յունական «Մետէա» առասպելէն: Մետէա այն կախարդ իշխանուհին է, որ օգնած էր Եասոնին` յաղթելու վիշապին եւ ձեռք բերելու Ոսկէ գեղմը: Երբ կը բացայայտուի Եասոնի դաւաճանութիւնը, Մետէա դաժան վրէժ կը լուծէ` ի միջ այլոց սպաննելով Եասոնէն ունեցած իր հարազատ երկու զաւակները: Ժապաւէնէն առնուած քատրին մէջ կը տեսնենք անոր արիւնոտ ձեռքը: Բներգին ընտրութիւնը ի հարկէ յոյժ մեկնաբանելի է հոգեբանական առումով: Մետէա մարտական ֆեմինիզմի խորհրդանիշ է: Այստեղ կը թուի ներկայացուած ըլլալ որպէս սեւատամ չար ոգի: Ժապաւէնին մէջ այս առասպելէն հալածուած քսանամեայ Մարիան (քանատահայ Թամարա Սեւունց) ապաստան կը գտնէ իր լեռնցի մեծ հօր մօտ (ի հարկէ` խորհրդանշական) եւ հոգեկան խաղաղութիւն կը գտնէ բնութեան հետ հաշտուելով: Տեսարանները նկարուած են Արագած լերան վրայ: Սեւունց 2017-ին խաղացած էր անառակ որդիի (Հին կտակարան) մը մահամերձ մօր դերը Ովսաննա Գէորգեանի գրած եւ բեմադրած «Այլեւս տուն չես կարող վերադառնալ» նոյնպէս կարճամեթրաժ ժապաւէնին մէջ:
Բեմադրիչը չկամեցաւ տրամադրել ժապաւէնը: Ծանուցողական երիզէն դատած` Գէորգեան կը փորձէ սահմանափակ միջոցներով ստեղծել խորհրդաւոր մթնոլորտ: Նախաքրիստոնէական առասպելները կը թուին դիւթած ըլլալ բեմադրիչը: Կողքի ինքնանկարը առնուած է Գէորգեանի դիմատետրեան էջէն (www.ovsannagevorgyan.com/directors-reel.html):
Ե.- Ներկայացուած հայկական ժապաւէններու շուրջ քիչ մը աւելի լաւ պատկերացում ունենալու համար կարելի է շատ արագ նշել եւս չորս գործեր.
- «Դատը», բեմադրիչ` Լիլիթ Մովսիսեան, 22 վ: Եկեղեցի կառուցող (խորհրդանշական) 11 բանուորներ տղեկ մը կ՛ամբաստանեն իրենց ամսավճարները գողնալու յանցանքով: Իւրաքանչիւրը իր անձնական դժբախտութեան պատասխանատուն այդ տղեկը կը նկատէ: Ժապաւէնին հիմնական բներգը ակնյայտ կրկնութիւնն է Սիտնի Լիւմէի
գլուխ գործոց «12 զայրացած մարդիկ» (1957) ժապաւէնին, որ հիմնուած է Ռեճինըլտ Ռոզի նոյնանուն թատերգութեան վրայ (1954): Դատակազմի 12 անդամներէն 11-ը, ինչպէս` 11 բանուորները, «զայրացած» են: Թատրերգութիւնը Պերճ Ֆազլեանի բեմադրութեամբ Պէյրութի մէջ բեմ բարձրացած է 1971-ին (տե՛ս կողքի լուսանկարը): Բեմադրիչը համաձայն չէր տրամադրել ժապաւէնը: Հասանելի չէ նոյնիսկ ծանուցողական տեսերիզ:
2, 3, 4. Սոնա Սիմոնեանի «Մեծ սպասելիքներ»-ը կը պատմէ իր մանուկ հասակի իր սեփական փորձառութիւնը` Սպիտակի երկրաշարժի օրերուն: Յ. Վիքթոր Զատիկեանի «Տամակոչի»-ն խորհրդանշական անհեթեթ պատմուածք մըն է, ուր հերոսը դուրս կու գայ փոքր գնումի մը համար: Վերադարձին կը տեսնէ, որ իր տունը անճանաչելի դարձած է, լեցուած` անծանօթ դէմքերով: Մարտին Պօղոսեան-Եփրեմեանի «Սերիական» մարդասպանը առանձին մարդ մըն է, որ գերի դարձած է հեռատեսիլի «սերիալներու»-ն: Ուղղակի կը դիմէ հանդիսատեսին եւ շնականօրէն (cynic) կը խօսի այլազան թապու նիւթերու շուրջ: Ժապաւէնը հաւանաբար ծանակ մըն է հայկական հեռատեսիլի անմխիթար վիճակին:
* Ցոգոլ կը նշանակէ խակ ծիրան կամ սալոր։
31 յուլիս 2019
- Հարցազրոյց, «Կինօ աշխարհ», 9 յուլիս, 2018:
- Փոքր ածուի ծիրանը «Ազդակ», 12 օգոստոս 2014:
- Փոքրացող ածուի ծիրանը Ա. եւ Բ. «Ազդակ», 20 եւ 21 օգոստոս 2015:
- Փոքրիկ ածուի ծիրանը Ա. եւ Բ. «Ազդակ», 31 օգոստոս եւ 1 սեպտ. 2016:
- Թօշնող ծիրանի հեւքը , «Ազդակ», 29 յուլիս 2017:
- Յօտուած ծիրանին, «Ազդակ», 4 սեպտեմբեր 2018:
- Նաիրա Փայտեան, «Խելամիտ փոփոխութիւնների հակուած «Ոսկէ ծիրանը», «Կինօ աշխարհ», 24 յունիս 2019:
- Կարինէ Ռաֆայելեան, «Տեսակցութիւն Յասմիկ Յովհաննիսեանի հետ», «Իրատես», 12 յուլիս 2019:
- Արփի Խաչատրեան, «Մէկ կադր մէկ րոպէ», «Կինօ աշխարհ», 10 յունիս 2019:
- www.digilib.am/book/1009/1034/25435/?lang=en
- «Կինոն նկարում են ոգիները…» հարցազրոյց, «Կինօ աշխարհ», 2 յուլիս 2019: