ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
«Ոսկէ ծիրան» 17-րդ փառատօնը հասկնալիօրէն կայացաւ առցանց: Ցուցադրուեցան միայն 19 երկարամեթրաժ ժապաւէններ, որոնցմէ ոչ մէկը հայաստանեան արտադրութիւն էր: Նկատելի ներկայութիւն ունէր Գերմանիան (4 ժապաւէն): Ռուսիոյ ներկայութիւնը նուազած էր մէկի (1): Պիտի անդրադառնամ միայն այն երկու ժապաւէններուն, որոնք հայկական առնչութիւն ունին:
Ա.- «Ազնաւուրը Շարլի աչքերով» («Le regard de Charles» /«Aznavour by Charles»), Marc di Domenico, 75վ, 2019, Ֆրանսա:
Ժապաւէնի գլխաւոր հում նիւթը կը կազմեն այն երիզները, զորս Ազնաւուր նկարած է իր կեանքի ընթացքին, սկսած այն օրէն (1948), երբ Էտիթ Փիաֆ նուիրած էր քամերա մը: Ազնաւուր (1924-2018) իր մահէն երեք տարի առաջ ցանկութիւն յայտնած է այդ նիւթերը վաւերագրական ժապաւէնի վերածել: Բեմադրիչը սկսած է ինք եւս նկարել… Ազնաւուրը: Ժապաւէնի բներգը Ազնաւուրի անձն է, անոր անսասան ինքնավստահութիւնը եւ հաւատքը` ինքն իր կարողութիւններուն եւ իմաստութեան հանդէպ (2, 3):
Բ.- Պատուոյ հիւրը (Guest of Honour) Ատոմ Էկոյեան,105 վ, 2019, Քանատա: Ինչպէս վերի նկարը կը թելադրէ, ժապաւէնը վարպետ բեմադրիչին կողմէ կազմակերպած խաղ մըն է, մտային վարժութիւն (exercise) մը, որուն խորհրդանիշն է զառամած նապաստակ մը: Ժապաւէնը նախորդ շաբաթներուն բեմադրիչի ներկայութեան ցուցադրուեցաւ Քանատայի հայկական «Նուռ» (Pomegranate) փառատօնի ծիրին մէջ:
Դիպաշարը խճճուած բաւիղ մըն է, հանելուկ մը, որուն լուծումը առաւել եւս կը բարդանայ ներկայացման ոճին պատճառով: Դէպքերը օրինաչափ չեն զարգանար, յիշողութեան փայլատակումներ (flash back) կը ծագին մէջ մէջի, ռուսական մաթրուշքաներու նման (4): Ահաւոր գաղտնիք մը կը մնայ ներքեւի կղպուած (խորհրդանշական) գզրոցի մէջ:
Վերոնիքա` երիտասարդ կին մը, նոր դուրս եկած է բանտարկութենէ եւ իր հօր թաղման համար կը խորհրդակցի իրեն անծանօթ կրօնականի մը հետ: Այդ ընտրութիւնը իր հօր անհասկնալի փափաքն է: Կրօնականը կը փորձէ տեղեկութիւն ունենալ հանգուցեալին մասին, որպէսզի կարենայ իր դամբանականը պատրաստել: Եւ այդպիսով կը յայտնուի հոգեհարցի դերին մէջ: Առաջին իսկ տեսարանով Էկոյեան հանդիսատեսը կը փոխադրէ դէպի իր ժապաւէնները յատկանշող ոլորտը. հոգեբանական մշուշ, խոցեր, իրականութեան խմբագրուած ընկալում… Թերեւս այդ պատճառով արտադրութեան ընկերութիւնը կոչած է «Ego Film Arts» (5):
Վերոնիքա առանց ինքնապաշտպանութեան` ընդունած էր իր պատանի ուսանողը բռնաբարած ըլլալու դատավճիռը: Ամօթալի յանցանք մը, զոր չէ՛ր գործած: Կամաւոր բանտը խորհրդանշական է: Կինը կը մեկուսանայ եւ ինքզինք կը պատժէ քաւելու համար իր անցեալի՛ մեղքերը: Վերոնիքա պատասխանատու է երկու անձերու մահուան: Բացման եւ փակման տեսարաններուն մէջ դպրոցական նուագախումբ մը կը կատարէ նոյն սարսռացնող մեղեդին: Այդ յօրինումն է նոյնինքն Վերոնիքայի, երբ աղջնակ մըն էր: Յօրինուած է այն պահուն, երբ աղջնակը սկսած էր հաւատալ, որ հայրը երաժշտութեան ուսուցչուհիին հետ կը դաւաճանէ իր մահամերձ մօր: Յոգնած ուսուցչուհին քնացած պահուն կը մեռնի հրդեհի մէջ: Մանուկ Վերոնիքա կրնար իր ուսուցչուհին արթնցնել եւ փրկել: Բայց բոցերու (դժոխքի՞) ճարակ դառնալը արդար պատիժ կը համարէ: Ուսուցչուհիի որդին, որ կարգադրուած էր ըլլալ միակ «դասընկեր», առաջին պահէն կը սիրահարի Վերոնիքայի: Տարիներ ետք, պատանի տարիքին, անձնասպանութիւն կը գործէ, երբ կը բացայայտէ, որ Վերոնիքա անուղղակի կերպով սպաննած է իր մայրը: Անձնասպանութեան գործողութիւնը կ՛արձանագրէ տեսերիզի վրայ: Էկոյեան յաճախ տեսերիզը կը գործածէ որպէս «յիշողութիւն»:
Աւարտական տեսարաններուն մէջ կը պարզուի, որ կրօնականը կը ձեւացնէր անտեղեակ ըլլալ, որպէսզի կինը քայլ առ քայլ առաջնորդէ դէպի դէպքերու նոր մեկնաբանութիւն: Վերոնիքա շատ ուշ կը գիտակցի, որ դաւաճանութիւն տեղի չէ ունեցած, թէ` այդ յօրինուած յուշ է: Ուսուցչուհին եւ մայրը պատկանած են այդ եկեղեցւոյ ծուխին, եղած են մտերիմներ: Ուսուցչուհին փորձած է, ըստ կարելւոյն, օգնել մահամերձ կնոջ եւ հոգատար ըլլալ որբութեան դատապարտուած աղջնակին: Այդ պատճառով սկսած են երաժշտութեան դասերը:
Քահանան տեղեակ էր ամէն ինչէ: Ճիշդ այդ պատճառով հայրը խնդրած է, որ իր յուղարկաւորութիւն կատարուի ա՛յդ եկեղեցւոյ մէջ: Հայրը` Ճիմ, առողջապահական քննիչ մըն է, որ կը բռնանայ Քանատա ներգաղթած ճաշարանատէրերու վրայ: Արդեօ՞ք որովհետեւ ինք Քանատա գաղթած է իր սեփական ճաշարանը ունենալու երազանքով, բայց դարձած է լոկ ջղայնացուցիչ հսկիչ մը: Ճիմի ուղղամտութիւնը կը տատանի իր դստեր պատճառով: Յիշենք, որ «Արարատ»-ի մէջ օդակայանի ուղղամիտ քննիչը եւս տատանեցաւ որդւոյն պատճառով: Ճիմ դատապարտելի (incriminating) ապացոյցներ կը ցանէ ճաշարանին մէջ եւ ապա «կը յայտնաբերէ» զանոնք, որպէսզի ճաշարանատիրոջ պարտադրէ որ անոր թոռը, «բռնաբարուած» ուսանողը, իրականութիւնը խոստովանի: Այժմ չափահաս «սեռային զոհը» կը խոստովանի, թէ Վերոնիքայի փափաքն էր, որ ինք սուտ վկայութիւն տայ: Վերոնիքա դատապարտած էր ինքզինք:
Ճագարականք.- Նապաստակը ակնբախ կրկնուող խորհրդանիշ մըն է: Կը թուի, թէ Էկոյեան անոր վերծանումը դիտաւորեալ կերպով երկբայական (իմա` բազմա-բայական) դարձուցած է: Նապաստակը Վերոնիքային կը նուիրուի, երբ ան կը սկսի երաժշտական մասնաւոր դասեր ստանալ: Այն պահուն, երբ կը սկսին հօր յարաբերութիւնները երաժշտութեան ուսուցչուհիին հետ: Մենք երբեք չենք տեսներ, որ Վերոնիքա կը խնամէ նապաստակը: Նապաստակին կը տրուի Ս. Գրային անուն (բայց ինչո՞ւ): Վերոնիքա կարեւոր կը նկատէ քահանան տեղեկացնել, որ իր բացակայութեան ընթացքին հայրը խնամած է նապաստակը, որ հասած է արտասովոր խոր ծերութեան (6): Արդեօք ան կը փոխարինէր դստե՞ր, թէ՞ կը խորհրդանշէր ձգձգուող անորոշութիւնը, Վերոնիքայի անհասկնալի վարմունքը: Նապաստակը կը սատկի, երբ Ճիմ յայտնաբերած է Վերոնիքայի իսկական յանցագործութիւնը:
Քննիչը հայկական ճաշարանի (հայկակա՞ն… բայց ինչո՞ւ) մը մէջ կը տեսնէ նապաստակի ականջներ: (Նապաստակի՞… բայց ինչո՞ւ ոչ խոզի կամ ձիու): Ճաշարանատէրը (Արսինէ Խանճեան) կարճ շփոթէ ետք կը չքմեղանայ` «բացատրելով», որ այդ ականջները մասնաւոր, ոչ շահադիտական հաւաքոյթի մը համար կը պատրաստուին: Այդ ի հարկէ յանպատրաստից հնարք էր պատիժէ խուսափելու համար: Ճիմ նապաստակի դին տանի նոյն այդ ճաշարանը, որպէսզի ոտքերը զմռսեն «Good Luck» թալիսման պատրաստելու նպատակով:
Քահանան թալիսմաններէն մէկը կը պահէ իրեն, իսկ մնացեալները իր ձեռքով կը զետեղէ Ճիմի դագաղին մէջ: Բոլորովին հակաքրիստոնէական կարգ: Արդեօք խոցը հօր հետ պիտի անդարձ հեռանա՞յ: Ի՞նչ տրամաբանութիւն կարելի է գտնել այս բոլորին մէջ: Ըստ իս, նապաստակի խորհրդանիշը կատակ-խաղ մըն է բեմադրիչին կողմէ: Անգլիացիք պիտի ըսէին` «Կարմիր տառեխ» մը (a red herring), որուն նպատակն է երկրորդ կողմի կամ խօսակցի ուշադրութիւնը շեղել, մոլորեցնել: Յետարդիական դրոյթը այն է, թէ տրամաբանութիւնը միշտ չէ, որ կարող է կապեր հաստատել երեւոյթներու միջեւ, թէ` կարելի չէ ձեւաւորել կուռ համակարգ:
Հայկական անկիւն.- Նապաստակի ականջներ տապկող հայկական ճաշարանը թերեւս «էթնիք» փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ է (7): Արսինէ Խանճեանի կողքին դերեր վերցուցած են երեք այլ հայեր, որոնց շարքին` Հրանդ Ալիանաք (պատկերին մէջ խոհարարը), որ Խանճեանի հետ բեմ բարձրացած է Քանատա (8): Հապճեպ դասաւորուած հաւաքոյթի ընթացքին Ա. Խանճեան հայերէնով խօսք կ՛առնէ եւ ներկաներուն շնորհակալութիւն կը յայտնէ շտապ հրաւէրը ընդունելու համար: Կը բացատրէ, որ միջոցառումը կը միտի քննիչը խաբելու, եւ կը թելադրէ ձեւացնել, թէ Ճիմ, որ այդ պահուն եկած էր ստուգելու նապաստակի ականջները, իսկապէս իրենց պատուոյ հիւրն է: Կը լսուին նաեւ հայկական ժողովրդական երաժշտութիւն եւ արաբերէն կարճ խօսակցութիւն, որ թերեւս ակնարկ է Խանճեանի լիբանանեան ծագումին:
Կը թուի, թէ հայերէն երկխօսութիւնները չէին թարգմանուած, որովհետեւ օտար ակնարկներուն մէջ հաւաքոյթի իսկական բնոյթը չէ յիշուած (9): Ձգձգուող դրուագը անտանելիօրէն ցաւոտ է: Եթէ ակնարկ գրելու մտադիր չըլլայի, վստահաբար պիտի չշարունակէի դիտել: Ճիմ արդէն իսկ գինով է: Ներկաներու հեգնական նայուածքներուն տակ առանձին մնացած մարդը իր «սիրտը կը պարպէ»: Կը պաշտպանէ Վերոնիքայի անմեղութիւնը: Ապա կը սկսի վատ երգել: Յետոյ կը սպառնայ անձամբ սպաննել երաժշտական վարժարանի վարորդը, որ իր մերժուած սիրոյ վրէժը լուծելու համար Վերոնիքայի դէմ քրէական գործ յարուցած էր: Խայտառակութեան վերջ տալու համար զինք ինքնաշարժի մը մէջ կը տեղաւորեն եւ կը ճամբեն: Ոստիկանութիւնը յաջորդ առաւօտ կու գայ զինք հարցաքննելու:
Գեղարուեստական.- Երաժշտութիւնը մեծ դեր ունի: Ինչպէս նշեցի, հիմնական մեղեդին յօրինած է աղջնակ Վերոնիքան, կը ներկայացնէ իր յօրինած դաւաճանութեան վարկածը, որ կարմիր թելի պէս կ՛անցնի ժապաւէնի ընդմէջէն: Շատ տպաւորիչ փշաքաղող երաժշտութեանը (sound track) հեղինակն է Միքայէլ Տաննա: Երաժիշտին ոճին մասին կարելի է գաղափար կազմել ժապաւէնի գովազդային երիզէն եւ անոր յօրինած այլ գործերէն (10, 11):
Ձայնային գետնի վրայ կը նկատենք Ճիմ եւ Վերոնիքա (արհեստավարժ դերասաններ) կը խօսին կիսաբաց բերնով, ակռաներու ընդմէջէն, հազիւ հասկնալի առոգանութեամբ: Այդպէս է թերեւս, որովհետեւ երկուքն ալ կը յայտնեն կիսատ իրականութիւններ:
Կան չափազանց հասկնալի պատկերներ: Ճիմ կանգնած է խաչմերուկի մը վրայ, երբ պիտի որոշէ ի՛նչ ընթացք որդեգրել: Առողջապահութեան բծախնդիր քննիչը կռնակ դարձուցած է աղօտ օդի մէջ կորած քաղաքին եւ դէպի փակ երկինք բարձրացող ծուխին: Ճիմ «իր սենտուիչը կ՛ուտէ» քաղաքէն հեռու:
Մենք նապաստակը երբեք ազատ չենք տեսներ, կա՛մ փակուած է վանդակի մը մէջ եւ կա՛մ կը գտնուի մանկատուն յիշեցնող վանդակաճաղի մը ետին: Ճաղերէն դուրս կու գայ միայն անոր անկենդան մարմինը (աւարտած հանելուկը), որպէսզի դրուի ճաշարանի յօշասալին վրայ:
Աւարտական տեսարաններէն մէկուն մէջ Ճիմ անհասկնալիօրէն իր աշխատանքի պայուսակը կը լքէ մաքուր ճաշարանի մը մէջ եւ կը քալէ դէպի դուրս: Միջանցքի մէջ կը տեսնենք զինք եւ իր ցոլացումը պատին հաստատուած խոշոր հայելիէն: Խոշոր համայնապատկեր մը, ուր ոչինչ կը տեսնուի` բացի գորշ եւ դատարկ պատերէն: Ճիմ յանկարծ կ՛անհետանայ, կը մնայ անոր ցոլացումը: Ճիմ կը մեկնի, որովհետեւ այլեւս ապրելու պատճառ չունի:
Հուսկ բանք.- Էկոյեան շատ կարող բեմադրիչ է: Այս մասին երկու կարծիք չկայ: Իր վերջին ժապաւէնները, սակայն, սառն եւ նոյնիսկ ժխտական ընդունելութիւն գտան: Էկոյեան կը թուի սպառած ըլլալ: Պատճառը, ըստ իս, իր դիրքորոշումն է: Յետարդիականութիւնը գոյութենական կամ ընկերային ասք չունի: Ժապաւէնները կը նմանին թուաբանական վարժութիւններու, որոնք ոչ մէկ իսկական խնդիր կը լուծեն: «Պատուոյ հիւրը» ժապաւէնի դիպաշարը անիրական առեղծուած մըն է: Առեղծուածային նապաստակը այս տխուր հանգամանքի խորհրդանշական ցուցանիշն է:
——————
1.- Ռուսական ներկայութեան նուազումը թերեւս քաղաքական նշանակութիւն ունի:
2.- Տես www.imdb.com/video/vi2326511129?playlistId=tt10749896&ref_=tt_ov_vi.
3.- Ազնաւուր կը յաւակնէր ինքնագլուխ հայ ժողովուրդը ներկայացնել միջազգային գետնի վրայ:
4.- Ի գիտութիւն անգիտաց, իրար մէջէ դուրս եկող փայտէ պուպրիկներ:
5.- Ի գիտութիւն անգիտաց, Ego Ֆրոյտեան «քլիշէ» դարձած եզր մըն է:
6.- 16 տարեկան, որ կը համապատասխանէ մեր 110 տարեկանին:
7.- Ժապաւէնին մէջ տեսնուող Wild Orchid (Վայրի Խոլորձ) ճաշարանը փորթուգալական է:
8.- Ալիանաք եւ Խանճեան հանդէս կու գան նոր ներկայացումներով, «Ասպարէզ», 5 մարտ 2008:
9.- www.facebook.com/ArsineeKhanjian/videos/430220191486895.
10.- Guest of Honour – Official U.S. Trailer – YouTube.
11.- Transcendence Official Soundtrack | Preview – Mychael Danna | WaterTower – YouTube.