ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
«Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնը հասկնալիօրէն անցաւ առանց կարմիր գորգերու եւ շեփորումի: Փառատօնը արդէն իսկ լրջօրէն դիմափոխուած էր «թաւշեայ» յեղաշրջումէն ետք, այսինքն` նախքան ջլատող համավարակ եւ նախքան պատերազմի ահաւոր կորուստներ: Հիմնական փոփոխութիւնները հետեւեալներն են.
Ա.- Փառատօնը այժմ շուկայադրական է (կազմակերպիչներու բարբառով` մարկետինգային): Այդ համահունչ է տիրող «բիզնեսամոլ» մտայնութեան:
Բ.- Տեղական արտադրութեան ոսինութեան պատճառով «Հայկական համայնապատկեր»-ը փոխարինուած է «Տարածաշրջանային համայնապատկեր»-ով: Այդ կ՛ընգրկէ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը, որոնք այս տարի հասկնալիօրէն չեն ներառուած ծրագրին մէջ:
Գ.- Յաւելուած են փորձառական ժապաւէններու «Ծուռ ծիրան» եւ «Կորիզ» ծրագիրները, որոնք ողջունելի են, որովհետեւ կը քաջալերեն երիտասարդ, նիւթական միջոցներէ զուրկ բեմադրիչները: Այս նիւթին անդրադարձած եմ (1): Ցուցադրուած կարճամեթրաժ 9 ժապաւէններէն 5-ը նկարահանուած են Հայաստանի Ազգային շարժապատկերի կեդրոնի նիւթական աջակցությամբ: Բարի՛:
Ա.- Օտար ժապաւէններ: Ժապաւէնները դիտելու համար հարկ է ստանալ արտադրող հաստատութեան արտօնութիւնը: Այս տարի չկարողացայ կորզել որեւէ արտօնութիւն: Կը թուի, թէ ժապաւէններ, որոնք յաջողած են ձեռք բերել միջազգային ճանաչում, շահագրգռուած չեն կործանող փոքր երկրի մը մէջ լոյս տեսնող ակնարկով մը` կործանող փոքր այլ երկրի մը մէջ տեղի ունեցած անշուք փառատօնի մը մասին: Կ՛ուզեմ անդրադառնալ միայն երկու ժապաւէններու, որոնք գեղարուեստական եւ քաղաքական հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն:
Հին ու նոր թատերախաղ մը (A New Old Play, բեմադրիչ` Qiu Jiongjiong ) 2021, Հոնկ Քոնկ, 179 վ: Ծանուցող տեսերիզ` www.youtube.com/watch?v=ee2z-WjLUyg
Չինական Սիչուան անուանի օփերայի գլխաւոր միմոսը կեանքէն կը հեռանայ արկածամահ (այսինքն` առանց նախազգուշութեան, առանց իր «ճամպրուկ»-ը պատրաստելու) եւ կը յայտնուի ստորերկեայ «քաւարան»-ի մը մէջ: Դերասանը կը մերժէ խմել «մոռացութեան նեկտարը»: Անդենականի երկու պաշտօնատարներ զինք կը հանեն շրջապտոյտի մը: Այդ ի հարկէ բեմադրական հնարք մըն է, որպէսզի անհատը վերաքննէ իր կէս դարու կեանքը ե՛ւ բեմին վրայ, ե՛ւ թատրոնէն դուրս, ուր չինական մշակութային յեղափոխութիւնը կոպիտ միջոցներով կը փորձէր վերաձեւաւորել չինական աւանդապաշտ ընկերութիւնը: Ժապաւէնը քաղաքական է` ուղղուած նախորդ իշխանութեան դէմ: Ձեւով մը` հաշուեյարդար: Մաոյի Չինաստանէն այսօր ոչինչ մնացած է` բացի դրօշէն եւ մենատէր կեդրոնավար կուսակցութենէ մը:
Բեմադրիչին պապը յիշեալ Սեչուան օփերայի դերակատար եղած է: Ինք հասակ նետած է «Նիւ-Նիւ» շրջուն թատերախումբի մը մէջ: Այլ ընտանիք չէ ունեցած: Վստահաբար այդ եղած է ներշնչման, սիրոյ եւ խոր իմացութեան աղբիւրը: Բեմադրիչը նաեւ ականաւոր գեղանկարիչ մըն է: Իր պաստառները ցոյց կու տան նոյն այդ արտառոց մելամաղձոտ գերիրապաշտ ոգեղէն աշխարհը:
«Ընտելացնել պարտէզը», կամ` «Հսկայ ծառերու պարերգը» (Taming the Garden / La Balade des Grandes Arbres, բեմադրիչ` Salomé Jashi ), 90 վ Վրաստան, 2021, Ծանուցող տեսաերիզ.- www.youtube.com/watch?v=dU0uz-JTSP4
Վաւերագրական ժապաւէն մը, որ իր արտառոց նիւթին պատճառով կարելի է համարել գերիրապաշտ սեւ ողբերգութիւն:
Վրաստանի նախկին վարչապետ (2012-13), միլիառատէր գործարար Պիծինա Իվանիշվիլի աւարտած է փառահեղ ծրագիր մը: Վրաստանի ծովեզերեայ շրջաններէն արմատախիլ ըրած է հսկայական (ուրեմն եւ` դարերու հնութիւն ունեցող) հարիւրաւոր ծառեր եւ զանոնք հաստատած` իր անձնական ընդարձակ պարտէզին մէջ: Ծառերէն ոմանք 15 յարկանի շէնքի մը հասակը ունին (շուրջ 50 մեթր): Այդ նպատակին համար ի գործ դրուած են հրէշային յօշոտող մեքենաներ, տապալած եւ վերացած են բազմահազար այլ ծառեր, փոխուած են ելեկտրականութեան ցանցի սիւներու վայրերը, կառուցուած են հսկայ փոխադրամիջոցներ կրելու յարմար ճամբաներ, որոնք կ՛անցնին պտուղի բերքատու տարածութիւններու մէջէն: Ծառերէն մաս մը փոխադրութեան ընթացքին չորցած եւ խամրած է: Անհեթեթ ու անհաւատալի, բայց` իսկապէս գոյացած ծրագիր մը:
Ոմանք կը կարծեն, թէ միլիոնատէրը այդ դարաւոր հեքիաթային ծառերուն տիրանալով` երկարակեցութեան կը ձգտի: Ի դէպ, Իվանիշվիլի տիրացած է նաեւ Փիքասոյի շարք մը պաստառներուն: Անցեալին մենակալ արքաներ գործադրած են անմահութեան ձգտող հոյածաւալ ծրագիրներ:
Բեմադրիչը գործընթացը ցոյց տուած է առանց բացատրողական շատախօսութեան: Անտառի մթնշաղին մէջ թռչուններու ճլվլոցը կը խեղդուի ճիւաղ մեքենաներու հռնդիւնով եւ ջարդուող ծառերու ճարճատիւնով:
Ժապաւէնը քաղաքական է, որովհետեւ ցոյց կու տայ յետխորհրդային շրջանին ստուերային ճամբաներով հարստացած միլիոնատէրերու դասակարգի ամբարտաւան, անխիպ եւ, ցաւօք, անզուսպ կեցուածքը: Նման կերպարներ եւ անոնց մեծածախս, բայց անճաշակ ապարանքները յաճախ կը տեսնենք հայաստանեան տաղտկալի «սերէալներու» մէջ:
Բ.- Հայկական ժապաւէններ.- Յաջողած եմ դիտել չորս իւրայատուկ եւ տարատեսակ ժապաւէններ` շնորհիւ բեմադրիչներու բարեացակամութեան եւ փառատօնի կազմակերպիչ անձնակազմէն Դիանա Մարտիրոսեանի օգնութեան: Շնորհակալութի՛ւն:
«Արծաթ ծիրան»-ին ստացած է «Ստորգետնեայ» վաւերագրական ժապաւէնը, որուն նախապէս անդրադարձած եմ: (99Օ
Թեւաւորը (The Winged) Նաիրա Մուրադեան, 12 վ 2021)
Գեղարուեստական ժապաւէն, որ կը ներկայացնէ այլաբանական հեքիաթ մը: Բներգը թռիչքն է, որ ի հարկէ այլաբանական է: Առնուազն 26 դար առաջ յօրինուած յունական է Տաետալուս եւ Իքարուսի առասպելը: Հայր ու որդի թեւեր շինեցին եւ իրենց մեկուսացած կղզիէն ուզեցին թռչիլ դէպի ազատութիւն (2): Երեւոյթէն դատած` հեքիաթի թատրը տեղի կ՛ունենայ եւրոպական անորոշ (ուրեմն` ներկայացուցչական բնոյթ ունեցող) աւանի մը մէջ: Բացման տեսարաններուն մէջ կը տեսնենք գորշ մարդիկ, որոնք կլանուած են «պիզնես»-ով: Հետաքրքիր տղեկի գտած նիւթը անմիջապէս կը շահարկուի կարկանդակի պատրաստութեան մէջ: Լրագրող մը իր շարժապատկերի նախնական քամերայով կը նկարէ արտակեդրոն գիտակ մը, որ կը փորձէ սաւառնիլ բլուրէն վար: Ուրեմն դէպքերը կը պատահին 19-րդ դարու վերջաւորութեան (3): Յանկարծ կը յայտնուի հսկայ թռչող շուն մը, որուն թեւերը շղարշանման են, գրեթէ` աննիւթեղէն: Շունը, որ կը կոչուի «Կօտօ» (Պէքէթի սպասուած Godot-ն՞) կը մօտենայ կնոջ մը, որ զայն կը տանի իր տունը: Տարօրինակ երեւոյթին լուրը արագ կը տարածուի, մարդիկ ամէն կողմէ դէպի այդ տունը կը խուժեն տեսնելու համար այդ տարօրինակ երեւոյթը: Արտերկրային այցը կը վերածուի պիզնեսի, պիզնեսՆԵՐՈՒ: Շունը գանած` կը հեռանայ: Այդ յիշել կու տայ Կապրիէլ Մարքեզի «Հսկայ թեւերով ծեր մարդը» պատմուածքը, որուն թեւաւորը նոյնպէս վերածուած էր շահոյթի (պիզնես, տե՛ս կողքի նկարը` առնուած այդ պատմուածքի վրայ հիմնուած գծագրային ժապաւէնէ մը), դառնացած եւ հեռացած իր վայրէջք կատարած կորած աւանէն: Ձիւնը (ի հարկէ` այլաբանական) կ՛իջնէ աւանին վրայ: Կը հեռանայ լրագրողը: Կը հեռանան նաեւ կինն ու ամուսինը: Գիտակը կը շարունակէ իր փորձերը` թռչող մեքենայ շինելու: Ժապաւէնը կ՛աւարտի յուսալքութեամբ: Հսկայ շունը շնիկի մը վերածուած` կը յայտնուի բլուրի գագաթին կանգնած գիտակին հետ, որ վերջնականապէս կը հրաժարի թռիչքի երազէն: Շնիկը կը հեռանայ: Գոյները գորշ են, ինչպէս` ժապաւէնի գորշ թախիծը: Մարդիկ անկարող են ընկալելու գերերկրայինը, ատակ չեն թռիչքի: Նոյն թախիծը կը տիրէր «Նառառա եւ Կիկօ» ժապաւէնի մէջ: Կը սպասեմ տաղանդաւոր արուեստագիտուհիին յաջորդ ստեղծագործութեան:
Գլխիվայր (Headstand) Ովսաննա Շէկոյեան, 15 վ 2021
Խաղարկային ժապաւէն մը, որ ձեւով մը վաւերագրական է, ոչ թէ որովհետեւ կը ներկայացնէ դժբախտ պատահար մը, այլ որովհետեւ կը պատկերէ ցաւոտ իրավիճակը յետխորհրդային Հայաստանի հեռաւոր մարզերուն մէջ:
Գիւղական վարժարանի մը մարմնակրթութեան սկսնակ ուսուցիչ մը տղոց կը հրահանգէ վարկեան մը գլխիվայր կանգնիլ: Մանուկներէն մէկը կ’ուշաթափի: Շտապ օգնութիւնը անկարող է արագ հասնիլ, որովհետեւ ձիւնը փակած է ճամբաները: Տղեկը կը մահանայ, երբ հայրը կը փորձէր իր միջոցներով զաւակը հիւանդանոց տանիլ: Երկու ոստիկաններ կը դադրեցնեն հետաքննութիւնը, որովհետեւ երբ մահ պատահած է, հարկ է, որ գործ սկսի քրէական հարցերով զբաղող մարմիններու կողմէ: Տնօրէնի մտահոգութիւնն է իր անձէն հեռացնել պատասխանատուութիւնը: Տղեկի դպրոցական թղթածրարին մէջ որեւէ նշում չկայ անոր առողջական դրութեան շուրջ: Անբաւարար պատրաստութիւն ունեցող ուսուցիչը որեւէ զգուշացում չէ ստացած: Հետեւանք` մանուկի անտեղի մահ եւ երիտասարդ կեանքի մը խորտակում:
Բեմադրիչին մօտեցումը ծայրայեղ նուազապաշտական (մինիմալիստ) եւ դիպուկ է: Չկայ որեւէ պատկեր, որ կարելի է զեղչել, չկայ բացայայտօրէն յուզականութիւն թելադրող որեւէ պատկեր կամ խօսք: Տղեկի դասընկերներուն հակազդեցութիւնը ցոյց կը տրուի լոկ մէկ անգամ, արագ, բայց ցնցող պատկերով: Ամէն ինչ ձգուած է հանդիսատեսի տեսնելու եւ դատելու կարողութեան: Խելացի եւ յանձնառու ժապաւէն մը, որուն աւարտական տեսարաններուն առընթեր, կը լսենք «Կայ եւ աւելուկ»-ի «Մեր տան բանալիները» երգը, որ կ՛ըսէ.-
… ինչ որ պատճառ, յարմար առիթ
ու այնպիսի ասելու բան,
որ հաւատան
բանալիները մեր տան
հրեշտակներ պահապան
չունենալուց
Կ՛իմանանք, որ նկարահանումները յետաձգուած են մինչեւ պատերազմի աւարտը, որովհետեւ գլխաւոր դերասաններէն մին, որ կը գտնուէր ճակատ, վերադարձած էր վիրաւոր, իսկ միւսը մեկնած էր որպէս կամաւոր:
Վերադարձ դէպի Սէօլէօզ.- Սերժ Աւետիքեան (Retourner à Sölöz 2021, 73 վ) Ծանուցող տեսաերիզ` www.youtube.com/watch?v=iMy4TT3r7bQ
Վաւերագրական ժապաւէնին բներգն է դիմագրաւել կորուսեալ անցեալը, որ դարձած է ուղեղի մորմոք (4):
Սէօլէօզ Աւետիքեանի պապական գիւղն է Իզնիկ (Ascania) լճի ափին: Աւանին անունը առնչուած է յունական առասպելի մը (5): Աւետիքեանին պապը պարտադրուած է լքել գիւղը Լոզանի համաձայնագիրէն ետք գործադրուած բնակչութեան (մուպէտէլէ) ծրագիրի ծիրին մէջ: Գիւղին ներկայ բնակիչները կը կազմեն այն շուրջ 400 հազար իսլամացած պալքանցիները, որոնք նոյնպէս պարտադրուեցան լքել իրենց բնակավայրերը: Անոնց մէջ վառ է քրիստոնեաներու հանդէպ ատելութեան եւ վրէժի զգացումները: Այդ զուգահեռ է Արցախը լքելու պարտադրուած ազրպէյճանցիներուն, որոնց ոճիրները ցոյց տուին, թէ անոնց մօտ որքան վառ են ատելութիւնն ու վրէժը (6): Իսլամներով վերաբնակեցուած գիւղին տրուած է խօսուն` «Միւսլիմսէօլէօզ» անունը: Խօսուն է նաեւ այն երեւոյթը, որ գերեզմանաքարերը գործածուած են երեսն ի վեր` որպէս ճամբու աստիճաններ: Այսինքն անուններն ու յիշատակութիւնները անդադար կոխկռտուած են առանց վարանումի: Գերեզմանաքարերը գործածուած են նաեւ գոմերու եւ բաղնիքներու մէջ, այսինքն ծածկուած են կեղտով եւ կեղտաջուրով: Հայեր կ՛ապրէին գիւղի աւելի բարձր մասին մէջ: Անցողակի կը լսենք, որ այդ աստիճանները կը տանէին դէպի եկեղեցին: Բայց մենք չենք տեսներ որեւէ եկեղեցի` կանգուն թէ աւերակ: Աւետիքեան ի հարկէ կը փափաքէր տեսնել իր ընտանիքին սրբավայրը: Կիսաւեր հատ ու կենտ տուներու դռներուն վերեւ կարելի է տեսնել քանդակուած հայկական անուներ: Ինչո՞ւ հարկ չէ տեսնուած վերացնելու նախկին տանտէրերու անունները, մինչդեռ քերթուած եւ աղաւաղուած են գերեզմանաքարերու վրայ քանդակուած խաչերը:
Ժապաւէնին նիւթերը նկարուած են 1987-2019 երկարող երեք տասնամեակներու վրայ տարածուած չորս այցելութիւններու ընթացքին: Ութսունական թուականներուն տակաւին կային տարեց մարդիկ, որոնք որոշ տեղեկութիւններ ունէին գիւղի անցեալին մասին: 2019-ի այցին կարելի չէ եղած հանդիպիլ տեղացիներու, որոնք տրամադիր են պատմութեան շուրջ երկխօսութեան: «Պատերազմի մէջ ամէն ինչ կը պատահի,- կ՛ըսէ երիտասարդ մը,- չեմ կարծեր, թէ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է»: Կը խօսին ընթացիկ կենցաղային հարցերու մասին: Քանի մը հոգի կ’ըսեն, թէ Աւետիքեանին նման իրենք ալ կը փափաքին տեսնել իրենց պապենական գիւղը, այդ տարագրեալ ըլլալու զուգահեռի թելադրանք է, բայց ոչ ոք իսկապէս կատարած է նման ուխտագնացութիւն: Սրճարանատէրը կ՛ըսէ, որ ինք հիմա Թուրքիոյ քաղաքացի է:
Պատին վրայ կը տեսնենք լուսանկարները փափախաւոր Մուսթաֆա Քեմալի եւ (բացի Մ. Քեմալէ, միակ) մարաջախտ Ֆեւզի Չաքմաքի, որ կը համարուի Պալքանեան պատերազմի հերոս:
Կը լսենք «Տրամայի կամուրջը» երգը, որ, ըստ երեւոյթին, նուիրուած է թուրք չէթէ Հասանին (8): Երգը ոչ բանաստեղծական թարգմանութեամբ կ՛ըսէ.
Տրամայի կամուրջը, այ Հասան / Նեղ է չ՛անցուիր / Պաղ են ջուրերն ալ, Հասան / Թաս մ՛իսկ չխմուիր …
Կրակէ՛ Մարթինին, այ Հասան / Լեռները թող հեծեն
Կրակէ՛ Մարթինին, այ Հասան /
Տրամայի բանտին մէջ ընկերներ թող լսեն… : (8)
Ժապաւէնը կը սկսի սեւ/սպիտակ: Աւետիքեան առանձին կը քալէ Պոլսոյ գորշ ու անձրեւոտ պողոտայի մը վրայ (Շիշլի՞): Կը լսուի պանդուխտի թրքերէն երգը (9): Յաջորդ պատկերին մէջ զինք կը տեսնենք «Ակօս»-ի խմբագրատան մէջ, որ պարտադիր ուխտատեղի դարձած է: Այդտեղ է Տինքին դուստրը` Տելալ: Փոքր պաստառի մը վրայ ցոյց կը տրուի տեսերիզ մը, ուր Տինք կ՛ըսէ, թէ ինք ե՛ւ հայ է, ե՛ւ թուրք, թէ` երկու ժողովուրդները համատեղ պատմութիւն ունին:
Դրուագները ժամանակագրական յաջորդականութեամբ չեն դասաւորուած: Կցումը (մոնթաժ) կը թուի հիմնուած ըլլալ բեմադրիչի հոգեկան զարգացումի ընթացքին վրայ: Աւարտական տեսարաններուն մէջ կը զգանք, որ Աւետիքեան ոչինչ կրնայ փրկել, բացի թերեւս քանի մը գերեզմանաքարէ, կը յուսայ, որ անոնք կը փոխադրուին Պուրսայի թանգարան, յանձնուին անցեալի: Անձնապէս հանդիպած եմ նման առանց որեւէ ցուցատախտակի հայկական տապանաքարի մը, թանգարանի պարտէզի մէկ անկիւնը, երբեմնի գեղատեսիլ հրոճարակ դարձած Զմիւռնիոյ, որ նոյնպէս վերաբնակեցուած եւ հիմնովին դիմափոխուելով` վերածուած է քեմալական (Ճէ-Հա-Փէ- ի) «միջնաբերդ» ներկայ անհրապոյր Իզմիրին (10):
Աւետիքեանին համար կը կազմակերպուին երկու ձեռնարկ: Առաջինը տեղական սրճարանին մէջ փոքր պաստառի վրայ անոր նախորդ այցելութիւններու ընթացքին նկարած նիւթերու ցուցադրութիւնն է: Ոչ մէկ երկխօսութիւն: Գիւղապետը եւ իր կազմը լուռ կը մեկնին ցուցադրութեան աւարտին: Ներկաները վերապահ են եւ նոյնիսկ` կասկածոտ: Թերեւս հայը եկած է իրենց բաժին մնացած թաքուն գանձ մը տանելու:
Երկրորդ ձեռնարկը կը կատարուի մօտակայ սուլթանական հանգստավայր Պուրսայի թանգարանին մէջ: Ստուերներու (թրքական Ղարակէօզ) թատրոնով ցոյց կը տրուի Սելէոսի յունական առասպելը: Այդ թերեւս նենգ թելադրանք մըն է: Յունական հիմնադրական առասպելը այժմ կը պատկանի թանգարանի, ուր Աւետիքեան կ’ուզէ տեղափոխել իր նախնիներու մասունք գերեզմանաքարերը: Ոչ թրքական անցեալը թանգարանային է, առասպելական …
Նախապէս անհանդուրժողական գիւղապետի առերեւոյթ հոգեփոխութիւնը թերեւս կարելի է բացատրել այն հանգամանքով, որ Աւետիքեանին կ՛ընկերանային ֆրանսացի աշխատախումբ մը եւ երկու լրագրողներ:
Ժապաւէնը կ՛աւարտի սուր հակադրութեամբ: Արեւոտ, կանաչ համայնապատկերին վրայ թուրքեր ուրախ հարսանիք ունին (նոր կեանք): Գորշ լքուած համայնապատկերի մէջ Աւետիքեան երկար կը կռթնի դարաւոր հսկայ տերեւաթափ կաղնիին, որ իր պապերը տնկած են, ապա կը հեռանայ գիւղէն` անցնելով նոյնպէս գորշ ու անձրեւոտ ճամբաներէ:
Աւետիքեան ժապաւէնը կը փակէ հետեւեալ խոհերով. «Թաքուն գանձերը յաւիտեանս թաղուած պիտի մնան: Թերեւս երբեք գոյութիւն չեն ունեցած … Մանկուց բնազդաբար ըմբռնած եմ, որ կեանքը անարդար է… գեղեցիկ ժեսթը անարդարութեան դէմ պայքարիլն է… բայց ես գիտեմ նաեւ, որ երբեմն կարելի է ծիծաղիլ` դիմաց այդ ամէնի… Արեւելեան ճակատագրապաշտութիւնը ընդմիշտ իմ մէկ մասն է …»:
Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ժապաւէնը վերնագրել «Հրաժեշտ Սէօլէօզի»:
Հուսկ բանք.- Փառատօները ուղենիշներ են: Ցոյց կու տան արուեստի տուեալ ճիւղի զարգացման ուղղութիւնը, նոր բներգները եւ անոնց ձեւաչափերը: Առ այդ, իմաստալից դատողութիւն կատարելու համար հարկ էր այս պարագային դիտել յայտերու մեծ տոկոսը: Այդ պերճանք կամ տանջանքը անկարելի է ներկայ պայմաններու տակ: Ժլատ տուեալներու հիման վրայ կարելի է նկատել, որ հայենի արտադրութիւնը կ՛ընթանայ դէպի ենթակայական կարճամեթրաժ պատկերներ: Կ՛ենթադրեմ, որ տեսանելի ապագային մենք պիտի չունենանք ժապաւէն, զոր կարելի է դասել «Հայկական համայնապատկեր»:
—————–
- «Ծիրանի մանր ցոգոլ», «Ազդակ», 6-7 սեպտ. 2019:
- Իկարիուս գահավէժ ծով ինկաւ, երբ բարձրացաւ եւ մօտեցաւ Հելիոս աստծու կառքին:
- Առաջին յաջող օդանաւը 1903-ին պատրաստեցին Wright եղբայրները:
- Ինչպէս Չարենցի կորուսեալ «Երկիր Նայիրի»-ն (1924)
- Յունական առասպելը կ՛ըսէ, որ քաղաքը հիմնուած է յաւերժացնելու համար անունը արգոնաւորդ Սէլէիւսի, որ ջրամոյն անձնասպան եղած էր մերժուած սիրոյ պատճառով:
- Անձնապէս քնացած եմ աւելի քան տասը թրքական հիւրանոցներու մէջ: Գիշերը անհանգիստ դարձաւ անոնցմէ մէկուն մէջ, երբ իմացայ, որ մաքրութեան ամրակազմ կիները վտարուած պալքանցիներ էին:
- Տրամա այժմ կը գտնուի Յունաստանի արեւելեան Թրակիա մարզին մէջ: «Փէնճէրէտէն ղար կելիյոր -/ Աման աննէմ ղուրպէթ պանա զոր կելիյոր»:
- Տրամա Քէօփրիւսիւ պրէ Հասան / Տարտըր կէչիլմէզ / Սողուքթուր սուլարը տա Հասան / Պիր թաս իչիլմէզ / Աթ մարթինի տէ պրէ Հասան / Տաղլար ինլեսին / Տրամա մահփուսունտա Հասան / Տոսթլար տինլեսին
- «Պատուհանէն ձիւն կու գայ, մայր իմ պանդխտութիւնը ինծի դժուար կու գայ: Ի դէպ կանուխ որբացած մայրս կ՛ըսէր, որ հայրը (տարագիր պապս) այդ երգը կ՛երգէր:
10. Իզմիրի մէջ անհետ վերացուած է հայկական Ս. Ստեփանոս եկեղեցին: