ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Ծանօթ.- Յօդուածին առաջին մասը կ՛անդրադառնար «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի «իշխանափոխութեան», ծրագրի փոփոխութեան եւ հայկական ժապաւէններուն:
Թրքական եւ ազերիական ժապաւէններ.- Փառատօնին մասնակցած են 12 ժապաւէններ, որոնք կարելի է այս վերնագրին տակ առնել: Անոնցմէ երկուքը մրցանակներ ստացած են: Այս կը նշանակէ, որ թրքական ժապաւէններու շուրջ (2/12) 17%-ը մրցանակ ստացած է, իսկ մնացեալը` նուազ քան 3%: Զուգադիպութի՞ւն: Ժապաւէնները այբբենական կարգով հետեւեալներն են.
- «Ա՜խ, կրակ մը տուր» տե՛ս վարի ակնարկը
- «Ահազանգ» (Սիրեն Չաղրըսը, 2018, 93վ), բեմ. Ռամին Մաթին (Պոլիսը կը վերածուի կրաձոյլ անտառի):
- «Աղաւնիի գողերը» (Կիւվերչին Հրսըզլարը, 2018, 82վ) Բեմ. Օսման Նաիլի Տողան: Պատանի մը աղաւնիներ կը գողնայ, որպէսզի օգնէ իր փոքրիկ ընկերոջը: Գեղեցիկ նկարահանում:
- «Արծաթ» (Կիւմիւշ, 2018, 15 վ), բեմ. Տենիզ Թելեք: Հօր մահէն ետք որդին պէտք է իր մօր խոստանայ հօր շան` Կիւմիւշին կեցութիւնը ապահովել:
- «Բակլայ թուփի յենակը» (Beanpole, 2019, 130 վ), բեմ. Քանտեմիր Պելակով: Լենինկրատի պաշարման ընթացքին երկու աղջիկներու կեանքի համար տուած պայքարը: Ստացած է «Արծաթ ծիրան» մրցանակը:
- «Ղապրիստանի մալականները», տե՛ս վարի ակնարկը:
- «Կապոյտ վաղը», տե՛ս վարի ակնարկը:
- «Կապուածութիւն» (Պաղալանմըշլըք, 2019, 73վ), բեմ. Պուրաք Չեւիք: Ոճիրի մը տեղագրական (topologic) վերակազմութիւնը: Փորձառական:
- «Կէս գիշերուան ճանապարհորդը» (Կեճէ Եարըսը Եոլճուսու, 2019, 90 վ), բեմ. Հասան Ֆազիլի: Իր թուրք ընտանիքի փախուստը թալեպաններու Աֆղանիստանէն: Ստացած է դատակազմի «Յատուկ մրցանակ»-ը:
- «Մեռած ձիու համաստեղութիւնը» (Էօլիւ Աթ Նեպիւլա, 2019, 73վ) բեմ. Թարըք Աքթաշ: Մարդու եւ բնութեան յարաբերութեան շուրջ: Այլաբանական:
- «Վերադարձ», տե՛ս վարի ակնարկը:
- «Ցկեանս գաղթ» ( Էօմիւրլիւք Կէօչ, 2018, 24 վ), բեմ. Շենէօլ Չէօմ վաւերագրութիւն Թուրքիոյ ներքին գաղթի շուրջ:
Պիտի անդրադառնամ միայն չորսին:
Ա.- «Վերադարձ» (Verger / Return) Սելման Արշատ Տենիզ, 2018, 18 վ: Ժապաւէնը դիտած եմ բեմադրիչին թոյլատուութեամբ: Էյուպ, հետեւելով խելակորոյս Իպրահիմի ցուցմունքին, Արարատը կ՛անցնի հանդիպելու համար «կապոյտ դրան» մը ետին ապրող իր հօրաքրոջ: Կինը կ՛ըսէ, թէ տարիներէ ի վեր կը սպասէր, որ լերան ետեւէն իր եղբայրներու որդիներէն մէկը գար: Էյիւպ (Յոբ) չի հասկնար հայերէն, բայց կը հասկնայ կնոջ ցաւը: Ժապաւէնը 2017-ին ընտրուած եւ ֆինանսաւորուած է Հայաստան-Թուրքիա շարժապատկերի հարթակին կողմէ: Սելման Տենիզ քիւրտ է, ծնած է Մարտին: Բնագիրը ներշնչուած է իսկական պատմութենէ մը: Սելման Տենիզի մէկ ազգականը իր հայկական արմատները փնտռած եւ գտած է Նիյտէյի (Nigde) մէջ, որ կը գտնուի Կեսարիոյ եւ Մարտինի միջեւ: Խենթ Իպրահիմ իսկական անձնաւորութիւն մըն է: Ժապաւէնին հերոսները կը կրեն իրենց նախատիպերուն անունները: Իպրահիմ այդ գերդաստանին մէջ միակը եղած է, որ բարձրաձայնած է իրենց հայկական ծագումը: Սպաննուած է թրքական բանակին կողմէ, երբ խախտած է քրտական գիւղի մէջ շրջագայութեան արգելքը:
Էյուպ ցուպը ձեռին, խուրջինը ուսին կ՛ուղղուի դէպի Արարատ: Նկարահանումը շատ գեղեցիկ կատարուած է: Ճանապարհը քարքարուտ է եւ մշուշոտ: Պարզ է` խորհրդանշական: Ի հարկէ այդպէս կարելի չէ հատել փակ սահմանը: Ուղեւորութիւնը ինքնին այլաբանական է, իսկ Արարատը` պայմանական սահման մը: Էյուպ սակաւախօս հովիւ մըն է: Այդ հասկնալի է, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ տակաւին նոր ասք չէ ձեւաւորուած:
Բ.- «Կապոյտ վաղը» (Blue Tomorrow) Նուման Այազ, 2018,15վ:
Գեղեցիկ, գերիրապաշտ ոճով` գծագրային ժապաւէն մը, որ կը խօսի մարդկային ընտրանքներու մասին, երբ մթնոլորտի ջերմացման պատճառով ջուրերը կը բարձրանան: Կան երկու կարգի էակներ. մեծամասնութիւնը անդէմ, անսեռ, իրայնացած մարդիկ են, որոնք կ՛ապրին գորշ, ապականած քաղաքի մէջ: Կան նաեւ առանձին մարդիկ, որոնք կ՛ապրին փարոսներու մէջ: Երբ ովկիանոսը կը բարձրանայ, քաղաքները կ՛ողողուին: Հերոսը ոչ միայն կ՛ապրի փարոսի մը մէջ, այլեւ ունի խոշոր թռուցիկ մը (կապ երկնքի հե՞տ): Թռուցիկը իր նաւակը կը տանի դէպի վայր մը, ուր այլ առանձին մարդիկ իրարմէ անջատ նոր փարոսներ կը կառուցեն: Բայց ջուրերը կը բարձրանան եւ կը սկսին ողողել նոր փարոսները: Հերոսը այս անգամ միւսներու նման նաւակ չ՛առներ, այլ իր թռուցիկի հետ կը բարձրանայ վեր` նոր այլընտրանք փնտռելու համար: Ժապաւէնը բաց է մեկնաբանութեան: Խօսքեր չկան: Երաժշտութիւնը մասամբ սեւծովեան է, կիթառի կատարումը` նոյնինքն բեմադրիչի կողմէ, որ ծնած է Համշէնէն ոչ շատ հեռու:
Գ.- «Ա՜խ, կրակ մը տուր» (Ah bir ataş ver), Կէօքհան Քայա, 2018, 30 վ:
1953 թուականին Տարտանելի մէջ ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձերուն մասնակցող թրքական «Տումլըփընար» (պղտոր աղբիւր) սուզանաւը կը բախի բեռնատար նաւու մը եւ կ՛ընկղմի: Այդ ամերիկեան USS Blower (SS-325)-ն էր, որ 1950-ին նուիրուած էր Թուրքիոյ, երբ վերջինը միացաւ ՕԹԱՆ-ին: Նաւազներէն մաս մը սուզանաւի տախտակամածին վրայ էին: Մնացեալ 81 նաւազներէն 22-ը կը յաջողին փակուիլ ծայրամասի սենեակի մը մէջ եւ սպասել օգնութեան: Սակայն թրքական ծովակալութիւնը միջոցներ չէր ապահոված սուզանաւը բարձրացնելու մակերես ի՛ր իսկ ծովեզերքի վրայ: Ժամեր ետք բոլորը կը մահանան: Ոչ ոք գիտէ, թէ ի՛նչ պատահեցաւ այդ ժամերու ընթացքին: Բեմադրիչը ազատ մեկնաբանութեամբ մօտեցած է ողբերգութեան: Ժապաւէնը հասանելի է համացանցի վրայ:
Ժապաւէնին մէջ միայն չորս նաւազներ եւ սպայ մը կը փակուին խուցի մը մէջ: Արկածէն վայրկեաններ առաջ կը տեսնենք գլխաւոր հերոս Նազըմը, որ կը կարդայ Վիքթոր Հիւկոյի «Մահապարտի վերջին օրը» (Le Dernier jour d՛un condamné, 1829) վէպը եւ իր ընկերոջ հետ կը խորհրդածէ մահուան մասին: Թթուածին խնայելու համար նաւազները չէին ծխեր եւ չեն երգեր: Երբ հեռաձայնային կապով հրամանատարը կ՛իմանայ, որ փրկութիւն չկայ (տե՛ս կողքի նկարը), հազիւ լսելի ձայնով կ՛ըսէ` «Ապրի՛ հայրենիքը» (Վաթան սաղօլսըն) եւ ծխախոտ կը հրամցնէ բոլորին: Կը լսենք` «Ա՜խ, կրակ մը տուր» երգի մեղեդին: Ժապաւէնը լի է զգացական պահերով: Գլխաւոր երկու հերոսները` հրամանատարը եւ Նազըմը կը ցուցաբերեն կորով: Կան նաեւ այլաբանական քատրեր, ինչպէս` այն տեսարանը, ուր երկինքը կը փակուի սուզուելու պատրաստուող նաւազներուն վրայ: Տպաւորիչ է յատկապէս վերջին հեռաձայնի տեսարանը, ուր կը թուի, թէ նաւազները կը լուծուին մթութեան մէջ:
«Ա՜խ, կրակ մը տուր» Եգէեան «էֆէ»-ներու յուզական երգն է, այսինքն` ազգագրական-հայրենասիրական: Էֆէները այն «իգիթ»-ներն էին, որոնք իրենց ապրած շրջանի անվտանգութիւնը կ՛ապահովէին, երբ բանակը բացակայէր: Տե՛ս https://www.youtube.com/watch?v=Rm_AFS7uDAA
Ժապաւէնը տուրք մըն է հրամանատարութեան ապիկարութեան պատճառով իրենց կեանքը կորսնցուցած նաւազներուն: Ֆինանսաւորուած է թրքական մշակոյթի նախարարութեան կողմէ: Վայելած է թրքական ծովակալութեան լայն օժանդակութիւնը` ընդծովեայ տրամադրելու եւ այլ արհեստագիտական հարցերու ուղղութեամբ: Ի դէպ, կառուցուած է յուշակոթող մը, որուն մօտ ամէն տարի պաշտօնական ձեռնարկ մը տեղի կ՛ունենայ: Տե՛ս կողքի նկարը: Փառատօնի ընթացքին նման ժապաւէնի մը ցուցադրութիւնը պէտք է վերագրել «Ոսկէ ծիրան»-ի նոր վարչութեան որդեգրած «լայնամտութեան եւ հանդուրժողականութեան» դրսեւորումին:
Դ.- «Ղապրիստանի մալականները» (Մալականի, 2018, 76 վ) բեմ. Սակլարա Թիւրպիվա: Նկարուած է Ազրպէյճանի Ղապրիստան (թարգմանաբար` «Գերեզմանիստան») շրջանին մէջ: Մալականութիւնը ռուսական աղանդ մըն է, որ չի հաւատար Ս. Երրորդութեան, խաչը կուռք կը համարէ եւ այլն: Մալականներ կը սպառեն նաեւ մեծ քանակութեամբ կաթ: «Մալակօ» կը նշանակէ «կաթ»: Նիքոլայ Ա. 1833-ին զանոնք Կովկաս եւ Սիպերիա աքսորած էր: Ի գիտութիւն անգիտաց, յետամնաց լեռնային Կովկաս աքսորավայր մըն էր: Վանաձորի մէջ կայ Լերմոնտովօ գիւղը, ուր կ՛ապրին քանի մը հարիւր մալականներ: Լերմոնտով ըմբոստ սպայ մըն էր, որ աքսորուած էր Կովկաս եւ սպաննուած` այդտեղ: Ծանօթ է որպէս «Կովկասի բանաստեղծը»: Ինչեւիցէ:
Այստեղ հիմնական նիւթը մալականներուն մշակոյթը չէ, այլ այն, որ Ազրպէյճանը կը պատկերուի որպէս հոգատար երկիր, որ կ՛օգնէ պահպանելու կորսուող քրիստոնեայ փոքրամասնութեան մը մշակոյթը: Հարկ է նշել, որ Սիպերիայէն մինչեւ Կարս ցրուած եւ շատ նախնական միջոցներով ապրող մալականներ երբեք միատարր չեն եղած իրենց դաւանանքով եւ մշակոյթով: Ժապաւէնը կը միտի, այսինքն կը յայտարարէ, թէ ազգագրական վաւերագրութիւն մըն է, որ պիտի ծառայէ, որպէսզի աշխարհացրիւ մալականներ ծանօթանան իրենց մշակոյթին: Ի դէպ, ժապաւէնի երաժշտութիւնը կը պատկանի ոմն հայուհի «Karina Kazaryan»: Մեկնաբանութիւնը կը թողում ընթերցողին: Հայաստանի մէջ բարձրաձայնուած են կոշտ քննադատութիւններ (12):
Րաֆֆի Հերմոն Արաքս, որ Պոլսոյ հարաւը գտնուող զբօսաշրջային կղզիներու քաղաքապետութեան խորհրդական եղած է, եւ որ այժմ Երեւանի «Հայկական դիւանագիտական հաստատութեան» (Armenian Diplomatic Fontation) մէջ եւ այժմ տխրահռչակ «Տարածաշրջանային մասնագէտներու յանձնախումբ»-ի, (Bölgesel Uzmanlar Komitesi) անդամ է, մեծ խանդավառութեամբ կը խօսի ցուցադրութեան մասին: Կ՛ըսէ, որ պիտի չհամարձակէր երեսը մարդոց ցոյց տալ, եթէ ներկայ չըլլար: Կ՛ըսէ, որ, հայեր խուռներամ շտապած են դիտելու վերը նշուած 12 ժապաւէնները եւ որ` լոկ տասը երիտասարդներ մասնակցած են բողոքի ցոյցի մը: Համացանցային թրքալեզու թերթ «T24»-ի մէջ Հերմոն այս ուղղութեամբ ունի յօդուածներ: Ինծի ծանօթ են անոնցմէ չորսը(13): Հերմոն խանդավառ է նաեւ «Ոսկէ ծիրան»-ի իշխանափոխութեամբ: Կը յորդորէ, որ «Հայաստան-Թուրքիա» հարթակը աւելի մեծ օժանդակութիւն տրամադրէ հայ բեմադրիչներու: Կողքի նկարին մէջ (սլաքով ցոյց տրուած) Րաֆֆի Հերմոն Արաքսը կը տեսնենք նամազի պահուն:
Պարսկական ժապաւէններ.- Իրան մեր միակ բարեկամ դրացին է: Ինչպէս սպասելի էր, մրցանակ ստացաւ իրանեան ժապաւէն մը: Հարկ է ընդունիլ, որ իսլամական խստապահանջութիւնը պատճառ դարձած էր, որ երկրէն ներս աւելի լուրջ եւ աւելի գեղարուեստական ժապաւէններ արտադրուին: Իհարկէ կան որոշ տուրքեր, որոնք պէտք է հատուցել առնուազն ձեւականօրէն: Կը յիշեցնէ խորհրդային շրջանը: Ինչեւիցէ: Ոչ բոլոր ժապաւէնները, սակայն, արտադրուած են Իրանի մէջ: Ցաւօք, ոչ մէկը յաջողած եմ դիտել: Չեմ յաջողած նոյնիսկ տեսնել որեւէ ակնարկ, որ երկու տողէ աւելի երկար ըլլար: Կը թուի, թէ այս կամ այն պատճառով իրանեան ժապաւէնները այնքան հովանաւորութիւն եւ տարածում չեն վայելեր, որքան` թրքականները:
Ինծի ծանօթ իրանեան ժապաւէններն են, այբբենական կարգով.
- «Բացակայութիւն» (Absence, 2019, 47վ), բեմ. Ֆաթեմէ Զոլֆաղարի: Վաւերագրական ժապաւէն մը 2017: Թուականին քրտական Սարփոլ-է-զահա գիւղը հարուածած երկրաշարժի մասին: Բեմադրիչին առաջնեկն է:
«Գիշեր` օր ցերեկով» (Ռոզ Պրաէ Շապ, Day for Night, 2018, 27 վ), բեմ. Քավէ Էպրահիմփուր: Վերնագիրը յստակ ակնարկ է Թրուֆոյի «Լա նուի ամերիքէն» (1970) ժապաւէնին, որ խորքին մէջ աւելի նկարահանումի թեքնիքին մասին է, քան` մարդոց: Նոյնն է պարագան այստեղ: Նկարիչ մը պատմական ապարանք մը կը մտնէ, ուր կը կատարուին խորհրդաւոր արարքներ, ներառեալ` զոհաբերութիւն:
«Երգող ճնճղուկը» (Song Sparrow 2019, 12 վ), բեմ. Ֆերզանէ Օմիտվարնիա: Գծագրային ժապաւէն մը, որ կը պատմէ խումբ մը գաղթականներու մասին, որոնք միս փոխադրող ինքնաշարժի սառնարանի մը մէջ փակուած` կը փորձեն Եւրոպա մտնել: Այս կը յիշեցնէ վաղամեռիկ Ղասսան Քանաֆանիի վէպը` «Մարդիկ արեւուն տակ» (Ռիժել թահթ էլ շամս, 1963), որ նոյնանուն տպաւորիչ ժապաւէնի վերածուած էր Մոհամետ Շահինի կողմէ, 1970-ին: Այդտեղ դէպի հանգստաւէտութիւն (Քուէյթ) սպրդիլ փորձող պաղեստինցիները դաժանօրէն կ՛եփին ինքնաշարժի մետաղեայ ջրամբարին մէջ: Ոչ ոք կը լսէ անոնց տագնապահար թակոցները:
- «Կացնահարում» (Տարքուպ, 2018, 111վ), բեմ. Պեհրուզ Շոայպի: Թմրամոլ կին մը կը կարծէ, թէ իր դուստրը մեռած է, մինչդեռ ան կ՛ապրի իր կնոջմէ բաժանուած հօր հետ: Երեքը նոր կեանք կը սկսին:
Մոխիրները (կամ «Աճիւնը», «Խաքեսթար» 2019, 14վ), բեմ. Արեան Կոլսուրաթ (Զուիցերիա): Բեմադրիչին երկրորդ աշխատանքն է: Անհեթեթ սեւ հումոր մը: Քրէական զոյգ մը պատուէր ստացած է այրել դիակ մը եւ մոխիրները յանձնել այրիին: Զոյգը կը խորանայ ձիւնածածկ ամայութեան մէջ: Երբ կը գտնէ յարմար վայր մը, դիակը յանկարծ կը ցնդի օդին մէջ: Նկարահանումները կատարուած են նախնական միջոցներով, լոկ երկու օրուան ընթացքին: Կոլսուրաթի առաջին (ձախող) ժապաւէնը, «Անիւը» (2015), նոյն սեռին կը պատկանի:
- «Մթութիւն» (Թարիքի կամ Umbra, 2018, 15 վ), բեմ. Սայիտ Ճաֆարեան: Թեհրանցի աղջիկ մը (սեռային) ազատութիւն կը գտնէ գիշերուան մթութեան մէջ: «Իմ Թեհրանը կը ծաղկի, երբ արեւը մար կը մտնէ», կ՛ըսէ բեմադրիչը:
- «Սիրելին» (Beloved , 2018, 66 վ), բեմ. Եասեր Թալեպի: (Իրան) 82 տարեկան Ֆիրուզէ 11 զաւակ ունի, բայց կը նախընտրէ առանձին ապրիլ բնութեան մէջ: Հարկ է եզրակացնել, որ իսկապէս երջանիկ ըլլալու համար հարկ է դժուարութիւնները յաղթահարել առանձին:
- Սպանդ («Զիպհ», մորթում, 2019, 13 վ), բեմ. Աքօ Զանտքարիմի եւ Սաման Հոսէյնփուոր: Հայրը կ՛ուզէ տան կովը վաճառել մսագործին, բայց որդին կը փրկէ անասունը:
- «Վարորդական դասեր» (Driving Lessons, 2018, 12վ), Մարզիէ Ռիահի: Իրանի մէջ պարտադիր է, որ ամուսինը ներկ
այ ըլլայ կնոջ վարորդական դասերու ընթացքին: Ժապաւէնը ստացած է տարածաշրջանային կարճամեթրաժ ժապաւէններու «Ոսկէ ծիրան» մրցանակը:
«Վերադարձ» (Պաազկաշթ, 2018, 22), բեմ. Շահրիար Փուրսէյետեան: Ռահիմ 23 տարուան բանտարկութենէ ետք դուրս կու գայ եւ կ՛իմանայ այնցեալի ահաւոր իրադարձութիւններուն մասին: Իր բներգով կը յիշեցնէ «Էշքիա» ժապաւէնը, որուն հանգամանօրէն անդրադարձած եմ: Ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ:
Հուսկ բանք.- Փառատօնը վերածուած է ինքնախաբէութեան մարզանքի մը: Հայկական ժապաւէնները ունին ուսանողական փորձերու մակարդակ: Ստացուած հայցերուն մեծամասնութիւնը նոյնպէս այդ մակարդակի է: Նման փառատօներ կը կայանան նաեւ այստեղ, Լիբանանի մէջ, առանց մեծ աղմուկի: Ասոնց կողքին, կը ցուցադրուին օտար ժապաւէններ, որոնք արդէն իսկ ստացած են առնուազն մէկ միջազգային մրցանակ: «Ոսկէ ծիրան»-ին շնորհած մրցանակները չեն իսկ յիշատակուիր օտար լրատուական միջոցներու մէջ: Անձնապէս աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր կը հետեւիմ լրատուութեան: Ի հարկէ օտար երկիրներու մէջ կան հայ լրագրողներ, որոնք հատ ու կենտ հակիրճ տեղեկատուութիւններ կու տան: Չեմ հանդիպած, սակայն, որեւէ անդրադարձի օտար լրագրողներու, աւելի եւս` քննադատներու կողմէ: Մեծ ուրախութեամբ ներողութիւն կը խնդրեմ, եթէ ապացուցուի, որ սխալած եմ:
«Ոսկէ ծիրան»-ը վերածուած է աշխատանոցի մը (workshop), ուր երիտասարդներ առիթ ունին ցուցադրելու իրենց գործերը եւ համատեղ քննարկելու այլ գործեր: Այդ ի հարկէ մեծապէս օգտակար եւ անհրաժեշտ է: Շա՛տ բարի: Սակայն նման ձեռնարկները կարմիր գորգերով եւ շեփորախումբով չեն կատարուիր, տեղի չեն ունենար հոյածաւալ մարզահամալիրներու մէջ, պետական այրերու ներկայութեամբ: Այրեր, որոնք, ի դէպ, ո՛չ կամքը, ո՛չ բաւարար հմտութիւնը ունին հայկական շարժապատկերի (եւ ոչ միայն) գահավիժումը կասեցնելու:
Իսկական ցաւը փառատօնի զաւեշտը չէ, այլ այն, որ Հայաստանի մէջ այսօր գրեթէ անկարելի է երկարամեթրաժ գեղարուեստական ժապաւէն պատրաստել: Մեզի ծանօթ օրինակը տաղանդաւոր Ջիւան Աւետիսեանն է, որ տարիներէ ի վեր կը փորձէ գումար հաւաքել` աւարտելու համար «Դրախտի դարպասը»: Եթէ Ջիւանը կը դժուարանայ, հապա միւսնե՞րը: Այս հարցին մօտիկ անցեալին հանգամանօրէն անդրադարձած եմ (14, 15):
Իսկական ցաւ է մանաւանդ այն, որ նիւթական ապահովելու համար շարժապատկերի աշխատողներ կը դիմեն օտար աղբիւրներու, որոնք, մեղմ ըսած, բարի մտադրութիւններ չունին: Ցոգոլ ղեկավարները մեզ կ՛աւետեն, որ շուկայական մարտավարութիւն կը գործադրեն: Բայց ի՞նչ ունինք մենք վաճառելու` բացի սկզբունքներէ: Ի՞նչ է այդ, եթէ ոչ` «հոգիներու աճուրդ»: Այս նիւթին բազմիցս անդրադարձած եմ: Ծրագիրներու վարիչ Կարէն Աւետիսեանը կ՛աւետէ, որ փառատօնը նոյնիսկ իրաւասութիւնը չունի մերժելու որեւէ «տարածաշրջանային» (ներառեալ` ազրպէյճանական) ժապաւէն: «Երբ արւում է տարածաշրջանային ծրագիր, առանց սահմանափակումների ներկայացւում է ամբողջ տարածաշրջանը, քանի որ մենք ունենք միջազգային ձեւաչափ, դա նշանակում է, որ եթէ այնտեղից ուղարկում են ժապաւէն, փառատօնը պարտաւոր է այն ընդունել» (ընդգծումը իմ կողմէ) (16): Ցնծա՛, Երուսաղէմ: Կը կրկնեմ արաբական առածը` «Ան, որ կ՛ուտէ սուլթանի սեղանէն, կը զարնէ սուլթանի սուրով»: Ոչինչ կրնայ փոխարինել պետական հովանաւորութիւնը:
Այս օրերուն Հայաստանի մէջ պետական մակարդակով կը քննարկուի շարժապատկերի նոր օրէնսդրութիւն ձեւաւորելու հինաւուրց հարցը: Յուսանք, որ այդ եւս չի թաւշապատուիր:
31 յուլիս 2019
- Հարցազրոյց, «Կինօ աշխարհ», 9 յուլիս, 2018:
- Փոքր ածուի ծիրանը «Ազդակ», 12 օգոստոս 2014:
- Փոքրացող ածուի ծիրանը Ա. եւ Բ. «Ազդակ», 20 եւ 21 օգոստոս 2015:
- Փոքրիկ ածուի ծիրանը Ա. եւ Բ. «Ազդակ», 31 օգոստոս եւ 1 սեպտ. 2016:
- Թօշնող ծիրանի հեւքը , «Ազդակ», 29 յուլիս 2017:
- Յօտուած ծիրանին, «Ազդակ», 4 սեպտեմբեր 2018:
- Նաիրա Փայտեան, «Խելամիտ փոփոխութիւնների հակուած «Ոսկէ ծիրանը», «Կինօ աշխարհ», 24 յունիս 2019:
- Կարինէ Ռաֆայելեան, «Տեսակցութիւն Յասմիկ Յովհաննիսեանի հետ», «Իրատես», 12 յուլիս 2019:
- Արփի Խաչատրեան, «Մէկ կադր մէկ րոպէ», «Կինօ աշխարհ», 10 յունիս 2019:
- www.digilib.am/book/1009/1034/25435/?lang=en
- «Կինոն նկարում են ոգիները…» հարցազրոյց, «Կինօ աշխարհ», 2 յուլիս 2019:
- «Ինչպիսի՞ պահանջի արդիւնքում է «Ոսկէ ծիրան» լուացքատունը որոշել Երեւանում ազրպէյճանական ֆիլմ ցուցադրել». Յովհաննէս Գալստեան, «Իրաւունք», 22 յունիս 2019:
- «Երբ կ՛ըսենք ազերպէյճանական ժապաւէն», (Ազրպէյճան ֆիլմի տէրքեն), Րաֆֆի Հերմոն Արաքս, «T24» (Համացանցային թրքալեզու թերթ), 13 յուլիս 2019:
- Կ՛ուզուի.- «Հայֆիլմ»-ի ծռեր, 10 սեպտեմբեր 2018:
- «Հայկական շարժապատկերի ժառանգը եւ ժառանգորդներ», 13 հոկտեմբեր 2018:
- «Ոսկէ ծիրան»-ում ազրպէյճանական ֆիլմ կը ցուցադրուի», «Առաւօտ», 21 յունիս 2019:
Աս յօդուածը կարդալէս վերջը, մի քանի հատ մտածում ունիմ: 1. Հայաստանի մէջ հիմա ֆութպոլի դիւանագիտութեան տեղը սկսեր է ֆիլմերում դիւանագիտութիւնը: Տասը տարի առաջ, հայերը աշխարի ամմէն տեղերէն բողոքեցին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ատ քայլերը, հիմա մէկուն ձայնը չելլէր որ թիւրքերուն եւ ազերիներուն հետ ասանկ մօտիկութիւն կը խաղան, երբ որ ամմէն օր սահմանին վրայ ազերիները կը կրակեն ու կը կրակեն: 2. Շատ ճիշդ կը գրէ գրողը, որ հիմա Հայաստանի մէջ ֆիլմի մակարդակ չէ մնացած, իսկ սուփըրմամա-ի պէս ֆիլմեր կը ծախեն որպէս թէ մեծ գործեր են, կամ ալ ապուշ ֆիլմեր խաղցողներուն քաղաքապետ կընեն: Պորշովիկներուն օրով ալ լաւ ֆիլմեր պատրաստուած են թէ ազգային եւ թէ մարդկային նիւթերով, հիմա աղբանոցէն կը բերեն ֆիլմերը եւ մարդիկ ալ կը կլեն, Թի-վիներէն ալ նոյն մակարդակի սերիալներ կը բաժնեն, դիտողներն ալ կուտեն համով նախաճաշի պէս…: 3. Եթէ Չիւան Աւետիտեանի ֆիլմերը լաւերուն մէջը պիտի շարենք, հոս ալ ուրիշ մտահոգութիւն մը կայ. աս երիտասարդը լաւ գաղափարներ ունի, բայց իրականութիւնները կը մոռնայ կամ չի ուզեր տեսնել: Մեզի կը ներկայացնէ ազերի մամայի մը բարեսիրտ ըլլալը, որ առեւանգուած հայ աղջիկի մը հոգ կը տանի… Սրցախի մէջ ուրիշ եւ աւելի հայկական նիւթ չի գտներ եւ կը փորձէ որ հայերուն եւ ազերիներուն մէչտեղը խաղաղաղութիւն քարոզել. Հայաստանի կառավարութիւնն ալ հիմա նոր էջ մը կուզէ բանալ Ազրնէյճանի հետ, ըսելով, որ պէտք է խաղաղութիւն քարոզեն: Աիլեւը եւ իր մարդիկը աս մասին գործնական բան մը կընե՞ն. ես կը տետնեմ թէ ճիշդ հակառակը կընեն, մեր ըրածն ալ անի է որ կընէին սովետներու տարիներուն, երգեր կը հանէին որ Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը եղբայր են: Ատանկ եղբայրութեան վերջը տեսանք