Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վատիկանի Մէջ Սկիզբ Առաւ Լիբանանի Հոգեւոր Պետերու Հանդիպումը

July 2, 2021
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 1 յուլիս 2021-ին, Վատիկանի պապական ժողովասրահին մէջ ընթացք առաւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովը` ներկայութեամբ Ֆրանչիսկոս պապին: Ժողովէն առաջ հաւաքական աղօթք տեղի ունեցաւ Ս. Պետրոս մայր տաճարին մէջ:

Ժողովի առաջին նիստին դասախօսութիւն տուաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը` «Ընկերային-քաղաքական ներկայ տագնապը Լիբանանի մէջ եւ  զայն դիմագրաւելու ազդու միջոցները» նիւթին շուրջ: Վեհափառ հայրապետին դասախօսութենէն ետք շուրջ երկու ժամ տեղի ունեցաւ լայն քննարկում: Ներկաները դրական կերպով արձագանգեցին վեհափառ հայրապետին կատարած իրապաշտ վերլուծումներուն` հարցերը յստակացնելու եւ երկիրը ներկայ քաղաքական ու տնտեսական տագնապէն դուրս հանելու առումով պարզած իր տեսակէտներուն գծով:

Երկրորդ նիստին դասախօսութիւն տուաւ մարոնի եկեղեցւոյ Ռայի պատրիարքը` «Եկեղեցւոյ մարդասիրական ու  կրթական դերը Լիբանանի ներկայ կացութեան լոյսին տակ» նիւթին շուրջ: Ներկաները բաժնեցին պատրիարքին պարզած մտահոգութիւնները, սակայն որոշ վերապահութիւն յայտնեցին անոր առաջարկած չէզոքութեան եւ Լիբանանի համար միջազգային համագումարի մը կազմակերպման գաղափարին շուրջ:

Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը յիշեալ երկու նիստերուն ընթացքին յաճախակի կերպով խօսք առնելով կատարեց կարգ մը յստակացումներ` միշտ շեշտելով քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան կարեւորութիւնը եւ այս ծիրին մէջ հարցերը քննարկելու եւ լուծումներ որոնելու հրամայականը:

Կէսօրին, հոգեւոր պետերը եւ անոնց ընկերակցող պատուիրակութեանց անդամները ճաշի հիւրը եղան Ֆրանչիսկոս պապին:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Նախագահեց Դեղորայքի Յատուկ Ժողովի

Յաջորդը

Ընկերային Ու Քաղաքական Անկայունութեան Լոյսին Տակ Յոյսի Նշոյլ Մը` Վատիկանէն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.