ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը 30 յունիսին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դիտել տուաւ, թէ Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնը, համագործակցաբար Ուաշինկթընի մէջ տեղակայուած «Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական կեդրոն»-ին հետ, յաւելեալ եօթը դիմում ներկայացուց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին` խնդրելով «ժամանակաւոր միջոց կիրարկել» 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութենէն ետք միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտումներով գերեվարուած հայ զինուորական ծառայողներու գործերով:
«Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական կեդրոն»-ի ղեկավար, Հայ դատի երկարամեայ գործիչ Քէն Խաչիկեան յայտնեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ հայ ռազմագերիները իբրեւ այդպիսին չճանչնալու շարունակական քաղաքականութիւնը մարդկային կեանքի նկատմամբ այլասերած վերաբերմունքի օրինակ է: «Ժամանակն է, որ միջազգային հանրութիւնը դադրի բռնապետ Ալիեւը քաջալերելէ եւ պահանջէ, որ Ազրպէյճան կատարէ 1949-ին ընդունուած Ժընեւեան ուխտի պարտաւորութիւնները», նշեց ան:
«Ժամանակաւոր միջոց» կիրարկելու համար հայ գերիներուն մասին շարունակական վկայութիւններ հաւաքագրելով` Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ յիշեալ կեդրոններուն դիմումները առաջին քայլերն են ստիպելու Ազրպէյճանը` իբրեւ այդպիսին ճանչնալու հայ ռազմագերիները: Ասիկա նաեւ կարելիութիւն պիտի տայ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններուն, յատկապէս` Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան, մուտք գործելու գերեվարուած անձերուն մօտ:
Երեւանի եւ Ուաշինկթընի մէջ տեղակայուած երկու իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու համագործակցութեան շնորհիւ, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին ներկայացուեցան շուրջ հարիւր հայ ռազմագերիներու վերաբերեալ գործեր: Վերջերս, նոյն համագործակցութեամբ, կարելի եղաւ տեղեկութիւններ հաւաքել Ազրպէյճանի մէջ պահուող շուրջ 90 հայ գերիներու մասին:
Հաղորդագրութեան մէջ կը հաստատուի, որ իրաւապաշտպան կեդրոնները պիտի շարունակեն հետամուտ ըլլալ շուրջ հարիւր հայ գերիներու ազատ արձակման եւ անոնց կեանքի իրաւունքի պաշտպանութեան: