Երէկ` հինգշաբթի, 1 յուլիսին «Քոնկրես» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ «ԵԱՏՄ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրները եւ ներքին շուկայի պաշտպանութիւնը» վերլուծութեան ներկայացումը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան զեկուցումներ` ազատ առեւտուրի նոր համաձայնագիրներ կնքելու ԵԱՏՄ բանակցութիւններուն, կատարուելիքներուն եւ այլ յարակից հարցերու մասին:
«ԵԱՏՄ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրները եւ ներքին շուկայի պաշտպանութիւնը» վերլուծութեան քննարկումին նախաձեռնած էր «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամը` «Ֆրիտրիխ Էպերթ» հիմնադրամին հետ միասին:
«Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամի տնօրէն Շաղիկ Մարուխեան ըսաւ, որ ասիկա 10 տարուան համագործակցութեան եւ բազմաթիւ ծրագիրներու ներկայ փուլն է: Ան տեղեկացուց, որ «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամը ստեղծուած է 2009-ին, անոր առաքելութիւնն է ազգային եւ միջազգային երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ աջակցիլ Հայաստանի քաղաքացիներուն` քաղաքական կեանքին եւ հասարակութեան մէջ փոփոխութիւններու հանդէպ դիրքորոշում ձեւաւորելու հարցով: Մարուխեան շեշտեց, որ հիմա, աւելի քան երբեւէ, Հայաստան կարիք ունի կրթուած, գաղափարական եւ ազգային արժէքներով առաջնորդուող հասարակութեան:
«Ֆրիտրիխ Էպերթ» հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Նայիրա Գէորգեան ըսաւ, թէ իրենց հիմնադրամը արդէն 26 տարի է կ՛օժանդակէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման եւ կայուն քաղաքական հասարակութեան կայացման:
Տնտեսագէտ, ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի պատասխանատու Սուրէն Պարսեան խօսեցաւ ԵԱՏՄ-ի ստորագրած ազատ առեւտուրի համաձայնագիրներուն, նաեւ` աշխարհագրութեան, հիմնական դրոյթներու, տնտեսական ազդեցութեան մասին:
Ան նշեց, որ իրենք վերլուծում կատարած են` նպատակ ունենալով աւելի արդիւնաւէտ դարձնել Հայաստանի գործունէութիւնը ԵԱՏՄ-ի շրջանակներուն մէջ: «6 տարի է անդամակցած ենք ԵԱՏՄ-ին, եւ այս ընթացքին շատ չնչին մասը օգտագործած ենք ԵԱՏՄ-ի կարելիութիւններուն», յայտնեց Սուրէն Պարսեան:
Պարսեան նկատել տուաւ, որ ԵԱՏՄ-ի անդամակցութիւնը կարելիութիւն կու տայ, որ Հայաստան դառնայ 180 միլիոննոց շուկայի մաս: «Ասիկա կարեւոր է, քանի որ երկկողմանի առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններ ստեղծելով` Հայաստանի փոքր շուկան շահագրգռութիւն չի յառաջացներ, բայց այս մեծ շուկան կ՛ազդէ Հայաստանի տնտեսական կապերուն վրայ. Հայաստանը, օրինակ, ԵԱՏՄ-ի անդամներէն միակն է, որն ունի GSP+ համակարգ: Այս պահուն 40 երկիր շահագրգռուած է ԵԱՏՄ-ի հետ համագործակցութեամբ», նշեց ան:
Տնտեսագէտ, ՀՅԴ-ի անդամ Թադեւոս Աւետիսեան դիտել տուաւ, որ կ՛ըսենք` 180 միլիոննոց շուկայ, բայց անոր մէջ հաւաքական կարգաւորումներ կան, եւ եթէ մրցակցութեան մէջ մտնենք առանց պատրաստ ըլլալու` ատիկա կրնայ վտանգաւոր ըլլալ մեր տնտեսութեան համար: Մանաւանդ հիմա, որ սահմանները բանալու քննարկումներ կը կատարուին: «ԵԱՏՄ-ն տնտեսական միասնական տարածք է եւ գործող կենդանի մարմին, իբրեւ միջազգային կառոյց, տնտեսական համարկման միաւորում զարգացման հոլովոյթներու մէջ կը գտնուի, կը փորձէ ընդլայնուիլ եւ կապեր հաստատել շրջանի երկիրներուն հետ», նշեց ան:
Ըստ անոր, այս պահուն Իսրայէլը, Եգիպտոսը եւ Հնդկաստանն են, որոնց հետ կը բանակցի ԵԱՏՄ-ն, եւ բանակցութիւններու տարբեր փուլեր կան: Հայաստանի համար հետաքրքրական է Եգիպտոսի եւ Հնդկաստանի հետ կապերու խորացումը:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան ըսաւ, որ երբ կը խօսինք ազատ առեւտուրի համաձայնագիրներուն մասին` յատկապէս ԵԱՏՄ-ի ծիրին մէջ, ԵԱՏՄ-ի արձանագրուած մեքանիզմներուն պէտք է անդրադարձ կատարենք եւ փորձենք անկէ մեկնելով երրորդ երկիրներու հետ առեւտրական, տնտեսական ու քաղաքական շահերը վերլուծել: