Newsletter

Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարը Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Օժանդակելու Լիբանանին` Լուծելու Համար Անոր Դիմագրաւած Տագնապները

Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարը Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Օժանդակելու Լիբանանին` Լուծելու Համար Անոր Դիմագրաւած Տագնապները

Քաթարի փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանի երէկ միօրեայ այցելութեամբ մը հասաւ  Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան պետերուն հետ` պատրաստակամութիւն յայտնելով օժանդակելու Լիբանանին` լուծելու իր հարցերը: Երեկոյեան ժամը 5:00-ին քաթարցի նախարարը հասաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր  դիմաւորուեցաւ փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըրի կողմէ: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ...

Պենզինի Կայարանները Կը Վերածուին Կռուի Դաշտի, Իսկ Փուռերու Աշխատաւորներու Սենտիքան Կոչ Կ՛ուղղէ Բողոքի Նստացոյցի

Պենզինի Կայարանները Կը Վերածուին Կռուի Դաշտի, Իսկ Փուռերու Աշխատաւորներու Սենտիքան Կոչ Կ՛ուղղէ Բողոքի Նստացոյցի

Յուսալքութեամբ համակուած հոգեվիճակով եւ իր օրուան հացը ապահովելու մտահոգութեամբ ապրող անհեռանկար լիբանանցիները երէկ շարունակեցին իրենց առօրեան. ոմանք ուղղուեցան պենզինի կայարաններ, ոմանք` դեղարաններ, ոմանք` հանրախանութներ, իսկ ոմանք մնացին իրենց բնակարանները` առանց ելեկտրականութեան եւ տարրական այլ կարիքներու` խայտառակութեան ենթարկուելով երկրին իւրաքանչիւր անկիւնի մէջ: Օր մը առաջ պենզինի կայարաններուն առջեւ գիշերած եւ օրուան տօթին ժամեր շարունակ իրենց ինքնաշարժներուն մէջ շարք սպասած քաղաքացիները` խայտառակուելէ...

Տիապ. «Լիբանանը Օրեր Կը Բաժնեն Ընկերային Պայթումէ Մը, Իսկ Այս Կառավարութիւնը Չի Կրնար Զայն Փրկել` Առանց Եղբայր Երկիրներուն Օժանդակութեան»

Տիապ. «Լիբանանը Օրեր Կը Բաժնեն Ընկերային Պայթումէ Մը, Իսկ Այս Կառավարութիւնը Չի Կրնար Զայն Փրկել` Առանց Եղբայր Երկիրներուն Օժանդակութեան»

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դեսպաններն ու դիւանագիտական անձնակազմերու պետերը, որոնց ներկայութեան ան արտասանեց խօսք մը` ընդգծելով Լիբանանին օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը: Տիապ յայտնեց, որ մինչ իրենք այս հանդիպումը կ՛ունենան, քաղաքացիները շարք բռնած են եւ կը սպասեն պենզինի կայարաններուն դիմաց, իսկ ոմանք դեղարաններէն դեղորայք կամ երեխաներու յատուկ կաթ կը փնտռեն: Ինչ կը վերաբերի բնակարաններուն, ապա...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Դասախօսութիւնը` Տրուած Վատիկանի Մէջ.  «Շուտափոյթ Կառավարութեան Կազմութիւնը Ներկայ Վտանգալից Կացութիւնը Դէպի Բարելաւում Առաջնորդող Առաջին Քայլն Է» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Դասախօսութիւնը` Տրուած Վատիկանի Մէջ. «Շուտափոյթ Կառավարութեան Կազմութիւնը Ներկայ Վտանգալից Կացութիւնը Դէպի Բարելաւում Առաջնորդող Առաջին Քայլն Է» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հինգշաբթի, 1 յուլիս 2021-ին Վատիկանի մէջ, Ֆրանչիսկոս պապին ներկայութեամբ եւ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու մասնակցութեամբ, տեղի ունեցած հանդիպման առաջին նիստին դասախօսութիւն տուաւ վեհափառ հայրապետը` ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս պապի փափաքին, «Լիբանանի ընկերաքաղաքական ներկայ կացութիւնը եւ անկէ դուրս գալու կարելիութիւնները» նիւթին շուրջ: Իր խօսքին սկիզբը Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Պիտի փորձեմ հետեւեալ երեք հարցերը հակիրճ կերպով ներկայացնել ձեզի: Առաջին` Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ ընկերաքաղաքական...

Արմէն Սարգսեան. «Արցախեան Պատերազմին  Եւ Անոր Փառապսակը Հանդիսացող Շուշիի Ազատագրման  Ժամանակ Յաղթեց Հայաստանի, Արցախի  Եւ Սփիւռքի Մեր Միասնական Ուժը»

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Ուղերձը Սահմանադրութեան Օրուան Առիթով

Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան օրուան առիթով Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան յղեց հետեւեալ ուղերձը. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Այսօր Սահմանադրութեան օրն է: Իւրաքանչիւր ժողովուրդ իր կեանքը, պետականութիւնը կառուցում է իր սեփական արժեհամակարգի հիման վրայ: Հնուց ի վեր մեր ժողովուրդը դաւանել է երկու հիմնական կարեւոր արժէք` ազատութիւնը եւ արդարութիւնը: Դրանց վրայ են խարսխուած եղել տարբեր ժամանակներում ընդունուած մեր բոլոր սահմանադրութիւնները: Այդ արժէքներն ուղղակիօրէն արտացոլուած...

Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի 24-րդ Գերագոյն Ժողովը

Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի 24-րդ Գերագոյն Ժողովը

Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. 2-էն 4 յուլիսին Երեւանում գումարուել է ՀՅԴ Հայաստանի 24-րդ Գերագոյն ժողովը: Ժողովը քննել է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի 2019-2021 թուականների գործունէութիւնը, կատարել գնահատումներ: Ժողովի ընթացքում մանրակրկիտ քննարկուել են երկրում ստեղծուած քաղաքական, ընկերային-տնտեսական, բարոյահոգեբանական վիճակը եւ անվտանգութեան հարցերը: Հաստատուել են ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան յառաջիկայ երկու տարիների գործունէութեան սկզբունքները, առաջնահերթութիւններն ու անելիքները: Քննարկումների արդիւնքում...

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը` Սահմանադրութեան Օրուան Առիթով

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը` Սահմանադրութեան Օրուան Առիթով

Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան օրուան առիթով «Հայաստան» դաշինքը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Այսօր մեր երկրի կարեւորագոյն խորհրդանիշներից մէկի` Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան օրն է: 1995 թուական յուլիսի 5-ին համապետական հանրաքուէով ընդունուած Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնն, ըստ էութեան, վերահաստատեց Հայաստանի Անկախութեան հռչակագրում արտացոլուած` անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն, զարգացող եւ բարգաւաճող հայրենիք, բարեկեցիկ եւ համերաշխ հասարակութիւն, ազատ եւ արժանապատիւ քաղաքացի ունենալու մեր հաւաքական...

Վառելանիւթի Հարցը Կը Մնայ Անլոյծ, Իսկ Կրթութեան Նախարարութիւնը Կը Ջնջէ Պրէօվէի Պետական Քննութիւնները

Վառելանիւթի Հարցը Կը Մնայ Անլոյծ, Իսկ Կրթութեան Նախարարութիւնը Կը Ջնջէ Պրէօվէի Պետական Քննութիւնները

Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ եթէ կացութիւնը այս ձեւով շարունակուի, ապա պենզինի թիթեղին սակը 200 հազար լ. ոսկիի պիտի բարձրանայ` աւելցնելով, որ քաղաքացիները անկարող պիտի ըլլան փոխադրամիջոցներ օգտագործելու: Թլայս նշեց, որ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ ցամաքային փոխադրութեան սակը տարբեր է` աւելցնելով, որ յստակ սակ չկայ ցարդ: Թլայս յայտնեց, որ համադաշնակցութիւնը վաղը`...

Կառավարութեան Անունով Փոխանցուած Նուիրատուութենէն Նախարարները Անտեղեակ Են

Կառավարութեան Անունով Փոխանցուած Նուիրատուութենէն Նախարարները Անտեղեակ Են

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի կողմէ անցեալ շաբաթավերջին կատարուեցաւ յայտարարութիւն մը, թէ Լիբանանի կառավարութիւնը պատրաստ է 500 հազար եւրոյի գումարի ներդրում մը կատարելու` ֆինանսաւորելու համար Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքներուն մէկ մասը: Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ այդ գումարը նուիրատուութիւն է: Սակայն երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային այս ծանր պայմաններուն ընթացքին նման որոշում բացատրութիւն կը պահանջէ Տիապի կողմէ, յատկապէս նկատի ունենալով,...

Դատախազ Խուրի Պիթարի Պահանջները Հասցուց Համապատասխան Մարմիններուն

Դատախազ Խուրի Պիթարի Պահանջները Հասցուց Համապատասխան Մարմիններուն

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գործով նշանակուած ընդհանուր դատախազ Ղասսան Խուրի երէկ Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթարի կողմէ յղուած նամակները հասցուց համապատասխան մարմիններուն եւ սենտիքաներուն, որպէսզի զանոնք իբրեւ ամբաստանեալ հարցաքննելու իրաւունք ստանայ: Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին դրդապատճառները քողազերծելու նպատակով բացուած հետաքննութեան շրջագիծին մէջ, Պիթար Ընդհանուր դատախազութեան միջոցով նամակ մը յղած է խորհրդարանին` պահանջելով անձեռնմխելիութենէ զրկել Ալի Հասան Խալիլը...

Սէյիտ Նասրալլա. «Կառավարութեան Կազմութեան Հարցը Լիբանանի Վարչակարգի Տագնապին Դրսեւորումն Է»

Սէյիտ Նասրալլա. «Կառավարութեան Կազմութեան Հարցը Լիբանանի Վարչակարգի Տագնապին Դրսեւորումն Է»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ խօսք մը արտասանեց Տեղեկատուական յատուկ հանդիպումին, որ նուիրուած էր Պաղեստինի յաղթանակին նուիրուած տեղեկատուական բառամթերքին վերաորակաւորման եւ արդիականացման: Այս առիթով սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ պէտք է տեղեկատուական դիմադրութիւնը զարգացնենք, այնպէս ինչպէս զինուորական դիմադրութիւնը: Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակին` հաստատելով, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը Լիբանանի վարչակարգի տագնապին դրսեւորումն է, ինչպէս նաեւ...

Ռուսիոյ Նախաձեռնութեամբ`  Ազրպէյճան Ազատ Արձակեց 15 Հայ Գերիներ, Որոնց Դիմաց Հայաստան Պաքուին Յանձնեց Երկու Շրջաններու Ականապատ Դաշտերու Քարտէսները

Ռուսիոյ Նախաձեռնութեամբ` Ազրպէյճան Ազատ Արձակեց 15 Հայ Գերիներ, Որոնց Դիմաց Հայաստան Պաքուին Յանձնեց Երկու Շրջաններու Ականապատ Դաշտերու Քարտէսները

Շաբաթ օր Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ 3 յուլիսին Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ Հայաստանը ազրպէյճանական կողմին յանձնած է Վարանդային եւ Կովսականի շրջաններուն շուրջ 92.000 ականներու քարտէսները: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ իբրեւ մարդասիրական քայլ` ազրպէյճանական կողմը Հայաստանին արտայանձնած է բանտարկութեան դատապարտուած 15 անձեր: Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Ռուսթամ Մուրատով հայ ռազմագերիները տեղափոխող օդանաւի էջքէն ետք հրապարակեց...

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստան-Ազրպէյճան Սահմանի Կացութեան Դիւանագիտական Լուծումը Կ՛ակնկալէ

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Կ՛ողջունէ Հայ Պատերազմական Գերիներու Ազատ Արձակումն Ու Ականապատման Քարտէսներու Ազրպէյճանին Տրամադրումը

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ ողջունած է 15 հայ պատերազմական գերիներու վերադարձը Հայաստան եւ յոյս յայտնած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հովանիին տակ տագնապի լուծման նկատմամբ: «Կ՛ողջունեմ Ազրպէյճանի կողմէ յաւելեալ 15 հայ պահուող անձերու ազատ արձակումը եւ Հայաստանի կողմէ ականապատուած տարածքներու քարտէսներու տրամադրումը», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Անն Լինտէ: Ան բարձր գնահատած է նաեւ ռուսական միջնորդութիւնը: «Յոյսով...

Եւրոպական Միութեան Յատուկ Ներկայացուցիչը Ողջունած Է Հայ Գերիներու Ազատ Արձակումն Ու Անոնց Դիմաց Ականապատ Դաշտերու Քարտէսներու Տրամադրումը

Եւրոպական Միութեան Յատուկ Ներկայացուցիչը Ողջունած Է Հայ Գերիներու Ազատ Արձակումն Ու Անոնց Դիմաց Ականապատ Դաշտերու Քարտէսներու Տրամադրումը

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար ողջունած է Հայաստանի կողմէ Ազրպէյճանին Վարանդայի (Ֆիզուլի) եւ Կովսականի (Զանգելան) ականապատ դաշտերու քարտէսներու տրամադրումը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ 15 հայ գերիներու ազատ արձակումը: «Գերազանց նորութիւններ Պաքուէն եւ Երեւանէն: Լաւ է, որ ազատ արձակուած են աւելի շատ պահուող հայեր: Կարեւոր է նաեւ, որ աւելի շատ ականապատ դաշտերու քարտէսներ փոխանակուած...

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումէն 11 Ամիսներ Ետք Զոհերուն Հարազատները Կը Շարունակեն Պահանջել Արդարութիւնը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումէն 11 Ամիսներ Ետք Զոհերուն Հարազատները Կը Շարունակեն Պահանջել Արդարութիւնը

Մազութի Տագնապը Կը Թակէ Փուռերուն Դռները, Իսկ «Տելթա» Տարբերակէն Զգուշանալու Ահազանգներ Կը Հնչեն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն 11 ամիսներ ետք, պայթումին պատճառով զոհուածներուն  հարազատները երէկ յիշատակի նստացոյց մը կատարեցին նաւահանգիստի թիւ 3 դարպասին դիմաց: Զոհերու հարազատներուն անունով ներկաները գնահատեցին Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթարի որոշումը` շեշտելով, որ անիկա զոհերու ընտանիքներուն սիրտերը հանգչեցուց: Անոնք կոչ ուղղեցին Պիթարին...

Ժոմպլաթ. «Կարելի Չէ Հարիրիին Հրաժարական Պարտադրել»

Ժոմպլաթ. «Կարելի Չէ Հարիրիին Հրաժարական Պարտադրել»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանանի կացութիւնը կայծակնային արագութեամբ կը վատթարանայ, յատկապէս այն արագ տրուած եւ լաւապէս չսերտուած որոշումներուն պատճառով, որոնք ընդհանրապէս ապարդիւն դուրս կու գան: «Օրինակ, ինծի համար անհասկնալի է վառելանիւթի նպաստին նուազեցումը եւ անոր սակը ամերիկեան տոլարի 3900 սակի հիման վրայ ճշդելու քայլը, որովհետեւ անով հանդերձ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ պենզինի սակին տարբերութիւնը 140 հազար...

Շիա. «Կը Մաղթեմ, Որ Յառաջիկայ Տարուան Ընթացքին Պատասխանատու Քայլեր Առնուին` Լիբանանը Իր Տագնապներէն Դուրս Բերելու Նպատակով»

Շիա. «Կը Մաղթեմ, Որ Յառաջիկայ Տարուան Ընթացքին Պատասխանատու Քայլեր Առնուին` Լիբանանը Իր Տագնապներէն Դուրս Բերելու Նպատակով»

Միացեալ Նահանգներու անկախութեան 244-ամեակին առիթով դեսպանատան մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ նախորդ տարին շատ դժուար էր բոլորին համար: «Մենք ձեզի հետ կը բաժնենք այն յուսախաբութիւնը, որ ապրեցաք` «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով Միացեալ Նահանգներ չկարենալ ճամբորդելու համար, սակայն չեմ ուզեր յուսախաբութիւններուն եւ յուսալքումին վրայ կեդրոնանալ, այլ` կ’ուզեմ շնորհաւորել ձեզի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ֆրանչիսկոս Պապէն Խնդրեց Օգտակար Դառնալ Արցախի Պատերազմի Գերինեու Վերադարձին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ֆրանչիսկոս Պապէն Խնդրեց Օգտակար Դառնալ Արցախի Պատերազմի Գերինեու Վերադարձին

Վատիկանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովի ընթացքին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յարմար առիթով Ֆրանչիսկոս պապին հետ առանձին անդրադարձաւ Արցախի պատերազմի հետեւանքներուն եւ յատկապէս ցարդ Ազրպէյճանի մօտ գտնուող հայ գերիներու վերադարձի հարցին: Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, թէ միջազգային օրէնքի տրամադրութիւններուն դէմ է պատերազմի գերիներուն նկատմամբ Ազրպէյճանի ցուցաբերած հակաօրինական մօտեցումը: Վեհափառ հայրապետը իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Ֆրանչիսկոս պապին, որ...

Համա-ՀՄԸՄ-ական Ա. Առցանց Բանակումը` Արդիական Եւ Նորարար Աշխատանքի Նոր Ճիգ Մը

Համա-ՀՄԸՄ-ական Ա. Առցանց Բանակումը` Արդիական Եւ Նորարար Աշխատանքի Նոր Ճիգ Մը

Յունիսի վերջին շաբաթավերջին` շաբաթ, 26 եւ կիրակի, 27 յունիս 2021-ին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական Ա. առցանց բանակումը` Pan Homenetmen Online Jamboree-ն (PHOJ): Իր տեսակին մէջ եզակի եւ իւրայատուկ այս բանակումին մասնակցեցան միութեան 25 շրջաններէն եւ Թեհրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութենէն աւելի քան 1000 սկաուտներ (13 տարեկանէն վեր), որոնք հաճելին օգտակարին միացուցած` 24 անմոռանալի ժամեր անցուցին իրենց կողքին...

Page 6 of 256 1 … 5 6 7 … 256