Newsletter

Պըրրի. «Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք Կատարելիք  Այցելութիւնը Կարեւոր Է` Մարդկութիւնը Սիրոյ  Եւ Ներողամտութեան Հիմերու Վրայ Ամրապնդելու Համար»

Պըրրի. «Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք Կատարելիք Այցելութիւնը Կարեւոր Է` Մարդկութիւնը Սիրոյ Եւ Ներողամտութեան Հիմերու Վրայ Ամրապնդելու Համար»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս պապին Իրաք այցելութիւնը եւ հոն անոր ունենալիք պատմական հանդիպումները, որոնց շարքին` այաթոլլա սէյիտ Ալի Սիսթանիի հոգեւոր հեղինակութեան ներկայացուցչութիւն այցելութիւնը, իրենց մէջ կը պարփակեն կարեւոր պատգամներ: Կարեւոր այդ պատգամներէն մէկը այն է, որ այդ այցելութիւնը մարդկութիւնը պիտի ամրապնդէ սիրոյ եւ ներողամտութեան հիմերուն վրայ: Պըրրի հաստատեց, որ Ֆրանչիսկոս պապին այցելութեան պատգամներէն մէկը պիտի ըլլայ...

«Ինչպէս Իշխանութիւնը Պատասխանատուութիւն Է, Նոյնպէս Ալ` Հրաժարականը»  Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

«Լիբանանի Մէջ Ախոյեանութիւնները Կը Կազմակերպուին Նախարարական Պետական Շտապի Որոշումով» Շեշտեց Վ. Օհանեան – Գէորգեան

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ յայտնեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակն ու երկրին ընդհանուր փակումը տնտեսապէս, հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս վատ ազդեցութիւն ունեցած են լիբանանցի հազարաւոր մարզիկներու եւ անոնց ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ մարմնակրթութեան մարզին շնորհիւ իրենց ապրուստը ապահովող քաղաքացիներուն վրայ: Վ. Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ախոյեանութիւններու կազմակերպումը կարելի պիտի ըլլայ նախարարական պետական շտապին որոշումով: «Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը բացառութիւնները...

Բաղրամեան Պողոտայի Հանրահաւաքին  Մասնակիցները Լիակատար Աջակցութիւն  Կը Յայտնեն Զինուած Ուժերու  Ընդհանուր Հրամանատարին

Բաղրամեան Պողոտայի Հանրահաւաքին Մասնակիցները Լիակատար Աջակցութիւն Կը Յայտնեն Զինուած Ուժերու Ընդհանուր Հրամանատարին

Երէկ` չորեքշաբթի, 3 մարտին, Բաղրամեան պողոտային վրայ, Ազգային ժողովի շէնքին դիմաց տեղի ունեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հանրահաւաքը, որուն մասնակիցները կը պահանջէին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անյապաղ հրաժարականը, նաեւ իրենց լիակատար աջակցութիւնը յայտնելով զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարին: Նշենք, որ հանրահաւաքին զուգահեռ Ազգային ժողովին մէջ տեղի կ՛ունենար կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանը: Իշխանութիւնը կարելի եւ անկարելի բոլոր միջոցներուն ձեռնարկեց Նիկոլ Փաշինեանի ու կառավարութեան...

Վազգէն Մանուկեան Կանչուած Է  Հարցաքննութեան

Վազգէն Մանուկեան Կանչուած Է Հարցաքննութեան

Երէկ` չորեքշաբթի, 3 մարտին, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան ստացաւ ծանուցագիր մը, որուն հիմամբ իր կատարած յայտարարութիւններուն համար Հայաստանի Քննչական կոմիտէին կողմէ կանչուած է հարցաքննութեան: Այս առնչութեամբ Հայրենիքի փրկութեան շարժումը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Հայրենիքի փրկութեան շարժման վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեանն այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան Քննչական կոմիտէի կողմից ստացել է ծանուցագիր, որից պարզ է դառնում, որ իշխանութիւնը զաւթելուն ուղղուած հրապարակային...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ  Զօրավար-Գնդապետ Օնիկ Գասպարեանի Հետ

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Զօրավար-Գնդապետ Օնիկ Գասպարեանի Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 3 մարտին հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօրավար-գնդապետ Օնիկ Գասպարեանի հետ: Զրուցակիցները մասնաւորապէս անդրադարձան վերջին իրադարձութիւններուն առնչութեամբ ստեղծուած լարուած իրավիճակին: Նշուեցաւ, որ, անկախ այդ առնչութեամբ տրուած որոշումներէն, առաջնահերթ կարեւորութիւն են երկրի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը: Նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ զինուած ուժերը միշտ պէտք է ըլլան բոլորին հոգածութեան կեդրոնը` շեշտելով, որ ինք պիտի շարունակէ յատուկ...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է  Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի  Ներկայացուցիչներուն Հետ

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Երէկ` չորեքշաբթի, 3 մարտին, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի ներկայացուցիչներ` վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան, «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեան, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Գործադիր մարմինի անդամ Վահրամ Բաղդասարեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան տեսակցեցան հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին հետ: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին երկրին մէջ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակի հանգուցալուծման, վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ լարուածութեան թուլացման ուղիներուն շուրջ: Շարժումի ղեկավարները ներկայացուցին...

Լիբանանցիները Կը Շարունակեն Բողոքի  Ցոյցերն Ու Ճամբաներու Փակումը

Լիբանանցիները Կը Շարունակեն Բողոքի Ցոյցերն Ու Ճամբաներու Փակումը

Մինչ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ` Լիբանանին օժանդակութիւն ապահովելու համար, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը շարունակեց մնալ տեղքայլի մէջ, իսկ լիբանանցիները շարունակեցին երկրին տարբեր շրջաններուն մէջ բողոքի ցոյցեր կատարել եւ ճամբաները փակել: Այստեղ պէտք է աւելցնել, որ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժար երէկ ընդունեց ցամաքային փոխադրութեան մարզի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան...

Նախագահ Աուն Սալամէէն Պահանջեց Ամերիկեան  Տոլարի Սակի Բարձրացումին Պատճառները Պարզել

Նախագահ Աուն Սալամէէն Պահանջեց Ամերիկեան Տոլարի Սակի Բարձրացումին Պատճառները Պարզել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց հետեւիլ լիբանանեան կարգ մը շրջաններու մէջ արձանագրուած բողոքի շարժումներուն, որոնց պատճառը ամերիկեան տոլարի սակին 10.000 լ. ոսկիի բարձրացումն էր: Այս շրջագիծին մէջ նախագահ Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որմէ պահանջեց ամերիկեան տոլարի սակի բարձրացումին պատճառները պարզել եւ այդ մասին լիբանանցիներուն իմացնել` թափանցիկութիւն ապահովելով հետաքննութիւն կատարող յատուկ խորհուրդի աշխատանքին...

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը  Կոչ Կ՛ուղղէ Միջազգային Դատական Ատեանին Հետ  Գործակցելու` Պէյրութի  Նաւահանգիստի Պայթումին Գծով

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ Միջազգային Դատական Ատեանին Հետ Գործակցելու` Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Գծով

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ խորհուրդը բարձր կը գնահատէ շաբաթ, 27 փետրուար 2021-ին Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած ազգային կարեւոր իրադարձութիւնը, որուն ընթացքին հազարաւոր լիբանանցիներ` բոլոր համայնքներէն, կուսակցութիւններէն ու յարանուանութիւններէն, ուղղուեցան հոն: Խորհուրդը զօրակցութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին յայտարարած չէզոքութեան...

Քֆարտըպիանի Մէջ .  «Պատրաստ Ենք Ամէն Իմաստով Օժանդակելու`  Պահպանելու Համար Մարզական  Այս Զբօսաշրջութիւնը»   Շեշտեց Վ. Օհանեան – Գէորգեան

Քֆարտըպիանի Մէջ . «Պատրաստ Ենք Ամէն Իմաստով Օժանդակելու` Պահպանելու Համար Մարզական Այս Զբօսաշրջութիւնը» Շեշտեց Վ. Օհանեան – Գէորգեան

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ այցելեց Քֆարտըպիանի դահուկարշաւի կեդրոնները: Քֆարտըպիանի քաղաքապետարանին մէջ նախարարը դիմաւորեց քաղաքապետ Պասսամ Սալամէ եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամները: Հանդիպումին ընթացքին Սալամէ բարձր գնահատեց Վ. Օհանեան-Գէորգեանի աշխատանքները եւ նուիրուածութիւնը մարմնակրթութեան մարզի բարգաւաճումին: Իր կարգին, Վ. Օհանեան-Գէորգեան շնորհակալութիւն յայտնեց Քֆարտըպիանի քաղաքապետութեան եւ քաղաքապետին, որոնք հակառակ «Քորոնա»-ի համաճարակին, ճիգ չեն խնայեր դահուկարշաւի այս եղանակը յաջողցնելու նպատակով: Ապա...

Արամ Ա. Կաթողիկոս.  «Կառչիլ Սկզբունքներուն, Ո՛չ Անձերուն»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կառչիլ Սկզբունքներուն, Ո՛չ Անձերուն»

Երէկ, 3 մարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Դիմատետրի իր էջին մէջ իր «Կեանքը արժէքներով իմաստաւորել» գործէն մէջբերած է հետեւեալ հատուածը. «Մեր ազգին ու հայրենիքին դիմագրաւած տագնապներուն դիմաց Մեր պատգամն է` Կառչիլ սկզբունքներո՛ւն, ո՛չ անձերուն, ճշմարտութեա՛ն` ո՛չ կեղծին, միջուկի՛ն` ո՛չ կեղեւին, խորքի՛ն` ո՛չ պղպջակին, ցորենի՛ն` ո՛չ որոմին, մնայունի՛ն` ո՛չ գնայունին, այլ խօսքով` արժէքի՛ն, ժողովուրդի՛ն ու հայրենիքի՛ն: Ասո՛նք են վաւերականը...

Հաղորդագրութիւն.  Համաձայնագիրի Ստորագրութիւն Ճափոնական  Դեսպանատան Եւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան»  Հաստատութեան Միջեւ

Հաղորդագրութիւն. Համաձայնագիրի Ստորագրութիւն Ճափոնական Դեսպանատան Եւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Միջեւ

Չորեքշաբթի, 3 մարտ 2021-ին, ճափոնական դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ համաձայնագիրի մը ստորագրութիւնը` Լիբանանի մէջ Ճափոնի լիազօր դեսպան Օքուպօ Թաքեշի եւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հիմնարկի տնօրէն Սերոբ Օհանեանի միջեւ: Ըստ համաձայնագիրին, Ճափոնի ժողովուրդը «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հիմնարկին կը յատկացնէ 89.948 ամ. տոլար` ծրագիրի մը համար, որուն շնորհիւ` 1.- «Գարակէօզեան»-ի Լէյլաւանի դարմանատունը պիտի օժտուի նոր ատամնաբուժարանով` իր լրիւ սարքերով, եւ այսպէս դարմանատան մէջ օրական...

Նախագահ Սարգսեան Առարկութիւններով Վերադարձուց Օննիկ Գասպարեանը Պաշտօնազրկելու Հրամանագիրի Նախագիծը

Նախագահը Սահմանադրական Դատարան Ուղարկած Է «Զինուորական Ծառայութեան Եւ Զինծառայողի Կարգավիճակի Մասին» Օրէնքի` Սահմանադրութեան Համապատասխանելու Հարցը

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ տարածած է յայտարարութիւն մը` Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Օնիկ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատ կացուցելու առաջարկին վերաբերեալ հանրապետութեան նախագահի որոշումին մասին: «Հանրապետութեան նախագահը կարեւորում է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերի գլխաւոր շտաբի պետ Օնիկ Գասպարեանին պաշտօնից ազատելու հարցի վերաբերեալ առաջացած քաղաքական ճգնաժամի հրատապ հանգուցալուծումը: Այդ նպատակով հանդիպումներ են եղել վարչապետի, զօրավար-գնդապետ Օնիկ Գասպարեանի եւ զինուած ուժերի բարձրագոյն...

Հայրենիքի Փրկութեան  Շարժումի Յայտարարութիւնը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Ներկայացուցիչները Կը Պահանջեն Շտապ Հանդիպում Հայաստանի Նախագահին Հետ

Երէկ` երեքշաբթի, 2 մարտ 2021-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ հրապարակուած` Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Օնիկ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատ կացուցելու առաջարկին վերաբերեալ յայտարարութենէն ետք Հայրենիքի փրկութեան շարժումը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ մտահոգիչ կը գտնէ նախագահին որոշումը եւ շտապ հանդիպում կը պահանջէ անոր հետ: Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Հայրենիքի փրկութեան շարժումը խիստ մտահոգիչ է համարում նախագահ Արմէն...

Սաղաթէլեան. «Նիկոլը Վերջնականապէս Կորսնցուց Փողոցը, Այն Փողոցը, Որ Զինք Բերած Էր Իշխանութեան»

Սաղաթէլեան. «Նիկոլը Վերջնականապէս Կորսնցուց Փողոցը, Այն Փողոցը, Որ Զինք Բերած Էր Իշխանութեան»

Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հրապարակած է հետեւեալ կոչը.- «Դաւաճանի հանրահաւաքից առաջ արդէն ակնյայտ էր, որ այն, ըստ էութեան, բովանդակութիւն չի ունենալու, եւ Նիկոլն ասելիք չունի պարզապէս: Նա իր առջեւ ունէր դրուած ընդամէնը մի խնդիր` ամէն գնով ստանալ պատկեր, մարդկանց քանակ` ցոյց տալու համար, թէ ունի ժողովրդական աջակցութիւն: Բայց հերթական անգամ ձախողուեց, որովհետեւ 10...

Ամերիկեան Տոլարին Արժէքը Հասաւ 10.000 Լ. Ոսկիի…  Բողոքի Ցոյցերն Ու Ճամբաներու Փակումը Վերադարձան

Ամերիկեան Տոլարին Արժէքը Հասաւ 10.000 Լ. Ոսկիի… Բողոքի Ցոյցերն Ու Ճամբաներու Փակումը Վերադարձան

Երէկ կէսօրին մէկ ամերիկեան տոլարին արժէքը հասաւ 10.000 լ.ոսկիի: Լիբանանեան դրամանիշին կրած արժեզրկումը, սղաճն ու հետզհետէ վատթարացող տնտեսական պայմանները պատճառ դարձան, որ լիբանանցիները դարձեալ ուղղուին փողոց եւ կազմակերպեն բողոքի ցոյցեր` փակելու գրեթէ ամբողջ Լիբանանը: Բողոքի ցոյցերը սկսան կէսօրէ ետք ժամը շուրջ 3:00-ին, երբ ցուցարարներ Շթորայի ճամբուն վրայ բռնի ուժով փակել տուին լումայափոխներու գրասենեակներն ու վաճառատուները: Լիբանանեան բանակը փութաց այդ շրջանը`...

Այցելութիւն Ապահովութեան Մարզի Պատասխանատուներու

Այցելութիւն Ապահովութեան Մարզի Պատասխանատուներու

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան այցելեցին Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի, որուն հետ քննարկուեցաւ երկրին ապահովութեան հետ առնչուող հարցեր: Պատուիրակութիւնը բարձր գնահատեց ներկայ դժուարին օրերուն երկրի ապահովական ուժերու դերակատարութիւնը` միաժամանակ ներկայացնելով ժողովրդային կարիքները եւ ակնկալութիւնները: Նաեւ` Զօր. Անթուան Քահուաժի Երեսփոխան Բագրատունի այցելեց նաեւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան պետ գնդապետ-զօրավար Անթուան Քահուաժիի,...

Նախագահ Աուն. «Կը Ջանանք  Կազմել Կառավարութիւն Մը»

Նախագահ Աուն. «Կը Ջանանք Կազմել Կառավարութիւն Մը»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան մշակոյթի համաշխարհային լիկայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ լիկայի վարչական խորհուրդի նախագահ Ապպաս Ֆաուուազի: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի կազմելու կառավարութիւն մը, որուն միջոցով Լիբանան կարենայ բանակցիլ ելեւմտական այնպիսի հաստատութիւններու հետ,...

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կը Զգուշացնէ Կառավարութեան Կազմութեան Յապաղումի Հետեւանքներէն

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի առցանց ընթացիկ նիստին, որմէ ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ համախմբումը կը զգուշացնէ կառավարութեան կազմութեան յապաղումի հետեւանքներէն, ինչպէս նաեւ կ՛ակնկալէ, որ նշանակուած վարչապետը նախաձեռնէ հանրապետութեան նախագահին հետ անհրաժեշտ խորհրդակցութիւնները կատարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ սահմանադրութեան համաձայն կառավարութեան նոր կազմ մը ներկայացնել եւ անոր շուրջ համաձայնիլ: Համախմբումը հաստատեց,...

«Կը Մաղթենք Ազատագրել  Նաեւ Մարդն Ու Հայրենիքը»   Շեշտեց Նախարար Օհանեան – Գէորգեան

Վ. Օհանեան – Գէորգեան Կը Հրապարակէ Շրջաբերական Մը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան հրապարակեց շրջաբերական մը` ուղղուած մարզական միութիւններուն եւ ֆետերասիոններուն: Շրջաբերականին մէջ կը նշուի, որ նկատի ունենալով. Ա) «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարին պատճառով երկրին փակումն ու խիստ միջոցառումները աստիճանաբար մեղմացնելու վարչապետին 6 փետրուար 2021-ի հաղորդագրութիւնը, Բ) Աղէտներու ազգային վարչութեան` պարտադրուած արտօնութեան դրութեան վերաբերող 28 փետրուար 2021-ի հաղորդագրութիւնը, որ կը հաստատէ, որ հակառակ ծովեզերքը հաւաքներուն...

Page 43 of 256 1 … 42 43 44 … 256