Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոչարեան. «Ղարաբաղի Մէջ Անարդար Խաղաղութիւնը Կրնայ Յանգեցնել Նոր Պատերազմի»

Մարտ 5, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան երէկ` 4 մարտին ռուսական լրատուամիջոցներու համար մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի ձեւաչափի վերանայման հարցի կարելիութիւնը չի քննարկեր:

Քոչարեան պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք չի՞ պատրաստուիր առաջնորդելու այդ շարժումը, նշած է, որ ինք իսկապէս աջակցած է շարժումին, եւ այդ շարժումը յաջողած է իր շուրջ համախմբել հասարակութեան զգալի մասը:

Քոչարեանի համաձայն, շարժումի ներկայիս առաջնորդ Վազգէն Մանուկեան արժանի, փորձառու քաղաքական գործիչ է: Ան յիշեցուցած է, որ շարժումին նպատակը նախ կառավարութեան հրաժարականին հասնիլն է, ապա` մէկ տարի անց արտահերթ ընտրութիւններ կազմակերպելը: Մանուկեան այդ ընտրութիւններուն պիտի չմասնակցի: Ըստ Քոչարեանի, այս առումով Հայաստանի մէջ շատ քիչ քաղաքական գործիչներ կան, որոնք պատրաստ կրնան ըլլալ իրենց վրայ վերցնելու այդքան լուրջ պատասխանատուութիւն:

Անդրադառնալով արցախեան պատերազմին` նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան ըսած է, որ Ղարաբաղի մէջ անարդար խաղաղութիւնը պիտի յանգեցնէ նոր պատերազմի` աւելցնելով, որ պատերազմը ոչ թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի, այլ Հայաստանի իշխանութիւններու ձախողութիւնն էր:

«Հիմա Մինսքի խմբակը անհրաժեշտ է: Ռուսիան նոյնպէս անոր կարիքը ունի: Ի՞նչ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ Ղարաբաղի կարգավիճակին շուրջ բանակցային հոլովոյթը` դժուար է ըսել: Բայց համաշխարհային փորձը ցոյց կու տայ, որ անարդար խաղաղութիւնը չի կրնար երկար տեւել», նշած է նախագահը:

Ան ընդգծած է, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմը տեղի ունեցաւ Վերսայի անարդար խաղաղութեան պատճառով:

Հայաստանի 2-րդ նախագահը ըսած է. «Եթէ կողմերէն մէկը համաձայն չէ պատերազմի արդիւնքին հետ, ապա սպասեցէք նոր պատերազմի»: Ատիկա տեղի պիտի ունենայ, երբ ըլլան աւելի յարմար աշխարհաքաղաքական պայմաններ եւ այլ ազդակներ:

Անհրաժեշտ է գտնել քաղաքական լուծում: Եւ եթէ Ազրպէյճանի մէջ սկսին կարծել, որ իրենք լուծած են Ղարաբաղի խնդիրը, ատիկա կը նշանակէ հակառակը` հակառակ այսօրուան դրութեամբ ունեցած լաւագոյն դիրքերուն»:

Անդրադառնալով բանակին եւ «Իսքանտեր»-ին` նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան ըսաւ, որ բանակի ընդհանուր հրամանատարի` կառավարութեան հրաժարականի պահանջը աղաղակ է այն մասին, որ իշխանութիւնները կը խոչընդոտեն բանակի հզօրացումը եւ վերականգնումը:

Քոչարեանի կարծիքով` «Իսքանտեր»-ի վերաբերեալ աղմկայարոյց պատմութենէն ետք վարչապետը պէտք է ներողութիւն խնդրէր ընդհանուր հրամանատարութենէն եւ անձամբ զօրավար Տիրան Խաչատրեանէն:

«Երեք տարի շարունակ բանակի ու զօրավարներու վրայ յարձակումները պարբերաբար, անընդմէջ կը կրկնուին: Ասիկա պատերազմին կրած պարտութեան պատճառներէն մէկն է: Կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ կանխատեսելի եւ հասկնալի», շեշտեց Քոչարեան:

Ըստ անոր, զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Օնիկ Գասպարեանը պաշտօնանկ ընելու հարցով Արմէն Սարգսեանը պէտք է որոշէ` ինք «կո՞ղմ» է, թէ՞ «դէմ»:

 

Նախորդը

Եւրոպական Յանձնաժողովը Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Կողմէ Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Եկեղեցւոյ Ռմբակոծումը

Յաջորդը

Տիրան Խաչատրեան Իր Պաշտօնանկութեան Վաւերականութեան Գծով Դիմեց Դատարան

RelatedPosts

Ակնարկ.   Անմարդաբնակ Գօտիի Առաջադրանքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անմարդաբնակ Գօտիի Առաջադրանքը

Նոյեմբեր 13, 2025
Շարհ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի  Բանակցութիւններ Կը Վարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Շարհ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի Բանակցութիւններ Կը Վարենք»

Նոյեմբեր 13, 2025
Վենեզուելայի Հետ Լարուածութեան Մագլցում.  Ամերիկեան Օդանաւակիր Մը Հասաւ  Լատին Ամերիկեան Ծովեզերքին Մօտ
Գլխաւոր լուրեր

Վենեզուելայի Հետ Լարուածութեան Մագլցում. Ամերիկեան Օդանաւակիր Մը Հասաւ Լատին Ամերիկեան Ծովեզերքին Մօտ

Նոյեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?