Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Այնճար Եւ Զահլէ

March 6, 2021
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ` ուրբաթ, 5 մարտ 2021-ին, իր առաջին այցելութիւնը տուաւ Այնճար, ուր ան դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, քաղաքապետութեան ու Այնճարի հեղինակութիւններուն կողմէ:

«Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ Վ. Օհանեան-Գէորգեան ընդունուեցաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին Վ. Օհանեան-Գէորգեան իրազեկ դարձաւ Այնճարի մէջ տիրող իրադարձութիւններէն եւ բարձր գնահատեց ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, քաղաքապետութեան, ԼՕխ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին, ինչպէս նաեւ բոլոր մարմիններուն կատարած աշխատանքները` ի խնդիր գիւղաքաղաքի զարգացման:

 

Քննարկուեցան նաեւ գիւղը յուզող կարգ մը  հարցեր, մանաւանդ Այնճարի դիմագրաւած մարզական հարցերու վերաբերող դժուարութիւնները: Այս իմաստով տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում` որոշ ծրագիրներ իրագործելու առումով:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան այցելեց ՀՄԸՄ-ի մարզահամալիր, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի վարչութեան  կողմէ եւ լսեց վարչութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Ան գնահատեց արդիական չափանիշներով կառուցուած ՀՄԸՄ-ի մարզահամալիրը` հաստատելով, որ անիկա դրական դերակատարութիւն կ՛ունենայ Այնճարի երիտասարդութեան համար:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան խոստացաւ իր կարելին ընել բոլոր միջոցներով սատար հանդիսանալու ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի վերելքին: Հանդիպման աւարտին ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի վարչութիւնը Վ. Օհանեան-Գէորգեանին յանձնեց յուշանուէր մը:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան այցելեց նաեւ «Մուսալեռ-Այնճարի ազգագրական թանգարան», ուր արժեւորեց Այնճարի ունեցած հսկայ դերակատարութիւնը հայապահպանման աշխատանքին մէջ:

Ապա ան ուղղուեցաւ քաղաքապետարան, ուր հիւրնկալուեցաւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի կողմէ` ներկայութեամբ  քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն:

Քաղաքապետարանի մուտքին Վ. Օհանեան-Գէորգեան հիւրասիրուեցաւ Այնճարի աւանդական աղ ու հացով:

Քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան  գիւղաքաղաքը մտահոգող շարք մը հարցեր:

Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան իր երախտագիտական խօսքը ուղղեց բոլոր ներկաներուն` գնահատելով Այնճարի բարգաւաճման համար անոնց ի գործ դրած ջանքերը: Ան մաղթեց, որ այս դժուար պայմանները կարելի ըլլայ շուտով շրջանցել` շնորհիւ երիտասարդներու ամուր կամքին ու կորովին:

Հանդիպումի աւարտին Այնճարի քաղաքապետը նախարարի պաշտօնակատարին յանձնեց յուշանուէր մը:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան այցելեց նաեւ Զահլէ, ուր ծանօթացաւ Զահլէի հայ համայնքին, որուն մէջ կը ներառուին նաեւ Ռայաքի, Ժալալայի, Ապլահի եւ Շթորայի հայերը:

Նախարարի պաշտօնակատարը դիմաւորուեցաւ Պեքաայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի եւ շրջանի հեղինակութիւններուն կողմէ:

Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան հայկական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները,

ՀՄԸՄ-ի Զահլէի մասնաճիւղի վարչութիւնը, Անդրանիկ – ՀԵԸ մարզական միութեան ներկայացուցիչները, թաղականութիւնը, ազգային երեսփոխանը, քահանաները, եկեղեցւոյ Տիկնանց միութիւնն ու բարերար Ճորճ Պուչիքեանը:

Հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցաւ զրոյց ընկերային, մարզական եւ ազգային շարք մը հարցերու շուրջ:

Զրոյցին ընդմէջէն հաստատուեցաւ, որ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանը ճիգ չի խնայեր հասնելու այդ շրջանի հայութեան կարիքներուն:

Վ. Օհանեան-Գէորգեանի Զահլէ կատարած այցելութիւնը աւարտեցաւ Զահլէի նախկին հայկական վարժարան այցելութեամբ, ինչպէս նաեւ ապագայ ծրագիրներ ծաւալելու մտորումներով:

Նախորդը

Սեւան Տէիրմէնճեան. «Հայերէնախօսութիւնը Պոլսոյ Մէջ Քաղաքացիական Եւ Քաղաքական Ներկայութեան Համազօր Երեւոյթ Է»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.