Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վազգէն Մանուկեան. «Եթէ Զիս Կալանաւորեն, Շարժումը Պիտի Շարունակուի, Ատիկա Ժողովուրդին Ցանկութիւնն Է»

Մարտ 5, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի քննչական կոմիտէի յատկապէս Կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութեան մէջ 12 եւ 20 փետրուար 2021-ին Ազատութեան հրապարակին մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքներուն ընթացքին Վազգէն Մանուկեանի կողմէ` իշխանութիւնը զաւթելու, սահմանադրական կարգը բռնի տապալելու, բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչեր կատարելու առերեւոյթ դէպքերուն առիթով քննուող քրէական գործով, օրէնքով սահմանուած կարգով, Վազգէն Մանուկեան 4 մարտին Քննչական կոմիտէին կողմէ հարցաքննուեցաւ: Որոշուեցաւ, որ իբրեւ խափանման միջոց ստորագրութիւն առնուի իրմէ` չհեռանալու մասին: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Քննչական կոմիտէին դիմաց լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Վ. Մանուկեան ըսաւ, որ ասիկա քաղաքական հետապնդում է, այլ որակում կարելի չէ տալ եղածին: «Ասիկա իսկական քաղաքական հետապնդում է: Մեր երկրին մէջ վերջին 2,5 տարուան ընթացքին գոնէ ամիսը մէկ կը խախտուին Սահմանադրութիւնը, հիմնական օրէնքները, ընդ որում երկրի ղեկավարին կողմէ», նշեց ան:

Վազգէն Մանուկեան դիտել տուաւ, որ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք ալ բազմիցս խախտուած է Սահմանադրութիւնը:

«Պատերազմի խայտառակ պարտութենէն ետք, հիմա, երբ ոչ ռազմական վիճակ է, վարչապետը կը շարունակէ տալ Սիւնիքի հողերը, ատիկա կը նշանակէ Սահմանադրութեան մեծ խախտում է եւ յանցագործութիւն, պէտք է քրէական գործեր յարուցել անոր դէմ», նշեց ընդդիմութեան շարժումի ղեկավարը:

Վազգէն Մանուկեան նշեց, որ եթէ զինք կալանաւորեն, շարժումը պիտի շարունակուի: «Մէկ բան յայտնի է` ասիկա համաժողովրդական կոչ է` ինք պէտք է հեռանայ: Եթէ զիս կալանաւորեն, ապա կան հազարաւոր մարդիկ, որոնք պիտի շարունակեն շարժումը, այս պայքարը քմահաճոյքս չէ, ասիկա համաժողովրդական պահանջ է եւ փրկութեան միակ ելքը»:

 

 

Նախորդը

Տիրան Խաչատրեան Իր Պաշտօնանկութեան Վաւերականութեան Գծով Դիմեց Դատարան

Յաջորդը

Խմբագրական. Որպէսզի Չէզոքութիւնն Ու Միջազգայնացումը Չհակասեն Զիրար

RelatedPosts

Ակնարկ.   Անմարդաբնակ Գօտիի Առաջադրանքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անմարդաբնակ Գօտիի Առաջադրանքը

Նոյեմբեր 13, 2025
Շարհ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի  Բանակցութիւններ Կը Վարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Շարհ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի Բանակցութիւններ Կը Վարենք»

Նոյեմբեր 13, 2025
Վենեզուելայի Հետ Լարուածութեան Մագլցում.  Ամերիկեան Օդանաւակիր Մը Հասաւ  Լատին Ամերիկեան Ծովեզերքին Մօտ
Գլխաւոր լուրեր

Վենեզուելայի Հետ Լարուածութեան Մագլցում. Ամերիկեան Օդանաւակիր Մը Հասաւ Լատին Ամերիկեան Ծովեզերքին Մօտ

Նոյեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?