Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրիի Տեղեկատուական Գրասենեակ. «Նշանակուած Վարչապետը Սէուտական Արաբիոյ Կամ Այլ Երկրի Հաւանութեան Չի Սպասեր Կառավարութիւնը Կազմելու Համար, Այլ` Նախագահ Աունի»

Մարտ 5, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ կէսօրէ առաջ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ «Ախպար» օրաթերթը երէկուան իր թիւով հրապարակած է հետեւեալ լուրը. «Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ զօր. Ապպաս Իպրահիմին յայտնած է, թէ 18 նախարար հաշուող կառավարութեան մէջ ինք պիտի բաւարարուի հինգ նախարարներ անուանելով, առաւել ՀՅ Դաշնակցութեան նախարարը, ինչպէս նաեւ շեշտած է, թէ կառչած կը մնայ ներքին գործոց նախարարութիւնը ունենալու, պայմանով որ երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կառավարութեան իր վստահութեան քուէն չշնորհէ: Սակայն անակնկալը արձանագրուեցաւ, երբ Հարիրի մերժեց նախագահ Աունի այս առաջարկը, որովհետեւ ան չի փափաքիր կառավարութիւն կազմել, նախքան Սէուտական Արաբիայէն ստանալիք իր օրհնութիւնը»:

Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակը կը հաստատէ, որ այս իմաստով Հարիրի պաշտօնապէս ոչինչ լսած է նախագահ Աունէն:

«Հակառակ Իրանէն հրահանգի սպասող Հըզպալլային, Հարիրի Սէուտական Արաբիոյ օրհնութեան չի սպասեր` կազմելու համար իր կառավարութիւնը: Նշանակուած վարչապետը Սէուտական Արաբիոյ կամ այլ երկրի հաւանութեան չի սպասեր` կառավարութիւնը կազմելու համար, այլ` նախագահ Աունի», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ հարց տրուեցաւ նաեւ, որ եթէ Ազգային ազատ հոսանքի պլոքը իր վստահութեան քուէն պիտի չշնորհէ կառավարութեան, ապա ինչո՞ւ հինգ ամիս ետք կը յայտարարէ այդ կեցուածքին մասին:

Հաղորդագրութիւնը եզրափակուեցաւ նշելով, թէ Հարիրի յանձնառու կը մնայ ֆրանսական նախաձեռնութեան, որ կը համապատասխանէ լիբանանցիներու պահանջներուն, որոնց մէջ հիմնականը այն է, որ կազմուի տնտեսական, ելեւմտական եւ ապրուստի վերաբերող տագնապները լուծելու կարողութիւն ունեցող կառավարութիւն մը:

Պասիլի Գրասենեակը Կը Պատասխանէ

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հետեւեալ պատասխան հաղորդագրութիւնը.

«Կառավարութեան կազմութեան իմաստով վատնուած հինգ ամսուան հոլովոյթէ մը ետք, յստակ կը դառնայ բոլորին համար, թէ Հարիրի պատրաստ չէ նոր կառավարութիւնը կազմելու` արտաքին պատճառներով, որոնք ծանօթ են բոլորին:

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակելու իմաստով Ազգային ազատ հոսանքին դէմ մնայուն մեղադրանքներ հնչեցնողներուն կը վերահաստատենք, որ խորհրդարանին մէջ վարչապետ Հարիրիի հետ մեր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարած ենք, թէ հանրապետութեան նախագահը կը ներկայացնէ մեզի, եւ ընդգծած ենք, որ մեր միակ պահանջը չափանիշներուն նոյնութիւնը պահպանելն է, որ սահմանադրական է:

Այսօր բոլորին համար յստակ է, թէ Հարիրի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակելու իմաստով նոր հերետիկոսութիւն մը հնարած է, որն է նշանակումի իրաւունքը գրպանին մէջ պահած աշխարհի երկիրները շրջիլ եւ տարբեր երկիրներու մայրաքաղաքներէն Լիբանանի համար օժանդակութիւն խնդրել, մինչեւ որ անոր սպասած կացութիւնը հասուն դառնայ եւ սպասուած արտաքին նշանները երեւան գան:

Սիրելի՛ լիբանանցիներ, ձեր սպասած կառավարութիւնը առեւանգուած է եւ զայն կարելի պիտի ըլլայ «ազատ արձակել» միայն արտաքին աշխարհին կամքով ու օրհնութեամբ կամ ներքին յեղափոխութեամբ»:

ՊԱՍԻԼԻ գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութենէն անմիջապէս ետք Հարիրիի խորհրդականներէն Հիւսէյն Ուաժհ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրուած գրառումի մը ընդմէջէն շնորհակալութիւն յայտնեց Պասիլին անոր հաղորդագրութեան համար, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի համար առաջին օրէն իսկ յստակ էր:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք Կատարելիք Այցելութիւնը Կարեւոր Է` Մարդկութիւնը Սիրոյ Եւ Ներողամտութեան Հիմերու Վրայ Ամրապնդելու Համար»

Յաջորդը

Երրորդ Օրն Ըլլալով Լիբանանցիները Կը Շարունակեն Փակել Ճամբաները

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Բանակցութեան Ընտրանքին  Իսրայէլի Պատասխանին Կը Սպասէ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Բանակցութեան Ընտրանքին Իսրայէլի Պատասխանին Կը Սպասէ»

Նոյեմբեր 13, 2025
Պքերքէի Մէջ .  Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Լիբանանցիները` Հաստատելով Դատական Իշխանութիւններուն Հանդէպ Յարգանքի Կարեւորութիւնը
Լիբանանեան

Պըրրի. «Հարաւային Լիբանանին Սպառնացող Իսրայէլեան Վտանգները Բոլոր Լիբանանցիներուն Կը Սպառնան»

Նոյեմբեր 13, 2025
Պըզրի. «Ընտրական Օրէնքը Չքննարկելը  Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Կայացման  Կարելիութիւնը Պիտի Վտանգէ»
Լիբանանեան

Պըզրի. «Ընտրական Օրէնքը Չքննարկելը Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Կայացման Կարելիութիւնը Պիտի Վտանգէ»

Նոյեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?