Ի հակազդումն Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ հայ ռազմագերիներու եւ հայ քաղաքացիական անձերու անօրինական ձերբակալման, Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնը (ALC) եւ Երեւանի մէջ գործող Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնը (CICL) կը միաւորեն իրենց ուժերը` Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ գերութեան մէջ պահուող ռազմագերիներու ազատումը ապահովելու համար:
Երկու կազմակերպութիւններու միացեալ ջանքերը, որ սկսան յունուար 2021-ին, նպատակ կը հետապնդեն պահանջներ ներկայացնել քաղաքացիական եւ զինուորական անձնակազմին պատճառուած վնասներուն համար, որոնք իրականացած են Ազրպէյճանի զինուած ուժերու եւ միջազգային ահաբեկիչներու կողմէ, որոնց ազրպէյճանական զինուած ուժերը վարձած էին Հայաստանի ու Արցախի նկատմամբ իրենց վերջին բացայայտ յարձակումներուն ժամանակ: ALC-ն եւ CICL-ը նաեւ կը հետապնդեն 9 նոյեմբեր 2020-էն` ռազմական դիմակայութեան աւարտէն ետք անհետ կորսուած հայ զինուորներու եւ քաղաքացիական անձերու վերադարձի խնդիրը:
Ի կատարումն Ազրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքերու խախտումներուն զոհ դարձածներուն համար արդարութիւն ապահովելու յանձնառութեան` CICL-ը նաեւ կ՛իրականացնէ փաստահաւաք հետաքննութիւն` Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ բանտարկութեան ընթացքին հայ զինուորներու եւ քաղաքացիական անձերու խոշտանգումներու եւ սպանութիւններու վերաբերեալ հրապարակուած բազմաթիւ դէպքերու միջոցով: ALC-ի աջակցութեամբ, CICL-ը, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) մէջ արդէն նախաձեռնած է տասնեակ դատական գործընթացներ` ազրպէյճանական կալանքի տակ նոյնականացուած հայ գերիներու անունով:
Մարդու իրաւունքներու յայտնի պաշտպան եւ CICL-ի գործադիր տնօրէն Սիրանուշ Սահակեանը, որ նաեւ կը ղեկավարէ ՄԻԵԴ-ի մէջ նշեալ գործընթացները, կ՛ընդգծէ. «Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կը շարունակէ ներգրաւուիլ մարդու իրաւունքներու կոպիտ եւ բացայայտ յանցագործութիւններու օրինակներու մէջ, որոնց համար անոնք պէտք է պատասխան տան: ALC-ի հետ սերտ համագործակցութեամբ` մենք յանձնառու ենք ազրպէյճանական յարձակումներու զոհերուն համար ապահովել արդարութիւն եւ ի վերջոյ հասնիլ հայ գերիներու վաղաժամկէտ ազատ արձակման»:
ALC-ի նախագահ Քեն Խաչիկեան իր հերթին դիտել կու տայ. «Ազրպէյճանի կողմէ հայ զինուորներու եւ քաղաքացիական անձերու շարունակական ձերբակալումները, չարաշահումները եւ խոշտանգումները մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներ են, որոնք այլեւս չեն կրնար հանդուրժուիլ եւ պէտք է լուծուին առանց հետագայ յապաղումներու: Մենք ուրախ ենք, որ կը համագործակցինք CICL-ի տաղանդաւոր, փորձառու եւ նուիրուած գործընկերներու հետ եւ կը շարունակենք այս կենսական ջանքերը, մինչ արդարութեան հաստատումը եւ բոլոր գերիներու վերադարձը տուն, իրենց ընտանիքներուն: Այդ նպատակին համար մենք բոլոր հայերուն կոչ կ՛ուղղենք առատօրէն ներդնել իրենց ջանքերն ու ներուժը այս կարեւոր նախաձեռնութեան մէջ»:
Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ կալանքի տակ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման համար ALC-ին օգնելու նպատակով կրնաք տուրքէ զերծ նուիրատուութիւններ կատարել հետեւեալ յղումով` https://givebutter.com/ALC_Pows.
Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնը («ALC») Ուաշինկթընի մէջ տեղակայուած միջազգային իրաւական հիմնարկ է: Ազգային եւ միջազգային դատարաններու եւ ֆորումներու միջոցով ALC-ն կը հետապնդէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի արդարացի լուծումը: Բացի ատկէ, անիկա ե՛ւ կը պաշտպանէ Արցախի անկախութեան իրաւունքը, ե՛ւ կը փորձէ յայտնաբերել հաւանական հայցւորները, համակարգել մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներու զոհերու հայցերը, հետաքննել չարաշահումները եւ անհրաժեշտ ապացոյցներ հաւաքել Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ իրականացուցած պատերազմական յանցագործութիւններուն վերաբերեալ:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
05 մարտ 2021


