Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երրորդ Օրն Ըլլալով Լիբանանցիները Կը Շարունակեն Փակել Ճամբաները

March 5, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը մնայ արգելակուած եւ հանրապետութեան նախագահին ու նշանակուած վարչապետին միջեւ սառած վիճակը կը յամենայ, երկրին տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապները աւելի եւս կը վատթարանան:

Այս բոլորին դիմաց իր տարրական կարիքները հոգալու համար պայքարող լիբանանցին կը շարունակէ բողոքել` պահանջելով իր իրաւունքները…

Երրորդ օրն ըլլալով երէկ ամբողջ Լիբանանի տարածքին երիտասարդ ցուցարարներ փակեցին մայրուղիներ, փողոցներ, հրապարակներ` պատճառելով երթեւեկի ահաւոր խճողում եւ բողոքելով պետութեան դէմ:

Յետմիջօրէին աշխուժացած ցոյցերուն ընթացքին մեծ թիւով ցուցարարներ հրկիզուող անիւներով փակեցին Փալմայի եւ Նաամէի մայրուղիները, Նուր հրապարակը, Թրիփոլիի սերային մուտքը, ապա Տըպպայէի, Սաատիյէթի եւ Ժիէի մայրուղիները` երկու ուղղութեամբ:

Երեկոյեան ժամերուն Սայտայի եւ Ժիէի մայրուղին, Էլիա հրապարակը, ինչպէս նաեւ Զալքայի եւ Ժալ էլ Տիպի մայրուղիները զոյգ ուղղութիւններով փակուեցան` պատճառելով երթեւեկող ինքնաշարժներու ահաւոր խճողում:

Նահատակաց հրապարակին վրայ ցուցարարներ ջանացին փակել Կեդրոնական Պէյրութ, Էշրեֆիէ եւ Սայֆի տանող բոլոր ճամբաները: Փակուեցաւ նաեւ Սահիունի զարիվարը:

Աւելի ուշ անոնք փակեցին Ռինկի կամուրջը:

Ուշ գիշերին ցուցարարներ փակեցին Ժիպէյլի, Շեքքայի եւ Քֆարապիտայի մայրուղիները, ինչպէս նաեւ Պհամտունի ճամբան` Շանայի խաչմերուկին վրայ:

Նշենք, որ երէկ Շեւրոլէն փակող ցուցարարներուն կարճ ժամանակով միացան նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատները:

Գիշերուան ժամը 11:00-ին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը մօտէն կը հետեւի Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան` աւելցնելով, որ իրենք իրենց միջազգային դաշնակիցներուն հետ բազմիցս, տեւաբար, գաղտնօրէն եւ բացայայտօրէն հաստատած են լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն տուած խոստումներուն եւ գործունեայ ու աշխուժ կառավարութեան կազմութեան իմաստով անոնց յանձնառութեան կարեւորութիւնը:

Փրայս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին լիբանանցիներուն եւ պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչելու անոնց պահանջներուն:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տնտեսական բարեկարգումները պէտք է գործադրուին, եւ աւելի լաւ իշխանութիւն մը պէտք է կազմուի` վերջ տալով երկրին մէջ տիրող համատարած փտածութեան:

 

Նախորդը

Հարիրիի Տեղեկատուական Գրասենեակ. «Նշանակուած Վարչապետը Սէուտական Արաբիոյ Կամ Այլ Երկրի Հաւանութեան Չի Սպասեր Կառավարութիւնը Կազմելու Համար, Այլ` Նախագահ Աունի»

Յաջորդը

Պըրպանքի Քաղաքային Խորհուրդը Ճանչցաւ Արցախի Անկախութիւնը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.