Newsletter

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Ուեհպէի

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Ուեհպէի

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի եւ բազմակողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հարցեր, որոնք կը վերաբերէին շրջանային եւ միջազգային համագործակցութեան: Այս շրջագիծին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին եւ անոր հետեւանքներուն, Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան շրջագիծին մէջ փոխադարձ գործակցութեան` նկատի ունենալով, որ ներկայիս Հայաստան կը...

Խմբագրական.  Նոյեմբերեան Յայտարարութիւնը Նախիջեւանի  Մասով Կ՛աղերսուի Մոսկուայի Պայմանագիրին

Խմբագրական. Նոյեմբերեան Յայտարարութիւնը Նախիջեւանի Մասով Կ՛աղերսուի Մոսկուայի Պայմանագիրին

Այսօր կ՛ամբողջանայ խորհրդային Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած Մոսկուայի պայմանագիրի 100-ամեակը: Զուտ իրաւական տեսակէտէ, կան հիմնական երկու իրաւադրոյթներ, որոնք չեն հաստատեր այս պայմանագիրին իրաւականութիւնը: Առաջինը այն է, որ երկու կողմեր երրորդ կողմի հաշուոյն կը ստորագրեն փաստաթուղթ` այդ երրորդ կողմի տարածքային փոփոխութիւններուն վերաբերեալ համաձայնութիւն գոյացնելով: Սկիզբը քառակողմ ձեւաչափով (Ռուսիա, Թուրքիա, Ազրպէյճան եւ Հայաստան) նախատեսուած միջպետական հանդիպումը վերածուած էր երկկողմի եւ, փաստօրէն,...

Վազգէն Մանուկեան. «Պէտք Է Ամէն Գնով Կանխել  Այս Իշխանութեան Օրով Արտահերթ  Ընտրութիւններու Կայացումը

Վազգէն Մանուկեան. «Պէտք Է Ամէն Գնով Կանխել Այս Իշխանութեան Օրով Արտահերթ Ընտրութիւններու Կայացումը

Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան երէկ հետեւեալ տեսակէտը յայտնեց արտահերթ ընտրութիւններուն մասին. «Մեր երկիրը դիմագրաւելով ապահովական, ընկերային-տնտեսական, քաղաքական ճգնաժամ, կանգնած է աղէտի շէմին:  Իբրեւ լուծում առաջարկւում է. Տարբերակ 1. Առաջարկում է Հայրենիքի փրկութեան շարժումը Ցոյցերի եւ անհնազանդութեան գործողութիւնների միջոցով ձեւաւորել համազգային շարժում` պարտադրելով այս իշխանութեանը հեռանալ: Ազգային ժողովի միջոցով ընտրել նոր վարչապետ, որը չի լինի իշխող ուժից, կը...

Յարգանք` Վրիժառու Բազուկի  Խորհրդանիշ Թեհլիրեանի Յիշատակին

Յարգանք` Վրիժառու Բազուկի Խորհրդանիշ Թեհլիրեանի Յիշատակին

Հայ վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեան 100 տարի առաջ` 15 մարտին, գնդակահարեց Օսմանեան կայսրութեան նախկին ներքին գործոց նախարար, Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր ոգեշնչող եւ կազմակերպիչ Թալէաթ փաշան: Երէկ` երկուշաբթի, 15 մարտ 2021-ին, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խումբ մը ընկերներ այս առիթով այցելեցին Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանը եւ ծաղիկներ զետեղեցին անոր առջեւ: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան այս առիթով յայտնեց, որ արժանապատիւ հայերով, թէեւ ոչ մեծաթիւ,...

Դաշնակցական Երիտասարդները Շահան Նաթալիի  Գիրքը Կը Յանձնեն «Իմ Քայլը» Խմբակցութեան

Դաշնակցական Երիտասարդները Շահան Նաթալիի Գիրքը Կը Յանձնեն «Իմ Քայլը» Խմբակցութեան

Երէկ` երկուշաբթի, 15 մարտ 2021-ին, Ազգային ժողովի Բաղրամեան պողոտայի մուտքին դիմաց ՀՅԴ երիտասարդներ նախաձեռնութիւն մը կատարեցին եւ իրենց հետ բերած Շահան Նաթալիի «Թուրքերը եւ մենք» գիրքը ուզեցին ձգել Ազգային ժողովի մուտքին, որպէսզի յանձնեն «Իմ քայլը» խմբակցութեան: «Այսօր Սողոմոն Թեհլիրեանի իրականացուցած վրիժառու արարքին 100-ամեակն է: Կ՛ուզենք «Թուրքերը եւ մենք» գիրքը նուիրել «Իմ քայլը» խմբակցութեան: Վստահ եմ, որ այս խմբակցութեան մեծ մասը...

Մինչ Տոլարը Կը Հասնի 14.000-ի Սեմին, Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին, Իսկ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Մնայ Տեղքայլի Մէջ

Մինչ Տոլարը Կը Հասնի 14.000-ի Սեմին, Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին, Իսկ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Մնայ Տեղքայլի Մէջ

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի նշանակումէն 145 օր ետք կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը շարունակէ մնալ տեղքայլի մէջ` առանց յառաջդիմութեան քայլ մը արձանագրելու նշոյլի մը իսկ գոյութեան: Լիբանանեան քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապներուն լուծման բացակայութեան զուգահեռ, լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ երէկ բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան` փակելով տարբեր շրջաններու մայրուղիներն ու ճամբաները: Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ ցուցարարները տարբեր շրջաններու մէջ հրկիզուող անիւներով փակեցին...

Մոսկուայի Մէջ.  Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Մը  Ունեցաւ Սերկէյ Լաւրովի Հետ

Մոսկուայի Մէջ. Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Սերկէյ Լաւրովի Հետ

Հըզպալլայի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ եւ Հըզպալլայի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուի, երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Հանդիպումէն ետք Ռաատ յայտնեց, որ հանդիպումը եղած է բարեկամական` աւելցնելով, որ քննարկումները եղած են անկեղծ: Ռաատ նշեց, որ քննարկուած են Լիբանանի եւ շրջանին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ...

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Հետեւորդները  Կը Փորձեն Խոչընդոտել Փաշինեանի Մուտքը Արտաքին  Գործոց Նախարարութիւն Եւ Նախագահական Նստավայր

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Հետեւորդները Կը Փորձեն Խոչընդոտել Փաշինեանի Մուտքը Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն Եւ Նախագահական Նստավայր

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ շաբաթ, 13 մարտին տեղի ունեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի բողոքի ցոյցը` Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին պահանջով: Քաղաքացիները հաւաքուած էին կառավարութեան 2-րդ մասնաշէնքին դիմաց` խոչընդոտելու Փաշինեանի մուտքը շէնք: Անոնք կը վանկարկէին «Նիկոլ, դաւաճան», «Առանց Նիկոլ Հայաստան»: Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մօտ մեծ թիւով ոստիկաններ կուտակուած էին: Շէնքի տանիքին կանգնած էին արձակազէնները: Նշենք, որ Նիկոլ Փաշինեանը, դիւանագէտի օրը` 2...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Նիկոլ Փաշինեանի Կողմէ  Առջեւ Մղուած Ընտրութիւններու Օրակարգը Կեղծ Է»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Նիկոլ Փաշինեանի Կողմէ Առջեւ Մղուած Ընտրութիւններու Օրակարգը Կեղծ Է»

«Գագիկ Ծառուկեանը նախապէս ալ հանդիպած է Նիկոլ Փաշինեանին հետ, ներկայացուցած է իր դիրքորոշումը, իսկ անցեալ օր նոյնպէս ըսաւ, որ անհրաժեշտութեան պարագային կրնայ հանդիպիլ եւ իր դիրքորոշումը յայտնել, ես բնական կը նկատեմ ատիկա», Հայաստանի նախագահի նստավայրին դիմաց բողոքի ցոյցի ժամանակ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան: «Շատ կանուխ է խօսիլ ընտրութիւններուն մասնակցելու մասին, մինչեւ...

Լիբանանեան Դրամանիշի Արժեզրկման  Զուգահեռ Բողոքի Ցոյցերը  Շարունակուեցան Շաբաթավերջին

Լիբանանեան Դրամանիշի Արժեզրկման Զուգահեռ Բողոքի Ցոյցերը Շարունակուեցան Շաբաթավերջին

Շաբաթավերջը անցաւ նոյն մթնոլորտին մէջ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի արժէքի անկում եւ բողոքի ցոյցեր, որոնք գրեթէ նոյն տիպի էին` հրկիզուող անիւներով ճամբաներու փակում: Շաբաթ կէսօրէ ետք Նահատակաց հրապարակին վրայ հանգստեան կոչուած բանակայինները վրաններ լարեցին, մինչ ցասկոտ ցուցարարները հասան խորհրդարանի մուտքին մօտակայքը, եւ բախումներ արձանագրուեցան անոնց եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ: Զայրոյթով զինուած երիտասարդները քարկոծեցին խորհրդարանը պաշտպանող քարաշէն արգելքներն ու երկաթեայ...

Առողջապահութեան Մարզը Ներկայացնող  Պատասխանատուներ Կը Զգուշացնեն «Քորոնա»  Ժահրով Վարակուածներու Թիւին Արձանագրած Աճէն

Առողջապահութեան Մարզը Ներկայացնող Պատասխանատուներ Կը Զգուշացնեն «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւին Արձանագրած Աճէն

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3086 վարակուածներ եւ 46 մահացածներ: Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան ցաւ յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը կ՛աւելնայ` նշելով, որ հակառակ պատուաստումի արշաւին սկսելուն, մարդիկ կը զլանան նախազգուշութիւններուն յանձնառու մնալ: «Կոչ կ՛ուղղեմ քաղաքացիներուն կառչած մնալու «Քորոնա» ժահրին դէմ որդեգրուած նախազգուշութիւններուն, որոնք անհրաժեշտ են վարակումի պարագաները նուազեցնելու:...

Ժոմպլաթ Արսլանի Հետ Քննարկեց Այն Թինէի Մէջ  Գոյացած Համաձայնութեան Մանրամասնութիւնները

Ժոմպլաթ Արսլանի Հետ Քննարկեց Այն Թինէի Մէջ Գոյացած Համաձայնութեան Մանրամասնութիւնները

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը, որուն հետ քննարկեց շարք մը հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ պէտք է կառչած մնալ Այն Թինէի մէջ գոյացած համաձայնութեան մանրամասնութիւններուն` Շուէյֆաթի եւ Պասաթինի մէջ արձանագրուած դէպքերուն, ինչպէս նաեւ տիւրզի համայնքին վերաբերող հարցերուն շուրջ: Ժոմպլաթ եւ Արսլան ընդգծեցին, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնեն`...

«Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի Յանձնախումբը  Կոչ Կ՛ուղղէ` Արցախի Վերաբերող  Ուսումնասիրութիւններու Ձեռնարկելու

«Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի Յանձնախումբը Կոչ Կ՛ուղղէ` Արցախի Վերաբերող Ուսումնասիրութիւններու Ձեռնարկելու

Մեծի Տանն Կիլիկիկոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի յանձնախումբի առցանց նիստը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 14 մարտ 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին` գլխաւորութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ ատենապետութեամբ Երուանդ Փամպուքեանին: Նիստին մասնակցեցան փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան եւ Խաչիկ Տէտէեան: Ժողովը գոհունակութեամբ հաստատեց վերջերս լոյս տեսած «Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակ» խորագիրով եւ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանի խմբագրութեամբ հատորը: Այս հատորը ժողովածուն...

Վազգէն Մանուկեան. «Ի՞նչ Համաձայնութիւն Կարելի Է  Մարդու Մը Հետ, Որ Խայտառակ Պարտութեան  Տարած Է Երկիրը, Տապալած Ամէն Ինչ»

Վազգէն Մանուկեան. «Ի՞նչ Համաձայնութիւն Կարելի Է Մարդու Մը Հետ, Որ Խայտառակ Պարտութեան Տարած Է Երկիրը, Տապալած Ամէն Ինչ»

«Հայաստանը կը վերածուի ոստիկանական պետութեան, քրէական գործերը կ՛անցնին վարչապետի գրասենեակի ինչ որ աղջկան մը միջոցով, այդ պարագային ինչպէ՞ս կարելի է երթալ ընտրութիւններու եւ երաշխիք ունենալ, որ ընտրութիւններուն արդիւնքը կը համապատասխանէ ժողովուրդի կարծիքին, ատիկա բացառուած է», երէկ` ուրբաթ, 12 մարտին Բաղրամեան պողոտային վրայ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք...

Նախագահ Սարգսեան Չի Մեկնաբաներ  Սահմանադրական Դատարանի Մասին Օրէնքի  Փոփոխութիւններու Փաթեթը  Չստորագրելու Որոշումը

Նախագահ Սարգսեանի Հրաւիրած Հանդիպումը Չեղեալ Յայտարարուեցաւ

«Տրուած ըլլալով, որ 13 մարտին հանրապետութեան նախագահի նստավայրի հանդիպումին հրաւիրուածներէն Իմ քայլը եւ Լուսաւոր Հայաստան խորհրդարանական խմբակցութիւնները ընդունած են հրաւէրը, Բարգաւաճ Հայաստան խորհրդարանական խմբակցութիւնը եւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումը հանդիպումին համար առաջարկած են իրենց օրակարգն ու պայմաններ ներկայացուցած, այս պահուն մէկ սեղանի շուրջ հանդիպումի ձեւաչափը կը դառնայ անիրագործելի», այս մասին յայտարարեց հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմը: Ըստ հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմին տարածած յայտարարութեան` նախագահ...

«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ».   Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն

Կոչ` Հայաստանի Քաղաքացիներուն

Երէկ ընդդիմադիր ուժերը համախմբող Հայրենիքի փրկութեան շարժումը հետեւեալ կոչը ուղղեց Հայաստանի քաղաքացիներուն. Յարգելի՛ հայրենակիցներ, Նիկոլ Փաշինեանը մարտի 13-ին` ժամը 12:30-ին, այցելելու է կառավարութեան 2-րդ մասնաշէնք` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերի նախարարութիւն: Դիւանագէտի օրը` մարտի 2-ին, խախտելով աւանդոյթը, նա չգնաց հայկական դիւանագիտութեան կենտրոնակայան, սակայն որոշել է այնտեղ լինել մարտի 13-ին: Մենք էլ նրան դիմաւորենք Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերի նախարարութեան դիմաց, որ կրկին...

Խորհրդարանի Լիագումար Նիստը Վաւերացուց  Ընկերային Ապահովութեան Եւ Փոքր Հաստատութիւններու  Հիմնադրութեան Օժանդակող Վարկերու Համաձայնագիրները

Խորհրդարանի Լիագումար Նիստը Վաւերացուց Ընկերային Ապահովութեան Եւ Փոքր Հաստատութիւններու Հիմնադրութեան Օժանդակող Վարկերու Համաձայնագիրները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:45-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ նախագահեց խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն ընթացքին վաւերացուեցան Լիբանանի Հանրապետութեան եւ Միջազգային դրամատան միջեւ վարկերու համաձայնագիրներ, որոնք կը վերաբերէին «Քորոնա» համաճարակին եւ տնտեսական տագնապին դէմ պայքարի շրջագիծին մէջ ընկերային ապահովութեան ցանցին զօրակցելու, ինչպէս նաեւ փոքր եւ միջակ հաստատութիւններու հիմնադրութեան ծրագիրներուն օժանդակելու: Պըրրի յայտնեց, որ առաջարկուած այս վարկերուն վաւերացումը ուշացած...

Հաղորդագրութիւն.  Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային  Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառին

Հաղորդագրութիւն. Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառին

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը hինգշաբթի, 11 մարտ 2021-ին այցելեց Արամ Ա. կաթողիկոսին: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին, նախ եւ առաջ Շրջանային վարչութեան ատենապետը շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետին ծննդեան տարեդարձը` մաղթելով, որ հայրապետական ասան մնայ միշտ ծաղկեալ: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետը շեշտեց, թէ անցնող 25 տարիներու ընթացքին Համազգայինի կապերը Կիլիկիոյ Սուրբ աթոռին հետ մնացին մնայուն ու հետեւողական: Շրջանային վարչութեան ատենապետը...

Հաղորդագրութիւն.  Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի  Այցելութիւնը «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Հաղորդագրութիւն. Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի Այցելութիւնը «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Ուրբաթ, 12 մարտ 2021-ին, «Գարակէօզեան» հաստատութիւն այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան: Նախարարի պաշտօնակատարը հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի ընկերակցութեամբ շրջայց մը կատարեց հաստատութեան զանազան բաժանմունքները, մօտէն ծանօթացաւ հաստատութեան մատուցած ընկերային ու բժշկական ծառայութիւններուն, զրուցեց հիւանդներուն հետ, քաջալերեց կեդրոնի առողջապահութեան եւ ընկերային ծառայութեան աշխատակազմի աշխատակիցներուն քրտնաջան աշխատանքը համայնքային ծառայութեան մատուցման առումով եւ աւարտին քննարկում ունեցաւ ընկերային ծառայողներուն հետ ու...

Սաղաթէլեան. «Նախագահ Սարգսեանի Հրաւիրած  Հանդիպումին Կը Մասնակցինք  Միայն Մեր Առաջարկած Օրակարգով»

Սաղաթէլեան. «Նախագահ Սարգսեանի Հրաւիրած Հանդիպումին Կը Մասնակցինք Միայն Մեր Առաջարկած Օրակարգով»

Երէկ` հինգշաբթի, 11 մարտ 2021-ին, Բաղրամեան պողոտային վրայ գտնուող վրանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի մամլոյ ասուլիսը: Իշխան Սաղաթէլեան, հրապարակելով Հայրենիքի փրկութեան շարժումի յայտարարութիւնը, ներկայացուց քաղաքական կլոր սեղան կազմակերպելու Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի առաջարկին վերաբերեալ շարժումին դիրքորոշումներն ու գնահատականները, նաեւ պատասխանեց լրագրողներուն հարցումներուն: «Մենք կարեւոր կը նկատենք երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակէն,...

Page 39 of 256 1 … 38 39 40 … 256