Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վազգէն Մանուկեան. «Ի՞նչ Համաձայնութիւն Կարելի Է Մարդու Մը Հետ, Որ Խայտառակ Պարտութեան Տարած Է Երկիրը, Տապալած Ամէն Ինչ»

March 13, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայաստանը կը վերածուի ոստիկանական պետութեան, քրէական գործերը կ՛անցնին վարչապետի գրասենեակի ինչ որ աղջկան մը միջոցով, այդ պարագային ինչպէ՞ս կարելի է երթալ ընտրութիւններու եւ երաշխիք ունենալ, որ ընտրութիւններուն արդիւնքը կը համապատասխանէ ժողովուրդի կարծիքին, ատիկա բացառուած է», երէկ` ուրբաթ, 12 մարտին Բաղրամեան պողոտային վրայ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Բաղրամեան պողոտան ազատելու կամ խաղաղ անհնազանդութեան այլ գործողութիւններու ժամանակ, որեւէ սրացումներ կրնա՞ն ըլլալ, Վազգէն Մանուկեան ըսաւ. «եթէ սրացումներ պիտի ըլլան` աւելի լաւ, թող սրացումներ ըլլան, միայն հարցը լուծուի: Ինծի կը սարսափեցնէ այն սրացումը, որ տեղի կ՛ունենայ Սիւնիքի շուրջ: Ալիեւը կը հասկնայ, որ Նիկոլի օրով կարելի է ընել այն, ինչ որ կարելի չէ ընել Նիկոլէն ետք, իսկ ներքին սրացումները կը ծաւալին հարենիքին դաւաճանողներու ու թշնամիներուն ծառայողներու եւ երկրին նուիրուած մարդոց միջեւ:

«Բանակը յստակօրէն ձեւակերպեց, որ կը մնայ նոյն կարծիքին, բանակի յստակ դիրքորոշումը էականօրէն կ՛ազդէ ոստիկանութեան դիրքորոշումին վրայ, եւ կրնանք արձանագրել, որ այն վայրագութիւնները, որ ոստիկանութիւնը կը կատարէր ամիսներ առաջ, հիմա չ՛ըներ, եւ Փաշինեանը պիտի կորսնցնէ նաեւ ոստիկանութիւնը: Հիմա կոչ կ՛ուղղեն բանակցութիւններու. այդ ալ կը նշանակէ, որ Ազգային ժողովի յենարաններուն մէջ տատանումներ կան, կը կարծեմ, որ Ա. ծրագիրը պէտք է շարունակէ իր գործունէութիւնը, լաւագոյնը կ՛ըլլայ, որ Ա. ծրագիրով հարցերը լուծուին, որքան քիչ սրացում ըլլայ, այնքան աւելի լաւ որոշում կ՛ըլլայ», ըսաւ ան:

Վազգէն Մանուկեան նշեց, թէ համոզուած չէ, որ Նիկոլ Փաշինեանը կ՛ուզէ կազմակերպել արտահերթ ընտրութիւններ: Ըստ անոր, Փաշինեան այդ ձեւով ժամանակ կը փորձէ շահիլ` ցոյց տալու, որ հարցը շուտով կը լուծուի:

Դիտարկումին, թէ իշխանական պատգամաւորները կ՛ըսեն` Վազգէն Մանուկեանը պէտք է հասկնայ, որ ասիկա 1990-ական թուականները չեն, պէտք է փորձեն մտնել խորհրդարան, Մանուկեան պատասխանեց.

«Ճուտիկները միայն գիտեն այն, ինչ որ այսօր է, իսկ ես գիտեմ, թէ ի՛նչ էր ճիշդ 90-ական թուականներուն, ի՛նչ է ճիշդ հիմա եւ գիտեմ ինչ ուղղութեամբ պէտք է երթանք, որ ճիշդ ըլլայ: Մարդիկ կան, որ ժամանակին հետ կը զարգանան եւ կը համապատասխանեն ժամանակին, մարդիկ կան, որ չեն համապատասխաներ, օրինակ` Իմ քայլի ճուտիկները գացած են դասընթացքներու, սորված են անգլերէն, բացատրած են այն գաղափարները, որոնք արդիական էին Պաղ պատերազմէն ետք, բայց հիմա արդիական չեն, աշխարհը կը փոխուի, իրենք մնացած են այնտեղ»:

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեանի Հրաւիրած Հանդիպումը Չեղեալ Յայտարարուեցաւ

Յաջորդը

«Իսրայէլ 2019-էն Ի Վեր Առնուազն 12 Իրանեան Նաւեր Հարուածած Է» Կը Գրէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.