Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ շաբաթ, 13 մարտին տեղի ունեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի բողոքի ցոյցը` Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին պահանջով:
Քաղաքացիները հաւաքուած էին կառավարութեան 2-րդ մասնաշէնքին դիմաց` խոչընդոտելու Փաշինեանի մուտքը շէնք:
Անոնք կը վանկարկէին «Նիկոլ, դաւաճան», «Առանց Նիկոլ Հայաստան»:
Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մօտ մեծ թիւով ոստիկաններ կուտակուած էին: Շէնքի տանիքին կանգնած էին արձակազէնները:
Նշենք, որ Նիկոլ Փաշինեանը, դիւանագէտի օրը` 2 մարտին, խախտելով աւանդութիւնը, ներկայ չգտնուեցաւ հայկական դիւանագիտութեան կեդրոնակայան, ան որոշած էր արտաքին գործոց նախարարութիւն այցելել շաբաթ, 13 մարտին, ժամը 12:30-ին:
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան երիտասարդական կազմակերպութեան նախագահ Հայկ Մամիջանեան լրագրողներուն ըսաւ, որ «գերագոյն գլխաւոր դաւաճանին» խոստացած են` անոր «օր ու արեւ պիտի չտանք»:
ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ, տեղեկանալով բողոքի ցոյցին մասին, իշխանութիւնները մէկ օրուան մէջ պետական միջոցներով մարզերէն ոստիկանական մեծ ուժեր բերած են արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին դիմաց:
«Կարելի չէ վարկաբեկել մեր դիւանագիտութիւնը` ըսելով, թէ մինչեւ հիմա ոչինչ կատարուած է եւ պէտք է սկսիլ զերոյէն», յայտարարեց Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի նախկին գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեան:
«Ո՛չ, այդպէս չէ, պարո՛ն վարչապետ, դո՛ւն մեր դիւանագիտութիւնը դարձուցած ես զերօ: Մենք բազմաթիւ ձեռքբերումներ ունինք, տասնամեակներու եւ տարիներու աշխատանք: Վերջին հաշուով ամէն ինչ կախուած է թելադրած քաղաքականութենէդ: Այսօր մեր դիւանագիտութիւնը չի բարձրացներ Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններու հարցը միջազգային ատեաններուն մէջ, նոյնիսկ, ինչ որ առումով, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կը կատարէ արտաքին գործոց նախարարութեան պարտականութիւնները, Ազրպէյճանի ղեկավարներու սպառնալիքներուն որեւէ պատասխան չի տրուիր», նշեց նախկին դիւանագէտը:
Ըստ անոր, արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է անյապաղ դիմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին` պահանջելով դատապարտող բանաձեւ այդ ռազմաշունչ յայտարարութիւններուն համար: Ըստ անոր, վաղը կրնայ ուշ ըլլալ:
Կարապետեան նաեւ նշեց, որ ունինք արհեստավարժ եւ ձախողած դիւանագէտներ, վաղը պիտի գայ պատասխան տալու ժամանակը:
Հրայր Կարապետեան կը կարծէ, որ արժանապատիւ բանակցող պէտք է, որ դիւանագէտները իրենց մէջքը շտկեն:
ՀՅԴ-ի անդամ Գոռ Սարգսեան դիմելով արձակազէններուն ըսաւ. «Աշո՛տ, Աշո՛տ, տատդ այստեղ է, յանկարծ չկրակես»: Ան դիմեց նաեւ ոստիկաններուն` նշելով, որ անոնք կը ծառայեն դաւաճանին. «Տղաք, կը հասկնա՞ք, որ Փաշինեանը թքած ունի ամէն ինչի վրայ, կը ներէք, բայց նոյնիսկ ձեր վրայ թքած ունի: Դուք կը հասկնա՞ք, որ աշխատավարձ կը ստանաք ոչ թէ հայրենիքին ծառայելու դիմաց, այլ մէկ մարդու»:
Հայտար Ալիեւը, որ համայնավար, խորհրդային դպրոցը յաճախած էր, դիւանագիտութեան ու քաղաքականութեան մէջ «աղուէս» էր, միեւնոյնն է, 1990-ականներուն Հայաստանի ղեկավարութեան հետ բանակցութիւններուն ընթացքին անոնց նկատի կ՛ունենար. յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան:
«Չէր կրնար բանակցութիւն վարել, որովհետեւ կը գիտակցէր, որ պարտուած է եւ ի վիճակի չէր պահանջներ առաջադրելու», ըսաւ ան:
Աւելի ուշ, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի անդամները բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի նստավայրին դիմաց: Անոնք կը փորձէին խոչընդոտել Նիկոլ Փաշինեանի մուտքը շէնք:
Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին այդ հանդիպումները ձեւական որակեց, ըսաւ, որ անոնք ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծման վրայ որեւէ ազդեցութիւն չեն կրնար ունենալ:
Սաղաթէլեան ընդգծեց, մինչեւ արտահերթ ընտրութիւնները պէտք է ըլլայ կառավարութեան ղեկավարի հրաժարական, խորհրդարանի լուծարում, միայն այդ քայլերէն ետք ինք կրնայ խօսիլ շարժման ընելիքներուն մասին:
«Հիմա շատ կանուխ է խօսիլ ընտրութիւններուն մասնակցութեան մասին», նշեց ան:
Նիկոլ Փաշինեանը ետեւի մուտքէն մտաւ նախագահին նստավայրը:
Ոստիկանները անհամաչափ ուժ կը կիրարկէին, քաշքշելով բերման ենթարկեցին նախագահական նստավայրին մօտ բողոքի ցոյց կազմակերպողներն ու մասնակիցները: Խումբ մը քաղաքացիներ փորձեցին նախագահականի ետեւի մուտքը փակել, որպէսզի խոչընդոտեն Փաշինեանի ելքը նախագահականէն:
Քաղաքացիները կը վանկարկէին «Նիկոլ, դաւաճան»:
Ցոյցի ընթացքին, սակայն, մասնակիցները տեղեկացան, որ վարչապետը նախագահի նստավայրէն եւս յաջողած է աննկատ դուրս գալ:
Շարժումի անդամները իրենց նախաձեռնութիւնը յաջողած նկատեցին` արձանագրելով, որ Նիկոլ Փաշինեան չէ յաջողած երկրին մէջ ազատ շարժիլ:




