Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառին

March 13, 2021
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը hինգշաբթի, 11 մարտ 2021-ին այցելեց Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին, նախ եւ առաջ Շրջանային վարչութեան ատենապետը շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետին ծննդեան տարեդարձը` մաղթելով, որ հայրապետական ասան մնայ միշտ ծաղկեալ: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետը շեշտեց, թէ անցնող 25 տարիներու ընթացքին Համազգայինի կապերը Կիլիկիոյ Սուրբ աթոռին հետ մնացին մնայուն ու հետեւողական:

Շրջանային վարչութեան ատենապետը նաեւ իր որդիական երախտագիտութիւնը եւ խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց վեհափառ հօր, որովհետեւ Համազգայինը միշտ ալ վայելած է Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրական գուրգուրոտ վերաբերմունքը եւ զօրակցութիւնը, որոնք խթան հանդիսացած են վարչութեան` նոր եռանդով շարունակելու իրեն վստահուած աշխատանքը եւ առաքելութիւնը:

Ապա վեհափառ հօր ներկայացուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին մեր մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին կայանալիք ձեռնարկին մանրամասնութիւնները: Շրջանային վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին` սոյն ձեռնարկին հովանաւորութեան համար:

Հանդիպումին արծարծուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ մշակութային կեանքը յուզող հարցեր: Վեհափառ հայրապետը ծանօթացաւ Համազգայինի առցանց գործունէութեան, այսօրուան նիւթական ու տնտեսական դժուարութիւններուն պատճառով Համազգայինի Շրջանային վարչութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ այս ուղղութեամբ մշակուած ծրագիրներուն ու ցարդ կատարուած նախաձեռնութիւններուն:

Արամ Ա. կաթողիկոս յաջողութիւն մաղթեց  Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան տարած ազգանուէր եւ օգտաշատ ծառայութեան` շեշտը դնելով մշակոյթի կարեւորութեան վրայ, որովհետեւ մշակոյթը ժողովուրդի մը ինքնութեան արտայայտութիւնն է եւ գոյութեան հիմքը: Վեհափառ հայրապետը աւելցուց, որ առանց մշակոյթի ժողովուրդ չի կրնար ըլլալ  եւ գոյատեւել` աւելցնելով, որ  քրիստոնէութեան յատկանշական երեւոյթներէն մէկը այն է, որ ան մշակոյթի մէջ ըլլալով մշակոյթի ճամբով ինքզինք արտայայտեց: Վեհափառ հայրապետը եզրափակեց իր խօսքը հաստատելով, որ մշակոյթը կարեւոր դեր ունեցաւ մեր ինքնութեան հարստացման  եւ հզօրութեան մէջ:

Հանդիպման աւարտին վեհափառ հօր յանձնուեցաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիայի ուսուցիչներէն արուեստագէտ Գէորգ Ուլաշեանի կողմէ տրամադրուած արուեստի գործ մը` կաթողիկոսարանի արուեստի հաւաքածոյին համար:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի Այցելութիւնը «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 2, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.