Ուրբաթ, 12 մարտ 2021-ին, «Գարակէօզեան» հաստատութիւն այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան:
Նախարարի պաշտօնակատարը հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի ընկերակցութեամբ շրջայց մը կատարեց հաստատութեան զանազան բաժանմունքները, մօտէն ծանօթացաւ հաստատութեան մատուցած ընկերային ու բժշկական ծառայութիւններուն, զրուցեց հիւանդներուն հետ, քաջալերեց կեդրոնի առողջապահութեան եւ ընկերային ծառայութեան աշխատակազմի աշխատակիցներուն քրտնաջան աշխատանքը համայնքային ծառայութեան մատուցման առումով եւ աւարտին քննարկում ունեցաւ ընկերային ծառայողներուն հետ ու խօսեցան ապագայի համագործակցական ծրագիրներու մասին:
Այս այցելութեան ընթացքին Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան հաստատութեան տրամադրեց 1200 «Rapid Covid Antibody Test»-եր: Այս քննութեան ենթարկուող անհատները պիտի տեղեկանան, եթէ նախօրօք պսակաձեւ ժահրէն վարակուած եւ անոր դիմադրողականութիւնը ունեցած են կամ ոչ:
Աւարտին տնօրէն Սերոբ Օհանեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց եւ յաջողութիւն մաղթեց նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի ծառայողական աշխատանքներուն:





