Newsletter

Խմբագրական.   Սեփական Ուժն Է, Որ Կը Կանխարգիլէ Ցեղասպանութիւնը

Խմբագրական. Սեփական Ուժն Է, Որ Կը Կանխարգիլէ Ցեղասպանութիւնը

Հայկական աշխարհը արդէն երկրորդ անգամն ըլլալով համավարակի պատճառով ստեղծուած սահմանափակումներու պայմաններուն մէջ կ՛ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը եւ կը վերանորոգէ պահանջատիրական իր յանձնառութիւնները: Աշխարհը ամբողջ տենդագին լծուած է համավարակի մահացութիւնն ու վարակումը կանխարգիլող պատուաստանիւթերու զանգուածային տարածման աշխատանքին: Մարդկային կեանքեր փրկելու արդիւնաբերական եւ ճարտարարուեստականացած այս մրցավազքը, սակայն, այլ հարցադրումներ կը ստեղծէ: Մարդկութիւնը ինչո՞ւ նոյն տենդագին մղումներով չ՛ուզեր կանխարգիլել ցեղասպանական գործողութիւններու...

Ընդդիմութեան Հանրահաւաք`  Առ Ի Պաշտպանութիւն Սիւնեցիներու

Ընդդիմութեան Հանրահաւաք` Առ Ի Պաշտպանութիւն Սիւնեցիներու

Երէկ` հինգշաբթի, 22 ապրիլին, Երեւանի մէջ Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ ընդդիմութիւնը հանրահաւաք կազմակերպեց` առ ի պաշտպանութիւն քաղաքական հետապնդման ենթարկուող սիւնեցիներուն: Հանրահաւաքին մասնակիցները կը պահանջէին ազատ արձակել Սիւնիքի շարք մը համայնքապետներ, որոնք ապօրինաբար ձերբակալուած էին 21 ապրիլին Սիւնիքի տարբեր վայրերու մէջ Փաշինեանի դէմ կատարուած բողոքի արտայայտութիւններուն պատճառով: ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ այսօր մենք...

Կիրօ Մանոյեան. «Այս Իշխանութիւններու  Իւրաքանչիւր Օրը Վտանգաւոր Է  Հայ Ժողովուրդին Համար»

Կիրօ Մանոյեան. «Այս Իշխանութիւններու Իւրաքանչիւր Օրը Վտանգաւոր Է Հայ Ժողովուրդին Համար»

«Ալիեւը կը սպառնայ ուժով միջանցք բանալ Սիւնիքի մէջ, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնը ո՛չ միայն չի պաշտպաներ սիւնեցիին անվտանգութիւնը, այլ հակառակը` զայն կը խանգարէ իր ներքաղաքական հաշուարկներով` կոտրելով սիւնեցիին քաղաքական կամքը»,  «Արմնիուզ» պատկերասփիւռի կայանի «Օրախնդիր» հաղորդումի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան` աւելցնելով. «Վարչապետի աթոռին կառչածը հաւատացած է, որ այլ մարզեր իր...

Ըստ Աղբիւրներու.  Հաւանական Է, Որ Պայտըն «Ցեղասպանութիւն» Եզրը  Օգտագործելով Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը,  Սակայն Կրնայ Վերջին Պահուն Միտքը Փոխել

Ըստ Աղբիւրներու. Հաւանական Է, Որ Պայտըն «Ցեղասպանութիւն» Եզրը Օգտագործելով Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Սակայն Կրնայ Վերջին Պահուն Միտքը Փոխել

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ աղբիւրներ երէկ յայտնած են. «Կը նախատեսուի, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու ջարդը պաշտօնապէս ճանչնայ իբրեւ ցեղասպանութեան արարք, քայլ մը, որ հաւանաբար զայրացնէ Թուրքիան եւ առաւել եւս լարէ ՕԹԱՆ-ի երկու դաշնակիցներուն միջեւ արդէն իսկ լարուած յարաբերութիւնները»: «Քայլը մեծաւ մասամբ խորհրդանշական պիտի ըլլայ, սակայն խզում մը պիտի...

107 Քոնկրեսականներ Պայտընին Յորդորած Են  Կոտրել Ամօթալի Լռութիւնն Ու Հայոց Ցեղասպանութեան  Հարցին Մէջ Ըսել Ճշմարտութիւնը

107 Քոնկրեսականներ Պայտընին Յորդորած Են Կոտրել Ամօթալի Լռութիւնն Ու Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Մէջ Ըսել Ճշմարտութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան 107 անդամներ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Հայտընին կոչ ուղղած են իր 24 ապրիլի յայտարարութեան մէջ «յստակօրէն եւ ուղղակիօրէն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը»: ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը 9 ապրիլին յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբի գործողութիւններուն շնորհիւ` Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան հայկական յանձնախումբը նախաձեռնած էր երկկուսակցական ստորագրահաւաք, որով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընին կոչ կ՛ուղղուի 24...

Երկրի Հրատապ Հարցերը Հարթելու Հրամայական  Պահանջը Առանցքային Օրակարգ` Ղեկավարներու  «Սեփական» Նախաձեռնութիւններուն Մէջ

Երկրի Հրատապ Հարցերը Հարթելու Հրամայական Պահանջը Առանցքային Օրակարգ` Ղեկավարներու «Սեփական» Նախաձեռնութիւններուն Մէջ

Նոր վարչապետի նշանակումէն վեց ամիս ետք, Լիբանան տակաւին կը տապլտկի քաղաքական, ընկերային-տնտեսական ու  առողջապահական մտահոգիչ վերիվայրումներու մէջ: Վերջին օրերու դատական հայցերու հետապնդման քայլերը, հակառակ իրենց ստեղծած խոստմնալից տպաւորութեան, դժբախտաբար շուտով վերածուեցան ապահովական խաղաքարտի` սպառնալով երկիրը մղել դէպի իսկական փլուզում: Հոսկէ` տարբեր կողմերու ղեկավարներու անհատական ճիգերը, հարցերը հարթելու իրենց «սեփական» նախաձեռնութիւններով: Սակայն այս բոլորին առընթեր, նախագահ զօր. Միշել Աուն կը հետեւի...

Նախարար Օհանեան Այցելեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին,  ԿԳՄՍ Նախարարին Եւ Ազգային Ժողով

Նախարար Օհանեան Այցելեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, ԿԳՄՍ Նախարարին Եւ Ազգային Ժողով

Այցելութիւն Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի անձնական ներկայացուցիչ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի եւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերի, երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Նաթան արք. Յովհաննիսեան: Շուրջ մէկ ժամ...

«Սփիւռքի Մէջ Կը Բացակայի Տարբեր  Ուղղութիւններով Ուժականութեան  Ձեւաւորման Գործընթացը»  Հաստատեց Մինաս Լուռեան

«Սփիւռքի Մէջ Կը Բացակայի Տարբեր Ուղղութիւններով Ուժականութեան Ձեւաւորման Գործընթացը» Հաստատեց Մինաս Լուռեան

«Ազդակ»-ի 28-րդ առցանց լսարանին զեկուցեց Իտալիոյ մէջ գործող «Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրումի կեդրոն»-ի տնօրէն Մինաս Լուռեան: Նիւթ` «Միջազգային մշակութային կարեւոր մայրաքաղաքներէն` Վենետիկի մէջ գործող մասնագիտական անկախ կառոյցի մը ներկայի մարտահրաւէրներ»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսը ներկայացուց կեդրոնի պատմականը, թեւակոխած փուլերը եւ այն բնագաւառները, որոնց ուղղութեամբ ծանօթացման մասնագիտական աշխատանք տարած է: Ճարտարապետականէն երաժշտագիտական եւ հրատարակչական,...

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Հայոց Ցեղասպանութեան  Ճանաչումը, Դատապարտումը Եւ Հատուցումը  Մեր Բոլորին Մտքի Եւ Խղճի Պարտքն Է»

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը, Դատապարտումը Եւ Հատուցումը Մեր Բոլորին Մտքի Եւ Խղճի Պարտքն Է»

Երէկ` չորեքշաբթի, 21 ապրիլ 2021-ին, Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութիւն. Թուրքիոյ պատասխանատուութիւնը երէկ եւ այսօր» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկում, զոր վարեց ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան: Կլոր սեղան-քննարկումին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ պէտք է զգօն ըլլալ, որ որեւէ իշխանութիւն` Հայաստանի մէջ եւ որեւէ կառավարութիւն` դուրսը չհամարձակի խնդրոյ...

Նիկոլ Փաշինեանը Հանգիստ  Պիտի Չունենայ Հայոց Հողին Վրայ

Նիկոլ Փաշինեանը Հանգիստ Պիտի Չունենայ Հայոց Հողին Վրայ

Երէկ` չորեքշաբթի, 21 ապրիլին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Սիւնիք, սակայն սիւնեցիները չարտօնեցին, որ ան այցելէ համայնքներ: Փաշինեանի այցելութեան ընթացքին բողոքի ցոյցեր կատարուեցան Սիւնիքի տարբեր համայնքներուն մէջ, ուր քաղաքացիները վանկարկեցին «Նիկոլ դաւաճան», «թուրք» եւ «հողատու»: Շուռնուխցիները նոյնպէս բողոքի ցոյցերով փակեցին Փաշինեանի դիմաց դէպի իրենց շրջանները տանող ճամբաները: Աւելի ուշ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ Արմէն Աբազեանէն եւ Հայաստանի ոստիկանապետ...

Ամենայն Հայոց Գարեգին  Բ. Կաթողիկոսը Ընդունեց  ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ  Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը

Երէկ` չորեքշաբթի, 21 ապրիլ 2021-ին, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը: Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներքաղաքական եւ բարոյա-հոգեբանական վիճակին առնչուող հարցեր: Կարեւոր նկատուեցաւ յետպատերազմական շրջանին Արցախի Հանրապետութեան մէջ համազգային ճիգերով վերականգնողական աշխատանքներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը: Անդրադարձ կատարուեցաւ համահայկական ծրագիրներու ընթացքին ու արդիւնքներուն:    

Կառավարութեան Կազմութիւնը  Առկախուեցաւ

Դատական Զարգացումներու Լոյսին Տակ. Կառավարութեան Կազմութեան Հարցը Կը Դառնայ Առաւել Եւս Հրատապ

Վերջին օրերուն դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներու «անհետացման» ծալքերուն հետապնդման ծիրին մէջ բարձրացած աղմուկն ու անոր ընկերացող այլազան կողմերու կեցուածքները հետզհետէ սկսան «կծիկը քակել» ու թափանցել այս հարցին տարբեր ճիւղաւորումներուն` սապառնալով դատականի կողքին ազդել նաեւ երկրի քաղաքական առանց այդ ալ լարուած տարակարծութիւններուն եւ տիրող ընկերային-տնտեսական անբաղձալի իրավիճակին վրայ: Փաստօրէն, երէկ դարձեալ ապահովական «թեթեւ» բախում արձանագրուեցաւ ցուցարարներուն եւ ապահովական ուժերուն միջեւ,...

Վերջին Հրաժեշտ` Կուսակցական-Հասարակական  Գործիչ Ցոլակ Թիւթէլեանի

Վերջին Հրաժեշտ` Կուսակցական-Հասարակական Գործիչ Ցոլակ Թիւթէլեանի

Երէկ` չորեքշաբթի, 21 ապրիլ 2021-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ կուսակցական-հասարակական յայտնի գործիչ Ցոլակ Թիւթէլեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը: Եկեղեցական արարողութեան ընթացքին առաջնորդ սրբազանը կարդաց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին խօսքը հանգուցեալ գործիչին մասին, ապա Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ յանուն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին դամբանական...

«Դարերու Վրէժը». «Նեմեսիս»-ի  100-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

«Դարերու Վրէժը». «Նեմեսիս»-ի 100-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Երէկ` երեքշաբթի, 20 ապրիլ 2021-ին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնութեամբ, «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դարերու վրէժը» խորագիրով պատմագեղարուեստական երեկոյ` նուիրուած «Նեմեսիս» գործողութեան 100-ամեակին եւ Հայ դատի արդար պայքարի միւս մարտիկներուն: Ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ արժեւորեց Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչները հրապարակային ձեւով պատժելու գործողութիւնը եւ նկատել տուաւ, որ հայ ազգի վրէժի ու հայրենիքի կարօտի...

Նաղդալեան Կը Դատապարտէ Ալիեւի  Յայտարարութիւնը.  «Նման Յայտարարութիւնները Լրջօրէն  Կը Վնասեն Շրջանային Խաղաղութեան»

Նաղդալեան Կը Դատապարտէ Ալիեւի Յայտարարութիւնը. «Նման Յայտարարութիւնները Լրջօրէն Կը Վնասեն Շրջանային Խաղաղութեան»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան արձագանգած է Ազրպէյճանի նախագահի «101 տարի անց Զանգեզուր վերադառնալու» յայտարարութեան: «Խստօրէն կը դատապարտենք Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ Ազրպէյճանի նախագահի նկրտումները եւ ուժ կիրարկելու սպառնալիքները: Նման յայտարարութիւնները լրջօրէն կը վնասեն շրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան: Անոնք կը բացայայտեն խաղաղութեան եւ հաշտութեան վերաբերեալ վերջին ժամանակներուն Ազրպէյճանի յայտարարութիւններուն սին եւ կեղծ բնոյթը: Յատկանշական է, որ նման...

Պայտընի Գրասենեակը Արձագանգելով  Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ  Հայ Պատմաբաններու Նամակին`  «Ուշադիր Պիտի Ուսումնասիրենք Նամակը  Եւ Պիտի Աշխատինք Ընթացք Տալ»

Պայտընի Գրասենեակը Արձագանգելով Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Հայ Պատմաբաններու Նամակին` «Ուշադիր Պիտի Ուսումնասիրենք Նամակը Եւ Պիտի Աշխատինք Ընթացք Տալ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի գրասենեակը արձագանգած է Ցեղասպանութիւն եզրը գործածելու վերաբերեալ հայ պատմաբաններու նամակին: «Արմէնփրես»¬ի հաղորդումով` այս մասին յայտնած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան: «Հայոց ցեղասպանութիւն. Թուրքիոյ պատասխանատուութիւնը երէկ եւ այսօր» խորագիրով կլոր¬սեղան քննարկման ժամանակ Աշոտ Մելքոնեան հրապարակած է ամերիկեան վարչակազմի նամակագրութեան բաժինէն ստացուած պատասխանի բովանդակութիւնը: Նամակին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի եւ փոխնախագահ...

ԵԽԽՎ-ի Մէջ Հայ Գերիներու  Հարցի Քննարկում.   Շենեխ. «Եկէք Առեւտուր Չընենք.  Գերիները Վերադարձնենք Տուն»

ԵԽԽՎ-ի Մէջ Հայ Գերիներու Հարցի Քննարկում. Շենեխ. «Եկէք Առեւտուր Չընենք. Գերիները Վերադարձնենք Տուն»

Նախանցեալ օր` երկուշաբթի, 19 ապրիլ 2021-ին, տեղի ունեցած էր Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողով (ԵԽԽՎ), որուն  ընթացիկ հարցերու օրակարգին մէջ առաջարկուեցաւ քննարկել «Հայ ռազմագերիներու, այլ գերիներու եւ տեղահանուածներու» պարագան, որուն համաձայնութիւն տուած էր ԵԽԽՎ-ի Բիւրոն: Սակայն ԵԽԽՎ-ի մէջ Ազրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավարը պահանջեց քուէարկութիւն կատարել, որուն իբրեւ արդիւնք` հարցը ձայներու մեծամասնութեամբ ընդգրկուեցաւ օրակարգին վրայ` 93 թեր, 21 դէմ, 18 ձեռնպահ քուէներով: Քննարկման...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Հասաւ Հայաստան

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Հասաւ Հայաստան

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի անձնական ներկայացուցիչ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, երէկ կէսօրէ առաջ հասաւ Երեւան: «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Վ. Օհանեան-Գէորգեան դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Կարէն Գիլոյեանի եւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերի հետ: Բարի գալուստի հանդիպումին ընթացքին Վ. Օհանեան-Գէորգեան եւ Կ. Գիլոյեան քննարկեցին...

Լիբանանի Կը Սպասէ Քաղաքական  Անորոշութեամբ Խորհրդանշուող Շաբաթ Մը

Հակառակ Տեղքայլի Մթնոլորտին` Կառավարութեան Կազմութեան Գծով Ճիգերը Կը Շարունակուին Լուսարձակէ Հեռու

Կը թուի, թէ կառավարութեան կազմութեան գծով «սպիտակ ծուխը» տակաւին չէ բարձրացած: Այս գծով մեկնաբաններու դրական յուսադրիչ եւ ժխտական-յուսալքիչ կեցուածքները կը շարունակուին: Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց ամրագրելու բանակը նիւթապէս ու բարոյապէս եւ զայն չէզոք պահելու անցնող իրադարձութիւններէն: «Կը թուի, թէ շրջանային հակամարտութիւնը կը սաստկանայ Լիբանանի դէմ», գրեց ան իր «Թուիթըր»-ի էջին վրայ` թելադրելով դադրեցնել առեւտրականներուն զօրակցութիւնը եւ...

Շարունակելով «Մքաթթաֆ»-ի  Հետապնդման Իր Քայլերը`  Դատախազ Ղատա Աունի Հարցը  Փոխանցուեցաւ Հետաքննիչ Ատեան

Շարունակելով «Մքաթթաֆ»-ի Հետապնդման Իր Քայլերը` Դատախազ Ղատա Աունի Հարցը Փոխանցուեցաւ Հետաքննիչ Ատեան

Մեթնի վերադատ ատեանի նախագահ, դատախազ Ղատա Աուն երէկ ներկայացաւ Դատական գերագոյն ատեան եւ իր տեսակէտը պարզեց «Մքաթթաֆ» հաստատութեան դէմ իր ձեռնարկած դատական հետապնդման զարգացումներուն գծով: Ատեանը յետմիջօրէին հրապարակած հաղորդագրութեամբ որոշեց որ դատախազ Աուն պիտի շարունակէ «Մքաթթաֆ» հաստատութեան դէմ իր դատական հայցը` միաժամանակ Աունէն պահանջելով յանձնառու մնալ Դատական գերագոյն ատեանի այս գծով արձակած հրահանգներուն: Ժողովականները դատախազ Ղատա Աունին հարցը փոխանցեցին Դատական...

Page 28 of 256 1 … 27 28 29 … 256