«Ալիեւը կը սպառնայ ուժով միջանցք բանալ Սիւնիքի մէջ, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնը ո՛չ միայն չի պաշտպաներ սիւնեցիին անվտանգութիւնը, այլ հակառակը` զայն կը խանգարէ իր ներքաղաքական հաշուարկներով` կոտրելով սիւնեցիին քաղաքական կամքը», «Արմնիուզ» պատկերասփիւռի կայանի «Օրախնդիր» հաղորդումի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան` աւելցնելով. «Վարչապետի աթոռին կառչածը հաւատացած է, որ այլ մարզեր իր այցելութիւնները լաւ կ՛ընկալուին, հաւատացած է իր իսկ թատրոնին, Սիւնիքի մէջ ատիկա կարելի չեղաւ», շեշտեց ան:
«Փաշինեան խոստացած է մօտ օրերս հրաժարական տալ, այդ որոշումին վրայ կրնան ազդել նաեւ Սիւնիքի դէպքերը: Անիմաստ է պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք իշխանութեան քայլերուն մէջ տրամաբանութիւն փնտռելը: Մեր արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերջերս միայն հակադարձեց Զանգեզուրի միջանցքի մասին Պաքուի պնդումներուն, բայց փաստը այն է, որ Ալիեւը ո՛չ միայն կը սպառնայ մեզի, այլեւ թրքալեզու միւս պետութիւններու առաջնորդներուն կ՛աւետէ իրենց երազանքի իրականացման մասին», ըսաւ Մանոյեան:
Ըստ Մանոյեանի, այս իշխանութիւնը նոյնիսկ եթէ ուզէ, որեւէ բան չի կրնար ընել, քանի որ պարտուած է, արտաքին ճակատի վրայ ոչինչ կ՛ընէ, ներքին ճակատի վրայ ալ կը կոտրէ դիմադրութիւնը: «Ռուսիան եւ Իրանը, մեկնելով իրենց շահերէն, կը փորձեն դիմադրել Մեղրիի միջանցքի բացումին, ատիկա կը համընկնի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան շահին հետ, բայց այս իշխանութիւնը չի հասկնար ատիկա: Կարողականութեան տէր շահագրգիռ երկիրները կը տեսնեն, որ Հայաստանը տարուած է աթոռակռիւով եւ պատրաստ է զիջելու: Այս իշխանութիւններու իւրաքանչիւր օրը վտանգաւոր է հայ ժողովուրդին համար», յայտնեց Կիրօ Մանոյեան:
Ընդդիմադիր գործիչին կարծիքով` իշխանութիւնը հակասական պատգամներ կ՛ուղղէ աշխարհին, արտաքին գործոց նախարարութիւնը բան մը կ՛ըսէ, վարչապետն ու քաղաքական մեծամասնութիւնը` այլ բան, ատիկա ակնյայտ է Թուրքիոյ օրինակով:
Կիրօ Մանոյեանի պնդումով` գերտէրութիւնները կը մտածեն, որ եթէ Հայաստան հրաժարած է իր ազգային-պետական նպատակներէն, նախ եւ առաջ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն, ապա իրենք ինչո՞ւ պիտի ճանչնան զայն: «Այսօր թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները այնպիսին են, որ Հայաստանը կրնար սերտացնել Միացեալ Նահանգներու հետ իր յարաբերութիւնները, ընդ որում` ոչ ի վնաս Ռուսիոյ կամ Իրանի: Դժբախտաբար, այս իշխանութիւնը չի կրնար որեւէ բան ընել: Թուրքիոյ խորհրդարանը օրեր առաջ հրապարակեց զեկուցում, որով արցախեան վերջին պատերազմի հարցով կոչ կ՛ուղղէ միջազգային ատեաններուն Հայաստանի դէմ քայլեր ձեռնարկելու, իսկ մերոնք կը խօսին թշնամանքի վերացման մասին: Ասիկա ո՛չ միայն պարտուածի, այլեւ գլուխը կորսնցուցածի պահուածք է, երբ կ՛ըսեն` իրավիճակ փոխուած է, ի՞նչ է, երթանք երկրպագե՞նք Թուրքիոյ: Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան կը փորձեն աջակցիլ Փաշինեանին, ան իրենց շահերուն սպասարկուն է», եզրափակեց Կիրօ Մանոյեան: