Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան արձագանգած է Ազրպէյճանի նախագահի «101 տարի անց Զանգեզուր վերադառնալու» յայտարարութեան:
«Խստօրէն կը դատապարտենք Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ Ազրպէյճանի նախագահի նկրտումները եւ ուժ կիրարկելու սպառնալիքները: Նման յայտարարութիւնները լրջօրէն կը վնասեն շրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան: Անոնք կը բացայայտեն խաղաղութեան եւ հաշտութեան վերաբերեալ վերջին ժամանակներուն Ազրպէյճանի յայտարարութիւններուն սին եւ կեղծ բնոյթը:
Յատկանշական է, որ նման սպառնալիքներ կը կատարուին Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին ընդառաջ եւ նպատակ ունին ուժի դիրքերէ խօսիլ հայ ժողովուրդին հետ:
Մենք միշտ կապի մէջ ենք մեր ռազմավարական դաշնակիցին, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեամբ շահագրգռուած բոլոր գործընկերներուն հետ:
Հայաստանը պիտի ձեռնարկէ բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն` իր ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու համար»:
Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Զանգեզուրի միջանցքի ստեղծումը լիովին կը համապատասխանէ Ազրպէյճանի ազգային, պատմական եւ ապագայի շահերուն:
«Մենք պիտի իրագործենք Զանգեզուրի միջանցքի ստեղծման առաջադրանքը, ուզէ Հայաստանը, կամ ոչ: Եթէ Հայաստանը ուզէ, ատիկա դիւրութեամբ կարելի է լուծել, եթէ չուզէ, մենք ատիկա ուժով պիտի լուծենք», ըսած է Ալիեւ` «Ազ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին: