Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

107 Քոնկրեսականներ Պայտընին Յորդորած Են Կոտրել Ամօթալի Լռութիւնն Ու Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Մէջ Ըսել Ճշմարտութիւնը

Ապրիլ 23, 2021
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան 107 անդամներ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Հայտընին կոչ ուղղած են իր 24 ապրիլի յայտարարութեան մէջ «յստակօրէն եւ ուղղակիօրէն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը»:

ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը 9 ապրիլին յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբի գործողութիւններուն շնորհիւ` Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան հայկական յանձնախումբը նախաձեռնած էր երկկուսակցական ստորագրահաւաք, որով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընին կոչ կ՛ուղղուի 24 ապրիլի ուղերձին մէջ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ստորագրահաւաքը նախաձեռնած են յայտնի քոնկրեսականներ եւ հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամներ Էտըմ Շիֆը, Կուս Պիլիրաքիսը, Ֆրենք Փալոնը, Տէյվիտ Վալատաոն, Ճեքի Սփէյըրը:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան կը նկատէ. «Մենք շնորհակալ ենք քոնկրեսական Շիֆին, հայկական խումբի ղեկավար կազմի իր գործընկերներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ստորագրած են այս երկկուսակցական նամակը, որով նախագահ Պայտընին կոչ կ՛ուղղենք վերջ տալու Ամերիկայի մէջ թրքական ժխտողականութեան: Միանալով Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու տան` դատապարտելով ու ոգեկոչելով Հայոց ցեղասպանութիւնը, Սպիտակ տունը կրնայ այս շաբաթ աւարտել Անգարայի ժխտողականութեան ամերիկեան մեղսակցութեան ամօթալի դարաշրջանը»:

Քոնկրեսականները իրենց նամակին մէջ կը գրեն. «Այս տարի պատշաճ կերպով որակելով ցեղասպանութիւնը, դուք պիտի միանաք Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին, որոնք ճնշող մեծամասնութեամբ 2019 թուականին որդեգրեցին ճանաչման բանաձեւեր: Աւելի՛ն, Քոնկրեսի գրադարանը արդէն ձեռնարկած է կարեւոր քայլի մը եւ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով գիրքերը դասակարգած «Հայոց ցեղասպանութիւն» պատմականօրէն ճշգրիտ խորագիրի տակ:

«Պարո՛ն նախագահ, ինչպէս նախորդ տարի 24 ապրիլի ձեր յայտարարութեան մէջ ըսիք` «Լռութիւնը յանցակցութիւն է»: Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ամօթալի լռութիւնը չափազանց երկար տեւած է եւ պէտք է աւարտի: Մենք ձեզ կը յորդորենք հետեւելու ձեր յանձնառութիւններուն եւ ըսելու ճշմարտութիւնը»:

 

Նախորդը

Երկրի Հրատապ Հարցերը Հարթելու Հրամայական Պահանջը Առանցքային Օրակարգ` Ղեկավարներու «Սեփական» Նախաձեռնութիւններուն Մէջ

Յաջորդը

Ըստ Աղբիւրներու. Հաւանական Է, Որ Պայտըն «Ցեղասպանութիւն» Եզրը Օգտագործելով Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Սակայն Կրնայ Վերջին Պահուն Միտքը Փոխել

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?