Նախանցեալ օր` երկուշաբթի, 19 ապրիլ 2021-ին, տեղի ունեցած էր Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողով (ԵԽԽՎ), որուն ընթացիկ հարցերու օրակարգին մէջ առաջարկուեցաւ քննարկել «Հայ ռազմագերիներու, այլ գերիներու եւ տեղահանուածներու» պարագան, որուն համաձայնութիւն տուած էր ԵԽԽՎ-ի Բիւրոն:
Սակայն ԵԽԽՎ-ի մէջ Ազրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավարը պահանջեց քուէարկութիւն կատարել, որուն իբրեւ արդիւնք` հարցը ձայներու մեծամասնութեամբ ընդգրկուեցաւ օրակարգին վրայ` 93 թեր, 21 դէմ, 18 ձեռնպահ քուէներով: Քննարկման դէմ քուէարկեցին Ազրպէյճանի 6, Թուրքիոյ 8, Ռուսիոյ 5, Հունգարիոյ 1 եւ սերպիոյ 1 պատուիրակները: Իսկ Ռուսիոյ պատուիրակութեան 7 անդամներ ձեռնպահ քուէարկեցին: Ձեռնպահ ձայներուն մէջ են նաեւ Ուքրանիոյ 2 պատուիրակներ, իսկ մէկը թեր քուէարկեց:
ԵԽԽՎ-ի նիստը շարունակուեցաւ 20 ապրիլ 2021-ին:
Ելոյթ ունեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորները, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու պատգամաւորներ:
Կարգ մը պատգամաւորներու յատկանշական շարք մը ելոյթներու կողքին, պատգամաւոր Սթեֆան Շենեխ իր խօսքին մէջ նշեց, որ ինք ելոյթ կ՛ունենայ ոչ թէ իբրեւ Ազրպէյճանի հարցով համազեկուցող, այլ իբրեւ ԵԽԽՎ-ի պատգամաւոր:
«Մենք պէտք է օգտագործենք այս հաւաքը տագնապներու լուծման, խաղաղութեան հասնելու համար: Ազրպէյճանի մէջ տակաւին կան մարդիկ, որոնք անհետ կորսուած են, կան մեծ թիւով զինուորներ, որոնք տակաւին կը մնան գերի Ազրպէյճանի մէջ: Պէտք է յստակ խօսիլ այս մասին եւ ամենայն լրջութեամբ», դիտել տուաւ ան:
Շենեխ աւելցուց, որ բազմաթիւ քաղաքացիներ եւս զոհուած են պատերազմին ընթացքին, եւ կարեւոր է յարգանքով վերաբերիլ հակառակորդին, ուղղուիլ դէպի խաղաղութիւն: «Կը խնդրեմ, կոչ կ՛ուղղեմ Ազրպէյճանին` եկէք առեւտուր չընենք` արդեօք զինուորները գերեվարուած են պատերազմէն առա՞ջ, թէ՞ յետոյ: Պէտք է զանոնք տուն վերադարձնել»:



