Լիբանան իր կատարած երկօրեայ այցելութեան ընթացքին, հինգշաբթի, 6 մայիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան բազմանդամ պատուիրակութեամբ մը այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ եւ «Փրէօմիեր Իւրժանս» կազմակերպութենէն ներկայացուցիչներ: Այցելութեան ներկայ գտնուեցան ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կեդրոնի տնօրէն խորհուրդէն ներկայացուցիչներ ու բժիշկներ:
Նախարար Լը Տըրիանի հանդիպումը կը նպատակադրէր ծանօթանալ ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութեան, ի մասնաւորի` «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի վերջին ամիսներու իրագործումներուն:
Տեղին է նշել, որ 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեցին ֆրանսական «Փրէօմիեր Իւրժանս» կազմակերպութենէն ներկայացուցիչներ, որոնք ի տես կեդրոնին բժշկական սպասարկութիւններուն եւ շրջանի բնակչութեան կարիքներուն, կեդրոնի տնօրէն խորհուրդին առաջարկեցին բժշկական պարագաներու օժանդակութեան ծրագիր մը, որ ընթացք առաւ նոյեմբեր 2020-ին:
Այսպէս, բժշկական, տարրալուծարանային թէ այլ քննութիւնները ֆինանսաւորող կազմակերպութիւնը անցնող 6 ամիսներուն մօտէն հետեւեցաւ տարուած աշխատանքին, զանազան այցելութիւններ կատարեց եւ դրուատեց կազմակերպութեան հետ ԼՕԽ-ի գործակցութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք` Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը Լիբանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին այցելեց նաեւ կեդրոն:
Կեդրոնի մուտքին պաշտօնական դիմաւորումի արժանանալէ ետք, ֆրանսացի հիւրերը բարձրացան կեդրոնի չորրորդ յարկի «Թնճուկեան» սրահը, ուր Շրջանային վարչութեան եւ կեդրոնի տնօրէն խորհուրդի անդամ Նազելի Աւագեան ֆրանսերէնով իր արտասանած խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց նախարարին եւ դեսպանին` ըսելով. «Բարձր կը գնահատենք Ձեր այցելութիւնն ու ներկայութիւնը «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ, Ձեր այցելութիւնը մեծ պատիւ մըն է Լիբանանահայ օգնութեան խաչին համար»: Աւագեան իր խօսքին ընդմէջէն անդրադարձաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի գործունէութեան` նշելով, որ ԼՕԽ-ը Հայ օգնութեան միութեան միաւորներէն մէկն է եւ մարդասիրական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ իր շրջապատին: Ան աւելցուց, որ «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնը տարբեր բաժանմունքներու ճամբով տէր կը կանգնի իրեն դիմող բոլոր պարագաներուն անխտի՛ր: Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք «Փրէօմիեր Իւրժանս» կազմակերպութեան յաճախակի այցելութիւնները եւ ցուցաբերած աջակցութիւնը խթանեցին կեդրոնին աշխատանքի կորովը եւ նպաստեցին ներկայացող բոլոր պարագաներուն բժշկական ամէն տեսակի ծառայութիւններ մատուցելու, յատկապէս Լիբանանի մէջ հետզհետէ բարդացող ընկերային-տնտեսական ճգնաժամի օրերուն»:
Իսկ «Ինչո՞ւ «Փրէօմիեր Իւրժանս»-ը «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնը նկատի ունեցաւ իր գործունէութեան դաշտը ընդարձակելու համար» նախարարին ուղղած հարցումին պատասխանեցին կազմակերպութեան Լիբանանի ներկայացուցիչներ Անկերան Ռէօպլան եւ Լին Քասիս եւ ծրագիրը հովանաւորող Արթիւր Ժերմօ` վկայելով, թէ «կազմակերպութիւնը Պէյրութի շրջանին մէջ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը նկատի ունեցաւ, որովհետեւ ըլլալով կանացի կամաւոր գործող միութիւն մը, կեդրոնը ունի հետեւողական եւ բարձրորակ սպասարկութիւններու գործունէութիւն, բացառիկ գործակցութիւն ցուցաբերեց ներկայացուած ծրագիրին իրագործման ի խնդիր եւ յատկապէս տնտեսական տագնապի այս օրերուն առանց խտրականութեան յաջողեցաւ բաւարարել կարիքները ներկայացող պարագաներուն, որոնց թիւը կը բարձրանայ օրէ օր: Ծրագիրին նպատակն է հասնիլ բոլոր պարագաներուն անխտիր, եւ ԼՕԽ-ի մօտ այդ դրական արդիւնքը ակներեւ է մեզի համար»:
Այցելութեան պաշտօնական բաժինի աւարտին, նախարարն ու դեսպանը գնահատեցին ԼՕԽ-ի աշխատանքը եւ դրուատեցին կեդրոնին մէջ կատարուող ծառայութիւնները: Ապա, անոնք ուղղեցին լուսաբանական բազմաթիւ հարցումներ` ԼՕԽ-ի պատմութեան, առաքելութեան եւ աշխատանքներու ծիրին մասին: Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները նախարարին եւ դեսպանին հարցումներուն պատասխանելէ ետք, զանոնք պատուեցին ԼՕԽ-ի ասեղնագործ աշխատանքներով: Ապա, ԼՕԽ-ի ոսկեմատեանին մէջ նախարար Լը Տըրիան արձանագրեց իր տպաւորութիւնները:
Այնուհետեւ, պատուիրակութիւնը շրջեցաւ կեդրոնին զանազան բաժանմունքները, ծանօթացաւ բժիշկներուն եւ պաշտօնեաներուն հետ, որոնք իրենց կատարած աշխատանքներուն մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ ներկայացուցին հիւրերուն:
Կեդրոնին հրաժեշտ տալէ առաջ, նախարարը մեծապէս գնահատեց իրագործուած բարեսիրական աշխատանքն ու «Փրէօմիեր Իւրժանս»-ի հետ ԼՕԽ-ի գործակցութիւնը եւ մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ: