Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով Այսօր Երեւանի Մէջ Պիտի Քննարկէ Արցախի Վերաբերեալ Եռակողմ Համաձայնութեան Գործադրման Հարցը

May 6, 2021
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 5 մայիսին պիտի հասնի Հայաստան, իսկ այսօր հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ, 10-11 մայիսին ալ պիտի այցելէ Պաքու: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Հանդիպումներու ժամանակ կը նախատեսուի հանգամանօրէն քննարկել երկկողմանի եւ շրջանային համագործակցութեան առնչուող հարցերու լայն շրջանակ, ինչպէս նաեւ` միջազգային հարթակի վրայ փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող խնդիրներ: Սակայն բանակցութիւններուն մէջ առաջնայինը պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման հարցին քննարկումը», ըսած է Զախարովա:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը 1 ապրիլին նոյն խնդիրին վերաբերեալ բարձր մակարդակի բանակցութիւններու համար ընդունած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանը եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը:

Ռուս հրապարակախօս Վատիմ Տուպնով «Հրապարակ» օրաթերթին խնդրանքով մանրամասնած է, թէ ճիշդ ի՛նչ օրակարգով Լաւրով պիտի գտնուի Հայաստան: Ան ըսած է. «Լաւրովին ու Մոսկուային կը հետաքրքրէ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակումը, Հայաստանի միջոցով միջանցքը` դէպի Թուրքիա, Իրան եւ Ազրպէյճան: Հայաստան պիտի փորձէ հասնիլ այն նպատակներուն, մասնաւորաբար` գերիներ, սահմանային կացութեան յստակացում, Սիւնիքի մէջ կացութեան յստակացում: Վստահ եմ, որ անպայման պիտի քննարկուի Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ զինուորական ներկայութեան ընդլայնման հարցը»:

Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Լաւրովը, ինչո՞ւ Երեւան-Պաքու եւ ոչ թէ հայ-ազրպէյճանական-ռուսական միջկառավարական աշխատանքային խումբի մակարդակով, Տուպնով պատասխանած է. այն պատճառով, որ թերեւս աշխատանքային խումբի անդամները յաջողած են հասնիլ որոշ համաձայնութիւններու, «որոշ ուրուագիծերու», եւ կ՛երեւի ժամանակն է ամփոփելու այն, ինչի վրայ աշխատած են:

«Եւ թերեւս կան խնդիրներ, որոնք լուծելու իրաւասութիւն չունին, եւ զանոնք պէտք է լուծել նախարարի մակարդակով»: Տուպնով կը կարծէ, որ կողմերը տակաւին պատրաստ չեն երեքով` Ալիեւ-Փաշինեան-Փութին հանդիպման: «Եւ կը կարծեմ` ասիկա նաեւ մագոգային այցելութիւն է, Լաւրովը գերիներու եւ շարք մը այլ խնդիրներու մասին պիտի խօսի Փաշինեանի հետ եւ արդէն լրամշակուած այս նիւթով պիտի մեկնի Պաքու», ըսած է ան: Ապա ասիկա արդէն պիտի փոխանցուի աշխատանքային խումբին: Ան լիայոյս է, որ «կողմերը կրնան գերիներու հարցով որոշ մօտիկ դիրքորոշումներու հասնիլ»:

Նախորդը

Բագրատունի Ընդունեց Դանիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

Արցախի Խորհրդարանի Պատգամաւորները Երեւան Այցելեցին

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.