Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Շուշիի Մէջ Ազրպէյճանի Կատարած Այս Գործողութիւնները Վանտալիզմի Դրսեւորում Են»

May 5, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` 4 մայիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց Շուշի քաղաքի Սուրբ Ամենափրկիչ (Ղազանչեցոց) մայր տաճարին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող գործողութիւնները` նշելով, որ արդէն իսկ բազմաթիւ են հայկական պաշտամունքի վայրերու եւ յուշարձաններու ոչնչացման եւ այդ գործողութիւնները արդարացնելու նախադէպերը:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Արցախի դէմ սանձազերծուած յարձակումներու ընթացքին Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ գործած բազմաթիւ պատերազմական յանցագործութիւններու շարքին յատկապէս ակնյայտ էր բարձր ճշգրտութեամբ զինատեսակներով մէկ օրուան ընթացքին Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ (Ղազանչեցոց) մայր տաճարի դիտաւորեալ կրկնակի հրթիռակոծումը, որուն հրադադարի հաստատումէն յետոյ յաջորդեցին նաեւ վանտալիզմի դէպքեր:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յատկանշական կը նկատէ այն, որ Ազրպէյճան Շուշիի մայր տաճարին առնչուած գործողութիւններ կը կատարէ առանց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետ խորհրդակցելու, ինչ որ, ըստ Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան, ակնյայտօրէն կը խախտէ հայ հաւատացեալներուն կրօնի ազատութեան իրաւունքը:

Նախարարութիւնը նոյնքան մտահոգիչ կը նկատէ, որ Ազրպէյճան եկեղեցւոյ ճարտարապետական տեսքի փոփոխութեան աշխատանքներ կատարեց նախքան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մասնագէտներու գնահատման առաքելութեան կողմէ աշխատանքներու սկսիլը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը պնդէ, որ Ս. Ամենափրկիչ (Ղազանչեցոց) մայր տաճարին, Արցախի` ազրպէյճանական բռնագրաւման տակ գտնուող տարածքներուն մէջ առկայ բազմաթիւ հայկական պատմամշակութային յուշակոթողներու եւ պաշտամունքի վայրերու առնչուած որեւէ գործողութիւն կարելի չէ իրականացնել առանց միջազգային, նախ եւ առաջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փորձագէտներուն կողմէ առկայ վիճակի փաստագրման եւ վերականգնման աշխատանքներուն մէջ գործուն ներգրաւուածութեան:

 

Նախորդը

Նշելով, Որ Եւրոպական Միութիւնը Այլեւս Չի Կրնար Առանձին Ձգել Հայաստանը. Եւրոպական Խորհրդարանի Աւելի Քան 120 Անդամներ Ազրպէյճանէն Կը Պահանջեն Հայաստան Վերադարձնել Բոլոր Գերիները

Յաջորդը

Լիպիան Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է Իր Ուժերն ու Օտարերկրեայ Վարձկանները Հեռացնելու Երկրէն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.